«Մատենադարանը եւ՛ համեստութեան կոչ է, եւ՛ զսպուածութեան կոչ է, եւ՛ նուիրումի կոչ է». Արա Խզմալեան

ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Մ.Յ.- Ձեր գոր­­­­ծունէու­­­­թիւնը սկսած էք ԳԱԹ-էն՝ Չա­­­­րեն­­­­ցի անո­­­­ւան Գրա­­­­կանու­­­­թեան եւ արո­­­­ւես­­­­տի թան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րանէն, ապա՝ Տիկ­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­կային թատ­­­­րոն, ԵՊՀ, ԳԱԱ Արուես­­­­տի ինստի­­­­տուտ, Թատ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նի ու կի­­­­նոյի ինստի­­­­տուտ։ Ի՞նչը բե­­­­րաւ ձեզ Մա­­­­տենա­­­­դարան։ Ի՞նչու ձեր ընտրու­­­­թիւնը ի վեր­­­­ջոյ եղաւ Մա­­­­տենա­­­­դարա­­­­նը։

Իմ մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­գիտա­­­­կան գոր­­­­ծունէու­­­­թեան ըն­­­­թացքը կը դժո­­­­ւարա­­­­նամ պա­­­­տաս­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նել՝ ինչ չա­­­­փով է իմ կամ­­­­քով պայ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նաւո­­­­րուած, ինչ չա­­­­փով՝ հան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­մանքնե­­­­րու բե­­­­րու­­­­մով։ ԳԱԹ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տած եմ 2001 թո­­­­ւակա­­­­նէն։ 2009 թո­­­­ւակա­­­­նին, երբ տնօ­­­­րէնը կ՚ու­­­­զէր ինձ նշա­­­­նակել բաժ­­­­նի վա­­­­րիչ, այդ նոյն պա­­­­հուն հրա­­­­ւէր ստա­­­­ցայ Հրա­­­­չեա Թամ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­զեանէն Մա­­­­տենա­­­­դարան դառ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­լու որպէս ար­­­­խի­­­­­­­­­­­­­­­ւային բաժ­­­­նի վա­­­­րիչ։ Բնա­­­­կանա­­­­բար ըն­­­­դունե­­­­ցի այդ առա­­­­ջար­­­­կը՝ հասկնա­­­­լով, թէ ինչ կա­­­­ռոյց է Մա­­­­տենա­­­­դարա­­­­նը, եւ ինչքան բան կա­­­­րելի է սո­­­­վորել այնտեղ։ Ար­­­­խի­­­­­­­­­­­­­­­ւային բաժ­­­­նէն սկսո­­­­ւած է իմ գոր­­­­ծունէու­­­­թիւնը Մա­­­­տենա­­­­դարան։ Պէտք է նշեմ՝ քիչ բան չէ, որ յա­­­­ջողո­­­­ւեց այդ ըն­­­­թացքին ընել։ Նախ անձնա­­­­կազ­­­­մի հա­­­­մալ­­­­րումնե­­­­րը. նոյն բա­­­­ժին ըն­­­­դունո­­­­ւեցին շատ կա­­­­րող մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­գիտա­­­­կան կրթու­­­­թիւն ստա­­­­ցած, հա­­­­մապա­­­­տաս­­­­խան կողմնո­­­­րոշում ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցող, ազ­­­­նիւ երի­­­­տասարդներ։ Անհրա­­­­ժեշտ վե­­­­րանա­­­­յումներ իրա­­­­կանա­­­­ցուե­­­­ցան, ար­­­­խի­­­­­­­­­­­­­­­ւային փաս­­­­տաթղթե­­­­րու գի­­­­տատեխ­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­կական մշակ­­­­ման նոր հա­­­­մակարգ ներդրո­­­­ւեց, ձե­­­­ւաթղթե­­­­րը մշա­­­­կուե­­­­ցին, կա­­­­րեւո­­­­րագոյն հա­­­­մալ­­­­րումներ եղան։ Նոր թափ ստա­­­­ցան մշակ­­­­ման, ար­­­­խի­­­­­­­­­­­­­­­ւային փաս­­­­տաթղթե­­­­րու գրանցման աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տանքնե­­­­րը։

Չա­­­­փազանց ու­­­­րախ եմ, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­­­­միած­­­­նի հա­­­­մագոր­­­­ծակցու­­­­թեամբ, աջակ­­­­ցութեամբ ար­­­­խի­­­­­­­­­­­­­­­ւային բաժ­­­­նի աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տակից­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը սկսե­­­­ցին կա­­­­թողի­­­­կոսա­­­­կան դի­­­­ւանի գի­­­­տական նկա­­­­րագ­­­­րութիւ­­­­նը ու ցու­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­կագ­­­­րումը։ Առա­­­­ջին հա­­­­տորն ար­­­­դէն հրա­­­­տարա­­­­կուած է։ Հի­­­­մա կ՚աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տին երկրորդ հա­­­­տորի վրայ։ Հրա­­­­չեա Թամ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­զեանի մա­­­­հէն ետք իմ ճա­­­­նապարհնե­­­­րը ինձ տա­­­­րին դէ­­­­պի ու­­­­րիշ ոլորտներ՝ եղայ Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի Զբօ­­­­սաշրջու­­­­թեան զար­­­­գացման հիմ­­­­նադրա­­­­մի տնօ­­­­րէն, այ­­­­նուհե­­­­տեւ ԿԳՄՍ նա­­­­խարա­­­­րի տե­­­­ղակալ։ Եւ հի­­­­մա, երբ ետ կը նա­­­­յիմ՝ տպա­­­­ւորու­­­­թիւն ու­­­­նիմ, որ բո­­­­լոր այդ փու­­­­լե­­­­­­­­­­­­­­­րը ինձ նա­­­­խապատ­­­­րաստած են Մա­­­­տենա­­­­դարան վե­­­­րադառ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­լու։ Կա­­­­ռավար­­­­ման եւ մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­գիտա­­­­կան այն ահ­­­­ռե­­­­­­­­­­­­­­­լի փոր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­թիւնը, որ ձեռք բե­­­­րեցի՝ ամէն օր կը հա­­­­մոզո­­­­ւիմ, թէ ինչքան կա­­­­րեւոր է Մա­­­­տենա­­­­դարան կի­­­­րառե­­­­լու հա­­­­մար։ Որով­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տեւ, Մա­­­­տենա­­­­դարա­­­­նը, ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լով խո­­­­շոր հա­­­­յագի­­­­տական կեդ­­­­րոն, միեւ­­­­նոյն ժա­­­­մանակ խո­­­­շոր են­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­կառու­­­­ցո­­­­­­­­­­­­­­­ւածք է՝ գոր­­­­ծունէու­­­­թեան բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ տա­­­­րատե­­­­սակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով։ Եւ այնքան բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­շերտ տա­­­­րողու­­­­նակ ու բարդ հա­­­­մակարգ է այն, որու նման երկրոր­­­­դը չկայ ՀՀ.։

Մ.Յ.- Ո՞վ կը հա­­­­մարէք ձեր ու­­­­սուցի­­­­չը մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­գիտա­­­­կան կա­­­­յաց­­­­ման գոր­­­­ծին։

Զար­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նալի բան մը պի­­­­տի ըսեմ՝ վեր­­­­ջերս սկսած եմ խու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­փիլ «ու­­­­սուցիչ» բա­­­­ռը գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ծելէ, որով­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տեւ կը պար­­­­զո­­­­­­­­­­­­­­­ւի, որ ամե­­­­նամեծ ու­­­­սուցի­­­­չը կեանքն է, բնու­­­­թիւնը։ Ի վեր­­­­ջոյ՝ այդ կը սոր­­­­վիս այնքան, ինչքան կրնաս։ Ես ու­­­­նիմ լաւ ըն­­­­կերներ, եւ իմ հա­­­­յեացքնե­­­­րը կեան­­­­քի, մարդկա­­­­յին յա­­­­րաբե­­­­րու­­­­թիւննե­­­­րու հան­­­­դէպ մշա­­­­կած եմ՝ շատ առումնե­­­­րով, Ռու­­­­բէն Պա­­­­պայեանի հետ ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թիւն ընե­­­­լով եւ կը հա­­­­մարեմ անոր մեր ժա­­­­մանակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ամե­­­­նաար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­նաւոր մար­­­­դոցմէ մէ­­­­կը, որ շատ կա­­­­րեւոր դե­­­­րակա­­­­տարու­­­­թիւն ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած է ոչ միայն թատ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նի մէջ, տիկ­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­կային արո­­­­ւես­­­­տին, այլ ընդհան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պէս, հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեան, հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­յին շփումնե­­­­րու մշա­­­­կոյ­­­­թը փո­­­­խելու առու­­­­մով։ Նաեւ բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ լաւ գոր­­­­ծընկեր­­­­ներ ու­­­­նիմ, որոնցմէ ինչ-որ բան մը սոր­­­­ված եմ։ Ամէն դէպ­­­­քին՝ կը խու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­փիմ այ­­­­լեւս խօ­­­­սիլ ու­­­­սուցիչ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու մա­­­­սին, որով­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տեւ կեան­­­­քը ցոյց կու տայ՝ անոր, ով հա­­­­մարած ես ու­­­­սուցիչ, կա­­­­րող է պար­­­­զո­­­­­­­­­­­­­­­ւիլ՝ այդքան ալ այդպէս չէ եղած։ Եւ հիաս­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­փու­­­­թիւններ չու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նալու հա­­­­մար՝ պէտք չէ կար­­­­գել ու­­­­սուցիչ­­­­ներ, այլ պէտք է պար­­­­զա­­­­­­­­­­­­­­­պէս յար­­­­գանք ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նալ այն մարդկանց հան­­­­դէպ, որոնցմէ որե­­­­ւէ բան սոր­­­­ված ու իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­ցած ես։ Իմ ու­­­­սուցիչ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը աւե­­­­լի շատ գրա­­­­կանու­­­­թեան ու փի­­­­լիսո­­­­փայու­­­­թեան մէջ են։

Մ.Յ.- Ձեր կա­­­­պը Մա­­­­տենա­­­­դարա­­­­նի հետ բա­­­­ւակա­­­­նին խորն է. բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­բովան­­­­դակ գոր­­­­ծունէու­­­­թիւն ծա­­­­ւալած էք այստեղ տա­­­­րիներ շա­­­­րու­­­­նակ։ Այ­­­­սօր ի՞նչն է Արա Խզմա­­­­լեանի գրան­­­­ցած ամե­­­­նագո­­­­հաց­­­­նող ար­­­­դիւնքը ըստ ձեզ։

Գի­­­­տէ՞ք՝ այն գա­­­­ղափար­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, որ մենք ու­­­­նինք Մա­­­­տենա­­­­դարա­­­­նի ապա­­­­գայի հան­­­­դէպ, ինձ թոյլ չեն տար շտապ խօ­­­­սիլ ձեռքբե­­­­րումնե­­­­րու մա­­­­սին։ Ես կրնամ ըսել, որ այո վեր­­­­ջին՝ ըն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­մէնը մի քա­­­­նի ամիս­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ըն­­­­թացքին մենք ան­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­խադէպ ար­­­­դիւնքներ գրան­­­­ցած ենք եւ ասոնք խօս­­­­քեր չեն։ Ցան­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ցած մէ­­­­կը կրնայ վերցնել եւ հա­­­­մադ­­­­րել վեր­­­­ջին գրե­­­­թէ մէկ տաս­­­­նեակ շրջա­­­­նի ու վեր­­­­ջին կէս տա­­­­րուայ ար­­­­դիւնքա­­­­յին ցու­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­նիշ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Կա­­­­րող ենք տես­­­­նել, թէ ինչ ֆի­­­­նան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­կան ներ­­­­հոսք է եղել Մա­­­­տենա­­­­դարան, կտես­­­­նենք նաեւ՝ ինչպէս է ակ­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­վացել կա­­­­պը մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր հա­­­­տուա­­­­ծի հետ՝ հո­­­­վանա­­­­ւոր­­­­ներ, մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պութիւններ, պե­­­­տական պիւտճէէն ինչ յատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ցումներ եղած են, ինչ ծրա­­­­գիրեր մշա­­­­կուած են ու կը մշա­­­­կուին, ձե­­­­ռագ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­կան եւ ար­­­­խի­­­­­­­­­­­­­­­ւային հա­­­­մալ­­­­րումնե­­­­րու առու­­­­մով ինչ ին­­­­տենսի­­­­վու­­­­թիւն կայ։ Կը տես­­­­նենք այ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու քա­­­­նակը՝ 25 հա­­­­զարով աւե­­­­լի 2023-ին 2022 թո­­­­ւակա­­­­նի հա­­­­մեմատ, կրթա­­­­կան ծրագ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րու առա­­­­տու­­­­թիւնն ու ընդլայ­­­­նումը, գի­­­­տացու­­­­ցադրա­­­­կան ոլոր­­­­տի բա­­­­րեփո­­­­խումնե­­­­րը (ըն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­մէնը քա­­­­նի մը ամիս­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ըն­­­­թացքին 4 նոր ու կա­­­­րեւոր ցու­­­­ցադրու­­­­թիւն)։ Օրի­­­­նակ՝ այս տա­­­­րի մենք ու­­­­նինք մի շատ ռազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­վարա­­­­կան ծրա­­­­գիր, որուն իրենց մաս­­­­նակցու­­­­թիւնը կը հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տեն գրե­­­­թէ եր­­­­կու տաս­­­­նեակ մի­­­­ջազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին ճա­­­­նաչում ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցող հա­­­­յագէտ­­­­ներ։ Ես չեմ ու­­­­զեր ասոր մա­­­­սին շատ խօ­­­­սիլ, բայց եւ կը կար­­­­ծեմ, որ Մա­­­­տենա­­­­դարա­­­­նը այն կա­­­­ռոյցն է, որու հե­­­­ղինա­­­­կու­­­­թիւնը կը բա­­­­ւարա­­­­րէ այս հար­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­րը շատ աւե­­­­լի ար­­­­դիւնա­­­­ւէտ կար­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ւորե­­­­լու տե­­­­սակէ­­­­տէն։ Եւ ոչ թէ խօս­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­յին տի­­­­րոյ­­­­թում պի­­­­տի Մա­­­­տենա­­­­դարա­­­­նը ըլ­­­­լայ որ­­­­պէս հա­­­­մակար­­­­գող, գի­­­­տական մթնո­­­­լորտ ու մի­­­­ջավայր ձե­­­­ւաւո­­­­րող կա­­­­ռոյց, այլ շատ գործնա­­­­կան տի­­­­րոյթ։ Որե­­­­ւէ բան չի մնա­­­­լու պա­­­­թոսի, մերկ հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նասի­­­­րու­­­­թեան ու գա­­­­ղափա­­­­րախօ­­­­սու­­­­թեան մա­­­­կար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կին. մենք գի­­­­տենք՝ ինչ է Մա­­­­տենա­­­­դարա­­­­նը, մենք կը գի­­­­տակ­­­­ցինք մեր ստանձնած պա­­­­տաս­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նատուու­­­­թիւնը այդ կա­­­­ռոյ­­­­ցի հան­­­­դէպ։

Մ.Յ.- Յա­­­­ջողու­­­­թիւնը բա­­­­րեբախ­­­­տութի՞ւն է, թէ՞ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տանք սե­­­­փական ան­­­­ձի նկա­­­­տամամբ։

Շատ բարդ հարց է։ Գի­­­­տէ՞ք «Քաջ Նա­­­­զար»ով կը սնու­­­­ցո­­­­­­­­­­­­­­­ւի ու կը տա­­­­րածուի այն գա­­­­ղափա­­­­րը, որ կա­­­­րեւոր չէ՝ դու ինչ գի­­­­տելիք ու­­­­նիս, ինչ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տանք կը տա­­­­նիս՝ բախ­­­­տի բան է։ Ես իմ ամ­­­­բողջ ող­­­­նուծու­­­­ծով դէմ եմ այս մօ­­­­տեց­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նը եւ հան­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­րեղ այս հե­­­­քիաթը որ­­­­պէս գրա­­­­կանու­­­­թիւն ըն­­­­դունե­­­­լով հան­­­­դերձ՝ կը հա­­­­մարեմ, որ շատ վտան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր է՝ այս գա­­­­ղափա­­­­րախօ­­­­սու­­­­թիւնը սնու­­­­ցո­­­­­­­­­­­­­­­ւի մեր երի­­­­տասարդնե­­­­րու ու պա­­­­տանի­­­­ներու մէջ։ Մենք հա­­­­կառա­­­­կը պի­­­­տի ըսենք, որ աշ­­­­խարհը մրցակ­­­­ցութեան, գի­­­­տելի­­­­քի, իմա­­­­ցու­­­­թեան, ջան­­­­քի իրա­­­­կանու­­­­թիւն է։ Այ­­­­սինքն մենք յա­­­­ջողու­­­­թիւնը չպէտք է տա­­­­րան­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­տենք գի­­­­տելի­­­­քէն, ինքնա­­­­կատա­­­­րելա­­­­գործման ձգտու­­­­մէն եւ պա­­­­տաս­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նատո­­­­ւու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն։ Չեմ ու­­­­զեր մտնել նաեւ ճա­­­­կատագ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պաշ­­­­տութեան դաշտ։ Յա­­­­ջողու­­­­թեան կը հաս­­­­նի աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տողը, հե­­­­տեւո­­­­ղակա­­­­նը եւ փրո­­­­ֆէսիոնա­­­­լը։ Եւ ես ու­­­­նիմ հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նասի­­­­րու­­­­թեան իմ բա­­­­նաձե­­­­ւը. հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նասի­­­­րու­­­­թիւնը փրո­­­­ֆէսիոնա­­­­լիզմն է։

Եւ եթէ սա չնե­­­­րար­­­­կենք մեր երա­­­­խանե­­­­րուն, ապա այստե­­­­ղէն կը սկսի հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նասի­­­­րու­­­­թեան ան­­­­կումը։

Մ.Յ.- Ի՞նչ տո­­­­ւին ձեզ ԿԳՄՍՆ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տելու 4 տա­­­­րինե­­­­րը։

Անոնք մեր պատ­­­­մութեան ամե­­­­նադ­­­­ժո­­­­­­­­­­­­­­­ւարին ժա­­­­մանակ­­­­ներն էին։ Ես չեմ յի­­­­շեր գո­­­­նէ մէկ հան­­­­գիստ օր այդ չորս տա­­­­րինե­­­­րու ըն­­­­թացքին, որով­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տեւ մենք բախ­­­­ւում էինք հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­յին ալե­­­­կոծումնե­­­­րուն, որ­­­­տեղ ճշմար­­­­տութիւ­­­­նը խառ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւած էր կեղ­­­­ծի­­­­­­­­­­­­­­­քի հետ։ Ամէն ինչ քա­­­­ղաքա­­­­կանա­­­­ցուած էր՝ ամե­­­­նամեծ ճշմար­­­­տութիւ­­­­նը ան­­­­գամ կա­­­­րող էր ընկնիլ քա­­­­ղաքա­­­­կան կօ­­­­շիկի տակ։ Մենք ան­­­­ցանք հա­­­­մավա­­­­րակի մի­­­­ջով, աղե­­­­տալի պա­­­­տերազ­­­­մի մի­­­­ջով, եւ պէտք էր կա­­­­րողա­­­­նալ ընել այնպէս, որ այս յե­­­­ղաբե­­­­կումնե­­­­րու հա­­­­մատեքստին մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­գիտա­­­­կան ոլոր­­­­տը շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կէ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տիլ եւ հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեանը սնել ու­­­­ժով, լա­­­­ւատե­­­­սու­­­­թեամբ, հա­­­­ւատով։ Որով­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տեւ մշա­­­­կոյ­­­­թը այս առա­­­­քելու­­­­թիւնը ու­­­­նի։ Եւ միշտ տնօ­­­­րէն­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն, այս ոլոր­­­­տի մարդկանց կ՚ըսէի բան մը՝ մեզ­­­­մէ կը պա­­­­հան­­­­ջէին չհա­­­­ւատալ ապա­­­­գային, մեր թշնա­­­­մու բո­­­­լոր քայ­­­­լերն ուղղո­­­­ւած են անոր, որ հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­յին կեան­­­­քը մխրճո­­­­ւի յո­­­­ռետե­­­­սու­­­­թեան ու սգի մէջ, որու պայ­­­­մաննե­­­­րը կա­­­­յին։ Բայց հէնց մտա­­­­ւորա­­­­կանի, արո­­­­ւես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գէտի, մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին գործչի դերն էր պա­­­­հել հան­­­­րութիւ­­­­նը այդ գա­­­­հավի­­­­ժու­­­­մէն։ Եւ կը ցան­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­նամ շնոր­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­կալու­­­­թիւն յայտնել բո­­­­լորին, որ կա­­­­րողա­­­­ցան այդ դա­­­­ժան ժա­­­­մանակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը անցկաց­­­­նել այնպէս, ինչպէս մաք­­­­սի­­­­­­­­­­­­­­­մալ հնա­­­­րաւոր էր։ Այս չորս տա­­­­րինե­­­­րու ըն­­­­թացքին վե­­­­րը նշո­­­­ւածը տո­­­­ւաւ մեծ հո­­­­գեբա­­­­նական կո­­­­փուածք, մարդկա­­­­յին շփումնե­­­­րու ահ­­­­ռե­­­­­­­­­­­­­­­լի փոր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­թիւն, մարդկանց լսե­­­­լու կա­­­­րողու­­­­թիւն։ Որ­­­­քան աւե­­­­լի բարձր է քու դիր­­­­քը, այնքան աւե­­­­լի շատ պէտք է լսել մարդկանց։ Ինձ այ­­­­լեւս հնա­­­­րաւոր չէ սի­­­­րողա­­­­կան չա­­­­րախօ­­­­սու­­­­թեամբ հու­­­­նէն հա­­­­նել, ինձ հնա­­­­րաւոր չէ շե­­­­ղել իմ հա­­­­ւատէն ու գա­­­­ղափա­­­­րէն, ես ու­­­­նիմ ճշմար­­­­տութիւն եւ կ՚եր­­­­թամ դէ­­­­պի իմ ճշմար­­­­տութիւ­­­­նը։ Ես ամե­­­­նայա­­­­ճախ մա­­­­մու­­­­լի հետ առնչո­­­­ւող պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նեանե­­­­րէն եղած եմ, եւ չորս տա­­­­րինե­­­­րէն ետք, յատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­պէս հի­­­­մա՝ որ­­­­պէս Մա­­­­տենա­­­­դարա­­­­նի տնօ­­­­րէն, հար­­­­ցազրոյցներ կու տամ միայն այն մարդկանց, որոնց կը հա­­­­մարեմ փրո­­­­ֆէսիոնալ լրագ­­­­րող։ Կը կար­­­­ծեմ՝ ես անոր իրա­­­­ւունքը ու­­­­նիմ։

Մե­­­­րօրեայ երի­­­­տասարդնե­­­­րը գրա­­­­ւուած են այլ՝ ժա­­­­մանա­­­­կակից մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­գիտու­­­­թիւննե­­­­րով. հասկնա­­­­լի է պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռը։ Այս ոլոր­­­­տին աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տող մարդկանց վար­­­­ձատրու­­­­թիւնը հա­­­­մեմա­­­­տաբար ցածր է։ Այ­­­­սօ­­­­­­­­­­­­­­­րուայ մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­գէտ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն ապա­­­­գայ փո­­­­խարի­­­­նող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու պա­­­­կասի վա­­­­խը չկա՞յ ար­­­­դեօք։ Այն, ինչ կ՚ընէ կա­­­­ռավա­­­­րու­­­­թիւնը գի­­­­տու­­­­թեան ոլոր­­­­տին մերկ թո­ւեր չեն։ Կա­­­­րելի է բա­­­­նալ ու տես­­­­նել՝ ինչ չա­­­­փով աւել­­­­ցած են գիտ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տավար­­­­ձե­­­­­­­­­­­­­­­րը եւ մին­­­­չեւ 2025-26 թթ. շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կաբար աճած են այդ թի­­­­ւերը։ Նման աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տավարձ պատ­­­­մութեան մէջ մեր գի­­­­տաշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը չեն ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած։ Անցնե­­­­լով հա­­­­մապա­­­­տաս­­­­խան որա­­­­կաւոր­­­­ման փու­­­­լե­­­­­­­­­­­­­­­րով՝ հնա­­­­րաւո­­­­րու­­­­թիւն կայ էապէս բա­­­­րելա­­­­ւել վար­­­­ձատրու­­­­թեան վի­­­­ճակը։ Մենք օրա­­­­կար­­­­գին միշտ ու­­­­նինք վար­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­կան աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տակից­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տավար­­­­ձե­­­­­­­­­­­­­­­րու վե­­­­րանայ­­­­ման հար­­­­ցը։ Եւ իմ առաջ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­յին խնդիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն մէկն է, որ մար­­­­դիկ իրենց սո­­­­ցիալա­­­­պէս ու ֆի­­­­նան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­պէս կա­­­­րեւո­­­­րուած, գնա­­­­հատո­­­­ւած զգան։

Մ.Յ.- Յատ­­­­կութիւն մը, որով օժ­­­­տուած պէտք է ըլ­­­­լայ Մա­­­­տենա­­­­դարա­­­­նի ցան­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ցած աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տակից

Բա­­­­րեկրթու­­­­թիւն, հա­­­­մես­­­­տութիւն, զսպո­­­­ւածու­­­­թիւն, չա­­­­փի զգա­­­­ցում, աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տասի­­­­րու­­­­թիւն եւ նո­­­­ւիրում, բայց առա­­­­ջին հեր­­­­թին հա­­­­մես­­­­տութիւն, որով­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տեւ Մա­­­­տենա­­­­դարա­­­­նը եւ՚ հա­­­­մես­­­­տութեան կոչ է, եւ՛ զսպո­­­­ւածու­­­­թեան կոչ է, եւ՛ նո­­­­ւիրու­­­­մի կոչ է։ Եւ եթէ մենք այդ կը հասկնանք, մենք չենք կրնար մեզ այլ կերպ պա­­­­հել։ Մա­­­­տենա­­­­դարա­­­­նը «ես»ը շատ զգոյշ պի­­­­տի ըսո­­­­ւի, Մա­­­­տենա­­­­դարա­­­­նը «մենք» ենք՝ ինչպէս ճգնա­­­­ւոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։

Մ.Յ.- Հա­­­­­յագի­­­­­տու­­­­­թիւնը ի՞նչ կար­­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­վիճակ ու­­­­­նի այ­­­­­սօր աշ­­­­­խարհի վրայ։ Ի՞նչ աշ­­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­տանք կը տա­­­­­նի այդ առու­­­­­մով Մա­­­­­տենա­­­­­դարա­­­­­նը։

Տե­­­­­սէք՝ ռիս­­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րու մա­­­­­սին պի­­­­­տի խօ­­­­­սիմ։ Ցա­­­­­ւօք սրտի լուրջ ռիս­­­­­կեր կան մի­­­­­ջազ­­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­յին հա­­­­­մալ­­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րան­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րուն հա­­­­­յագի­­­­­տական ամ­­­­­բիոն­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րու առ­­­­­ջեւ, որով­­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­տեւ ղե­­­­­կավար­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րը մե­­­­­ծամա­­­­­սամբ ար­­­­­դէն կը մօ­­­­­տենան կեն­­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­թոշա­­­­­կառու­­­­­թեան տա­­­­­րիքին, եւ խնդիր է՝ իրենցմէ ետք ով­­­­­քեր կու գան։ Փոր­­­­­ձը ցոյց կու տայ՝ անոնցմէ ետք ամ­­­­­բիոն­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րը կը փա­­­­­կուին կամ կը տար­­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­լու­­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ւին կով­­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­սագի­­­­­տական ամ­­­­­բիոն­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րու։ Այստեղ մենք չենք կրնար ան­­­­­տարբեր ըլ­­­­­լալ, որով­­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­տեւ մեր հա­­­­­րեւան պե­­­­­տու­­­­­թիւննե­­­­­րը մի­­­­­լիոնա­­­­­ւոր տո­­­­­լար­­­­­ներ կը ներդրեն այս կամ այն մի­­­­­ջազ­­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­յին հա­­­­­մալ­­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րան­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րուն ամ­­­­­բիոն բա­­­­­նալու, մինչդեռ մենք այդ ամ­­­­­բիոն­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րը ու­­­­­նինք եւ պէտք է ար­­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­քին քա­­­­­ղաքա­­­­­կան օրա­­­­­կար­­­­­գին ընդգրկո­­­­­ւած ու­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­նանք այս աշ­­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­տան­­­­­քը, կադ­­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­յին ֆի­­­­­նան­­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­կան հար­­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Ի վեր­­­­­ջոյ՝ հա­­­­­ւաքել բո­­­­­լոր մի­­­­­ջազ­­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­յին հա­­­­­յագէտ­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րուն եւ ամե­­­­­նաբարձր մա­­­­­կար­­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­կով ցոյց տալ, թէ գի­­­­­տու­­­­­թեան, կրթու­­­­­թեան, մշա­­­­­կոյ­­­­­թի ոլոր­­­­­տին ինչ ռազ­­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­վարու­­­­­թիւն ու­­­­­նինք, որով­­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­տեւ մենք իրա­­­­­զեկ­­­­­ման լուրջ խնդիր ու­­­­­նինք այ­­­­­սօր։

Մ.Յ.- Ան­­­­­ցեալ տա­­­­­րի բա­­­­­ւակա­­­­­նին ու­­­­­շագրաւ մի­­­­­ջոցա­­­­­ռումներ եղան Մա­­­­­տենա­­­­­դարա­­­­­նին մէջ։ Որո՞նք յատ­­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­պէս կ՚առանձնաց­­­­­նէք։

Նախ ինձ հա­­­­­մար շատ կա­­­­­րեւոր էր գրե­­­­­թէ 120 գի­­­­­տաշ­­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­տողի հետ ան­­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­տապէս հան­­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­պելու հնա­­­­­րաւո­­­­­րու­­­­­թիւնը։ Մեր ամ­­­­­փո­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­փած հա­­­­­շուե­­­­­տուու­­­­­թեան հի­­­­­ման վրայ ես կազ­­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ցի գի­­­­­տական խորհրդի տա­­­­­րեկան իմ հա­­­­­շուե­­­­­տուու­­­­­թիւնը եւ շատ բան ի յայտ եկաւ, ինչպէս չօգ­­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ւած հզօր նե­­­­­րու­­­­­ժը, այնպէս ալ բաց­­­­­թո­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ղումներն ու վրի­­­­­պումնե­­­­­րը։ Գրահ­­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­տարակ­­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­կան ոլոր­­­­­տին ու­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ցանք լաւ հրա­­­­­տարա­­­­­կու­­­­­թիւններ, այս տա­­­­­րի եւս կ՚ու­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­նաք։ Գի­­­­­տացու­­­­­ցադրա­­­­­կան հա­­­­­մակար­­­­­գին ան­­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­խադէպ ծա­­­­­ւալի ցու­­­­­ցադրու­­­­­թիւններ եղան՝ թի­­­­­ւով 7-ը, որոնցմէ 4-ը միայն վեր­­­­­ջին մի քա­­­­­նի ամիս­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րու ըն­­­­­թացքին։ Այդ փո­­­­­խեց Մա­­­­­տենա­­­­­դարա­­­­­նի եւ՚ հան­­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­յին ըն­­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­լու­­­­­մը, եւ՛ ցու­­­­­ցադրու­­­­­թիւննե­­­­­րու տրա­­­­­մաբա­­­­­նու­­­­­թիւնը։ Կը պար­­­­­զո­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ւի Մա­­­­­տենա­­­­­դար­­­­­նը ու­­­­­նի լու­­­­­սանկար­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րու փա­­­­­ռահեղ հա­­­­­ւաքա­­­­­ծոյ, որու հի­­­­­ման վրայ բա­­­­­ցինք «Լու­­­­­սանկար­­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­կան գան­­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րանի յայտնու­­­­­թիւնը» ցու­­­­­ցադրու­­­­­թիւնը։ Առա­­­­­ջին ան­­­­­գամ ցու­­­­­ցադրե­­­­­ցինք մէկ տաս­­­­­նեակն անցնող ձե­­­­­ռագ­­­­­րեր «Սուրբ Ծնունդ. ման­­­­­րանկար­­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­կան ներշնչու­­­­­մէն» խո­­­­­րագի­­­­­րով։ Կա­­­­­րեւոր էր նաեւ Մա­­­­­տենա­­­­­դարա­­­­­նի հետ ան­­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ջական առնչու­­­­­թիւն ու­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ցող մե­­­­­ծատա­­­­­ղանդ արո­­­­­ւես­­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­գէտ Չու­­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րեանի 100-ամեակին նո­­­­­ւիրո­­­­­ւած ցու­­­­­ցադրու­­­­­թիւնը, որ­­­­­տեղ ցու­­­­­ցադրո­­­­­ւեցին անոր աշ­­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­տանքնե­­­­­րը։ Այս շար­­­­­քը կ՚ըլ­­­­­լայ շա­­­­­րու­­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­կական, եւ պա­­­­­տահա­­­­­կան չեմ հա­­­­­մարեր 16 հա­­­­­զարէ աւե­­­­­լի այ­­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­լու­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րու մուտքը Մա­­­­­տենա­­­­­դարան։ Այս առու­­­­­մով էական դեր կա­­­­­տարե­­­­­ցին գո­­­­­վազ­­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­տեղե­­­­­կատո­­­­­ւական ար­­­­­շաւնե­­­­­րը. առա­­­­­ջին ան­­­­­գամ ար­­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­քին գո­­­­­վազ­­­­­դին յայտնո­­­­­ւեցան Մա­­­­­տենա­­­­­դարա­­­­­նին վե­­­­­րաբե­­­­­րուող նիւ­­­­­թեր։ Մեզ հա­­­­­մար հո­­­­­գեւոր իրա­­­­­դար­­­­­ձութիւն էր 15-րդ դա­­­­­րի աւե­­­­­տարա­­­­­նի մուտքը Մա­­­­­տենա­­­­­դարան՝ ՀՀ կա­­­­­ռավա­­­­­րու­­­­­թեան ֆի­­­­­նան­­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­կան աջակ­­­­­ցութեամբ։ Ամ­­­­­սէն աւե­­­­­լի ժա­­­­­մանա­­­­­կին կա­­­­­րողա­­­­­ցանք սե­­­­­փակա­­­­­նատի­­­­­րոջը հա­­­­­մոզել, որ աճուրդից հա­­­­­նէ Վաս­­­­­պուրա­­­­­կանի Առ­­­­­բերդի Սուրբ Աս­­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­­ծին վան­­­­­քին գրո­­­­­ւած աւե­­­­­տարա­­­­­նը։ Եւ 600 տա­­­­­րի անց այն եկաւ հանգրո­­­­­ւանել նոյն գրչի մէկ այլ ձե­­­­­ռագ­­­­­րի կող­­­­­քին։ Հեր­­­­­թին են տունդար­­­­­ձի մի շարք ար­­­­­ժէքներ։ Առի­­­­­թէն օգ­­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ւելով՝ նշեմ, որ մեզ հա­­­­­մար այս ձեռքբե­­­­­րումներն այնքան կա­­­­­րեւոր են, որ ընդհան­­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­պէս միեւ­­­­­նոյն են քա­­­­­ղաքա­­­­­կանա­­­­­ցուած որոշ օղակ­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րու կեղծ ապա­­­­­տեղե­­­­­կատո­­­­­ւու­­­­­թիւնը։

Մ.Յ.- Հա­­­­­մագոր­­­­­ծակցու­­­­­թիւնը աշ­­­­­խարհի տար­­­­­բեր երկրնե­­­­­րու մա­­­­­տենա­­­­­դարան­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րու հետ ինչպի­­­­­սի՞ տեսք ու­­­­­նի ձեր ղե­­­­­կավար­­­­­ման ժա­­­­­մանակ­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րուն։

Մենք հի­­­­­մա շատ լաւ յա­­­­­րաբե­­­­­րու­­­­­թիւններ հաս­­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­տած ենք նախ մեր գրչու­­­­­թեան կեդ­­­­­րոննե­­­­­րու հետ՝ Զմմառ, Մխի­­­­­թարեան Միաբա­­­­­նու­­­­­թիւն։ Յա­­­­­ռաջի­­­­­կայ ամիս­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րու ըն­­­­­թացքին այ­­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­լու­­­­­թիւններ ու­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­նալու ենք կա­­­­­րեւո­­­­­րագոյն կեդ­­­­­րոններ, որ­­­­­տեղ կը նա­­­­­խատե­­­­­սուին յու­­­­­շագրե­­­­­րու ստո­­­­­րագրման արա­­­­­րողու­­­­­թիւններ։ Նաեւ մի­­­­­ջազ­­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­յին տար­­­­­բեր կեդ­­­­­րոննե­­­­­րու հետ 2024 թո­­­­­ւակա­­­­­նին դուք կը լսէք՝ ինչ կը նա­­­­­խատե­­­­­սենք ընել՝ թէ՛ վե­­­­­րականգնման, թէ՛ թո­­­­­ւայ­­­­­նացման, թէ՛ կրթու­­­­­թեան ոլորտնե­­­­­րուն։ Այնպէս որ՝ մի­­­­­ջազ­­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­յին հա­­­­­մագոր­­­­­ծակցու­­­­­թիւնը կ՚ըլ­­­­­լայ շատ աւե­­­­­լի մեծ, քան երեկ էր։

Մ.Յ.- Եթէ ու­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­նայիք հնա­­­­­րաւո­­­­­րու­­­­­թիւն հան­­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­պելու միջ­­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­դարեան հայ մտա­­­­­ծող­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րուն որե­­­­­ւէ մէ­­­­­կուն՝ ո՞վ կը նա­­­­­խընտրէիք՝ ըլ­­­­­լար եւ ի՞նչ կ՚ըսէիք անոր։

Մեր նախ­­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ները միջ­­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­դարը ապ­­­­­րած եւ գոր­­­­­ծած այնքան հան­­­­­ճարներ են, որ կը դժո­­­­­ւարա­­­­­նամ ըսել, թէ որու հետ կ՚ու­­­­­զե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­նայի զրոյ­­­­­ցի բռնո­­­­­ւիլ։ Եթէ ըսեմ Նա­­­­­րեկա­­­­­ցիի հետ, շատ ­­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ւակ­­­­­նոտ կ՚ըլ­­­­­լայ, որով­­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­տեւ Նա­­­­­րեկա­­­­­ցիի հետ խօ­­­­­սիլը շատ բարդ բան է։ Գո­­­­­շի հետ գու­­­­­ցէ, Յով­­­­­հան Որոտ­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ցու հետ, Քու­­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­կի հետ… շատ բարդ է ըսել։ Կը Դժուարա­­­­­նամ ըսե­­­­­լու, բայց ամէն դէպ­­­­­քում անոնք չեն զրկեր մեզ այդ հնա­­­­­րաւո­­­­­րու­­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­նէն, եթէ մենք հա­­­­­սանե­­­­­լիու­­­­­թիւն ու­­­­­նինք անոնց թո­­­­­ղած ժա­­­­­ռան­­­­­գութեան։ Մե­­­­­ծը մեծ է նրա­­­­­նով, որ իր ֆի­­­­­զիկա­­­­­կան չգո­­­­­յու­­­­­թեամբ թոյլ չէ տո­­­­­ւած դա­­­­­դարեց­­­­­նել իր հետ հո­­­­­գեւոր զրոյ­­­­­ցը։ Սա­­­­­կայն իմ առաջ դրո­­­­­ւած է այլ պա­­­­­տաս­­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­նատո­­­­­ւու­­­­­թիւնը՝ ապա­­­­­հովել պայ­­­­­մաններ, որ ամե­­­­­նօրեայ հո­­­­­գեւոր զրոյց ու­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ցող մար­­­­­դիկ կա­­­­­րողա­­­­­նան ան­­­­­խո­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­չըն­­­­­դոտ կեր­­­­­պով իրա­­­­­կանաց­­­­­նել իրենց աշ­­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­տան­­­­­քը։

Մ.Յ.- Ինչպի­­­­­սին պէտք է ըլ­­­­­լայ Արա Խզմա­­­­­լեանի պատ­­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րաց­­­­­մամբ ապա­­­­­գայ Մա­­­­­տենա­­­­­դարա­­­­­նը հա­­­­­յոց։

Լա­­­­­ւատե­­­­­սու­­­­­թեան, ար­­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­նապա­­­­­տուու­­­­­թեան եւ շի­­­­­տակ գո­­­­­յու­­­­­թեան կեդ­­­­­րոն։ Բա­­­­­ցի այն, որ իր գի­­­­­տական կշի­­­­­ռը պէտք է վա­­­­­ւերա­­­­­ցուի մի­­­­­ջազ­­­­­գայնօ­­­­­րէն՝ որ­­­­­պէս պե­­­­­տական քա­­­­­ղաքա­­­­­կանու­­­­­թիւն, երկրի ներսն ալ պէտք ըլ­­­­­լայ առօ­­­­­րեայ աղ­­­­­մուկէն ու պա­­­­­տահա­­­­­կան լրա­­­­­տուա­­­­­կան յա­­­­­րաբե­­­­­րու­­­­­թիւննե­­­­­րէն հե­­­­­ռու մի կեդ­­­­­րոն, որը ան­­­­­շե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ղօրէն կը հա­­­­­րու­­­­­ցէ լա­­­­­ւատե­­­­­սու­­­­­թիւն, հա­­­­­ւատք ապա­­­­­գայի հան­­­­­դէպ եւ ար­­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­նապա­­­­­տուու­­­­­թեան զգա­­­­­ցում ու գի­­­­­տակ­­­­­ցում։

Մ.Յ.- Եթէ եր­­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ւէ գրե­­­­­լու ըլ­­­­­լաք ստեղ­­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­­ծութիւն Մա­­­­­տենա­­­­­դարա­­­­­նի մա­­­­­սին, ի՞նչ վեր­­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­գիր կ՚ընտրէիք։

«Սխրա­­­­­գոր­­­­­ծութիւն»՝ կ՚երե­­­­­ւի։ Որով­­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­տեւ Մա­­­­­տենա­­­­­դարա­­­­­նը հա­­­­­յու­­­­­թեան սխրա­­­­­գոր­­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­կան մտքի ար­­­­­դիւնքն է։

Մ.Յ.- Արա Խզմա­­­­­լեանի ղե­­­­­կավա­­­­­րած Մա­­­­­տենա­­­­­դարա­­­­­նը ու­­­­­նի՞ երա­­­­­զանք։

Իհար­­­­­կէ։ Իմ ամե­­­­­նամեծ եր­­­­­ջանկու­­­­­թիւնը այ­­­­­սօր այն է, որ այդ երա­­­­­զան­­­­­քը հա­­­­­ւաքա­­­­­կան երա­­­­­զանք է։ Ան միայն իմ երա­­­­­զան­­­­­քը չէ. այդ երա­­­­­զան­­­­­քին մաս­­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­կից են երի­­­­­տասարդնե­­­­­րը, գի­­­­­տաշ­­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­տող­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Այն սկիզբ կ՚առ­­­­­նէ յա­­­­­րաբե­­­­­րու­­­­­թիւննե­­­­­րու որա­­­­­կէն, իսկ Մա­­­­­տենա­­­­­դարա­­­­­նի մէջ իմ հա­­­­­մոզ­­­­­մամբ այ­­­­­սօր կ՚իշ­­­­­խէ փո­­­­­խադարձ յար­­­­­գանքի եւ զսպո­­­­­ւածու­­­­­թեան մթնո­­­­­լորտ։ Այդ երա­­­­­զան­­­­­քը, որու մա­­­­­սին ես յա­­­­­ճախ կը խօ­­­­­սիմ, իր ար­­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­գան­­­­­գը կը գտնէ բազ­­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­թիւ մարդկանց աչ­­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րուն ու գոր­­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րուն։

Մ.Յ.- Ի՞նչ կը բա­­­­­րեմաղ­­­­­թէք «Ակօս»ի ըն­­­­­թերցո­­­­­ղին։

Միայն լաւ ու յու­­­­­սադրող տե­­­­­ղեկու­­­­­թիւն ստա­­­­­նալու հնա­­­­­րաւո­­­­­րու­­­­­թիւն եւ միշտ ժա­­­­­մանա­­­­­կի մէջ ըլ­­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­լու կա­­­­­րողու­­­­­թիւն, որը չա­­­­­փազանց բարդ է իւ­­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­քան­­­­­չիւրի հա­­­­­մար։ Եւ ճշմա­­­­­րիտ խօս­­­­­քը թող ըլ­­­­­լայ «Ակօս»ի մշտա­­­­­կան ու­­­­­ղե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­կիցն ու ամե­­­­­նամեծ նպա­­տակը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ