«Մենք պէտք է քալենք զարգացող աշխարհին զուգընթաց»

Մանկութեան յիշարժան յուշերէն մինչեւ մասնագիտական կողմնորոշում, ամենատպաւորիչ այցերէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային անցուդարձէն մինչեւ կատարուած, կատարուող եւ կատարուելիք կարեւորագոյն իրադարձութիւններ։ Այս եւ այլ ուշագրաւ թեմաներու շուրջ Մարի Յովհաննիսեանը զրուցած է ՀՀ Կրթութեան Գիտութեան Մշակոյթի եւ Սպորտի Նախարարի Տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեանի հետ։

ՄԱՐԻ ՅՈՎ­ՀԱՆՆԻ­ՍԵԱՆ

Մ.Յ.-Սկսինք սկզբէն։ Երե­­ւանեան ման­­կութե­­նէն ամե­­նատ­­պա­­­ւորիչ յու­­շը։

Յու­­շե­­­րը շատ են։ Ամե­­նատ­­պա­­­ւորի­­չը, թե­­րեւս, երբ ինձ բե­­րին «Անուշ» օփե­­րան դի­­տելու։ Տա­­կաւին մա­­նուկ էի եւ այնքան տպա­­ւորո­­ւած էի, որ վեր­­ջը ոտ­­քի կանգնե­­ցի եւ գո­­ռացի. «պռա­­ւօ՜», չնա­­յած՝ չգի­­տէի՝ օփե­­րան ինչ է, «պռա­­ւօ»ն ինչ է։ Ու այդ օրը կար­­ծես ուղղու­­թիւն տո­­ւաւ ինձ, որ պի­­տի ընտրեմ երաժշտա­­կան արո­­ւես­­տը որ­­պէս ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւելու մի­­ջոց։ Օրի­­նակ օփե­­­րան շատ հա­­­րուստ երե­­­ւոյթ է, ինձ հա­­­մար բո­­­լոր արո­­­ւեստնե­­­րու խա­­­չաձե­­­ւումն է։ Եւ այ­­­սօր ալ ես դրան եմ գնում, որ բո­­­լոր արո­­­ւեստնե­­­րը խա­­­չաձե­­­ւուին, չա­­­ռանձնա­­­նան, չմե­­­կու­­­սա­­­­­­­ցուին։

Մ.Յ.- Երաժշտու­­­թիւնը ծի՞ն է, թէ՞…

Չէ, իհար­­­կէ։ Ծին չէ։ Բայց այն մթնո­­­լոր­­­տը, որ­­­տեղ ես մեծ­­­ցած եմ՝ շատ երաժշտա­­­սէր եղած է մշտա­­­պէս։ Եւ այդ ալ օգ­­­նած է մաս­­­նա­­­­­­­գիտու­­­թեան կողմնո­­­րոշ­­­ման հար­­­ցին։ Այ­­­սօր ալ ես ինքս այդ կ՚ընեմ՝ իմ հայ­­­րե­­­­­­­նիքի մէջ կը փոր­­­ձեմ ստեղ­­­ծել այնպի­­­սի բա­­­րեկե­­­ցիկ մթնո­­­լորտ, որ կ՚օգ­­­նէ մաս­­­նա­­­­­­­գիտա­­­կան ընտրու­­­թեան հար­­­ցին կողմնո­­­րոշո­­­ւելու։

Մ.Յ.- Հրա­­­ժեշտ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նին…. Ին­­­չո՞ւ Ֆրան­­­սա, եւ ի՞նչ տո­­­ւաւ Եւ­­­րո­­­­­­­պան։

Ին­­­չո՞ւ Ֆրան­­­սա։ Որով­­­հե­­­­­­­տեւ մի կողմս Ֆրան­­­սա­­­­­­­յէն է։ Իսկ Ֆրան­­­սան այն եր­­­կիրն է, որ­­­տեղ մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին ար­­­ժէքնե­­­րը կը գնա­­­հատո­­­ւին եւ կը պահ­­­պա­­­­­­­նուին։ Ես ծնած եմ Խորհրդա­­­յին երկրի մէջ, որ­­­տեղ շատ սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կումներ կար ամէն ին­­­չի նկատ­­­մամբ, յատ­­­կա­­­­­­­պէս՝ մտքի ու արո­­­ւես­­­տի։ Իսկ Եւ­­­րո­­­­­­­պան, այս տե­­­սան­­­կիւնէն, յատ­­­կա­­­­­­­պէս, ինձ տո­­­ւաւ ան­­­սահմա­­­նափակ հնա­­­րաւո­­­րու­­­թիւններ։ Ազա­­­տու­­­թեան զգա­­­ցողու­­­թիւնը օգ­­­նեց հասկնալ, որ հնա­­­րաւոր է ստեղ­­­ծել ինստի­­­տուտներ, որ­­­տեղ ոչ թէ անձն կը որո­­­շէ, այլ պե­­­տու­­­թիւնը ու­­­նի գե­­­րակ­­­շիռ դիրք։ Այն ինչ տո­­­ւին ինձ այդ տա­­­րինե­­­րը, թե­­­րեւս գի­­­տելիք­­­նե­­­­­­­րու մեծ պա­­­շարն է, նաեւ փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թիւնը, որ այ­­­սօր կը վե­­­րադարձնեմ հայ­­­րե­­­­­­­նիքիս։

Մ.Յ.- Դուք ձեզ աւե­­­լի շատ ման­­­կա­­­­­­­վարժ կը հա­­­մարէք, օփե­­­րայի թատ­­­րո­­­­­­­նի ար­­­թիսթ, թէ՞ հա­­­սարա­­­կական-քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծիչ։

Երեքն ալ միասին։ Տե­­­սէք, այժմ ես հա­­­սարա­­­կական-քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծունէու­­­թիւն կը ծա­­­ւալեմ եւ այս հար­­­ցին ինձ շատ կ՚օգ­­­նէ ման­­­կա­­­­­­­վար­­­ժը։ Որով­­­հե­­­­­­­տեւ ման­­­կա­­­­­­­վար­­­ժութիւ­­­նը նաեւ մար­­­դա­­­­­­­սիրու­­­թիւն է, ման­­­կա­­­­­­­վար­­­ժութիւ­­­նը հա­­­սարա­­­կու­­­թեան կրթման կա­­­րեւո­­­րագոյն գոր­­­ծընթա­­­ցը կ՚ապա­­­հովէ։ Մա­­­նուկ մը, պա­­­տանի մը կրթե­­­լը հա­­­սարա­­­կու­­­թեան ստեղծման պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու գոր­­­ծընթա­­­ցը կ՚ապա­­­հովէ։ Այնպէս որ եւ՛ մա­­­նակա­­­վարժ կայ իմ մէջ, եւ՛ հա­­­սարա­­­կական-քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծիչ, եւ՛ օփե­­­րայի ար­­­թիսթ։

Մ.Յ.- Բա­­­ւակա­­­նին եր­­­կար ժա­­­մանակ դա­­­սաւան­­­դած էք ֆրան­­­սա­­­­­­­կան շարք մը ու­­­սումնա­­­կան հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րուն։ Ի՞նչպի­­­սին է Դա­­­նիէլ Դա­­­նիէլեան ման­­­կա­­­­­­­վար­­­ժը։

Մար­­­դա­­­­­­­սէր։

Մ.Յ.- Ֆիլ­­­մարտադ­­­րութեան, ֆիլ­­­մե­­­­­­­րու մա­­­սին օրէն­­­քի փո­­­փոխու­­­թեան հետ կա­­­պուած բա­­­ւակա­­­նին իրա­­­դար­­­ձա­­­­­­­յին էր ան­­­ցած տա­­­րին։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այս մա­­­սին, եւ յա­­­ռաջի­­­կայ ընե­­­լիք­­­նե­­­­­­­րը որո՞նք պի­­­տի ըլ­­­լան ֆիլ­­­մարտադ­­­րութեան ոլոր­­­տին։

Այս ամիս­­­նե­­­­­­­րը շատ կարճ էին լուրջ ար­­­դիւնքներ ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րե­­­­­­­լու հա­­­մար։ Սա­­­կայն եղած են էական աշ­­­խա­­­­­­­տանքներ, որոնցմէ կ՚առանձնաց­­­նեմ յատ­­­կա­­­­­­­պէս հայ­­­կա­­­­­­­կան 10 ֆիլ­­­մե­­­­­­­րու 28 մրցա­­­նակ­­­ներ, որ բե­­­րուած է Հա­­­յաս­­­տան։ Յա­­­ջորդն այն է, որ լրա­­­ցումներ ու փո­­­փոխու­­­թիւններ կա­­­տարո­­­ւած են «Կի­­­նեմա­­­տոգ­­­րա­­­­­­­ֆիայի մա­­­սին ՀՀ օրէնք»ի, որու ար­­­դիւնքին ներդրո­­­ւած է ներդրումնե­­­րու մաս­­­նա­­­­­­­կի վե­­­րադար­­­ձի հա­­­մակար­­­գը։ Ըստ այնմ՝ ոլոր­­­տը կը դառ­­­նայ ըն­­­թեռնե­­­լի այն կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րու հա­­­մար, որոնք կը հա­­­մագոր­­­ծակցին Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հետ, այ­­­սինքն՝ օրէն­­­քի փո­­­փոխու­­­թեան հա­­­մըն­­­թաց ամէն բան առա­­­ւել հաս­­­կա­­­­­­­նալի եւ յու­­­սա­­­­­­­լի կը դառ­­­նայ։ Իմ խո­­­րին հա­­­մոզ­­­մամբ՝ վե­­­րը ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րա­­­­­­­ծը կա­­­րող է ոլոր­­­տի զար­­­գացման հա­­մար որա­­կապէս նոր ու ար­­դիւնա­­ւէտ պայ­­մաններ ստեղ­­ծել։ Ֆիլ­­մարտադ­­րութեան հետ կա­­պուած՝ կա­­րեւոր կը հա­­մարեմ նաեւ Վրաս­­տա­­­նի Մշա­­կոյ­­թի Նա­­խարա­­րու­­թեան հետ 2024-ին թէ՛ Հա­­յաս­­տան եւ թէ՛ Վրաս­­տան հայ-վրա­­ցական ֆիլ­­մե­­­րու մար­­զա­­­յին կի­­նօփա­­ռատօն անցկաց­­նե­­­լու հա­­մաձայ­­նութեան ձեռք բե­­րու­­մը։ Եւ քա­­նի որ մար­­զե­­­րը մեր ու­­շադրու­­թեան կեդ­­րո­­­նին եղած են մշտա­­պէս, ապա այս առու­­մով կը կա­­րեւո­­րեմ մար­­զե­­­րուն կի­­նօփա­­ռատօ­­ներու ու կի­­նօդի­­տումնե­­րու անցկա­­ցու­­մը։

Մ.Յ.- Յա­­ճախա­­կի կ՚այ­­ցե­­­լէք Հա­­յաս­­տա­­­նի տար­­բեր կրթամ­­շա­­­կու­­թա­­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւններ… Ամե­­նատ­­պա­­­ւորիչ այ­­ցը՝ որ­­պէս փոխ­­նա­­­խարար։

Շատ քիչ են հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը մեր հան­­րա­­­պետու­­թեան մէջ, որ չեմ այ­­ցե­­­լած։ Մշտա­­պէս այ­­ցե­­­լու­­թիւններս են յատ­­կա­­­պէս մար­­զեր, նաեւ մեր քննար­­կումնե­­րը մշա­­կու­­թա­­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու աշ­­խա­­­տակից­­նե­­­րու հետ։ Գրե­­թէ բո­­լորն ալ տպա­­ւորիչ են, սա­­կայն կ՚առանձնաց­­նեմ ան­­ցեալ տա­­րի Արա­­րատի մարզ կա­­տարած այ­­ցը, որու ըն­­թացքին այ­­ցե­­­լեցի Ար­­տա­­­շատի գե­­ղարո­­ւես­­տի դպրո­­ցը։ Ներ­­կայ գտնո­­ւեցայ կար­­պե­­­տագոր­­ծութեան դա­­սին։ Երա­­խանե­­րէն մէ­­կը շատ գե­­ղեցիկ թեւ­­նոց գոր­­ծած էր, եւ ես բարձրա­­ձայն ար­­տա­­­յայ­­տե­­­ցի իմ հիացու­­մը։ Ան առանց վա­­րանե­­լու թեւ­­նո­­­ցը, որ Հա­­յաս­­տա­­­նի դրօ­­շի գոյ­­նե­­­րը կը կրէր իր մէջ, նո­­ւիրեց ինձ։ Այդ օրո­­ւընէ ձեռքս է այդ թեւ­­նո­­­ցը։ Ամէն նա­­յելուս չեմ մոռ­­նար, որ ես այդ երա­­խանե­­րու հա­­մար կ՚աշ­­խա­­­տիմ։ Թե­­րեւս, ամե­­նատ­­պա­­­ւորիչ այ­­ցը այս էր։

Մ.Յ.- Ան­­ցեալ տա­­րին բա­­ւակա­­նին իրա­­դար­­ձա­­­յին էր հայ մշա­­կու­­թա­­­յին կեան­­քի առու­­մով։ Գրան­­ցո­­­ւած ար­­դիւնքնե­­րը, ընե­­լիք­­նե­­­րը ու հայ­­կա­­­կան կրթամ­­շա­­­կու­­թա­­­յին ապա­­գայի ձեր տես­­լա­­­կանը։

Իս­­կա­­­պէս, 2023 թո­­ւակա­­նը յա­­գեցած էր մշա­­կու­­թա­­­յին կա­­րեւոր իրա­­դար­­ձութիւննե­­րով, որոնցմէ պի­­տի առանձնաց­­նեմ Սուրբ Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լի հայ­­րա­­­պետի մա­­հուան 850-րդ տա­­րելի­­ցը եւ Հայ կի­­նոյի 100-ամեակը, որոնք նե­­րառո­­ւած էին ՈՒ­­ՆԵՍԿՕ-ի յո­­բելեանա­­կան տա­­րեթի­­ւերու ցան­­կին։ Ապա «Արամ Խա­­չատ­­րեան 120» յո­­բելեանա­­կան մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու շրջա­­նակին աշ­­խարհի 12 երկրին կա­­յացած 65 հա­­մերգնե­­րը, այդ թո­­ւին՝ Օփե­­րային թատ­­րո­­­նի հիւ­­րա­­­խաղե­­րը Փա­­րիզի եւ Ստրաս­­պուրկի մէջ։ Կը ցան­­կա­­­նամ կա­­րեւոր երե­­ւոյ­­թի մը մա­­սին նշել։ Խօսքս կը վե­­րաբե­­րի անոր, որ մշա­­կու­­թա­­­յին ոլոր­­տի բո­­լոր գոր­­ծիչնե­­րը իրենց զգան մշա­­կու­­թա­­­յին այս մեծ ըն­­տա­­­նիքի լիակա­­տար ան­­դա­­­մը։ Շատ են ընե­­լիք­­նե­­­րը այս ոլոր­­տին։ Տե­­սէք, ինչպէս հան­­րակրթա­­կան ու­­սումնա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու ման­­կա­­­վարժնե­­րը, այնպէս ալ երաժշտա­­կան եւ արո­­ւես­­տի այլ դպրոց­­նե­­­րու ու­­սուցիչ­­նե­­­րը կա­­րող են կա­­մաւոր ատես­­տա­­­ւոր­­ման շնոր­­հիւ ստա­­նալ բարձր աշ­­խա­­­տավարձ։ Սա շատ կա­­րեւոր է։ Եղած աշ­­խա­­­տանքնե­­րու մէջ առանձնաց­­նել կ՚ու­­զեմ նաեւ պե­­տու­­թեան կող­­մէ թա­­տերա­­համեր­­գասրահ­­նե­­­րուն ֆի­­նան­­սա­­­ւորե­­լու նոր մո­­տելը, որու ար­­դիւնքին տա­­րուած աշ­­խա­­­տանքնե­­րը կը դառ­­նան աւե­­լի որա­­կեալ, իսկ հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու մրցու­­նա­­­կու­­թեան մա­­կար­­դա­­­կը տե­­սանե­­լիօրէն կը բարձրա­­նան։

Հարկ է նկա­­տել տար­­բեր փա­­ռատօ­­ներու իրա­­կանա­­ցու­­մը, որոնց թո­­ւին են «Գրքի երե­­ւանեան մի­­ջազ­­գա­­­յին փա­­ռատօն»ը, «Երե­­ւանի մի­­ջազ­­գա­­­յին թա­­տերա­­կան փա­­ռատօն»ը, «ՌեԱնի­­մանի» անի­­մացիոն ֆիլ­­մե­­­րի եւ պատ­­կե­­­րապատ­­ման արո­­ւես­­տի մի­­ջազ­­գա­­­յին փա­­ռատօ­­նը, «Ֆես­­տի­­­Վառ» երաժշտա­­կան մեծ փա­­ռատօ­­նը եւ այլն։

Ինչպէս նշե­­ցի՝ մեզ հա­­մար առաջ­­նա­­­յին է մար­­զե­­­րուն մշա­­կու­­թա­­­յին կեան­­քի զար­­գա­­­ցումն ու բա­­րելա­­ւու­­մը։ Այս առու­­մով ու­­շագրաւ է ամէն մար­­զին մէ­­կական մշա­­կու­­թա­­­յին կեդ­­րոննե­­րու ստեղ­­ծումը, որ կը նպաս­­տէ արո­­ւես­­տի եւ մշա­­կոյ­­թի տար­­բեր ճիւ­­ղե­­­րու իրա­­կանա­­ցումն ապա­­հովող մի­­ջավայ­­րի ձե­­ւաւո­­րու­­մը։ ԿԳՄՍ նա­­խարա­­րու­­թեան գե­­րակայ ուղղու­­թիւննե­­րէն են նաեւ նե­­րառա­­կան ծրագ­­րերն ու նե­­րառա­­կանու­­թեան ապա­­հովու­­մը։ Նե­­րառա­­կանու­­թեան ապա­­հով­­ման նպա­­տակով տա­­րուայ ըն­­թացքին իրա­­կանա­­ցուած է 5 ծրա­­գիր՝ «Կողք կող­­քի», «Խօ­­սող կտաւ­­ներ», «Ֆրես­­կօ», «Շրջիկ արո­­ւես­­տա­­­նոց», «Երաժշտա­­կան եւ արո­­ւես­­տի դպրոց­­նե­­­րուն նե­­րառա­­կանու­­թեան ապա­­հով­­ման ուղղո­­ւած դա­­սըն­­թացներ»։

Ի վեր­­ջոյ՝ այ­­սօր աշ­­խարհը անընդմէջ փո­­փոխու­­թիւննե­­րու կ՚են­­թարկո­­ւի, եւ մենք պէտք է մեր ստեղ­­ծած մշա­­կու­­թա­­­յին մթնո­­լոր­­տով քա­­լենք զար­­գա­­­ցող աշ­­խարհին զու­­գընթաց՝ չմոռ­­նա­­­լով պա­­հել ազ­­գա­­­յինը՝ պար­­տա­­­դիր։

Մ.Յ.- 2024-ը յո­­բելեանա­­կան տա­­րի է։ Ար­­դէն իսկ նշո­­ւած են Փա­­րաճա­­նովի 100 ամեակը ու Սե­­ւակի 100 ամեակը։ Առ­­ջեւնիս Շարլ Ազ­­նա­­­ւու­­րի 100 ամեայ յո­­բելեանն է։ Այս եւ այլ յո­­բելեան­­նե­­­րու առ­­թիւ տա­­րուայ ընե­­լիք­­նե­­­րը։

Ու­­նինք 21 յո­­բելեան­­ներ, որոնցմէ եր­­կուքը՝ Փա­­րաճա­­նովի ու Ազ­­նա­­­ւու­­րի 100 ամեայ յո­­բելեան­­նե­­­րը ընդգրկո­­ւած են ՈՒ­­ՆԵՍԿՕ-ի՝ Հռչա­­կաւոր մարդկանց եւ կա­­րեւոր իրա­­դար­­ձութիւննե­­րու յո­­բելեան­­նե­­­րու 2024-2025 թթ օրա­­ցոյ­­ցին։ Եւ իհար­­կէ այդ առ­­թիւ նա­­խատե­­սուած է մի­­ջոցա­­ռումներ։ Տա­­րին յա­­գեցած կ՚ըլ­­լայ՝ հա­­մերգներ, գի­­տաժո­­ղով­­ներ, ներ­­կա­­­յացումներ, գիր­­քե­­­րու շնոր­­հանդէս­­ներ, ցու­­ցադրու­­թիւններ, կի­­նօդի­­տումներ, որոնք կը վե­­րաբե­­րին մնա­­ցեալ յո­­բելեան­­նե­­­րուն եւս։ 2024 թո­­ւակա­­նի յո­­բելեանա­­կան ծրագ­­րե­­­րու շրջա­­նակին աւուր պատ­­շա­­­ճի կը նշո­­ւի նաեւ 19 յո­­բելեան, որոնց թո­­ւին են՝ Երո­­ւանդ Քո­­չարի 125, Պա­­րոյր Սե­­ւակի 100, Պա­­րարո­­ւես­­տի պե­­տական ու­­սումնա­­րանի 100, Վա­­լեն­­թին Պոդ­­պո­­­մոգո­­վի 100, Կո­­միտաս քա­­ռեակի 100, Տիգ­­րան Ման­­սուրեանի եւ Ռո­­բերտ Ամիր­­խա­­­նեանի 85 ամեակ­­նե­­­րը։ Ազ­­նա­­­ւու­­րի 100 ամեակի մի­­ջոցա­­ռումնե­­րը մեր երկրին կը սկսին ըն­­թա­­­ցիկ տա­­րուայ գար­­նան սկզբին։ Նա­­խարա­­րու­­թիւնը կը հրա­­պարա­­կէ մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու ժա­­մանա­­կացոյ­­ցը։ Այստեղ մէկ կա­­րեւոր բան պէտք է նկա­­տել, որ յո­­բելեան­­նե­­­րու առ­­թիւ յայ­­տա­­­րարո­­ւած մրցոյթնե­­րուն առաջ­­նութիւ­­նը կը տրո­­ւի նո­­րարա­­րու­­թիւննե­­րուն։ Տա­­րին իս­­կա­­­պէս յա­­գեցած է. ընե­­լիք­­նե­­­րը թէ՛ Հա­­յաս­­տան եւ թէ՛ երկրէ դուրս շատ են։

Մ.Յ.- Ի՞նչ կը բա­­րեմաղ­­թէք «Ակօս»ի ըն­­թերցող­­նե­­­րուն։

Ես շատ լաւ գի­­տեմ, թէ ինչ է հայ­­րե­­­նիքէն հե­­ռու ապ­­րի­­­լը, Սփիւռքի մէջ հայ մնա­­լը, հայ­­րե­­­նիքէն դուրս գտնուելով՝ ազ­­գութեան մա­­սին հար­­ցին պա­­տաս­­խա­­­նելը։ Հայ մնա­­լը դժո­­ւար բան է։ Առ­­հա­­­սարակ, Հա­­յաս­­տա­­­նը հզօր պէտք է ըլ­­լայ։ Եւ կը ցան­­կա­­­նամ՝ երկրէ դուրս գտնո­­ւող մեր հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րը գան Հա­­յաս­­տան եւ միասին հզօ­­րաց­­նենք ու շէ­­նաց­­նենք բո­­լորիս հայ­­րե­նիքը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ