Նոր պաշտօնակոչում Ֆերիգիւղի Մէրամէթճեան Վարժարանի մէջ

Ուսման տարեշրջանը տակաւին աւարտին չէր հասած, երբ մամուլի էջերէն հրապարակուեցաւ Ֆերիգիւղի թաղական խորհուրդի կայացուցած տնօրէնի պաշտօնի փոփոխութեան մասին լուրը։

Թաղականութիւնը այս առթիւ ըրած յայտարարութեան մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ ներկայ տնօրէնուհի Նարօտ Սեսիլ Գարահիսարիտիսին եւ կը ներկայացնէ դպրոցի վաստակաւոր ուսուցչուհիներէն Մարալ Հերկել Էօզտաղի այս պաշտօնին նշանակումը։

Տիկին Մարալ ինք եւս աշակերտած է այս վարժարանին եւ այժմ կու գայ տարիներու հոլովոյթով կուտակած գիտելիքները նոր սերունդին փոխանցելու առաքելութեամբ։

Մենք ալ այս հանգրուանին սրտանց կը շնորհաւորենք զինք եւ կը մաղթենք պաշտօնավարութեան յաջող տարիներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ