Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր պատգամը Սուրբ Ծննդեան տաղաւարին առթիւ

ՏԷր Յի­­­սուս Քրիս­­­տո­­­­­­­սի կեան­­­քի կա­­­րեւո­­­րագոյն եր­­­կու դէպ­­­քե­­­­­­­րը միաս­­­նա­­­­­­­բար կը տօ­­­նենք որ­­­պէս Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­յայտնու­­­թեան Տօն. Տէր Յի­­­սու­­­սի սրբա­­­լոյս ծնունդը ի Բեթ­­­ղե­­­­­­­հէմ եւ իր Աս­­­տո­­­­­­­ւածըն­­­կալ Մկրտու­­­թիւնը ի Յոր­­­դա­­­­­­­նան գետ։ Եր­­­կուքն ալ զար­­­մանք առա­­­ջաց­­­նե­­­­­­­լու չափ խո­­­նարհ պայ­­­մաննե­­­րու ներ­­­քեւ իրա­­­կանա­­­ցած են։ Ծնած ու մկրտո­­­ւած ան­­­ձի մե­­­ծու­­­թեան հետ չհա­­­մապա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նող այս խո­­­նար­­­հութիւնն ու հա­­­մես­­­տութիւ­­­նը կը յայտնէ Աս­­­տուծոյ նկա­­­րագի­­­րը, թէ Աս­­­տո­­­­­­­ւած կը սի­­­րէ խո­­­նար­­­հութիւ­­­նը եւ խո­­­նարհնե­­­րը։ «Աս­­­տուծոյ զո­­­հը կոտ­­­րած հո­­­գին է. Կոտ­­­րած ու խո­­­նարհ սիր­­­տը ո՚վ Աս­­­տո­­­­­­­ւած, դուն չես ար­­­հա­­­­­­­մար­­­հէր»։ (Սաղ­­­մոս 51։17)

Այն մե­­­­ծագոյն դա­­­­սը որ Տէր Յի­­­­սուս իր աշա­­­­կերտնե­­­­րուն եւ մե­­­­զի սո­­­­րուեց­­­­նել կ՚ու­­­­զէ այն է, որ սի­­­­րոյ եւ ծա­­­­ռայու­­­­թեան հա­­­­մար կա­­­­տարո­­­­ւած խո­­­­նար­­­­հութիւ­­­­նը բա­­­­նալին է Աս­­­­տուծոյ Ար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­յու­­­­թեան մէջ մե­­­­ծարո­­­­ւելու եւ գնա­­­­հատու­­­­թեան։ «Եթէ մէ­­­­կը կ՚ու­­­­զէ առա­­­­ջին ըլ­­­­լալ՝ ամեն­­­­քին մէջ վեր­­­­ջի­­­­­­­­­­­­­­­նը եւ ամեն­­­­քին սպա­­­­սաւո­­­­րը թող ըլ­­­­լայ»։ (Մար­­­­կոս 9։35)

Այնքան կա­­­­րեւոր էր այս դա­­­­սը որ վեր­­­­ջին ընթրի­­­­քին ըն­­­­թացքին սե­­­­ղանէն ելաւ եւ լո­­­­ւաց ոտ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րը իր աշա­­­­կերտնե­­­­րուն, որոնք կը վի­­­­ճէին թէ ո՞վ էր մե­­­­ծը իրենց մէջ։ Ու­­­­րիշ ան­­­­գամ մըն ալ մա­­­­նուկ մը ցոյց տա­­­­լով ըսաւ անոնց. «Ճշմա­­­­րիտ կ՛ըսեմ ձե­­­­զի, եթէ չդառ­­­­նաք ու չըլ­­­­լաք մա­­­­նուկնե­­­­րուն պէս՝ երկնքի ար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­յու­­­­թիւնը պի­­­­տի չմտնէք։ Արդ, ով որ իր ան­­­­ձը կը խո­­­­նար­­­­հեցնէ, ինչպէս այս մա­­­­նու­­­­կը, ա՚ն է մե­­­­ծը երկնքի ար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­յու­­­­թեան մէջ»։ (Մատթ.18։3-4)

Թէեւ Յի­­­­սուս պատ­­­­մութեան մե­­­­ծագոյն անձնա­­­­ւորու­­­­թինն է եւ Աս­­­­տուծոյ մարմնա­­­­ցու­­­­մը՝ ծնաւ եւ ապ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ շատ հա­­­­մեստ պայ­­­­մաննե­­­­րու ներ­­­­քեւ։ Այն Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածը որ կը յայտնո­­­­ւի Յի­­­­սուս Քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­սի մէջ, մե­­­­զի լա­­­­ւագոյն օրի­­­­նակը կու տայ խո­­­­նար­­­­հութեան եւ կը փաս­­­­տէ որ ճշմա­­­­րիտ մե­­­­ծու­­­­թիւնը կա­­­­խեալ չէ թէ ան­­­­ձը որ­­­­քան ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ւոր է, այլ որ­­­­քան կա­­­­րող է նա հրա­­­­ժարե­­­­լու իր ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցուած­­­­քէն ի շահ եւ ի փրկու­­­­թիւն ու­­­­րիշնե­­­­րուն։ Հրեշ­­­­տակ մը Յով­­­­սէ­­­­­­­­­­­­­­­փին երա­­­­զին մէջ եկաւ եւ բա­­­­ցատ­­­­րեց Մա­­­­րիամի յղիու­­­­թեան պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռը եւ այն թէ՝ ծնե­­­­լիք մա­­­­նու­­­­կը ինչպի­­­­սի՚ Փրկիչ մը ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լու էր. «Պի­­­­տի ծնի որ­­­­դի մը, եւ անոր անու­­­­նը Յի­­­­սուս պի­­­­տի դնես, որով­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տեւ ան պի­­­­տի փրկէ իր ժո­­­­ղովուրդը՝ իրենց մեղ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րէն»։ (Մատթ. 1։21)

Մեղ­­­­քին միւս անու­­­­նը հպար­­­­տութիւնն է, որով բո­­­­լորս վա­­­­րակո­­­­ւած ենք մեղ­­­­քի տի­­­­րոջ Սա­­­­տանա­­­­յէն եւ ին­­­­կած՝ անոր պէս­­­­պի­­­­­­­­­­­­­­­սի թե­­­­լադ­­­­րանքնե­­­­րուն ան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­լով։ Ու­­­­րեմն Փրկի­­­­չը հար­­­­կաւ թէ մեղ­­­­քին - որ է հպար­­­­տութիւն - հա­­­­կաթոյ­­­­նը պի­­­­տի հայ­­­­թայթէր իր մարմնա­­­­ցեալ կեան­­­­քին մէջ՝ նոյ­­­­նիսկ դա­­­­տար­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­լով իր ան­­­­ձը Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­յին շատ մը հան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­մանքնե­­­­րէն, առ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լով խո­­­­նարհ ծա­­­­ռայի կեր­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րանք։

Այսպէս միշտ հեզ ու խո­­­­նարհ՝ Բեթ­­­­ղե­­­­­­­­­­­­­­­հէմի հա­­­­մեստ մա­­­­նու­­­­կը երե­­­­սուն տա­­­­րի յե­­­­տոյ յայտնո­­­­ւեցաւ Յոր­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նան գե­­­­տին մէջ, մկրտո­­­­ւելով Յով­­­­հաննէս Մկրտի­­­­չէն կար­­­­ծես թէ «մե­­­­ղաւոր» մարդ մը լի­­­­նէր, նոյ­­­­նիսկ զար­­­­մանքի մատ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լով Մեծն Յով­­­­հաննէ­­­­սը։

Այս խո­­­­նար­­­­հութեան արե­­­­ւը պէտք է հա­­­­լեց­­­­նէ նաեւ հպար­­­­տութեամբ սա­­­­ռոյց կա­­­­պած մեր լեռ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, այ­­­­սինքն մեր ան­­­­յա­­­­­­­­­­­­­­­գուրդ սիր­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Թե­­­­րեւս այսպի­­­­սի խո­­­­նար­­­­հութիւն մը սո­­­­րուե­­­­լէն յե­­­­տոյ մենք ալ կը լսենք երկնա­­­­ւոր Հօր քա­­­­ջալե­­­­րական ձայ­­­­նը մեր խիղ­­­­ճե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մէջ ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­գան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­բար. «Դուն ես իմ սի­­­­րելի Որ­­­­դիս, որուն ես հա­­­­ճեցա­­­­յէ (Մարկ.1։11)։ Մարդկա­­­­յին սիր­­­­տը կը յա­­­­գենայ միայն Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­յին այսպի­­­­սի գնա­­­­հատան­­­­քով եւ կը հրա­­­­ժարի այ­­­­լեւս ու­­­­րիշ ծա­­­­փահա­­­­րանքներ որո­­­­նել»։

Մեր հո­­­­գիի աչ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րով, եկէ՜ք, ան­­­­գամ մը եւս եր­­­­թանք Յոր­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նան գե­­­­տի ափե­­­­րը եւ Քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­սի հետ մտնենք անոր մէջ, վեր­­­­յի­­­­­­­­­­­­­­­շելով մեր մկրտու­­­­թիւնը, զգանք որ միշտ պէտք ու­­­­նինք լո­­­­ւացո­­­­ւելու մեր մեղ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րէն եւ գե­­­­տը չէ՝ այլ Քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­սի արիւնն է մեզ ընդմիշտ մաք­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծող զօ­­­­րու­­­­թիւնը։ Ի՜նչ տե­­­­ղին է աղա­­­­ղակը Ս. Ներ­­­­սէս Շնոր­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­լի հայ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետին.

«Որ­­­­դի՚ Աս­­­­տուծոյ, Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած ճշմա­­­­րիտ, որ հայ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­կան ծո­­­­ցէն խո­­­­նար­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­ցա, եւ մեր փրկու­­­­թեան հա­­­­մար մար­­­­մին առիր Սուրբ Կոյս Մա­­­­րիամէն։ Խա­­­­չուե­­­­ցար, թա­­­­ղուե­­­­ցար եւ յա­­­­րու­­­­թին առիր մե­­­­ռել­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն, եւ փառ­­­­քով բարձրա­­­­ցար Հայր Աս­­­­տուծոյ մօտ. երկնքին ու քու առ­­­­ջեւդ մեղք գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­ցի. յի­­­­շէ նաեւ զիս որ­­­­պէս աւա­­­­զակը՝երբ գաս քու ար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­յու­­­­թեամբդ. եւ ողոր­­­­մէ քու արա­­­­րած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուդ եւ ին­­­­ծի՝ բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­մեղիս»։

Հա­­­­մայն մարդկու­­­­թիւնը Ադա­­­­մէն սկսեալ մե­­­­ծաւո­­­­րու­­­­թեան մո­­­­լուցքէն վա­­­­րակո­­­­ւած է։ Իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քան­­­­չիւր անձ որ կը զգայ իր տկա­­­­րու­­­­թիւնը ման­­­­կութե­­­­նէ սկսեալ, կ՛այ­­­­րի մեծ մարդ լի­­­­նելու, գո­­­­վաբա­­­­նուե­­­­լու, փա­­­­ռաբա­­­­նուե­­­­լու եւ առաջ­­­­նորդ հան­­­­դիսնա­­­­լու մար­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­ջով։ Մարդկանց մի­­­­ջեւ տե­­­­ղի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած ընդհա­­­­րումնե­­­­րու պատ­­­­ճառնե­­­­րէն ամե­­­­նէն կա­­­­րեւո­­­­րը այս է ան­­­­կասկած։ Ամէն մարդ եւ ազգ, իր կարգ մը տա­­­ղանդնե­­­րու շնոր­­­հիւ ինքզինք ու­­­րիշնե­­­րէն աւե­­­լի լա­­­ւին ար­­­ժա­­­­­­­նի կը տես­­­նէ. քա­­­նի որ ին­­­քը աւե­­­լի խե­­­լացի, ըն­­­դունակ, հզօր, գե­­­ղեցիկ եւ կամ կրթո­­­ւած է, ու­­­րեմն իրա­­­ւունք ու­­­նի աւե­­­լին պա­­­հան­­­ջե­­­­­­­լու։ Աւե­­­լի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւն, հարստու­­­թիւն, համ­­­բաւ, դիրք եւ ապա­­­հովու­­­թիւն։ Իսկ Յի­­­սու­­­սի մէջ յայտնո­­­ւող Աս­­­տո­­­­­­­ւած կը խոր­­­տա­­­­­­­կէ մեր բո­­­լոր մե­­­ծու­­­թեան հե­­­քիաթ­­­նե­­­­­­­րը եւ յա­­­ջողու­­­թեան առաս­­­պելնե­­­րը։ Աս­­­տո­­­­­­­ւածոր­­­դիի խո­­­նար­­­հութիւ­­­նը դէմ յան­­­դի­­­­­­­ման կը թո­­­ղու մեզ ու­­­րիշ մէկ տե­­­սակ մե­­­ծու­­­թեան եւ առաջ­­­նութեան հաս­­­կա­­­­­­­ցողու­­­թեան հետ։

Խո­­­նար­­­հութեան փոր­­­ձը կրնանք կա­­­տարել գտնե­­­լով եւ օգ­­­նե­­­­­­­լով մեզ­­­մէ նո­­­ւազ բախ­­­տա­­­­­­­ւոր մեր եղ­­­բայր եւ քոյ­­­րե­­­­­­­րուն, այնպէս ինչպէս հո­­­վիւ­­­նե­­­­­­­րը Մա­­­նուկ Յի­­­սու­­­սը, Մա­­­րիամն ու Յով­­­սէ­­­­­­­փը գտան եւ օգ­­­նե­­­­­­­ցին անոնց իրենց տու­­­նե­­­­­­­րը հրա­­­ւիրե­­­լով եւ մո­­­գերը իրենց գան­­­ձե­­­­­­­րը փռե­­­ցին անոնց առ­­­ջեւ եւ անոնց աղ­­­քա­­­­­­­տու­­­թեան բե­­­ռը մա­­­սամբ թե­­­թեւ­­­ցուցին։ Ու­­­րեմն Ծնունդի Սուրբ Տօ­­­նը լա­­­ւագոյնս կրնանք տօ­­­նել խո­­­նար­­­հե­­­­­­­լով դէ­­­պի խո­­­նարհնե­­­րը։ Մե­­­ղան­­­չած կ՚ըլ­­­լանք մեր խղճին դէմ եթէ չյի­­­շէնք այս Տօ­­­նին՝ աղ­­­քա­­­­­­­տը, մե­­­նալ­­­քո­­­­­­­ւածը, պան­­­դուխտն ու գաղ­­­թա­­­­­­­կանը, ան­­­պաշտպան ծե­­­րը, հի­­­ւան­­­դը, ան­­­տունը եւ սո­­­վածը։ Այս պա­­­հուն եր­­­դիկներ կան, որոնց տա­­­կը սուգ կը տի­­­րէ սի­­­րելիի մը կո­­­րուստին հա­­­մար ու «Ռա­­­քել չու­­­զէր մխի­­­թարո­­­ւիլ, քան­­­զի անոնք այ­­­լեւս չկան»։ Ծնաւ մե­­­զի այ­­­սօր Փրկիչ մը, որ մե­­­ղապարտ մարդկու­­­թեան ցոյց կու տայ փրկու­­­թեան ճամ­­­բան, որ է Աս­­­տուծոյ մե­­­զի տո­­­ւած շնորհքնե­­­րը բաժ­­­նել ու­­­րիշնե­­­րուն հետ ազա­­­տօրէն, որ­­­պէսզի տի­­­րէ աշ­­­խարհի վրայ սէրն ու եղ­­­բայրու­­­թիւնը, որոնց պի­­­տի հե­­­տեւին բնա­­­կանա­­­բար ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւնն ու խա­­­ղաղու­­­թիւնը՝ դրախ­­­տա­­­­­­­վայ­­­րի վե­­­րածե­­­լու մեր ռազ­­­մա­­­­­­­դաշ­­­տի վե­­­րածո­­­ւած մրցակ­­­ցա­­­­­­­մոլ եր­­­կի­­­­­­­րը։ Խա­­­ւարին մէջ այսպէս է ահա կը փայ­­­լի փրկչա­­­կան աստղը ծնեալ Ար­­­քա­­­­­­­յին։

Տա­­­րինե­­­րու տխուր տո­­­ղանցքին առ­­­ջեւ մենք ջեր­­­մօ­­­­­­­րէն մխի­­­թարու­­­թիւն կը զգանք եր­­­կու հա­­­զար տա­­­րուայ աւե­­­տիսը վերստին հնչեց­­­նե­­­­­­­լով. «Քրիս­­­տոս Ծնաւ Եւ Յայտնե­­­ցաւ Օրհնեալ Է Յայտնու­­­թիւնն Քրիս­­­տո­­­­­­­սի»։

***

Սուրբ Ծննդեան եւ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­յայտնու­­­թեան կեն­­­սա­­­­­­­նորոգ տօ­­­նին առի­­­թով կ’ող­­­ջունենք Առա­­­քելա­­­կան Մայր Եկե­­­ղեց­­­ւոյ բո­­­լոր զա­­­ւակ­­­ներն անխտիր։

Այս առ­­­թիւ ի Քրիս­­­տոս սի­­­րով ող­­­ջունե­­­լով, Ս. Ծննդեան եւ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­յայտնու­­­թեան Տա­­­ղաւա­­­րի մեր շնոր­­­հա­­­­­­­ւորու­­­թիւննե­­­րը կը յղենք նաեւ բո­­­լոր քոյր Քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ եկե­­­ղեցի­­­ներու առաջ­­­նորդնե­­­րուն, հո­­­վիւ­­­նե­­­­­­­րուն եւ հա­­­ւատա­­­ցեալ­­­նե­­­­­­­րուն, գլխա­­­ւորա­­­բար Հայ Կա­­­թողի­­­կէ եւ Հայ Աւե­­­տարա­­­նական հա­­­մայնքնե­­­րուն։

Շնորհք, սէր եւ աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­յին սրբա­­­րար զօ­­­րու­­­թիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգ­­­ւոյն Սրբոյ եղի­­­ցի ընդ մեզ. Ամէն։

Քրիս­­­տոս Ծնաւ Եւ Յայտնե­­­ցաւ։

Օրհնեալ Է Յայտնու­­­թիւնն Քրիս­­­տո­­­­­­­սի։

Հայ­­­րա­­­­­­­կան սի­­­րոյ ող­­­ջունիւ եւ
աղօ­­­թիւք ի Քրիս­­­տոս

ՍԱ­­­ՀԱԿ Բ. ՊԱՏ­­­ՐԻԱՐՔ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ