Գրուած կախաղանի տակ

ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ

bastimar.kurtulus@gmail.com

Ֆաշիզ­­մի ինչպի­­­սի ահ­­­ռե­­­­­­­լի աղտ մը ըլ­­­լա­­­­­­­լու իրո­­­ղու­­­թեան գի­­­տակ­­­ցե­­­­­­­լու հա­­­մար պայ­­­ման չէ անոր չա­­­րիքը ան­­­ձամբ փոր­­­ձել։ Ընդ հա­­­կառա­­­կը պար­­­տա­­­­­­­ւոր ենք անոր վայ­­­րա­­­­­­­գու­­­թեան գի­­­տակ­­­ցե­­­­­­­լու նախ­­­քան որ ան թա­­­կէ մեր դռնե­­­րը։ Եթէ մար­­­դու կեան­­­քը բե­­­մադ­­­րութիւն մըն է լոկ, ժո­­­ղովրդա­­­վարու­­­թիւնը այս բե­­­մին վրայ պա­­­տուա­­­ւոր կեանք մը ապ­­­րե­­­­­­­լու մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րը ցոյց տո­­­ւող դե­­­րասան­­­ներ են։ Իսկ ֆա­­­շիզմ կո­­­չուա­­­ծը այդ բե­­­մի վա­­­րագոյ­­­րը փա­­­կող ամե­­­նադա­­­ժան գրաքննու­­­թիւնն է։

Բե­­­մը կրնանք նկա­­­րագ­­­րել իբ­­­րեւ պատ­­­մա­­­­­­­կան ան­­­ցուդար­­­ձե­­­­­­­րու մի­­­ջավայր։ Բե­­­մայար­­­դա­­­­­­­րու­­­մը կրնայ փո­­­խուիլ, բայց դե­­­րասան­­­նե­­­­­­­րը ան­­­փո­­­­­­­փոխ են շատ ան­­­գամ։ Ալ­­­կե­­­­­­­րիոյ ֆա­­­շիստ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան զնտան­­­նե­­­­­­­րու մէջ տան­­­ջանքներ դի­­­մագ­­­րա­­­­­­­ւող Հեն­­­րի Ալեկ կամ Չե­­­խիոյ Կես­­­թա­­­­­­­փոյի բան­­­տե­­­­­­­րուն մէջ դի­­­մադ­­­րող Յուլյուս Ֆու­­­չի­­­­­­­քը այդ մեծ պայ­­­քա­­­­­­­րին նոյն հե­­­րոս­­­ներն են։

Եր­­­կուքն ալ նոյն տիեզե­­­րական պատ­­­գամնե­­­րը կը փո­­­խան­­­ցեն։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր բռնու­­­թիւն իր հե­­­րոս­­­նե­­­­­­­րը կը ծնի։ Ես նոր ծա­­­նօթա­­­ցայ այդ հե­­­րոս­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կուն՝ Յուլյուս Ֆու­­­չի­­­­­­­քի հետ։ Ան Չե­­­խիոյ Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան քա­­­ղաքա­­­ցի գե­­­ղարուես­­­տի յատ­­­կա­­­­­­­պէս երաժշտու­­­թեան հա­­­կում ու­­­նե­­­­­­­ցող թա­­­տերա­­­կան քննա­­­դատ մըն է։ Երաժշտու­­­թիւնը խո­­­րապէս ազ­­­դած է իր կեան­­­քին եւ որ պայ­­­մաննե­­­րով ալ ըլ­­­լայ միշտ կա­­­պուած մնա­­­ցած է մե­­­ղեդի­­­ներու աշ­­­խարհին։ Տա­­­րագ­­­րութեան կամ բան­­­տարկու­­­թեան ամե­­­նադա­­­ժան պայ­­­մաննե­­­րուն իսկ հա­­­ւատա­­­րիմ մնաց իր այդ նա­­­խասի­­­րու­­­թեան, որով­­­հե­­­­­­­տեւ գի­­­տեր թէ արո­­­ւես­­­տը յոյ­­­սը վառ պա­­­հելու միակ մի­­­ջոցն է։ Ան նա­­­ցինե­­­րու դէմ հայ­­­րե­­­­­­­նապաշտպան կռիւ մղած եւ ամե­­­նադառն տան­­­ջանքնե­­­րը համ­­­տե­­­­­­­սած է Կես­­­թա­­­­­­­փոյի բան­­­տե­­­­­­­րուն մէջ։ Ոչ միայն տե­­­սած, այլ ինք ան­­­ձամբ ճզմո­­­ւած է վայ­­­րա­­­­­­­գու­­­թեան ճի­­­րան­­­նե­­­­­­­րուն տակ։ Այդ պայ­­­մաննե­­­րու տակ իսկ չի դադ­­­րիր ներ­­­քե­­­­­­­ւի խու­­­ցին մէջ բան­­­տարկո­­­ւած իր կնոջ եր­­­գեր հիւ­­­սե­­­­­­­լէ։ Ամէն ան­­­գամ որ զինք կը բե­­­րէին դա­­­ժան ծե­­­ծէ տա­­­ռապած կեր­­­պով, երբ կը նե­­­տէին պա­­­րապ պար­­­կի մը նման բան­­­տա­­­­­­­խու­­­ցէն ներս, ան կը մտա­­­բերէր յաղ­­­թա­­­­­­­նակի մրմունջներ։ Այդ մրմունջնե­­­րը ուժ կը պար­­­գե­­­­­­­ւէին իրեն, դի­­­մադ­­­րութեան կամք եւ ներ­­­քին ձայ­­­նը հետզհե­­­տէ շունչ կը ստա­­­նար ու կը թե­­­ւածէր բան­­­տա­­­­­­­խու­­­ցե­­­­­­­րու եր­­­կար նրբանցքին մէջ։ Կ՚ար­­­ձա­­­­­­­գան­­­գէր այդ ձայ­­­նը ու կ՚աճէր։ Կը հաս­­­նէր բո­­­լոր բան­­­տարկեալ­­­նե­­­­­­­րուն։ Ծա­­­ւալ կը ստա­­­նար, կը շա­­­տանար, ինչպէս նաեւ կեան­­­քի շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կելու այդ մեծ ցան­­­կութիւ­­­նը։ Երբ զինք կը տա­­­նին դէ­­­պի կա­­­խաղան նոյնն է։ Չէ լռած Յուլյուս Ֆու­­­չի­­­­­­­քի եր­­­գը եւ չէ մա­­­րած նաեւ ֆա­­­շիզ­­­մի դէմ դի­­­մադ­­­րե­­­­­­­լու կամքն ու կո­­­րովը։

Իր ստանձնած պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թեան տակ ճնշո­­­ւած բեր­­­դա­­­­­­­պահ մը, իրեն առա­­­ջար­­­կած էր թուղթ ու մա­­­տիտ։ Ըսած էր հե­­­տեւեալը. «Գրէ՛ գրէ որ գիտ­­­ցածներդ քե­­­զի հետ չկոր­­­չին»։ ահա այդ գրա­­­ռումներն են, որ էջ առ էջ դուրս եկան բան­­­տէն եւ կազ­­­մե­­­­­­­ցին այս գիր­­­քի բո­­­վան­­­դա­­­­­­­կու­­­թիւնը։

Երբ ֆա­­­շիզ­­­մը ջախ­­­ջա­­­­­­­խիչ պար­­­տութիւն կրեց հայ­­­րե­­­­­­­նական մեծ պա­­­տերազ­­­մի աւար­­­տին, Ֆու­­­չի­­­­­­­քի կի­­­նը, որ յա­­­ջողած էր ողջ մնալ, այդ էջե­­­րը գիր­­­քի վե­­­րածեց։

Վե­­­րեւ նշո­­­ւած տո­­­ղերը Ֆու­­­չի­­­­­­­քին կը պատ­­­կա­­­­­­­նին։ Իր բա­­­ցատ­­­րութիւնն էր կեան­­­քը թա­­­տերա­­­կան բե­­­մի մը նման ըն­­­կա­­­­­­­լելու միտ­­­քը։

Գիր­­­քը կ՚աւար­­­տէր հե­­­տեւեալ տո­­­ղերով. «Աւար­­­տին հա­­­սած է իմ խա­­­ղար­­­կութիւ­­­նը այդ բե­­­մին վրայ։ Չեմ գրած աւար­­­տը, քա­­­նի որ տե­­­ղեակ չեմ թէ ան ինչպէս պի­­­տի կա­­­յանայ։ Բայց հետզհե­­­տէ բե­­­մադ­­­րութե­­­նէ աւե­­­լի սա ինքն է ար­­­դէն։ Ին­­­քը՝ կեան­­­քը եւ կեան­­­քի մէջ հան­­­դի­­­­­­­սատե­­­սի բա­­­ժին չկայ։ Բո­­­լորս մաս­­­նա­­­­­­­կից ենք բե­­­մադ­­­րութեան։ Ահա­­­ւասիկ վեր­­­ջին վա­­­րագոյրն է։ Սի­­­րելի­­­ներ ես շատ սի­­­րեցի ձեզ, զգօն եղէք»։

Յուլյուս Ֆու­­­չի­­­­­­­քի յու­­­շե­­­­­­­րը թարգմա­­­նուած են աշ­­­խարհի զա­­­նազան լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րուն։ Ան ար­­­դէն վա­­­ղուց ծա­­­նօթ է շա­­­տերուն։ Ես եմ որ նոր գիւտ մը ըրի այդ հե­­­րոսին հետ ծա­­­նօթա­­­նալով։ Ու­­­զե­­­­­­­ցի այս ու­­­րախ գիւ­­­տը կի­­­սել ձեզ՝ «Ակօս»ի ըն­­­թերցող­­­նե­­­­­­­րուն հետ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ