Պիւյիւքտէրէի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցին սրբագործուեցաւ

Պիւ­յիւքտէ­­­­րէի Սան­­­­թա Մա­­­­րիա Լա­­­­տին Կա­­­­թոլիկ Եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ մէջ 28 Յու­­­­նո­­­ւար 2024, Կի­­­­րակի առա­­­­ւօտ, Ս. Պա­­­­տարա­­­­գի մա­­­­տուցման ըն­­­­թացքին պա­­­­տահած ոճ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութեան պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռաւ, ըստ կա­­­­նոնի եկե­­­­ղեցին ըն­­­­դունո­­­­ւած էր որ­­­­պէս պղծեալ տա­­­­ճար։ 1 Փետ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւար 2024, Հինգշաբ­­­­թի, ժա­­­­մը 19.00-ին, եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ սրբա­­­­գործման արա­­­­րողու­­­­թիւնը տե­­­­ղի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ, նա­­­­խագա­­­­հու­­­­թեամբ Վա­­­­տիկա­­­­նի Լիազօր Դես­­­­պան Մոնս. Մա­­­­րէք Սոլ­­­­ժինսքիի։ Արա­­­­րողու­­­­թեան մաս­­­­նակցե­­­­ցան Իս­­­­թանպու­­­­լի Լա­­­­տին Կա­­­­թոլիկ Եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ Իս­­­­թանպու­­­­լի Պա­­­­պական Փո­­­­խանորդ Մոնս. Մաս­­­­սի­­­­­­­­­­­­­­­միլիանօ Ս. Եպիս­­­­կո­­­­­­­­­­­­­­­պոսը, Իզ­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­րի Լա­­­­տին Կա­­­­թոլիկ Եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ Առաջ­­­­նորդ Հայր Մար­­­­թին Քը­­­­մէթէք, Հայ Կա­­­­թողի­­­­կէ հա­­­­մայնքի վի­­­­ճակա­­­­ւոր Արհ. Տ. Լե­­­­ւոն Ար­­­­քեպս. Զէ­­­­քիեան եւ Ասո­­­­րի Կա­­­­թոլիկ Եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ Պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­կան Փո­­­­խանորդ Մոնս. Օր­­­­հան Քո­­­­րեպս. Չան­­­­լըն։

Բաց այստի իրենց ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յու­­­­թիւնը բե­­­­րին Յոյն Ուղղա­­­­փառ Եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ, Հայ Եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ եւ Ասո­­­­րի Ուղղա­­­­փառ Եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ, ինչպէս նաեւ Հրէից Խա­­­­խամա­­­­պետա­­­­րանի ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­ցիչնե­­­­րը։ Կա­­­­յին նաեւ դի­­­­ւանա­­­­գիտա­­­­կան ան­­­­ձինք, բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետ­­­­ներ ու մայ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետ­­­­ներ, ինչպէս նաեւ Պիւ­­­­յիւքտէ­­­­րէի շրջա­­­­նէն ոչ-Քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­նեայ ան­­­­ձեր ու հա­­­­ւատա­­­­ցեալ­­­­ներ։

Արա­­­­րողու­­­­թեան սկիզ­­­­բը կազ­­­­մո­­­­­­­­­­­­­­­ւած թա­­­­փորով եկե­­­­ղեցա­­­­կան­­­­ներ մուտք գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­ցին տա­­­­ճարէն ներս։ Կա­­­­տարո­­­­ւած սրբա­­­­գործման արա­­­­րողու­­­­թեան ըն­­­­թացքին, Մոնս. Մա­­­­րէք Սոլ­­­­ժինսքի օրհնո­­­­ւած ջուր սրսկեց եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ նո­­­­րակա­­­­ռոյց Ս. Սե­­­­ղանին եւ բո­­­­լոր պա­­­­տերուն վրայ։ Ապա, օրհնո­­­­ւած Ս. Սե­­­­ղանի վրայ մա­­­­տու­­­­ցո­­­­­­­­­­­­­­­ւեցաւ Ս. Պա­­­­տարագ, նաեւ յի­­­­շատա­­­­կուե­­­­ցաւ եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ մէջ ոճ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութեան զոհ գա­­­­ցած Ճի­­­­հան Թունճէ­­­­րը։ Արա­­­­րողու­­­­թեան ըն­­­­ցացքին տե­­­­ղի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցան ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տութիւններ, որոնց ըն­­­­թացքին շնոր­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­կալու­­­­թիւն յայ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւեցաւ Թուրքիոյ Հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետու­­­­թեան Վսե­­­­մաշուք Նա­­­­խագահ Ռէ­­­­ճէպ Թայ­­­­յիպ Էր­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­ղանի, որ ան­­­­ձամբ հե­­­­տաքրքրո­­­­ւած էր եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ մէջ պա­­­­տահած դէպ­­­­քով ու իր ցա­­­­ւակ­­­­ցութիւ­­­­նը յայտնած՝ եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ հա­­­­մայնքին։ Արա­­­­րողու­­­­թեան աւար­­­­տին նաեւ ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տութիւն ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ Սան­­­­թա Մա­­­­րիա Եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ Հո­­­­վիւ՝ Հայր Ան­­­­տոն Պու­­­­լաի Կի­­­­րակի օր պա­­­­տահած դէպ­­­­քի մա­­­­սին վկա­­­­յու­­­­թիւննե­­­­րը բաժ­­­­նեց ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ներուն հետ ու շնոր­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­կալու­­­­թիւն յայտնեց բո­­­­լոր անոնց որոնք հե­­­­տաքրքրո­­­­ւած էին իրենց հետ։

Սոյն արա­­­­րողու­­­­թեան յա­­­­նուն Ն.Ա.Տ. Սա­­­­հակ Բ. Պատ­­­­րիարք Հօր մաս­­­­նակցե­­­­ցաւ Աթո­­­­ռոյս Մի­­­­ջեկե­­­­ղեցա­­­­կան եւ Միջկրօ­­­­նական Բա­­­­ժան­­­­մունքի Տե­­­­սուչ Հոգշ. Տ. Յա­­­­րու­­­­թիւն Վրդ. Տա­­­­մատեան եւ Լա­­­­տին Կա­­­­թոլիկ Եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ Առաջ­­­­նորդնե­­­­րուն ու Սան­­­­թա Մա­­­­րիա Եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ Հո­­­­վիւին փո­­­­խան­­­­ցեց Պատ­­­­րիարք Հօր ցա­­­­ւակ­­­­ցութիւններն ու բա­­­­րեմաղ­­­­թութիւննե­­­­րը։

Սա­­­­յաթ Նո­­­­վա մաս­­­­նակցե­­­­ցաւ
Ս. Պա­­­­տարա­­­­գի

Յա­­­­ջոր­­­­դող Կի­­­­րակի առա­­­­ւօտ կա­­­­յացած Ս. Պա­­­­տարա­­­­գը սկսաւ Սա­­­­յաթ Նո­­­­վա երգչա­­­­խումբի խումբ մը ան­­­­դամնե­­­­րուն կող­­­­մէ եր­­­­գո­­­­­­­­­­­­­­­ւած կո­­­­միտա­­­­սեան «Տէր Ողոր­­­­մեայ»ով։ Ապա պա­­­­տարա­­­­գիչը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ներուն պար­­­­զեց թէ Պո­­­­յաճը­­­­գիւ­­­­ղի Սուրբ Երից Ման­­­­կանց Եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ Սա­­­­յաթ Նո­­­­վա երգչա­­­­խումբի ան­­­­դամնե­­­­րը, եկած են այ­­­­սօ­­­­­­­­­­­­­­­րուայ արա­­­­րողու­­­­թեան, իրենց զօ­­­­րակ­­­­ցութիւ­­­­նը յայտնե­­­­լու հա­­­­մար։ Ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րեւ նախ­­­­քան արա­­­­րողու­­­­թեան մեկ­­­­նարկը Սա­­­­յաթ Նո­­­­վացի­­­­ներ գրա­­­­ռում մը կա­­­­տարած էին եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ մէջ տե­­­­ղադ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւած յու­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­մատեանին։

Ս.Պա­­­­տարա­­­­գի տե­­­­ւողու­­­­թեան Սա­­­­յաթ Նո­­­­վացի­­­­ներէն ան­­­­գամ մը եւս խնդրո­­­­ւեցաւ, որ իրենք մաս­­­­նակցին այ­­­­սօ­­­­­­­­­­­­­­­րուայ արա­­­­րողու­­­­թեան։ Անոնք այս ան­­­­գամ եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­ցին «Տէ­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կան Աղօթք»ը, խոր տպա­­­­ւորու­­­­թիւն գո­­­­յաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լով եկե­­­­ղեցի յա­­­­ճախող հա­­­­ւատա­­­­ցեալ­­­նե­­­­­­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ