Ճանչնանք մեր բառերը (7)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

armenag@gmail.com

1.Ծածուկ եւ ծածկ

Իր հան­րա­ծանօթ «Թիւրն ու թե­րին» աշ­խա­տու­թեան մէջ Բե­նիամին Թա­շեան կը մտա­ծէ, թէ սխալ է գրել հո­ղածածկ, ձիւ­նա­ծածկ, մոխ­րա­ծածկ, յար­դա­ծածկ, քո­ղածածկ, որոնց բո­լորն ալ աւե­լի կամ պա­կաս ըն­թա­ցիկ բա­ռեր են, այսպէս ալ կը կի­րար­կո­ւին եւ նոյնպէս ալ մտած են բա­ռարան­նե­րու մէջ:

Թա­շեան կը տրա­մաբա­նէ, որ՝

«Ըստ կա­նոնի, երբ ծա­ծուկ-ը բարդ բա­ռին վեր­ջը գայ, ու-ն չի կոր­սո­ւիր» (էջ 107),– եւ ու­րեմն պէտք է ու­նե­նանք հո­ղածա­ծուկ, ձիւ­նա­ծածուկ, մոխ­րա­ծածուկ, յար­դա­ծածուկ, քո­ղածա­ծուկ: Թա­շեան այս բո­լորը շա­րադ­րած է հե­տեւո­ղու­թեամբ հայր Ար­սէն Ղա­զիկեանի, որ ճիշդ նոյն տե­սակէ­տը պաշտպա­նած է իր­մէ առաջ՝ «Մի՛ գրէք... այլ գրե­ցէ՛ք» աշ­խա­տու­թեան մէջ (էջ 101 եւ յա­ջորդք):

Սկսե­լու հա­մար պէտք է ըսել, որ Թա­շեանի նկա­տողու­թեան մէջ կայ չա­փազան­ցութիւն մը, թացն ալ չո­րին հետ այ­րե­լու ձգտում մը, քա­նի որ բե­րուած բա­ռերէն վեր­ջի­նը ընդհան­րա­պէս գրո­ւած է քո­ղածա­ծուկ1 թէ՛ մեր գրա­կանու­թեան, թէ՛ մեր բա­ռարան­նե­րուն մէջ:

Գա­լով միւսնե­րուն՝ իրա­ւունք ու­նի Թա­շեան. ներ­կա­յիս իշ­խող եւ ըն­դունուած ձեւն է՝ ապա­կեծածկ, յար­դա­ծածկ, մոխ­րա­ծածկ, ձիւ­նա­ծածկ, հո­ղածածկ. աւելցնենք նաեւ՝ ան­տա­ռածածկ, լա­թածածկ, մա­զածածկ, քա­րածածկ, թի­թեղա­ծածկ եւ այլն, որոնց տա­րածումն ու նո­ւիրա­կանա­ցումն ալ ահա կը բա­խի Թա­շեանի հա­մոզու­մին. այլ խօս­քով՝ Թա­շեան առան­ձին մնա­ցած է բա­նակին դէմ այն գրող­նե­րուն ու բա­ռարան­նե­րուն, որոնք իրենց բարդ բա­ռը կը կազ­մեն բա­ռավեր­ջի ծածկ-ով, փո­խանակ ծա­ծուկ-ի, ինչպէս ինք եւ իր­մէ առաջ Ղա­զիկեան պա­հան­ջած են: Միւս կող­մէ՝ ճիշտ է կա­նոնի բա­նաձե­ւումն ալ, թէ՝ «երբ ծա­ծուկ-ը բարդ բա­ռին վեր­ջը գայ, ու-ն չի կոր­սո­ւիր», աւե­լի ճիշ­դը՝ պէտք չէ՛ կոր­սո­ւի, մինչ ան կը կորսո­ւի՝ երբ սկիզ­բը գայ. տանք այս վեր­ջին կա­նոնը հաս­տա­տող օրի­նակ­ներ՝ ծա­ծուկ-ծած­կա­գիր, ծած­կա­խօս, ծած­կա­միտ, այ­լեւ՝ ջուր-ջրա­ման-սա­կաւա­ջուր (ջր > ջուր), տուր-տրա­կան- երկնա­տուր (տր > տուր), ապուր-ապ­րանք-թա­նապուր (ապր > ապուր), բլուր-բլրա­ձեւ- հո­ղաբ­լուր (բլր > բլուր) եւ այլն եւ որոնց բո­լորը կորսնցու­ցած են առա­ջին բա­ղադ­րի­չի ու ձայ­նա­ւորը, սա­կայն պա­հած են այդ ու-ն, երբ ան կը գտնո­ւի վեր­ջին ար­մա­տին մէջ, իսկ վե­րը բե­րուած օրի­նակ­նե­րուն մէջ բա­ռավեր­ջի ծա­ծուկ-ը կորսնցու­ցած է իր ու-ն:

Ի՞նչ պէտք է եզ­րա­կաց­նել. կա­րելի՞ է մտա­ծել, թէ կը գտնո­ւինք ընդհան­րա­կան սխա­լի մը առ­ջեւ, եւ կը սխա­լին բո­լոր ար­դի գրող­նե­րը, իսկ ճիշ­դը ծա­նօթ է մի՛այն Թա­շեանին եւ հայր Ղա­զիկեանին:

***

Լու­ծումին բա­նալին կը գտնո­ւի ծա­ծուկ բա­ռի՝ ժա­մանա­կի ըն­թացքին կրած իմաս­տա­յին փո­փոխու­թեան կամ երկփեղ­կումին մէջ: Ար­դա­րեւ, մեր հին մա­տենագ­րութեան մէջ ծա­ծուկ ար­մա­տը ու­նե­ցած է շատ սեղմ իմաստ մը, որուն նրբու­թիւննե­րը տրո­ւած են Ռու­բէն Ղա­զարեանի «Գրա­բարի բա­ռարան»-ին մէջ՝ ծած­կել յօ­դուա­ծին առ­թիւ. «Պա­հել, թաքցնել, աննկա­տելի դարձնել, հո­ղի շեր­տի տակ պա­հել, թա­ղել, պա­տել, քո­ղար­կել»: Այլ խօս­քով՝ ծած­կել կը նշա­նակէր բան մը այս կամ այն ձե­ւով աչ­քէ հե­ռաց­նել, ծա­ծուկ դարձնել: Իր այս իմաս­տին թե­լադ­րութեամբ՝ բո­լոր յե­տադաս դիր­քե­րուն մէջ ծա­ծուկ ար­մա­տը դա­սական բա­ռերու մէջ պա­հուած է իր լման ծա­ւալով՝ ամ­րա­ծածուկ, գաղտնա­ծածուկ, թաք­նա­ծածուկ, թե­ւածա­ծուկ (թե­ւաս­քող), խրթնա­ծածուկ, յար­կա­ծածուկ, քո­ղածա­ծուկ ինչ որ ար­դէն բո­լորո­վին հաշտ է մեր բա­ռակեր­տումի կա­նոն­նե­րուն հետ եւս:

***

Բայց ահա ժա­մանա­կի ըն­թացքին, վե­րոն­շեալ հիմ­նա­կան իմաս­տի կող­քին, որ պա­հելն էր՝ թաքցնե­լու, աչ­քե­րէ հե­ռաց­նե­լու իմաս­տով, ծած­կել-ին մէջ հետզհե­տէ զար­գա­ցած ու հիմ­նա­ւորո­ւած է երկրորդ իմաստ մը, որ է Մալ­խա­սեանի բա­ռերով՝ «Մի բան տա­րածել կամ դնել ու­րիշ բա­նի վրայ»: Այդ տա­րածո­ւող կամ դրո­ւող բա­նը կրնայ ըլ­լալ որե­ւէ նիւթ՝ թի­թեղ­նե­րու շարք մը չորս պա­տերու վրայ, վեր­մակ մը քնա­ցողին վրայ, ձիւ­նը լե­ռան, դաշ­տե­րուն կամ քա­ղաքին վրայ, մո­խիրը հո­ղին վրայ, հո­ղը գե­րեզ­մա­նի փո­սին վրայ, աս­ֆալթը՝ ճամ­բուն վրայ եւ այլն, եւ այլն, որոնց մէջ այ­լեւս թաքցնե­լու կամ տե­սողու­թե­նէ հե­ռու պա­հելու մտա­հոգու­թիւնը ոչ մէկ առաջ­նա­հեր­թութիւն կը ներ­կա­յաց­նէ: Երբ ճամ­բայ մը կամ անցք մը կ’աս­ֆալթա­պատենք՝ զայն ծա­ծուկ դարձնե­լու մտա­հոգու­թիւնը չու­նինք այնպէս, ինչպէս ու­նինք, երբ դէմք մը քո­ղով կը ծած­կենք: Եւ բա­ռիս այս երկրորդ՝ նոր իմաս­տը աշ­խարհա­բարի մէջ այնքան կեն­սունակ ու տի­րապե­տող է, որ անոր դա­սական իմաս­տը՝ պա­հել, թաքցնել, աչ­քե­րէ հե­ռաց­նել եւ այլն կը նսե­մանան անոր առ­ջեւ, նոյ­նիսկ կ’ըն­կա­լուին իբ­րեւ անոր փո­խաբե­րական իմաստնե­րը:

Աշ­խարհա­բարեան այս նոր իմաս­տին կեն­սունա­կու­թեան բե­րու­մով ալ ահա բա­ռիս ծա­ծուկ ար­մա­տը հետզհե­տէ ստա­ցած է նոր ու ան­կախ ար­տա­յայ­տութիւն մը իր գրու­թեամբ ալ, որ է ծածկ բա­ռը եւ որը ծա­ծուկ-ին հնչիւ­նա­փոխո­ւած ու կծկո­ւած ձեւն է պար­զա­պէս, ճիշդ է, սա­կայն, ու­շադրու­թի՛ւն, ծածկ-ը ծնունդ առած է իմաս­տա­յին բո­լորո­վին տար­բեր մի­ջավայ­րի մը մէջ, եւ որ­քան ալ ան ստու­գա­բանօ­րէն կը կա­պուի ծա­ծուկ բա­ռին, այ­սուհան­դերձ իմաս­տա­բանա­կան առնչու­թիւն չու­նի անոր հետ. ծածկ-ը ստու­գա­բանու­թեա՛մբ միայն ծա­ծուկ է, բայց ո՛չ իմաս­տով: Նոյ­նիսկ խօս­քա­մասա­յին կա­պը խզո­ւած է այս եր­կուքին մի­ջեւ. ծա­ծուկ-ը ածա­կան մըն է, մինչ ծածկ-ը գո­յական մըն է, որ կը նշա­նակէ, ըստ Մալ­խա­սեանի, «Շի­նու­թեան վրան ծած­կող մա­սը, կտուր, եր­դիք, որե­ւէ ծած­կոյթ գլխի վե­րեւ», բայց նաեւ՝ երկրի բու­սա­կան ծած­կոյթը, փո­ղոցի յա­տակի ծած­կոյթը, մա­զերու կամ բուրդի խա­ւը մարմնի վրայ եւ այլն, որոնք որե­ւէ ծա­ծուկ նկա­րագիր չու­նին: Եւ ահա ճիշտ այս հնչիւ­նա­փոխ կծկո­ւած ձեւն է, որ կը գտնենք աշ­խարհա­բարեան նո­րահ­նար բա­ռերուն վեր­ջը, ինչպէս՝ ձիւ­նա­ծածկ, յար­դա­ծածկ, թի­թեղա­ծածկ, լա­թածածկ եւ այլն, ուր ծածկ-ը այ­լեւս ծա­ծուկ չի նշա­նակեր. ասոնք կը նշա­նակեն՝ ձիւ­նէ, յար­դէ, թի­թեղէ եւ այլնէ ծածկ կամ ծած­կոյթ ու­նե­ցող, ըստ այսմ ալ՝ անըն­դունե­լի պի­տի ըլ­լար ըսել՝ թի­թեղա­ծածուկ տուն, աս­ֆալթա­ծածուկ ճամ­բայ, խո­տածա­ծուկ դաշ­տա­գետին եւ այլն:

Իմաս­տա­յին այս երկփեղ­կումը շատ լաւ կը ցո­լանայ բա­ռակեր­տումի ճամ­բով եւս: Գրա­բարը ու­նէր ան­ծա­ծուկ-ը, որ կը նշա­նակէ «ոչ-ծա­ծուկ, ան­թա­քուն, յայտնի, ակ­­նե­­­րեւ, բա­­ցայայտ»: Այս բա­­ռը իր այս իմաս­­տով դուրս մղո­­ւած է աշ­­խարհա­­բարի ար­­դի բա­­ռարան­­նե­­­րէն: Կ’ակնկա­­լուէր, որ փո­­խարէ­­նը մուտք գոր­­ծէր ան­­ծածկ-ը՝ իբ­­րեւ «իր վրայ ծածկ կամ ծած­­կոյթ չու­­նե­­­ցող, բա­­ցօթեայ» իմաս­­տով, ինչ որ խու­­սա­­­փած է անոնց ու­­շադրու­­թե­­­նէն. ահա բնագ­­րա­­­յին օրի­­նակ­­ներ՝

«Ինքնա­­շար­­ժի ան­­ծածկ2 վա­­ճառա­­տու­­ներ...» (Յ. Պա­­լեան, «Մար­­դը ժա­­մանա­­կին հետ», էջ 6):

«Ու­­նե­­­ցանք տուն, որուն դուռն ու պա­­տու­­հա­­­նը ան­­ծածկ էին» (Թ. Թո­­րանեան,

«Երեք գիրք...», էջ 21):

«Օ՜, ճար­­տար ճոր­­տեր, ապ­­րել էք դուք խար­­խուլ խու­­ղե­­­րում, ան­­ծածկ, ան­­դուռ» (Եղի­­շէ Չա­­րենց),− այ­­սինքն՝ «դուռ ու տա­­նիք չու­­նե­­­ցող խրճիթ» եւ ոչ թէ «ծա­­ծուկ խրճիթ»:

Եւ վեր­­ջա­­­պէս իմաս­­տա­­­յին յի­­շեալ երկփեղ­­կումը շատ բա­­ցայայ­­տօ­­­րէն հաս­­տա­­­տուած կը գտնենք հե­­տեւեալ տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րու զու­­գադրու­­մով՝ կի­­սածա­­ծուկ, որ կը նշա­­նակէ կի­­սովին ծա­­ծուկ, գաղտնի, աննկա­­տելի, կի­­սածածկ, որ կը նշա­­նակէ կի­­սովին ծած­­կո­­­ւած՝ առար­­կայ, տա­­րածու­­թիւն:

1 Իր բուն՝ նիւ­­թա­­­կան իմաս­­տով կը գրո­­ւի քո­­ղածածկ, որ կը նշնա­­կէ քո­­ղով մը ծած­­կո­­­ւած դէմք կամ որե­­ւէ առար­­կայ: Փո­­խաբե­­րական իմաս­­տով՝ կը գրո­­ւի գո­­ղածա­­ծուկ եւ կը նշա­­նակէ ան­­տե­­­սանե­­լի, ծա­­ծուկ, խորհրդա­­ւոր, գաղտնի, աչ­­քե­­­րէ հե­­ռու:

2 Միւս կող­­մէ, սա­­կայն, նոյն հե­­ղինա­­կը նոյն աշ­­խա­­­տու­­թեան մէջ, էջ 138, ու­­նի ան­ծածք:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ