Գործիչ

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

«Ոչինչ չի խան­­գա­­­րում

մար­­դուն՝ լի­­նել բնա­­կան, որ­­քան

զար­­դա­­­րուե­­լու ցան­­կութիւ­­նը»

Լա Ռոշ­­ֆուկօ

Գոր­­ծիչ կը հա­­մարո­­ւին այն ան­­ձինք, որոնք կ՚աշ­­խա­­­տին, գոր­­ծունէու­­թիւն կը ծա­­ւալեն յօ­­գուտ պե­­տու­­թեան, հա­­մայն հա­­սարա­­կու­­թեան, կու­­սակցու­­թեան, կրօ­­նական կամ ար­­տադրո­­ղական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րէն որե­­ւէ մէ­­կուն, ըլ­­լայ այն հա­­մայնքա­­յին բա­­րեկե­­ցու­­թեան կամ այլ նպա­­տակ­­նե­­­րու ծա­­ռայե­­լու։ Անոնց շար­­քին կը պատ­­կա­­­նին քա­­ղաքա­­կան խմբա­­ւորումնե­­րը եւ մա­­մու­­լի հսկայ բա­­նակը ի սփիւռս աշ­­խարհի։

Յա­­ճախ կը պա­­տահի, որ վեր­­ջիննե­­րը միասին կը գոր­­ծեն իրենց ընդհա­­նուր շա­­հերէն ել­­նե­­­լով մա­­նաւանդ հայ սփիւռքի պայ­­մաննե­­րուն, երբ կա­­պը մայր երկրի իշ­­խա­­­նու­­թեան հետ եր­­բեմն երե­­րուն է եւ խորթ, շա­­հաբե­­րու­­թեան նպա­­տակ­­նե­­­րը՝ տար­­բեր, իսկ մար­­դիկ ան­­տարբեր՝ իրենց պար­­տա­­­կանու­­թիւննե­­րուն։

Դա­­րեր ի վեր մեր եր­­կի­­­րը տար­­բեր ելե­­ւէջ­­ներ ապ­­րած է, յաղ­­թա­­­նակ­­ներ եւ պար­­տութիւններ ու­­նե­­­ցած, բայց եր­­բեք միայ­­նակ ան­­դունդը իյ­­նա­­­լու վտան­­գի առ­­ջեւ չէ եղած, ինչպէս այ­­սօր, երբ այդ սպառ­­նա­­­լիքը, որ­­պէս դա­­մոկ­­լէ­­­սի թուր՝ ի դէմս մեր հա­­րեւան­­նե­­­րու եւ ներ­­քին խա­­ժամու­­ժի, կա­­խուած է մեր գլխուն եւ որե­­ւէ երաշ­­խիք չկայ, որ այն տե­­ղի չու­­նե­­­նայ մօտ ապա­­գային։ Վտան­­գը ակնյայտ է, եւ Ար­­ցա­­­խի չա­­րաբաս­­տիկ օրի­­նակը ակ­­նա­­­ռու, միայն թէ բո­­լորը չեն, որ ըն­­դունակ են վի­­ճակի կա­­րեւո­­րու­­թիւնը հասկնա­­լու, ճիշդ եզ­­րա­­­յան­­գումի հաս­­նե­­­լու, մա­­նաւանդ ընդդի­­մադիր յոր­­ջորջո­­ւող խառ­­նամբո­­խը, որ վե­­ցերորդ տա­­րին է ար­­դէն առանց դա­­դարի իշ­­խա­­­նու­­թիւն քան­­դե­­­լու քայ­­լեր կը ձեռ­­նարկեն՝ առանց մի վայրկեան մտա­­ծելու կամ հասկնա­­լու, որ իրենց երկրի շի­­րիմը կը փո­­րեն։ Չափն ու սահ­­մա­­­նը ան­­ցած է ար­­դէն։ Սփիւռքի եւ հայ­­րե­­­նիքի մէջ ի վեր­­ջոյ պի­­տի դա­­դարի սար­­սա­­­փի եւ իրար հան­­դէպ ատե­­լու­­թեան տա­­րածու­­մը, որուն գոր­­ծուն հե­­ղինակ­­ներն են մթագ­­նած տե­­սողու­­թեամբ մա­­մու­­լի որոշ խմբա­­գիր­­ներ, բարձր աս­­տի­­­ճանի բա­­զում կրօ­­նաւոր­­նե­­­րու մաս­­նակցու­­թեամբ եւ աջակ­­ցութեամբ։ Տե­­ղին է յի­­շեց­­նել կա­­թողի­­կոսի, արք. Աջա­­պահեանի, եպ. Գալստա­­նեանի եւ այ­­լոց զազ­­րե­­­լի անուննե­­րը։

Կա­­րելի՞ է լռու­­թեան մատ­­նել խայ­­տա­­­ռակու­­թեան հա­­մազօր այն դրո­­ւագը, երբ ըն­­դա­­­մէնը օրեր առաջ, հայ բա­­նակի 32-րդ տա­­րեդար­­ձը կը տօ­­նուէր Յու­­նո­­­ւար 28-ին, եկե­­ղեցին ար­­քա­­­յական բա­­ցակա­­յու­­թեամբ ներ­­կայ էր Եռաբ­­լուրը նշո­­ւող հան­­դի­­­սու­­թեան՝ պատ­­շաճ չհա­­մարե­­լով իր մաս­­նակցու­­թիւնը իշ­­խա­­­նու­­թեան հետ միաժա­­մանակ։ Այս մեծ յա­­ւակ­­նութիւննե­­րով մար­­դիկ իրենց հա­­մակիր­­նե­­­րով հան­­դերձ դեռ չեն հաս­­կա­­­ցած եւ կը հասկնա՞ն ար­­դեօք՝

ա) Բա­­նակի տա­­րեդար­­ձը եւ անոր ար­­ժա­­­նի յար­­գանքի ու մե­­ծարան­­քի ցու­­ցա­­­բերու­­մը ոչ-ան­­հա­­­տական, այլ ազ­­գա­­­յին բնոյ­­թի է, եւ իրենք պա­­տաս­­խա­­­նատու են։

բ)Եթէ հա­­մոզո­­ւած են, որ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն հա­­մազօր դիր­­քի ար­­ժա­­­նի են, ապա պի­­տի մոռ­­նան ման­­կա­­­միտ նե­­ղաց­­կո­­­տու­­թիւնը եւ պե­­տական այ­­րի կե­­ցուածք ու­­նե­­­նան, որ­­մէ շատ հե­­ռու են։

գ)Եթէ հա­­մոզո­­ւած են, որ պճնո­­ւած հան­­դերձան­­քով պա­­տարագ մա­­տու­­ցե­­­լով է, որ եր­­կիր պի­­տի փրկեն՝ չա­­րաչար կը սխա­­լին. ցա­­ւալի Ար­­ցա­­­խը օրի­­նակ։

դ)Զար­­մա­­­նալի էր, որ «Զար­­թօնք»ի (17-2-24) խմբա­­գիրը տեղ կը յատ­­կացնէր ոմն գրա­­կանա­­գէտ Սերժ Սրա­­պիոնեանի թու­­նա­­­լից գրա­­ռու­­մին կա­­թողի­­կոսի մա­­սին ծա­­ւալո­­ւած խօ­­սակ­­ցութիւննե­­րու վե­­րաբե­­րեալ։ Հե­­ղինա­­կը վստահ է, թէ իշ­­խա­­­նաւոր «Ազ­­գա­­­դաւ ոհ­­մակ՝ տգի­­տու­­թեան շնե­­րը, որ­­քան քար­­կո­­­ծեն ոս­­կին պղինձ չի դառ­­նայ» եւ եկե­­ղեցին է երկրի վեր­­ջին յե­­նասիւ­­նը։ Բա­­ւական եր­­կար բար­­բա­­­ջան­­քէն ետք այս կար­­ճա­­­տեսը իր կուռքը կը դա­­սէ Սա­­հակ Պար­­թե­­­ւի, Ներ­­սէս Աշ­­տա­­­րակե­­ցիի, Խրի­­մեան Հայ­­րի­­­կի, Գէորգ Դ Կոնստան­­դուպոլ­­սե­­­ցիի, Վազ­­գէն Ա եւ այլ մե­­ծերու կող­­քին՝ միաժա­­մանակ սպառ­­նա­­­լով, որ պա­­տերազմ կը յայ­­տա­­­րարէ բո­­լոր անոնց դէմ, որոնք բո­­ղոքի հա­­ւաք կը կազ­­մա­­­կեր­­պեն Մայր Աթո­­ռի առաջ, քան­­զի ին­­քը եւ իր նման­­նե­­­րը «եկե­­ղեց­­ւոյ զի­­նուոր են»։

ե) Որ­­քան ճիշդ կ՚ըլ­­լար, եթէ Մայր Աթո­­ռը մի փոքր հոգ տա­­նէր եւ իր դրան առ­­ջե­­­ւը մաք­­րէր, երբ հա­­րիւ­­րա­­­ւոր կար­­գա­­­լոյծ եւ կա­­մաւոր հրա­­ժարո­­ւած հո­­գեւո­­րական­­ներ կան։ Այ­­սօր մա­­մու­­լը յայտնեց ԱՄՆ արեւմտեան թե­­մի առաջ­­նորդ սրբ. Տօ­­նոյեանի հրա­­ժար­­ման լու­­րը, որ պա­­տահա­­կան չէ։ Միեւ­­նոյն առի­­թով բարձր դա­­սի հո­­գեւո­­րակա­­նը, մա­­նաւանդ երբ Հո­­գեւոր Բարձրա­­գոյն Խորհրդի ան­­դամ է, բա­­րոյա­­կան որե­­ւէ պատ­­ճառ կամ իրա­­ւունք չու­­նի քա­­ղաքա­­կան դիր­­քա­­­ւորում բռնել իշ­­խա­­­նու­­թեան այ­­սինքն ժո­­ղովուրդի դէմ ցոյ­­ցե­­­րու մաս­­նակցե­­լով եւ յօ­­դուած­­ներ գրե­­լով։ Չէ՞ որ եկե­­ղեցին բաց է բո­­լորին։

Այս թո­­ւար­­կումը կա­­րելի էր բազ­­մացնել, բայց եկե­­ղեց­­ւոյ դիր­­քը նսե­­մաց­­նել չէ մեր նպա­­տակը, այլ նշել կարգ մը անար­­ժան եկե­­ղեցա­­կան­­նե­­­րու ան­­տե­­­ղի ու ան­­վա­­­յել ըն­­թացքը։

Ի՞նչ է մա­­մու­­լի գոր­­ծունէու­­թեան կա­­տաղի բնոյ­­թի յար­­ձա­­­կողա­­կան այն տե­­սակը, որ որոշ խմբա­­գիր­­ներ եւ «վար­­պետ» յօ­­դուա­­ծագիր­­ներ պար­­բե­­­րաբար կը լեց­­նեն էջեր՝ միակ նպա­­տակ ու­­նե­­­նալով իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը քար­­կո­­­ծել, որ յա­­ճախ վայ­­րա­­­հաչէն հե­­ռու չըլ­­լար՝ պահ­­պա­­­նելով ար­­հեստա­­վար­­ժի մա­­կար­­դակ։ Այդ ոլոր­­տին «առաջ­­նա­­­կարգ» դեր եւ համ­­բաւ ու­­նի Սար­­գիս Մահ­­սէ­­­րէճա­­նը, որու ժան­­տա­­­հոտ թա­­նաքէն աղ­­բա­­­նոց կը հո­­տի եւ ցա­­ւօք անոր կը նմա­­նին Սե­­ւակ Յա­­կոբեանը, Յա­­րութ Սա­­սու­­նեանը եւ ու­­րիշներ, որոնց առ­­ջեւ սփիւռքի խմբա­­գիր­­նե­­­րու դռնե­­րը լայն բաց են։

Շատ բան ու­­նինք փո­­փոխե­­լու, վե­­րէն վար, աջէն ձախ եւ անհնար է գու­­շա­­­կել, թէ՚ վե­­րի ու վա­­րի, աջի ու ձա­­խի մի­­ջեւ կարծրա­­ցած փո­­խադարձ ատե­­լու­­թիւնը, որ զգա­­լի ծա­­ւալ ու բո­­վան­­դա­­­կու­­թիւն ստա­­ցած է, կա­­րելի պի­­տի ըլ­­լայ թօ­­թափել մեր ու­­սե­­­րէն եւ մարդկա­­յին ար­­ժա­­­նի յա­­րաբե­­րու­­թիւններ ստեղ­­ծել հայ հա­­սարա­­կու­­թեան շրջա­­նակին՝ ՀՀ թէ՚ սփիւռք։

Հա­­մոզո­­ւած եմ, որ, այո՚, հնա­­րաւոր է, միայն թէ ար­­դի հա­­մաշ­­խարհա­­յին թոհ ու բո­­հի պայ­­մաննե­­րուն դժո­­ւար է,− իմա՚ ան­­կա­­­րելի,− բա­­րոյա­­կան նե­­ցուկ գտնել։

(Սեն Ռա­ֆայէլ)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ