Պարոյր Սեւակ 100 տարեկան (Բ)

ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Մ.Յ.- Պատ­­մա­­­կան Սալ­­մաստ գա­­վառէն են ձեր ակունքնե­­րը։ Սե­­ւակը ու­­նի՞ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւններ նո­­ւիրո­­ւած Սալ­­մաստին։ Եղա՞ծ է եր­­բե­­­ւէ այնտեղ։

Չէ, վստա­­հաբար Սալ­­մաստ չէ եղած։ Ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութեան հետ կա­­պուած պի­­տի նո­­րէն դառ­­նամ «Ամա­­նէջ»-ին, որ­­տեղ շատ հե­­տաքրքիր ձե­­ւով ցոյց կու տայ Պարսկաս­­տա­­­նէն եկո­­ւոր­­նե­­­րուն, որոնց այստե­­ղի բնա­­կիչ­­նե­­­րը ըսած են «նոր հայ», վեր­­ջիններս ալ բնիկ­­նե­­­րուն ըսած են «հին հա­­յեր»։ «Ամա­­նէջ»ին շատ լաւ կեր­­պով կը ներ­­կա­­­յացո­­ւի անոնց ան­­գամ մտա­­ծողու­­թեան գի­­ծերու տար­­բե­­­րու­­թիւննե­­րը։ Վէ­­պը ազ­­գագրա­­կան հսկայ նիւթ կու տայ։ Սա­­ւոնցմէ բա­­ցի՝ ու­­նինք 1828 թո­­ւակա­­նին այն ժա­­մանա­­կուայ Չա­­նախ­­չի գաղ­­թած 7 հայ ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու տոհ­­մա­­­ծառե­­րը։ Ի դէպ, մեր գիւ­­ղը հին պատ­­մութիւն ու­­նի։ Գիւ­­ղին յայտնա­­բերո­­ւած է 9-րդ դա­­րի խաչ­­քար, որը այժմ կը գտնո­­ւի մեր թան­­գա­­­րանը եւ կը հա­­մարո­­ւի հա­­յոց պատ­­մութեան ամե­­նահին թո­­ւագիր խաչ­­քա­­­րը։

Մ.Յ.- Սե­­ւակը կա­­նանց մեծ սի­­րահար է, կա­­նանց գան­­ձեր ձօնող հան­­ճա­­­րեղ վար­­պետ։ Դուք՝ թէ՛ որ­­պէս հան­­ճա­­­րեղ պոետի թոռ, թէ՛ որ­­պէս գրա­­կանա­­գէտ՝ այս թե­­մայով ո՞ր ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւ­­նը կ՚առանձնաց­­նէք, չնա­­յած բո­­լորն ալ ֆան­­տաստիկ գոր­­ծեր են, սա­­կայն ու­­նի՞ք առանձնա­­ցուած շարք կամ գործ։

Քա­­նի որ իմ ամե­­նասի­­րելի գիր­­քը Սե­­ւակէն «Եղի­­ցի լոյս»ն է, թե­­րեւս կ՚առանձնաց­­նեմ հէնց այդ ժո­­ղովա­­կուին «Նո­­րից չեն սի­­րում, սի­­րում են կրկին» շար­­քը։ Ինձ հա­­մար այդ Սե­­ւակի սի­­րային պոեզիայի գա­­գաթն է։

Մ.Յ.- Ո՞րը կը հա­­մարէք Պա­­րոյր Սե­­ւակի գլուխգոր­­ծո­­­ցը։

«Եղի­­ցի լոյս» գիր­­քը։

Մ.Յ.- Պա­­րոյր Սե­­ւակի տուն-թան­­գա­­­րանի տնօ­­րէնն էք 2018-էն այս կողմ։ Այդ ըն­­թացքին ի՞նչ ըրո­­ւած է եւ ի՞նչ կայ ընե­­լիք, որ կը նա­­խատե­­սէք ապա­­գային իրա­­գոր­­ծել՝ կա­­պուած շէն­­քա­­­յին պայ­­մաննե­­րու, նաեւ թան­­գա­­­րանի հա­­ւաքա­­ծոյի հա­­մալրման հետ։

Հա­­ւաքա­­ծոն բա­­ւակա­­նին հա­­մալ­­րուած է։ Երբ դար­­ձայ տնօ­­րէն թան­­գա­­­րանա­­յին նմոյշնե­­րու թի­­ւը 500-էն պա­­կաս էր։ Այժմ կը հաս­­նի 1500-ի։ Աւե­­լի շատ հա­­մալ­­րո­­­ւած է Սե­­ւակի անձնա­­կան գրա­­դարա­­նի նմուշնե­­րով, գիր­­քե­­­րով, որոշ ձե­­ռագի­­րերով, լու­­սանկար­­նե­­­րու ֆոն­­դով։ Թան­­գա­­­րանա­­յին ցու­­ցադրու­­թեան պայ­­մաններն են ընդլայ­­նո­­­ւել։ Ես բա­­ցի Սե­­ւակի հայ­­րա­­­կան տան դռնե­­րը, որ կը գտնո­­ւի գիւ­­ղա­­­մէջը։ Հայ­­րա­­­կան տա­­նը մե­­ծացել է ու մին­­չեւ 1940 թո­­ւական ապ­­րած Պա­­րոյր Սե­­ւակ։ Իսկ երբ եկած է Երե­­ւան՝ բարձրա­­գոյն կրթու­­թիւն ստա­­նալու, ծնող­­նե­­­րը բնա­­կուած են այդ տան մէջ մին­­չեւ 1960-ական թո­­ւական­­նե­­­րու կէ­­սերը։ Յե­­տոյ Սե­­ւակը իր առանձնա­­տու­­նը կա­­ռու­­ցած է, ուր տե­­ղափո­­խած է ծնող­­նե­­­րուն։ Հայ­­րա­­­կան տու­­նը 1920-ական­­նե­­­րուն կա­­ւաշէն տուն է՝ թէ՛ ներ­­սէն, թէ՛ դուրսէն ան­­փո­­­փոխ պահ­­պա­­­նուած։ Այդ ժա­­մանակ­­նե­­­րու բա­­ցառիկ նմոյշ է, քա­­նի որ Հա­­յաս­­տան այ­­սօր այդպի­­սի տու­­ներ գրե­­թէ չեն մնա­­ցած։ Այ­­ցե­­­լու­­նե­­­րը, երբ կը մտնեն ներս, կար­­ծես կը տե­­ղափո­­խուին 100 տա­­րի ետ։

Այ­­սօր խնդիր ու­­նինք շէն­­քա­­­յին պայ­­մաննե­­րու հետ։ Ցան­­կա­­­լի կ՚ըլ­­լար վե­­րականգնո­­ւիլ Սե­­ւակի ըն­­կեր, ճար­­տա­­­րապետ Ճիմ Թո­­րոսեանի ստեղ­­ծած ճար­­տա­­­րապե­­տական այն նա­­խագի­­ծը, որ եղած ի սկզբան։

Շատ կը կա­­րեւո­­րենք նաեւ ժա­­մանա­­կակից թեք­­նո­­­լոկիանե­­րու կի­­րառու­­մը, որով­­հե­­­տեւ կ՚ապ­­րինք 21-րդ դա­­րի վիր­­տո­­­ւալ աշ­­խարհի մէջ։ Այ­­ցե­­­լու­­նե­­­րուն, յատ­­կա­­­պէս երի­­տասարդնե­­րուն թան­­գա­­­րանը պէտք է հե­­տաքրքիր ըլ­­լայ։ Բազ­­մա­­­թիւ ուղղու­­թիւննե­­րով կ՚աշ­­խա­­­տինք։ Երբ ես եկայ, թան­­գա­­­րանի մէջ ան­­գամ ջե­­ռու­­ցում եւ սան­­հանգու­­ցա­­­յին պայ­­մաններ չկա­­յին։ Այս տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին այ­­ցե­­­լու­­նե­­­րու թի­­ւը գրե­­թէ եռա­­պատ­­կո­­­ւած է։ Բայց ընե­­լիք­­ներ միշտ ալ կան։

Մ.Յ.- Դեռ ան­­ցեալ տա­­րի գար­­նան խումբ մը մա­­նուկնե­­րու հետ այ­­ցե­­­լեցինք թան­­գա­­­րան։ Ձեր այ­­գին, որ­­տեղ կը յանգչի հա­­յոց հան­­ճարնե­­րէն մէ­­կը՝ շիր­­մա­­­քարի շուրջ բո­­լորը տե­­սանք մա­­նու­­շակներ։ Ես եր­­կուսը պո­­կեցի եւ ինձ հետ բե­­րի Երե­­ւան ու դրի Սե­­ւակի գրքե­­րէն մէ­­կուն մէջ։ Մինչ օրս կը պա­­հեմ։ Հե­­տաքրքիր է՝ մա­­նու­­շակնե­­րը իրենք աճած են, թէ՞ յա­­տուկ աճե­­ցուած է հէնց շիր­­մա­­­քարի շուրջ բո­­լորը։

Չէ, այդպէս կ՚աճին։ Մենք չենք տնկած (կը ժպտայ)։ Միայն առանձնա­­տան դի­­մացի վար­­դե­­­րը Սե­­ւակ ին­­քը տնկած է ու մինչ օրս կան։ Սե­­ւակը շատ սի­­րած է վար­­դե­­­րը։ Եւ այ­­գիի ծա­­ռերը եւս գրե­­թէ բո­­լորը Սե­­ւակի տնկած ծա­­ռերն են։ Մինչ այդ՝ այդտեղ անա­­պատ եղած է. Սե­­ւակը անոնցմէ ստա­­ցած է դրախտ։

Մ.Յ.- Հա­­յոց ցա­­ւով ապ­­րող բա­­նաս­­տեղծը արա­­րեց «Անլռե­­լի զան­­գա­­­կատուն»-ը, որ կը հա­­մարո­­ւի հայ գրա­­կանու­­թեան գո­­հար­­նե­­­րէն մէ­­կը. հե­­տաքրքիր է՝ կա՞յ պոեմի ստեղծման հետ կա­­պուած հե­­տաքրքիր պա­­տումներ։

Իր ինքնա­­կեն­­սագրա­­կանին եւ նաեւ վեր­­ջին հար­­ցազրոյցնե­­րէն մէ­­կուն Սե­­ւակը կը յի­­շէ, որ նման միտք շա­­տոնց ու­­նե­­­ցած է։ Բայց չէ հասկցած՝ ինչպէս մարմնա­­ւորո­­ւած։ Կ՚ըսէ, թէ մէկ մտո­­վի վէպ գրած է, մէկ՝ գի­­տական աշ­­խա­­­տու­­թիւն, մէկ՝ պոեմ։ Եւ կը յի­­շէ՝ Մոս­­կո­­­ւա՝ ինչ-որ գա­­րեջ­­րա­­­տանը՝ մութ, կի­­սան­­կուղա­­յին յար­­կին նստած ատեն եւ յան­­կարծ մոս­­կո­­­վեան ռա­­տիոյով կը հնչէ Կո­­միտաս։ Հէնց այդ պահն ալ պոեմի ողջ կա­­ռու­­ցո­­­ւած­­քը մտքին կու գայ։

Պոեմը բա­­ւակա­­նին արագ գրո­­ւած է՝ մօտ մէկ տա­­րուայ մէջ (1957-58 թթ.), եթէ հա­­շուի առ­­նենք անոր ծա­­ւալը։ Յե­­տոյ, իհար­­կէ, Սե­­ւակը վրան աշ­­խա­­­տած է՝ խմբագ­­րած, մշա­­կած։ Այդ մի մեծ խի­­զախու­­թիւն էր այն ժա­­մանակ­­նե­­­րու հա­­մար, որուն քի­­չերն էին ըն­­դունակ։ Հէնց այդ գոր­­ծով եղաւ Սե­­ւակի հռչա­­կի սկիզ­­բը։ Մինչ պոեմի հրա­­տարա­­կուի­­լը, իհար­­կէ, կը ճանչնա­­յինք Սե­­ւակն՝ որ­­պէս բա­­նաս­­տեղծ, բայց ոչ այնպի­­սին, ինչպի­­սին «Անլռե­­լի»-էն ետք։ Գրե­­լու ժա­­մանակն ալ շատ լաւ է հա­­մըն­­կած. «ձնհա­­լի» տա­­րիներն էին։ Ան­­կէ 10 տա­­րի առաջ նման գործ գրե­­լու հա­­մար կա­­րելի էր ար­­ժա­­­նանալ աք­­սո­­­րի, գնդա­­կահա­­րու­­թեան եւ այլն։ Նա­­խախ­­նա­­­մու­­թիւն կար, որ հէնց այդ ժա­­մանակ գրո­­ւեցաւ պոեմը։ Քիչ-քիչ սկսե­­ցին թոյ­­լատրել եւ խօ­­սիլ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան մա­­սին։

Մ.Յ.- Սե­­ւակի մա­­հուան առեղ­­ծո­­­ւածը՝ իրա­­րամերժ պատ­­մութիւններ։ Ի վեր­­ջո՝յ ո՞րն է իրա­­կանը։

Բազ­­մա­­­թիւ ան­­գամ ըսած ենք եւ կ՚ըսենք. մեր խո­­րին հա­­մոզ­­մամբ այդ դժբախտ պա­­տահար էր։ Բազ­­մա­­­թիւ փաս­­տեր կը վկա­­յեն անոր մա­­սին՞ Մին­­չեւ օրս որե­­ւէ փաստ չէ յայտնա­­բերո­­ւած, որ կը խօ­­սի կան­­խամտա­­ծուած սպա­­նու­­թեան մա­­սին։

Մ.Յ.- Եթէ ու­­նե­­­նայիք հնա­­րաւո­­րու­­թիւն հան­­դի­­­պելու պա­­պիին, ի՞նչ կ՚ըսէիք անոր։

Ճշգրիտ բան մը ըսել շատ դժո­­ւար է։ Անոր հետ կը զրու­­ցէի գրա­­կանու­­թե­­­նէն, արո­­ւես­­տէն՝ մէկ գա­­ւաթ կո­­նեակով։

Վերջ՝ եթէ եր­­բե­­­ւէ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւն գրե­­լու ըլ­­լաք Սե­­ւակի մա­­սին՝ ի՞նչ վեր­­նա­­­գիր կ՚ու­­նե­­­նայ։

Երե­­ւի, կրկին՝ «Մտա­­ծողը»։

Աւար­­տենք սե­­ւակեան հան­­ճա­­­րեղ տո­­ղերով՝

Աշ­­խարհին... ման­­կա՜ն մաք­­րութիւն է պէտք,

Եւ հէնց ա՛յն ման­­կան,

Որին ամէն օր աշ­­խարհ են բե­­րում

Նաեւ աշ­­խարհի... ան­­մա­­­քուրնե­­րը,

Մին­­չիսկ նրա՛նք` ան­­մա­­­քուրնե՜րը,

Քան­­զի... աշ­­խարհին մաք­­րութի՜ւն է պէտք...

27-31 Հոկ­­տեմբեր, 1965թ.

(Չա­­նախ­­չի)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ