Հիքմեթ Չեթինի ափսոսանքը

Ժողո­վուրդա­հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան նախ­կին նա­խագահ­նե­րէն եւ հան­րա­պետու­թեան նա­խորդ շրջան­նե­րու կա­ռավա­րու­թեան մէջ զա­նազան պաշ­տօններ ստանձնած քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ Հիք­մեթ Չե­թին վեր­ջերս մաս­նակցած հե­ռուստա­հաղոր­դումի մը պա­հուն ափ­սո­սանք յայտնած է ան­ցեալին գոր­ծո­ւած սխալ դիր­քո­րոշումնե­րու նկատ­մամբ, որոնք այ­սօր աւե­լի լուրջ խնդիր­ներ ըլ­լա­լով կը ներ­կա­յանան երկրի քա­ղաքա­կան օրա­կար­գին։

«Եթէ ատե­նին պատ­շաճ ձե­ւով նե­րողու­թիւն խնդրէինք Տէր­սի­մի կո­տորած­նե­րու կամ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար այդ նիւ­թե­րը մին­չեւ օրս այսքան ծա­ւալե­լով չէին զբա­ղեց­նէր մեզ։ Իս­կա­պէս ալ անըն­դունե­լի երե­ւոյթներ են հօ­րը աչ­քե­րուն առ­ջեւ որ­դին կա­խաղան հա­նելը։ Բան մը՝ որ վեր­ջին խնդրանքն էր մա­հապար­տի մը։ Յա­նուն դա­ժանու­թեան մեր­ժո­ւեցաւ այդ խնդրան­քը եւ հայ­րը ստի­պուե­ցաւ որդւոյն սպա­նու­թիւնը դի­տել կա­խաղա­նի վրայ։ Երա­նի թէ հան­րա­պետու­թիւնը հիմ­նող կազ­մե­րը քա­ջու­թիւնը ու­նե­նային ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը դա­տապար­տե­լու։ Նոյն սխա­լու­թիւննե­րը գոր­ծո­ւեցաւ Կով­կա­սեան հան­րա­պետու­թիւննե­րու հետ բնա­կանոն յա­րաբե­րու­թիւններ հաս­տա­տելու ըն­թացքին ալ։ Ան­տե­ղի կեր­պով պայ­մաններ ներ­կա­յացո­ւեցան հա­կառակ, որ Թուրքիա ամե­նաշուտ ճանչցող եր­կիրնե­րէն էր այդ նո­րան­կախ պե­տու­թիւննե­րը։ Ես այս մա­սին առա­ջարկներ ներ­կա­յացու­ցած եմ, որոնք մեր­ժո­ւեցան այդ ժա­մանակ­նե­րու իշ­խա­նու­թիւննե­րու կող­մէ։

Նոյնպէս Փա­րիզի քրտա­կան բա­նախօ­սու­թեան մաս­նա­կից եօթը պատ­գա­մաւոր­նե­րու կու­սակցու­թե­նէն վտա­րու­մը շատ լուրջ սխալ մըն էր։ Փոր­ձե­ցի կան­խել, բայց ան­զօր մնա­ցի Տե­նիզ Պայ­քա­լի յա­մառ պնդումնե­րու դի­մաց»։

Թուրքիոյ մէջ ազ­գայնա­կանու­թիւնը ընդմիշտ շա­հագոր­ծո­ւած դաշտ մըն է, հե­տեւա­բար ոչ մէկ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ յանձն կ՚առ­նէ երկրի հիմ­նա­կան շա­հերուն հա­մապա­տաս­խան քա­ղաքա­կան դիր­քորոշում։

(Որոշ արձագանքներից հետո Չեթինը հրապարակեց հետևյալ գրավոր հայտարարությունը.«Կարծում եմ, որ իրականում շատ ցավալի իրադարձություններ են տեղի ունեցել 1915 թվականին: Կարծում եմ, տեղին կլիներ երկուստեք ներողություն խնդրել: Եթե դա հնարավոր լիներ անել, ապա այն ցավալի զարգացումները, որոնք տեղի ունեցան հետագայու, կարելի էր կանխել»)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ