Խորհրդարանը անձնասպան

30Յու­­նո­­­ւար թո­­ւակա­­նը կը խոս­­տա­­­նայ պատ­­մա­­­կան նշա­­նակու­­թիւն ու­­նե­­­նալ եւ ընդմիշտ յի­­շուիլ յա­­ռաջի­­կայ տա­­րինե­­րուն եւս։ Այդ օր Թուրքիոյ Խորհրդա­­րանը ձայ­­նե­­­րու մե­­ծամաս­­նութեամբ ջնջեց Թուրքիոյ Բա­­նուո­­րական կու­­սակցու­­թեան Հա­­թայ նա­­հան­­գի պատ­­գա­­­մաւոր Ճան Աթա­­լայի երես­­փո­­­խանի կո­­չու­­մը։

Գոր­­ծընթա­­ցը մեկ­­նարկած էր նա­­խորդ տա­­րուայ խորհրդա­­րանի ընտրու­­թիւննե­­րով։

Ընտրու­­թեան վե­­հագոյն խորհուրդը ան­­պա­­­տեհու­­թիւն չէր տե­­սած Աթա­­լայի թեկ­­նա­­­ծու­­թեան հան­­դէպ։ Ան այսպէ­­սով տի­­րացաւ Հա­­թայի ընտրող­­նե­­­րու զօ­­րակ­­ցութեան։ Այդ պա­­հուն կը սպա­­սուէր թէ իս­­կոյն վերջ գտնէ Աթա­­լայի բան­­տարկու­­թիւնը։ Բայց իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը ու­­րիշ կերպ վա­­րուե­­ցան։ Աթա­­լայի փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րը իս­­կոյն դի­­մեցին Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան Ատեան։ Այս վեր­­ջի­­­նը ար­­դար գտաւ ներ­­կա­­­յացո­­ւած բո­­ղոքը եւ պա­­հան­­ջեց որ իս­­կոյն վերջ տրո­­ւի Աթա­­լայի բան­­տարկու­­թեան եւ ան կա­­տարե­­լով երթման արա­­րողու­­թիւնը սկսի իր պատ­­գա­­­մաւո­­րի պաշ­­տօ­­­նին։ Սա­­կայն Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան Ատեանի այս որո­­շու­­մը մեր­­ժո­­­ւեցաւ նախ 13-րդ Եղեռ­­նա­­­դատ Ատեանի եւ ապա Վճռա­­բեկ Ատեանի կող­­մէ։ Այս մեր­­ժումը կա­­տարեալ ոտնձգու­­թիւն մըն էր Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան Ատեանի դէմ, քա­­նի որ անոր վճիռ­­նե­­­րը ան­­վի­­­ճելի են ըստ գոր­­ծող սահ­­մա­­­նադ­­րութեան։

Իսկ նա­­խորդ եր­­կուշաբ­­թի օր Վճռա­­բեկ Ատեանի վճի­­ռը Խորհրդա­­րանի նիս­­տին ըն­­թերցո­­ւելով դա­­տական գայ­­թակղու­­թիւնը վե­­րածո­­ւեցաւ խորհրդա­­րանա­­կան անօ­­րինու­­թեան։

Իշ­­խող ար­­դա­­­րու­­թիւն եւ Զար­­գա­­­ցում ու անոր կրտսեր գոր­­ծընկեր Ազ­­գա­­­յին Շար­­ժում կու­­սակցու­­թիւննե­­րու կազ­­մած մե­­ծամաս­­նութեան ձայ­­նե­­­րով վերջ տրուեցաւ երես­­փո­­­խան Ճան Աթա­­լայի պատ­­գա­­­մաւո­­րի կո­­չու­­մին։

Ընդդի­­մադիր շրջա­­նակ­­ներ խստօ­­րէն բո­­ղոքե­­ցին կա­­տարո­­ւածին դէմ յայտնե­­լով թէ այսպի­­սով Խորհրդա­­րանը իր օրի­­նակա­­նու­­թիւնն ալ վի­­ճելի դար­­ձուցած է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ