Կռիւ «Կովերու Պարտէզ»ի սեփականութեան համար

Շուրջ 30 եւ աւե­լի զի­նուած սադ­րիչներ 28 Դեկ­տեմբե­րին դի­մակ­նե­րով, մա­հաբեր եւ ոչ մա­հաբեր զէն­քե­րով, ինչպէս նաեւ նեար­դա­յին հա­մակար­գի վրայ ազ­դող նիւ­թե­րով ու կա­զերով ներ­խուժած են «Կո­վերու պար­տէ­զ» եւ սկսած են իրենց դա­ժան յար­ձա­կու­մը։ Ծանր վի­րաւո­րում ստա­ցած են քա­նի մը վար­դա­պետ­ներ, ժա­ռան­գա­ւոր սա­ներ, սար­կա­ւագ­ներ եւ հայ հա­մայնքի ան­դամներ։

Երու­սա­ղէմի Պատ­րիար­քա­կան աթո­ռը պա­տահար­նե­րը կը նկա­րագ­րէ հե­տեւեալ յայ­տա­րարու­թեամբ։

«Ասի­կա այն յան­ցա­ւոր պա­տաս­խանն է, որը մենք կը ստա­նանք Երու­սա­ղէմի Շրջա­նային դա­տարան «Կո­վերու պար­տէ­զ»ի վե­րաբե­րեալ հայց ներ­կա­յաց­նե­լէ յե­տոյ, որը պաշ­տօ­նապէս դա­տարա­նը ստա­ցած է 24 ժամ առաջ։ Այսպի­սին է աւստրիացի հրեայ գոր­ծա­րար Դա­նի Ռոթ­մա­նի (Ռու­բինշթէյն) եւ Ճորճ Ուառ­վա­րի (Հա­դադ) ար­ձա­գան­գը իրա­ւական գոր­ծընթաց­նե­րուն։

Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանի գո­յու­թիւնը այժմ ֆի­զիքա­կան սպառ­նա­լիքի իրո­ղու­թեան առ­ջեւ է։ Եպիս­կո­պոս­նե­րը, վար­դա­պետ­նե­րը, սար­կա­ւագ­նե­րը, ժա­ռան­գա­ւոր սա­ները եւ հայ հա­մայնքը տեղ­ւոյն վրայ կը պայ­քա­րին իրենց կեան­քի հա­մար։ Մենք կոչ կ՛ընենք ամ­բողջ աշ­խարհի իշ­խա­նու­թիւննե­րուն եւ մի­ջազ­գա­յին լրա­տուա­միջոց­նե­րուն օգ­նել՝ փրկե­լու Հայ­կա­կան թա­ղամա­սը բռնի կոր­ծա­նու­մէ, որը տե­ղական աջակ­ցութիւն կը ստա­նայ անա­նուն կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու կող­մէ։

Մենք կոչ կ՛ընենք Իս­րա­յէլի կա­ռավա­րու­թեան եւ ոս­տի­կանու­թեան հե­տաքննու­թիւն սկսիլ Դա­նի Ռոթ­մա­նի (Ռու­բինշթէյն) եւ Ճորճ Ուառ­վա­րի (Հա­դադ) դէմ՝ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանի եւ հայ հա­մայնքի վրայ անոնց շա­րու­նա­կական յան­ցա­ւոր յար­ձա­կումներ կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար, յար­ձա­կումներ՝ որոնք կար­ծէք վերջ չու­նին։

Իս­րա­յէլը օրէն­քի, կարգ ու կա­նոնի եր­կիր է, եւ այ­սօ­րինակ յան­ցա­ւոր պա­հուած­քը ան­հանդուրժե­լի է եւ չի կրնար մնալ ան­պա­տիժ»։

28 Դեկ­տեմբոր, 2023-ի դա­ժան յար­ձա­կումնե­րէն ան­մի­ջապէս յե­տոյ սո­ցիալա­կան կայ­քե­րու մէջ յայտնո­ւեցան Գե­րաշ­նորհ Տ. Կո­րիւն Եպիս­կո­պոս Պաղ­տա­սարեանի լու­սանկար­նե­րը՝ կեղծ եւ զրպար­տիչ գրու­թիւննե­րով ու յայ­տա­րարու­թիւննե­րով։

Հասկնա­լի է, որ Xana Gardens Ltd.-ի դէմ Երու­սա­ղէմի Շրջա­նային դա­տարա­նի մէջ հայց ներ­կա­յաց­նե­լէ յե­տոյ հայ­ցո­ւող կող­մը, դա­տական գոր­ծընթա­ցին իրա­ւական ըն­թա­ցակար­գով պա­տաս­խա­նելու փո­խարէն, նա­խընտրած է թի­րախա­ւորել այնպի­սի ան­ձե­րու, ինչպի­սին Գե­րաշ­նորհ Սրբա­զան Հայրն է, փոր­ձե­լով արա­տաւո­րել եւ վար­կա­բեկել Սրբա­զան Հօր բա­րի անունն ու համ­բա­ւը՝ Երու­սա­ղէմի Հա­յոց Պատ­րիար­քութեան Եպիս­կո­պոսին վե­րագ­րե­լով չա­փազանց կեղծ յայ­տա­րարու­թիւններ։

Շուրջ վեց շա­բաթ առաջ, Պրն. Դա­նի Ռոթ­ման (Ռու­բինշթէյն) ոս­տի­կանու­թեան բո­ղոք ներ­կա­յացու­ցած էր Գե­րաշ­նորհ Տ. Կո­րիւն Եպիս­կո­պոս Պաղ­տա­սարեանի դէմ՝ զրպարտչա­կան նմա­նօրի­նակ մե­ղադ­րա­կան յայ­տա­րարու­թիւններ ընե­լով։ Կո­րիւն Սրբա­զան դա­տական գոր­ծընթաց սկսած է իր բա­րի անունն ու համ­բա­ւը պաշտպա­նելու եւ այդ մե­ղադ­րանքնե­րու կեղծ ըլ­լալն ապա­ցու­ցե­լու հա­մար։

«Գե­րաշ­նորհ Կո­րիւն Սրբա­զան այ­սօ­րուայ զրպարտչա­կան նոր յայ­տա­րարու­թիւննե­րէ յե­տոյ պաշ­տօ­նական բո­ղոք կը ներ­կա­յաց­նէ ոս­տի­կանու­թեան եւ դար­ձեալ օրի­նական ճա­նապար­հով կը զբա­ղի իր անունն ու բա­րի համ­բա­ւը պաշտպա­նելու հա­մար։

Հեր­թա­կան այս կեղծ յայ­տա­րարու­թիւններն ու զրպար­տութիւննե­րը պար­զա­պէս յե­րիւ­րանքներ են» ըսո­ւած է Պատ­րիար­քա­կան դի­ւանի յայ­տա­րարու­թեան մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ