Փարիզ – Ինալքօ Հերվէ Ժորժըլէնի՝ պոլսահայ գրականութեան նուիրուած զոյգ դասախօսութիւնները

Յու­նո­­­ւար 29-ին եւ 31-ին, Հեր­վէ Ժոր­ժը­լէն հրա­ւի­­րո­ւած էր Ինալքօ (Ֆրան­սա­յի Արե­ւե­­լեան լե­զու­նե­րու եւ քա­ղա­­քակրթու­թիւննե­րու պե­տա­­կան կա­ճառ), Թրքա­կան բա­ժան­մունքի գրա­կա­­նու­թեան դա­սա­­խօս Թի­մուր Մու­հիթթի­­նի հրա­ւէ­­րով, պոլ­սա­հայ գրա­կա­­նութեան մա­սին եր­­կու դա­սա­­խօ­սու­թիւն տա­լու։

Հեր­վէ Ժոր­ժը­լէն, Աթէն­քի հա­մալ­սա­րա­­նի ժա­մա­­նա­կա­­կից թրքագի­­տու­թեան եւ ասիական հե­տա­­զօ­տու­թիւննե­րու ամ­պիոնի ժամա­­նակա­­կից պատ­մու­թեան դա­սա­­խօս է, մաս­նա­գէտ՝ Օս­մա­նեան կայսրու­թեան ոչմահ­մե­տա­­կան բնակ­չու­թեան, մաս­նա­ւո­­րա­պէս՝ Հա­յե­­րու, Հրեանե­րու եւ միւս քրիս­տո­նեայ փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­րու պատ­մու­թեան։ Ան նաեւ թարգմա­նիչ է, հա­յե­­րէ­նէ ֆրան­սե­րէն։ Պոլ­սա­հայ գրող Զա­ւէն Պի­պե­­ռեանէն երեք երկ թարգմա­նած է, «Մրջիւննե­րու վեր­ջա­լոյ­սը»՝ Le crépuscule des fourmis (Ժը­նեւ, 2012), «Լկրտա­ծը»՝ La traînée (Ժը­նեւ, 2015), եւ «Ան­կու­տի սիրա­­հար­նե­րը»՝ Les amants fauchés, որ կը մնայ ան­տիպ։ Ժորժը­լէ­­նի թարգմա­նու­թիւննե­րուն շնոր­հիւ շուրջ կէս դար ան­ծա­նօթ մնա­ցած Պի­պե­­ռեանի գրա­կա­­նու­թիւ­նը ֆրան­սա­խօս հա­սա­­րա­կութեան մատ­չե­լի դար­ձաւ եւ ձե­ւով մը դուրս եկաւ հայ ըն­թեր­ցողնե­րու նեղ շրջա­նա­­կէն։

Առա­ջին օրո­­ւան դա­սա­­խօ­սու­թիւ­նը նո­ւիրո­­ւած էր 0սմա­նեան կայսրու­թեան մէջ հայ­կա­կան գրա­կա­­նու­թեան (1880-էն 1923), երկրոր­դը՝ Զա­ւէն Պի­պե­­ռեանին, անոր «Ան­կու­տի սի­րա­­հար­ներ»ուն, որ թարգմա­նո­­ւած է սա­կայն, ինչպէս ըսինք՝ ցարդ չէ հրատա­­րակո­­ւած։ Գործ մը, որ հե­ղի­­նա­կը ան­ձամբ թարգմա­նած է թրքե­րէ­­նի ալ։ Պէտք է նշել որ Պի­պե­­ռեան եռա­լե­­զու գրող է՝ հա­յե­­րէն, թրքե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն…

Հա­կիրճ կեր­պով Պի­պե­­ռեանի կեն­սագ­րա­կա­­նը ներ­կա­յաց­նե­լէ ետք, Պրն. Ժոր­ժը­լէն զու­գա­հեռ­ներ գծեց հե­ղի­­նա­կին կեն­սագ­րութեան եւ անոր ստեղ­ծած տի­պար­նե­րուն մի­­ջեւ, որոնք յա­ճախ երի­տա­­սարդ են, կոր­սո­­­ւած, սի­րոյ կա­րօտ։ Վեր­ջին թարգմա­նութիւ­­նը՝ «Ան­կու­տի սի­րա­­հար­ներ»ուն հե­րո­­սը, որ ոչինչ ու­նի հերո­­սական, հե­ղի­­նա­կի ինքնա­կեն­սագ­րու­թեան մօ­տե­­ցող տի­պար մըն է։

Պի­պե­­ռեան մօտ եղած է Յոյ­նե­րուն, հե­տեր­նին շփո­­ւած է։ Ան սի­րած է հայ հա­մայնքէն դուրս ալ յա­րա­­բե­րու­թիւններ մշա­կել։ Յա­ճախ այ­ցե­լած է Իշ­խա­նաց կղզի­­ներ եւ տե­ղա­­ցի­նե­­րուն խնճոյքնե­րուն մաս­նակ­ցած։ Այլ խօս­քով կեան­քը սի­րող գրող մը եղած է ան։ Զինք նե­ղած է հայ­կա­կան նեղ­միտ մի­ջա­­վայ­րի ձեւա­­կանու­թիւննե­րը, կաշ­­կանդումնե­­րը, որոնք ար­ձա­գանգ գտած են իր գրա­կա­­նու­թեան մէջ։ Պի­պե­­ռեան իր վէ­պե­­րուն մէջ յա­­ճախ կը պատ­­մէ հա­մայնքա­յին ճնշող մթնո­լոր­տի մա­սին։ Տի­պար­նե­րը կը փա­փա­­քին ազատ ապ­րիլ, երի­տա­­սար­դա­կան կեան­քը վա­յե­­լել, սա­կայն, հա­սա­­րա­կու­թիւ­նը, դպրո­ցը, եկե­ղե­­ցին կը կաշ­կան­դեն զի­րենք։ Ան եղած է ժա­մա­­նա­կա­­կից պոլ­սա­հայ գրող մը, որ կրցած է իր ժա­մա­­նա­կի լի­նե­­լու­թեան տագ­նա­պը ներ­կա­յաց­նել, զա­նա­­զան մա­կար­դա­կի տագ­նապ­ներ, բար­դոյթներ, քա­ղա­­քա­կան ու գա­ղա­­փա­րա­­խօ­սա­­կան կաշ­կան­դումներ՝ ըն­տա­նե­­կա­նէն սկսեալ, մին­չեւ անձնա­կան, հա­մայնքա­յին, ըն­կե­րա­­յին, կրթա­կան, մաս­նագի­­տական, քա­ղա­­քա­կան մա­կար­դա­կի։ Քիչ հասկցո­­ւած, քիչ գնա­հա­­տո­ւած ու քիչ ըն­թեր­ցո­­ւած հե­ղի­­նակ է, որ կրցած է նկարագ­րել թրքա­կան մի­ջա­­վայ­րը իր բազ­մա­շերտ ժո­ղովրդա­կան խճան­կա­րով։ Միաժա­մա­­նակ թրքա­կան մի­ջա­­վայրն ալ անհան­­դուրժող եղած է, քա­ղա­­քա­կան հա­յեացքնե­րը, ազ­գայ­նակա­­նու­թիւ­նը զինք նե­ղա­­ցու­ցած են։

Ինալ­քո­յի լսա­րա­­նը լե­ցուն էր երի­տա­­սարդ ու­սա­նող­նե­րով՝ ֆրանսա­ցի, թուրք, հայ, նաեւ չա­փա­­հաս տա­րի­­քի գրա­սէր­ներ, որոնք փու­թա­ցած էին ներ­կայ գտնուելու այս ան­սո­վոր հան­դի­պու­­մին։

(Նոր Յառաջ)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ