Էլազըղի պատմական Հայ Բողոքական Եկեղեցին անորոշութեան առջեւ

«Արթը Կերչէք» կայքէջէն Էվրեն Տեմիրտաշի հաղորդումով տեղեկացանք որ արդարու­թիւն եւ Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թե­նէն գոր­ծող քա­ղաքա­պետ Շա­հին Շե­րիֆօ­ղուլլա­րը յա­ռաջի­կայ ընտրու­թիւննե­րուն ալ ներ­կա­յացո­ւած է իր թեկ­նա­ծու­թիւնը եւ ծրա­գիր­ներն ալ հա­սարա­կու­թեան յայտնած 1 Մար­տին կա­յացած ժո­ղովի մը ըն­թացքին։ Ան այս առ­թիւ նշած է, որ քա­ղաքի կեդ­րո­նին գտնո­ւող 500 Քմ. տա­րած­քով պատ­մա­կան Հայ Աւե­տարան­չա­կան Եկե­ղեցին վե­րանո­րոգո­ւելով պի­տի վե­րածո­ւի մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եւ ցու­ցասրա­հի։ Սա­կայն ներ­կայ դրու­թեան մէջ եկե­ղեցին սե­փակա­նու­թիւնն է Սիւ­լէյման Թիւրքէր անուն քա­ղաքա­ցիի մը։

Ան կը յայտնէ թէ 2,5 տա­րի առաջ քա­ղաքա­պետա­րանը իրեն առա­ջար­կած է այդ տա­րած­քի փո­խարէն ու­րիշ հո­ղամաս մը տալ։ Ապա այս բա­նակ­ցութիւննե­րը կի­սատ մնա­ցին։ «Ես նա­խապէս այդ տա­րած­քի մէջ պատ­մա­կան շի­նու­թիւնը հիւ­րա­նոցի վե­րածե­լու հա­մար ար­տօ­նու­թիւն ձեռքբե­րած եմ Մշա­կու­թա­յին Հարստու­թիւնը Պաշտպա­նելու Շրջա­նային Խոր­հուրդի Տնօ­րէնու­թե­նէն։ Առանց իմ տե­ղեկու­թեան սե­փական տա­րած­քի վրայ նա­խագիծ ծրագ­րե­լը չեմ հասկցած»։

1904-1907 թո­ւական­նե­րու կա­ռու­ցո­ւած Հայ Աւե­տարան­չա­կան Եկե­ղեցին ան­ցեալին իբ­րեւ սրբա­վայր օգ­տա­գոր­ծո­ւած էր նաեւ տեղ­ւոյն ասո­րի հա­մայնքին կող­մէ։

ան­ցեալին եկե­ղեց­ւոյ փլա­տակ շէն­քը օգ­տա­գոր­ծո­ւած էր իբ­րեւ հան­րա­յին զու­գա­րան, ալիւ­րի գոր­ծա­րան, շու­կայ եւ գոմ ըլ­լա­լով։ Ներ­կա­յիս ան կը շա­հագոր­ծո­ւի իբ­րեւ աւ­տո­կայանատեղի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ