Անկոտրուն յեղափոխականի մը պատգամները

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Թուրքիոյ յե­­ղափո­­խական շար­­ժումի առաս­­պե­­­լական դէմ­­քե­­­րէն մէկն է Կար­­պիս Ալ­­թը­­­նօղ­­լու, յատ­­կա­­­պէս իր են­­թարկո­­ւած ան­­մարդկա­­յին տան­­ջանքնե­­րու դի­­մաց անդրդո­­ւելի մնա­­լուն պատ­­ճա­­­ռաւ։

Վեր­­ջերս «Ֆա­­ւորի» հրա­­տարակ­­չա­­­տան մա­­տենա­­շարէն լոյս տես­աւ անոր տե­­ղեկագ­­րի բնոյ­­թով յօ­­դուած­­նե­­­րու երկհա­­տորա­­նի հա­­ւաքա­­ծոն «Ներ­­քին պա­­տերազ­­մի մը օրագ­­րութիւ­­նը» խո­­րագ­­րով։

Ալ­­թը­­­նօղ­­լու ծնած էր 1946 թո­­ւին Ամա­­սիա։ Աւար­­տած էր Պո­­ղազի­­չի Հա­­մալ­­սա­­­րանը եւ այդ տա­­րինե­­րուն ալ մաս­­նակցած քա­­ղաքա­­կան զա­­նազան կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու։

Ան իր քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծունէու­­թեան մէջ բա­­զում ան­­գամներ բեր­­ման են­­թարկո­­ւած, ծանր տան­­ջանքնե­­րու մատ­­նո­­­ւած եւ եր­­կար տա­­րիներ բան­­տարկու­­թեան դա­­տապար­­տո­­­ւած է։ Այդ տան­­ջանքնե­­րու շրջա­­նին վե­­րաբե­­րեալ ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը հան­­րութեան տե­­սանե­­լի դար­­ձան նախ­­կին ոս­­տի­­­կանի մը խոս­­տո­­­վանու­­թիւննե­­րով։ Ոս­­տի­­­կան Սե­­տաթ Ճա­­նէր 1986-ին «Նոք­­թա» պար­­բե­­­րակա­­նի էջե­­րէն պատ­­մեց թէ ինչ ծանր տան­­ջանքներ գոր­­ծադրած են իր վրայ, բայց ան ոչ մէկ գաղտնիք փո­­խան­­ցած է իրենց։

«Ներ­­քին պա­­տերազ­­մի մը օրագ­­րութիւ­­նը» իր բո­­վան­­դա­­­կու­­թեամբ լու­­սարձա­­կի տակ կ՚առ­­նէ ընդյա­­տակեայ պայ­­քա­­­րի մը ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը, ուր լայն տեղ կը գտնեն ներ­­կուսակ­­ցա­­­կան դա­­ւադ­­րա­­­կան բա­­զում խնդիր­­ներ։ Եըլ­­տըզ Այ­­տը­­­նի խմբագ­­րա­­­կան աշ­­խա­­­տան­­քով ըն­­թերցո­­ղի մա­­տու­­ցո­­­ւող այս բո­­լորը շատ կա­­րեւոր վկա­­յու­­թիւննե­­րը իմաս­­տա­­­լից եւ ու­­սուցո­­ղական պի­­տի ըլ­­լան մա­­նաւանդ այդ խմբակ­­ցութեան շար­­քա­­­յին­­նե­­­րուն հա­­մար։ Իրաւ ալ բա­­զում կեան­­քեր անխնայ կեր­­պով զո­­հուե­­ցան ան­­պա­­­տաս­­խա­­­նատու եւ ան­­գի­­­տակից գոր­­ծիչնե­­րու սխալ վար­­քով։ Երե­­ւոյթ մը՝ որուն նման բնոյ­­թի կրկնու­­թիւննե­­րը դժբախ­­տա­­­բար այ­­սօր ալ կը բե­­մադ­­րո­­­ւի զա­­նազան առիթ­­նե­­­րով եւ յա­­ճախ պատ­­ճառ կը դառ­­նայ «ին­­չո՞ւ» հար­­ցումին։

Կար­­պիս Ալ­­թը­­­նօղ­­լու բան­­տարկու­­թե­­­նէ ազա­­տելէն ետք բնա­­կու­­թիւն հաս­­տա­­­տեց Պել­­կիոյ մէջ եւ ընդմիշտ հե­­տաքրքիր մնաց Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան ան­­ցուդարձնե­­րուն։ Ար­­դա­­­րեւ գիր­­քին մէջ տե­­ղադ­­րո­­­ւած յօ­­դուած­­նե­­­րու մէկ մասն ալ կը պատ­­կա­­­նին Անդվեր­­բե­­­րեան տա­­րինե­­րուն։

Ան իր մահ­­կա­­­նացուն կնքեց 14 Հոկ­­տեմբեր 2019-ին, Անթվեր­­բե­­նի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ