Տպաւորութիւններ աղէտի Ա. տարելիցէն

Ինչպէս որ կը կան­­խա­­­տեսո­­ւէր, բա­­ւակա­­նին ծանր ապ­­րումնե­­րով յի­­շուե­­ցաւ 6 Փետ­­րո­­­ւար 2023-ի երկրա­­շար­­ժի առա­­ջին տա­­րելի­­ցը։ 11 քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ շատ ծանր հե­­տեւանքնե­­րու պատ­­ճառ դար­­ձած ահ­­ռե­­­լի երկրա­­շար­­ժին զո­­հուած­­նե­­­րու թի­­ւը կը գե­­րազան­­ցէ 53 հա­­զարը։ Պաշ­­տօ­­­նապէս հրա­­պարա­­կուած այս թի­­ւը առ­­հա­­­սարակ հա­­մոզիչ չի թո­­ւիր եւ ընդհա­­նուր հա­­մոզու­­մով այդ թի­­ւը պէտք է ըլ­­լայ պաշ­­տօ­­­նական յայ­­տա­­­րարու­­թեան եռա­­պատի­­կը կամ քա­­ռապա­­տիկը։

Բա­­ցի աղէ­­տէն ուղղա­­կիօրէն տու­­ժած 11 քա­­ղաք­­նե­­­րէն, Իս­­թանպուլ, Ան­­գա­­­րա եւ Իզ­­մի­­­րի նման մեծ քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ ալ յի­­շատակ­­ման հան­­րա­­­հաւաք­­ներ կա­­տարո­­ւեցան։

Հա­­թայ նա­­հան­­գը իր բազ­­մազգի ու բազ­­մակրօն բնակ­­չութեամբ կ՚առանձնա­­նայ աղէ­­տի գօ­­տիի միւս քա­­ղաք­­նե­­­րէն։ Հե­­տեւա­­բար մա­­մուլն ալ իր լրա­­տուու­­թեան առանցքին կը դնէ այս քա­­ղաքի ժո­­ղովուրդը։ Այս ընդհա­­նուր ըն­­թացքին մէջ յի­­շատակ­­ման թո­­ւակա­­նէն հա­­զիւ քա­­նի մը օր առաջ նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան այ­­ցե­­­լած էր Հա­­թայ իր գլխա­­ւորած կռո­­ւակ­­ցութեան թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րը յայ­­տա­­­րարե­­լու հա­­մար։ Ակ­­նարկե­­լով մօ­­տակայ, շրջա­­նային վար­­չութիւննե­­րու ընտրու­­թիւննե­­րուն Էր­­տո­­­ղան այստեղ յայտնեց թէ հա­­զիւ իշ­­խող կու­­սակցու­­թեան թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րու քա­­ղաքա­­պետ ընտրո­­ւելով է որ տո­­ւեալ քա­­ղաք­­նե­­­րը դիւ­­րաւ կրնան օգ­­տո­­­ւիլ պե­­տական նե­­ցու­­կէն։ «Ահա­­ւասիկ Հա­­թայը ան­­տէր ու որբ մնաց» ըսաւ նա­­խագա­­հը ակ­­նարկե­­լով այս քա­­ղաքի մէջ քա­­ղաքա­­պետին ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թե­­­նէն ըլ­­լա­­­լու հան­­գա­­­ման­­քին։

Նա­­խագա­­հի այս խօս­­քե­­­րը իբ­­րեւ սպառ­­նա­­­լիք ըն­­կա­­­լուե­­ցան ընդդի­­մադիր շրջա­­նակ­­նե­­­րու կող­­մէ եւ փուռն կեր­­պով քննա­­դատո­­ւեցան։

Կա­­ռավա­­րու­­թեան ուղղեալ քննա­­դատու­­թիւննե­­րու թի­­րախ դար­­ձաւ նաեւ Առող­­ջա­­­պահա­­կան Նա­­խարար Ֆահ­­րետտին Քո­­ճա։ Ի վեր­­ջոյ աղէ­­տի գօ­­տիի մէջ բազ­­մա­­­թիւ հի­­ւան­­դա­­­նոց­­ներ եւս գետ­­նին հա­­ւասա­­րեցան ան­­հա­­­մար հի­­ւանդնե­­րու մա­­հուան պատ­­ճառ դառ­­նա­­­լով։ Մա­­նաւանդ որ այդ հի­­ւան­­դա­­­նոց­­նե­­­րէն մէկ մա­­սին հա­­մար նա­­խապէս պատ­­րաստո­­ւած էր ճար­­տա­­­րագի­­տական տե­­ղեկա­­գիրեր, որոնց հա­­մաձայն ահա­­զանգ կը հնչե­­ցուէր այդ շէն­­քե­­­րու ան­­կա­­­յու­­նութեան մա­­սին։ Տե­­ղեկա­­գիրե­­րու մէջ կը պա­­հան­­ջո­­­ւէր, որ անոնք շու­­տով դա­­տար­­կո­­­ւին եւ աւե­­լի ամուր կեր­­պով վե­­րակա­­ռու­­ցո­­­ւին։

Նա­­խարա­­րու­­թիւնը ան­­տե­­­սած էր այդ տե­­ղեկա­­գիրե­­րը, որու հե­­տեւան­­քով նա­­խարարն ալ կը դառ­­նար բո­­ղոք­­նե­­­րու նշա­­ւակ։

Այսպէս Ֆահ­­րետտին Քո­­ճա տես­­նե­­­լով իր դէմ բարձրա­­ցող բո­­ղոքի սու­­լոցնե­­րը, հրա­­ժարե­­ցաւ ելոյթ ու­­նե­­­նալէ եւ հե­­ռացաւ հան­­րա­­­հաւա­­քի վայ­­րէն։

Նմա­­նը պա­­տահե­­ցաւ Հա­­թայի քա­­ղաքա­­պետ Լիւթֆիւ Սա­­վաշի դէմ, որ եւս ար­­ժա­­­նացաւ հրա­­ժար­­ման վե­­րաբե­­րեալ վան­­կարկումնե­­րու։

Կա­­ռավա­­րու­­թեան ուղղեալ քննա­­դատու­­թիւննե­­րը կը ձե­­ւաւո­­րուէին եր­­կու հա­­տուած­­նե­­­րով։ Առա­­ջինը երկրա­­շար­­ժի յա­­ջոր­­դող ժա­­մերու եւ օրե­­րու հա­­մատա­­րած ան­­ճա­­­րակու­­թիւնն էր, իսկ երկրոր­­դը անցնող մէկ տա­­րուայ ըն­­թացքին բա­­րելաւ­­ման աշ­­խա­­­տանքնե­­րու թե­­րացու­­մը։

Ըստ երե­­ւոյ­­թի 6 Փետ­­րո­­­ւար 2023-ի, աղէ­­տի պատ­­ճա­­­ռած կսկի­­ծը տա­­կաւին եր­­կար տա­­րիներ պի­­տի տան­­ջէ երկրի հա­­սարա­­կու­­թեան խիղ­­ճե­­­րը։

Հո­­վուա­­կան այ­­ցե­­­լու­­թիւն
Մա­­լաթիոյ հայ հա­­մայնքին

Գա­­ւառի մեր հա­­մայնքնե­­րու տե­­սուչ Արժ. Տ. Աւե­­տիս Քհնյ. Թա­­պաշեան հո­­վուա­­կան այ­­ցե­­­լու­­թիւն տո­­ւաւ Մա­­լաթիոյ հայ ժո­­ղովուրդին։ Տէր Հօր կ’ըն­­կե­­­րանար Բրկ. Եու­­սուֆ Ուր. Դպ. Թա­­պաշեան:

Տէր Հայ­­րը 3 Փետ­­րո­­­ւար 2024, Շա­­բաթ, ցա­­մաքի ճամ­­բով հա­­սաւ Մա­­լաթիա։ Կի­­րակի առա­­ւօտ քա­­ղաքի հայ­­կա­­­կան գե­­րեզ­­մա­­­նատան մատ­­րան մէջ կա­­տարո­­ւեցաւ կա­­նոնա­­կան պաշ­­տա­­­մունք եւ մա­­տու­­ցո­­­ւեցաւ Սուրբ Պա­­տարագ։

Ի ժամ Սուրբ Պա­­տարա­­գի, նախ քան Տէ­­րու­­նա­­­կան Աղօթ­­քը պա­­տարա­­գիչ Տէր Հայ­­րը քա­­րոզեց։ Հո­­վուա­­կան այս այ­­ցը կը զու­­գա­­­դիպէր 6 Փետ­­րո­­­ւարի աշ­­խարհա­­ւեր երկրա­­շար­­ժի տա­­րելի­­ցին: Տէր Հայ­­րը նոյն առ­­թիւ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան հայ­­րա­­­կան օրհնու­­թիւննե­­րը ու ցա­­ւակ­­ցութիւննե­­րը փո­­խան­­ցեց ներ­­կայ հա­­ւատա­­ցեալ ժո­­ղովուրդին։

Յա­­ւարտ Ս. Պա­­տարա­­գի կա­­տարո­­ւած հո­­գեհանգստեան պաշ­­տօ­­­նի մէջ յատ­­կա­­­պէս յի­­շատա­­կուե­­ցան Մա­­լաթիոյ մեր հա­­մայնքէն երկրա­­շար­­ժի ըն­­թացքին իրենց կեան­­քե­­­րը կո­­րու­­սած Սա­­մի, Այ­­տա, Ալեքս Թա­­պաշ­­նե­­­րը, Մա­­րի Քէս­­քի­­­նը, ինչպէս նաեւ Իս­­թանպու­­լի մէջ նո­­րոգ վախ­­ճա­­­նեալ Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յա­­կոբեանը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ