Օկիւն Սամասթ դարձեալ դատարանի առջեւ

Հրանդ Տինքի ոճրագործ Օկիւն Սամասթ 16 տա­րի, 10 ամիս բան­տարկեալ մնա­լէ ետք ազատ ար­ձա­կուած էր։ Բա­ւական ծանր հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րու ար­ժա­նացող այդ ըն­թացքէն ետք Սա­մասթ կրկին մե­ղադ­րո­ւեցաւ «Զի­նեալ ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պութեան ան­դամ չըլ­լա­լով հան­դերձ կազ­մա­կեր­պութեան հա­մար յան­ցա­գոր­ծութիւն գոր­ծե­լով»։ Դա­տական հա­մակար­գը որո­շեց այս մե­ղադ­րանքն ալ կցել Իս­թանպու­լի 14-րդ Եղեռ­նա­դատ Ատեանի մէջ 11 ամ­բաստա­նեալ­նե­րով շա­րու­նա­կուող դա­տական գոր­ծո­ղու­թեան։

Այս ծի­րէն ներս առա­ջին դա­տական նիս­տը կա­յացած էր 6 Դեկ­տեմբեր 2023-ին, ուր Սա­մասթ յայտ չէր ներ­կա­յացու­ցած։ Դա­տավա­րու­թիւնը յե­տաձ­գո­ւած էր 6 Մար­տին եւ այս ան­գամ Օկիւն Սա­մասթ ալ ներ­կա­յացաւ դա­տակազ­մին։

Սա­մասթ 6 Մար­տի նիս­տին յայտնեց հե­տեւեալը. «Կազ­մա­կեր­պութեան հա­մար յան­ցա­գոր­ծութեան մե­ղադ­րանքի մա­սին եօթը կամ ու­թը տա­րի առաջ ար­դէն յայտ ներ­կա­յացու­ցած էի, հե­տեւա­բար այ­սօր ըսե­լիք նոր բան մը չու­նիմ։ 2006-ին Էր­հան Թունճէ­լի բնա­կարա­նը մէկ­տե­ղուած էինք։ Էր­հա­նը եւ Եասին խո­հանո­ցը կը խօ­սէին ես դուրսէն կը լսէի իրենց խօ­սակ­ցութիւ­նը, ուր Էր­հա­նը Եասի­նին կ՚ըսէր թէ Ռա­մազան եւ Ալի Ֆո­ւաթ ոս­տի­կանա­պետ­նե­րը մեր կող­քին են, դուն ան­հոգ եղիր։ Ես այդ տու­նը քա­նի մը ան­գամ գա­ցած եմ։ Եասին -եթէ հրա­ժարիս այս գոր­ծէն, քու գլուխդ ալ փոր­ձանքի կը մտնէ- ըսե­լով ին­ծի կը սպառ­նար։ Կը վախ­նա­յի իր­մէ։ ան նա­խապէս ալ զա­նազան դէպ­քե­րու մի­ջամուխ եղած էր։ Տա­կաւին 16 տա­րեկան էի։ Էր­հանն ու Եասի­նը ին­ծի կը գօ­տեպնդէին եւ կը վստա­հեց­նէին թէ պե­տու­թիւնը մեր կող­քին է։ Եւ պէտք է հան­գիստ ըլ­լամ»։

Դա­տակազ­մի «դէպ­քէն ետք ոս­տի­կանա­տան մէջ աջակ­ցութիւն մը տե­սա՞ր» հար­ցումին իբր պա­տաս­խան Սա­մասթ յայտնեց որ Սամ­սունի ոս­տի­կանա­տան մէջ նման քա­ջալե­րանքներ պա­տահե­ցան։

Պա­տաս­խա­նելով Ռա­մազան Աքեիւ­րէ­քի փաս­տա­բանի հար­ցումին յայտնեց թէ ան­ձամբ չի ճանչնար Ռա­մազա­նը եւ ալի Ֆո­ւաթը։ Իրենցմէ ոեւէ հրա­հանք չէ ստա­ցած։ Այդ անուննե­րը լսած է Եասի­նի մի­ջոցաւ։

Օկիւն Սա­մաս­թի յայ­տը աւար­տե­լէ ետք Էր­հան Թունլճէլ նշեց որ Սա­մաս­թի խօս­քե­րուն մէջ հա­կասու­թիւններ կան։

Խօսք առաւ նաեւ Ալի Ֆո­ւաթ Եըլ­մա­զէրի իրա­ւապաշտպա­նը, որ ընդգծեց Իս­թանպու­լի եւ Տրա­պիզո­նի պաշ­տօ­նեանե­րու թե­րացու­մը։ «Անհրա­ժեշտ կան­խա­միջոց­նե­րու բա­ցակա­յու­թիւնով այս ոճի­րը գոր­ծո­ւեցաւ։ Խնդի­րը ծրագ­րի մը գոր­ծադրու­թիւնն էր եւ Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թիւնով կան­խա­տեսո­ւած նպա­տակը գո­յացաւ։ Եթէ կ՚ու­զենք իրո­ղու­թիւնը պար­զել, ստի­պուած ենք ընդլայ­նել մեր տե­սահո­րիզո­նը»։

Յա­ջորդ դա­տական նիս­տին հա­մար ճշդո­ւեցաւ 29 Մա­յիս 2024 թուականը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ