Բոլոր ցաւերուն խաչմերուկն է 6 Փետրուարը

ԼՈՐԱ ՊԱՅԹԱՐ

Այսօր Փետ­­րո­­­ւարի 7-ն է։ Միշտ կը վախ­­նա­­­յի 6 Փետ­­րո­­­ւարէն, որ վեր­­ջա­­­պէս հա­­սաւ ու ան­­ցաւ։ Դժո­­ւար, ան­­հատնում ու ծանր օր ու գի­­շեր ան­­ցուցինք։ Ոչ ոք կրցաւ քնա­­նալ։ Հա­­մարեա բո­­լոր գա­­ւառ­­նե­­­րու մէջ երկրա­­շար­­ժի զո­­հերը յի­­շատա­­կուե­­ցան։ Լուռ եր­­թեր կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւեցաւ։ Քա­­ղաքակրթու­­թեան երգչա­­խումբը եւ ակա­­դեմիայի նո­­ւագա­­խումբը թախ­­ծոտ մե­­ղեդի­­ներով յի­­շատա­­կեցին կո­­րուստնե­­րը լու­­սա­­­ծագէն ալ կա­­նուխ, ժա­­մը 04.17-ին, ամ­­բողջ նա­­հան­­գը ոտ­­քի էր կար­­ծես, երի­­տասարդներ, տա­­րեց­­ներ, երե­­խէք… Ի դէմ ցուրտ եղա­­նակին մաս­­նակցե­­ցան յի­­շատակ­­ման։ Խունկեր ծխե­­ցին, ջա­­հերով եր­­թեր եղան։ Քա­­ղաքի ճա­­շարան­­նե­­­րը տակ ապուր մա­­տակա­­րարե­­ցին փո­­ղոցէն անցնող­­նե­­­րուն։

Հա­­յաբ­­նակ Վա­­քըֆ­­գիւղի մէջ հո­­գեւոր արա­­րողու­­թեամբ յի­­շատա­­կուե­­ցան երկրա­­շար­­ժի զո­­հերը։

Աղէ­­տէն տա­­րի մը անց ան­­սո­­­վոր բազ­­մութիւն մը կը տի­­րէր։ Նա­­խարար­­ներ, քա­­ղաքա­­պետեր, երես­­փո­­­խան­­ներ, լրագ­­րողներ։ Անոնց ներ­­կա­­­յու­­թիւնը ակա­­մայ յի­­շեցուց երկրա­­շար­­ժի յա­­ջոր­­դող օրե­­րուն մեր մատ­­նո­­­ւած ան­­տէ­­­րու­­թիւնը։

Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի 3 Փետ­­րուարին այս նոյն քա­­ղաքի՝ Հա­­թայի մէջ իր կու­­սակցու­­թեան թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րը ծա­­նօթաց­­նե­­­լու հա­­մար կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած ժո­­ղովին ու­­նե­­­ցած ելոյ­­թը զայ­­րոյթ պատ­­ճա­­­ռած էր հա­­թայ­­ցի­­­ներուն։ Միւս կող­­մէ Ժո­ղովրդա­­հան­­րա­­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թեան առա­­ջադ­­րած քաղաքապետի թեկ­­նա­­­ծուն եւս դժգո­­հու­­թեան պատ­­ճառ դար­­ձած էր։

Այս բո­­լորին դէմ մէկ մէկ բո­­ղոքի ձայ­­ներ ալ լսո­­ւեցան, բայց ժո­­ղովուրդի վիշ­­տը աւե­­լի ծան­­րակշիռ էր, քան բար­­կութիւ­­նը։ Ամ­­բողջ գի­­շեր վեր­­յի­­­շեցինք մեր կո­­րուստնե­­րը, իրա­­րու պատ­­մե­­­ցինք այդ պա­­հու ապ­­րումնե­­րը եւ լաց եղանք։

Որով­­հե­­­տեւ մեր բո­­լոր ցա­­ւերուն խաչ­­մե­­­րուկն է 6 Փետ­­րո­­­ւարը։

Այ­­սօր վե­­րապ­­րե­­­լու ամ­­բողջ մէկ տա­­րին բո­­լորե­­ցինք։ Նա­­խորդ շա­­բաթա­­վեր­­ջին ապ­­րե­­­ցանք եր­­կու շատ ծանր գի­­շեր­­ներ։ Եթէ մէ­­կը 6 Փետ­­րո­­­ւարի վաղ ժա­­մերն էին, միւ­­սը 5 Փետ­­րո­­­ւար դպրոց­­նե­­­րու տա­­րեմի­­ջեան ար­­ձա­­­կուրդէ ետք ուսման սկսե­­լուն նա­­խոր­­դող 4 Փետ­­րո­­­ւարի գի­­շերը։ Ան­­ցեալ տա­­րի այդ գի­­շեր երե­­խէք կ՚աղօ­­թէին «Երա­­նի ձիւն տե­­ղայ եւ վե­­րամու­­տը յե­­տաձ­­գո­­­ւի» յու­­սա­­­լով։

Այս տա­­րի այդ ցան­­կութիւ­­նը մտա­­բերող չկար։ Այդ օր ակա­­մայ յի­­շեցինք նա­­խորդ տա­­րուայ նոյն օրը։

Մենք սոր­­վե­­­ցանք փառք տա­­լը, ու­­նե­­­ցածին ար­­ժէ­­­քը գիտ­­նա­­­լը, կեան­­քի իւ­­րա­­­քան­­չիւր պա­­հը ար­­ժե­­­ւորե­­լը եւ ատե­­լու­­թիւն կու­­տա­­­կելու որ­­քան անի­­մաստ ըլ­­լա­­­լը։

Կաս­­կած չկայ որ այս սու­­գը տա­­կաւին եր­­կար տա­­րիներ կը մնայ մեզ հետ։ Բայց հա­­պա կեան­­քը ի՞նչ պի­­տի բե­­րէ։ Վիշ­­տե­­­րը մեզ հետ են, բայց օրուայ պար­­տադրած­­նե­­­րը՞։ Մի­­թէ անոնք ա՞լ տա­­կաւին պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կուին եր­­կար տա­­րիներ։ Լուծման կա­­րօտ ահա­­գին խնդիր­­ներ ու­­նինք։ Բո­­լորին մտքին կառ­­չած հար­­ցում մըն է՝ ար­­դեօք այդ խնդիր­­նե­­­րու առու­­մով յա­­ռաջի­­կայ ընտրու­­թիւննե՞րն են որ պի­­տի ձե­­ւաւո­­րեն Հա­­թայի ճա­­կատագիրը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ