Սիրան Սեզա նամակներու ընդմէջէն(*)

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Վերջերս եր­­կար եւ տքնա­­ջան աշ­­խա­­­տանքնե­­րէ ետք լոյս տե­­սաւ Սփիւռքա­­հայ կին գրող­­նե­­­րու աստղե­­րէն Սի­­րան Սե­­զայի «Նա­­մակա­­նի»ի Ա. հա­­տորը՝ բա­­նասէր-պատ­­մա­­­բան Գէորգ Եազը­­ճեանի աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեամբ։ Գիր­­քը արագ մը թեր­­թա­­­տելէ ետք կրնամ ան­­վա­­­րան զայն կո­­չել «տա­­րուան հրա­­տարա­­կու­­թիւնը»։

Սի­­րան Սե­­զա կը սե­­րի պոլ­­սա­­­հայ յայտնի ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րէն Զա­­րիֆեան­­նե­­­րէն, որոնք մեր ազ­­գին տո­­ւած են նո­­ւիրեալ կու­­սակցա­­կան գոր­­ծիչ, վա­­ղամե­­ռիկ եղ­­բայրը՝ Վա­­հագ­­նը, բա­­նաս­­տեղծ, նոյնպէս վա­­ղամե­­ռիկ Մատ­­թէոս Զա­­րիֆեանը եւ գրող, հրա­­պարա­­կագիր, լրագ­­րող եւ հայ կա­­նանց իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան Սի­­րան Սե­­զա։ Ան Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի ամէ­­նէն փայ­­լուն ու մտա­­ւորա­­կան կի­­ներէն մէկն է եղած, հա­­ւանա­­բար գլխա­­ւորը։ Մեծ է եղած իր ծա­­ռայու­­թիւնը յատ­­կա­­­պէս «Երի­­տասարդ Հա­­յու­­հի» պար­­բե­­­րակա­­նի մի­­ջոցով (1932-1934, 1947-1968)։

Հարկ է նշել որ Սե­­զայի միակ որ­­դին՝ Վա­­հագն Քիւ­­փե­­­լեանն ու հար­­սը՝ նկա­­րիչ-քան­­դա­­­կագործ Անին ամե­­նայն փու­­թա­­­ջանու­­թեամբ տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րով պա­­հած ու նախ­­նա­­­կան դա­­սաւո­­րու­­թեամբ խնա­­մած էին, ապա Լի­­բանա­­նէն փո­­խադ­­րած էին իրենց հետ Լոս Ան­­ճե­­­լըս։ Այստեղ կրկին ան­­գամ դա­­սաւոր­­ման են­­թարկո­­ւելով բա­­նասէր­­ներ Տէր եւ Տիկ. Մի­­նաս եւ Նա­­զիկ Գո­­ճայեան­­նե­­­րու կող­­մէ, 2021-2022 թո­­ւական­­նե­­­րուն ամ­­բողջ ար­­խի­­­ւը, նե­­րառեալ ան­­տիպ գոր­­ծե­­­րը յանձնո­­ւեցան Հա­­յաս­­տա­­­նի Գրա­­կանու­­թեան եւ Արո­­ւես­­տի թան­­գա­­­րանին (ԳԱԹ), որու տնօ­­րէն­­նե­­­րը՝ Կա­­րօ Վար­­դա­­­նեանը, ապա Վա­­հագն Սարգսեանը ամէն կերպ օժան­­դա­­­կեցին նիւ­­թե­­­րու մշակ­­ման ու դա­­սաւոր­­ման։ Այս մա­­սին Վա­­հագն եւ Անի Քիւ­­փե­­­լեան­­նե­­­րը «Նա­­մակա­­նի»ի մուտքին մէջ կը գրեն. «Մեր որ­­դիական պարտքը կա­­տարե­­ցինք մեր մօր ան­­տիպ գոր­­ծե­­­րը յանձնե­­լով «ԳԱԹ»ին, ապա հրա­­տարա­­կելով իր ամ­­բողջա­­կան եր­­կե­­­րը...»։

Սի­­րան Զա­­րիֆեան (Սէ-Զա) կը հա­­ւատար թէ առա­­քելու­­թիւն մը ու­­նէր հայ­­րե­­­նամերձ գա­­ղութնե­­րու մէջ, հե­­տեւա­­բար՝ ԱՄՆ-ի հռչա­­կուած Քո­­լոմ­­պիա հա­­մալ­­սա­­­րանը աւար­­տե­­­լէ ետք իր «փայ­­լուն աս­­պա­­­րէզը» թո­­ղած երի­­տասարդ Սե­­զա վե­­րադար­­ձաւ Մի­­ջին Արե­­ւելք եւ հաս­­տա­­­տուե­­ցաւ Լի­­բանան, ուր կ՚ապ­­րէին քոյ­­րե­­­րը եւ բու­­ժո­­­ւող բա­­նաս­­տեղծ եղ­­բայրը՝ Մատ­­թէոս Զա­­րիֆեան։ Հրա­­պարա­­կագիր Սե­­զան գոր­­ծուն կեր­­պով նո­­ւիրո­­ւեցաւ ընդհան­­րա­­­պէս կա­­նանց, բայց յատ­­կա­­­պէս հայ իգա­­կան սե­­ռի մտա­­ւոր եւ հա­­սարա­­կական կեան­­քի դե­­րի բարձրաց­­ման։ Այս առու­­մով ան ար­­ժա­­­նի կեր­­պով կը դա­­սուի Սրբու­­հի Տիւ­­սապ, Զա­­պէլ Ասա­­տուր, Ար­­շա­­­կու­­հի Թէոդիկ, Զա­­պէլ Եսա­­յեան, Հայ­­կա­­­նոյշ Մառք, Ար­­փի Մի­­սաքեան վե­­ցեակի շար­­քին, դառ­­նա­­­լով եօթ­­նե­­­րորդ աստղը այս հա­­մաս­­տե­­­ղու­­թեան։ Սե­­զայի մօտ յատ­­կա­­­պէս կը շեշ­­տո­­­ւի մար­­տունա­­կու­­թիւն մը, որ սիրտ ու հա­­մար­­ձա­­­կու­­թիւն ներշնչեց նոր սե­­րունդի իգա­­կան սե­­ռին։ Մեր յի­­շողու­­թեան մէջ տա­­կաւին թարմ են այն պա­­հերը, երբ մեր երկրոր­­դա­­­կան դպրոց­­նե­­­րու բարձր կար­­գե­­­րու եւ հա­­մալ­­սա­­­րան­­նե­­­րու ու­­սա­­­նողու­­հի­­­ները իրա­­րու կը փո­­խան­­ցէին «Երի­­տասարդ Հա­­յու­­հի» ամ­­սա­­­գիրը, որուն խմբագ­­րա­­­կան­­ներն ու իգա­­կան սե­­ռի իրա­­ւունքնե­­րը պաշտպա­­նող Սե­­զայի եւ այ­­լոց հրա­­պարա­­կախօ­­սական գրու­­թիւննե­­րը կը դառ­­նա­­­յին քննարկման առար­­կայ։

Կա­­րելի է ան­­վա­­­րան ըսել թէ Սե­­զան կրթեց հայ կա­­նանց սե­­րունդ մը, որուն կո­­չու­­մը միայն զա­­ւակ­­ներ դաս­­տիարա­­կել, ամուսնոյն սպա­­սար­­կել եւ խո­­հանո­­ցին տի­­րակա­­լը դառ­­նա­­­լը չէր, այլ գոր­­ծուն կեր­­պով մաս­­նակցիլ ազ­­գա­­­յին-հա­­սարա­­կական կեան­­քին, ինքնա­­զար­­գացման եւ հո­­գեբա­­նական ազա­­տագրման։

Պէտք է յի­­շեմ որ երբ Սե­­զա առող­­ջա­­­կան եւ այլ պատ­­ճառնե­­րով պի­­տի դադ­­րեցնէր «Երի­­տասարդ Հա­­յու­­հի»ն, իր սկզբունքին հա­­ւատա­­րիմ մնա­­լով, տրա­­մաբա­­նական գոր­­ծարքով մը պար­­բե­­­րակա­­նի ար­­տօ­­­նագի­­րը ծա­­խեց «Երի­­տասարդ Հայ.» շա­­բաթա­­թեր­­թի հիմ­­նա­­­դիր՝ Յով­­սէփ Մել­­քո­­­նեանին, որուն դե­­րը մեծ եղաւ որ­­պէս ան­­կախ, ան­­կուսակ­­ցա­­­կան, հե­­տախու­­զա­­­կան լրագ­­րութեան (investigative jurnalism) աս­­պա­­­րէզէն ներս հայ լրագ­­րութեան պատ­­մութեան մէջ։

Սե­­զայի «Նա­­մակա­­նի»ն անսպառ աղ­­բիւր մըն է 1930-1960-ական թո­­ւական­­նե­­­րու կեան­­քը ու­­սումնա­­սիրող ու­­սա­­­նողին, պատ­­մա­­­բանին եւ գրա­­կանա­­գէտին հա­­մար։ «Նա­­մակա­­նի»ն կ՚ընդգրկէ հայ մա­­մու­­լի յայտնի դէմ­­քե­­­րէն Անդրա­­նիկ Ծա­­ռու­­կեանի («Նա­­յիրի» ամ­­սա­­­գիր) եւ բա­­նաս­­տեղծ, թարգմա­­նիչ, խմբա­­գիր եւ եր­­կա­­­րամեայ կրթա­­կան մշակ Վա­­հէ-Վա­­հեանի նա­­մակ­­նե­­­րը (Սար­­գիս Ապ­­տա­­­լեան), որոնց մէջ դժո­­ւար չէ կար­­դալ երի­­տասարդ հո­­գինե­­րու ու­­նե­­­ցած մարդկա­­յին, սի­­րային եւ գրա­­կանու­­թեան հան­­դէպ զգա­­ցումներն ու մեկ­­նա­­­բանու­­թիւննե­­րը։

Նա­­մակը, որ­­պէս ար­­տա­­­յայտման գրա­­ւոր ձեւ մը, հնա­­րաւո­­րու­­թիւն կու տայ նա­­մակագ­­րին ըլ­­լալ ան­­կեղծ, յա­­ճախ ան­­կաշկանդ ու տրո­­ւիլ զգա­­ցումնե­­րու զե­­ղումնե­­րուն։ Այս պատ­­ճա­­­ռով ալ այդ նա­­մակ­­նե­­­րը կը յատ­­կանշո­­ւին գրա­­կան ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րով։ Յա­­ճախ կը նկա­­տուին նաեւ քնա­­րական յատ­­կա­­­նիշ­­ներ։ Այս առու­­մով Սե­­զայի «Նա­­մակա­­նի»ն կա­­րելի է նկա­­տել դա­­սական օրի­­նակ մը։ Քնա­­րական զե­­ղումներ, խոս­­տո­­­վանու­­թիւններ ու ներ­­քին խռովքնե­­րու նկա­­րագ­­րութիւններ «Նա­­մակա­­նի»ն կը վե­­րածեն իւ­­րա­­­տեսակ վէ­­պի մը, որուն գլխա­­ւոր հե­­րոս­­ներն են Ա. Ծա­­ռու­­կեան, Սար­­գիս Ապ­­տա­­­լեան (Վա­­հէ-Վա­­հեան) եւ Սե­­զա։

Սար­­գիս Ապ­­տա­­­լեան 11 Օգոս­­տոս 1933-ին կը գրէ Երու­­սա­­­ղէմէն. «Սի­­րելի Սի­­րան, Երու­­սա­­­ղէմ...Ոս­­տան սուրբե­­րու, քա­­ղաք պարսպա­­պատ ու նաեւ գմբէ­­թազարդ։ Ան­­տառ աշ­­տա­­­րակ­­նե­­­րու։ Օրօ­­րոց ու գե­­րեզ­­ման որդւոց մար­­դոց, այլ մա­­նաւանդ՝ այ­­գի ար­­բե­­­ցու­­թեան ու տուն խրախ­­ճանքի...։ Կը շրջիմ փո­­ղոց­­նե­­­րը, ռունգե­­րուս մէջ կա­­րօտն յա­­ւէտ իմ Սու­­րա­­­միթիս բա­­ցակայ բոյ­­րե­­­րուն...։ Մտա­­ծումս կը հե­­տապնդէ զայն (Սու­­րա­­­միթին) նո­­րէն, իմ անա­­ռակ, յան­­ցա­­­պարտ մտա­­ծումս։ Կը տես­­նեմ զինք իր գե­­րագոյն խեն­­դութեանը մէջ...»։

Ու­­րիշ նա­­մակի մը մէջ կը կար­­դանք. «Սի­­րան, շա­­բաթ մըն է գրած եմ քե­­զի, ու տա­­կաւին քու բա­­ռերուդ գի­­նին չհա­­սաւ ին­­ծի։ Կը սպա­­սեմ թուղթիդ»։

Ինչպէս պի­­տի նկա­­տէ ըն­­թերցո­­ղը, անձնա­­կան մտե­­րիմ նա­­մակ­­նե­­­րը կը զգե­­նուն գրա­­կան-գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան տա­­րազ։ Կայ պատ­­կե­­­րաւոր մտա­­ծողու­­թիւն (քու բա­­ռերուդ գի­­նին...), յա­­ջող հա­­մեմա­­տու­­թիւններ եւ պատ­­կե­­­րաւոր լե­­զու։

Ահա­­ւասիկ նմոյշ մը Անդրա­­նիկէն, որուն նա­­մակ­­նե­­­րուն երի­­տասարդ (իր երե­­սուննե­­րուն մէջ) Սի­­րան կը դի­­մէ նաեւ աւե­­լի մտեր­­միկ դի­­մելա­­ձեւով՝ «Սի­­րելի Անդրա­­նիկ», «Թան­­կա­­­գին տղաս», «Ճա­­նիկս» եւ այլն։ Յի­­շենք որ նա­­մակա­­գիր­­նե­­­րը իրենց երե­­սուննե­­րուն մէջ են, Սի­­րան տա­­կաւին պար­­մա­­­նու­­հի տա­­րիքին ժա­­մանա­­կէն շուտ հա­­սունցած եւ կրթո­­ւած էր «Ռո­­պերթ քո­­լէճ»ի մի­­ջավայ­­րին մէջ, Անդրա­­նիկն ու Սար­­գիս Ապ­­տա­­­լեանը՝ ման­­կութեան հա­­ճոյքնե­­րէն զրկո­­ւած «ման­­կութիւն չու­­նե­­­ցող» վե­­րապ­­րողներ էին, որոնք Մի­­ջերկրա­­կանի Փիւ­­նի­­­կեան ափե­­րուն կը հան­­դի­­­պին Քո­­լումպիա հա­­մալ­­սա­­­րանի շրջա­­նաւար­­տուհի ազա­­տամիտ ու զա­­նազան բար­­դոյթնե­­րէ ազա­­տագ­­րո­­­ւած Օրդ. Սի­­րան Զա­­րիֆեանին...։

Այս հանգրո­­ւանին ամէ­­նէն դժո­­ւարը Սի­­րանին վի­­ճակն է՝ որո՞ւն տալ նա­­խապա­­տուու­­թիւնը, մէ­­կը հան­­դարտա­­բարոյ, ռո­­ման­­տիկ, երազ­­կոտ, բա­­նաս­­տեղծ Սար­­գի­­­սի՞ն, թէ՞ կրա­­կոտ, «յար­­ձա­­­կողա­­կան», ան­­մի­­­ջական եւ իրե­­րը իրենց անուննե­­րով կո­­չող Անդրա­­նիկին...

Այ­­սօ­­­րուան ըն­­թերցո­­ղը ի՚նք պի­­տի դա­­տէ այս երի­­տասարդ հո­­գինե­­րը՝ առանց նա­­խապա­­շարումնե­­րու եւ «բա­­րոյա­­կան բարձր» սկզբունքնե­­րու տուրք տա­­լու, որով­­հե­­­տեւ գործ ու­­նինք այնպի­­սի հո­­գինե­­րու հետ, որոնց մէջ կայ ապ­­րե­­­լու, սի­­րելու, «արեւն ըմ­­պե­­­լու» ար­­դար ցան­­կութիւն։

«Մի՞թէ մեղք է սի­­րելը»։

«Նա­­մակա­­նի»ին վրայ Գէորգ Եազը­­ճեանի դրած ճի­­գը, բա­­նասի­­րական պրպտումնե­­րը եւ իւ­­րա­­­քան­­չիւր երկրոր­­դա­­­կան թո­­ւացող ման­­րա­­­մաս­­նութիւն մեկ­­նա­­­բանե­­լը վիթ­­խա­­­րի աշ­­խա­­­տան­­քի մը ար­­դիւնք է։ Ար­­դա­­­րեւ մենք անձնա­­պէս հե­­տեւե­­լով իր յոյժ ար­­հեստա­­վարժ մօ­­տեց­­ման, տե­­սանք թէ ինչպէս ան ծա­­նօթագ­­րած է իւ­­րա­­­քան­­չիւր «ան­­հասկնա­­լի եւ մութ» թո­­ւացող ման­­րա­­­մաս­­նութիւն։ Ար­­դիւնք, 444 էջ­­նոց նա­­մակ­­նե­­­րու Ա. հա­­տորը հարստա­­ցած է Սե­­զայի Կեն­­սագրու­­թեամբ, 1548 ծա­­նօթագ­­րութիւննե­­րով, անձնա­­նուննե­­րու եւ տե­­ղանուննե­­րու ցան­­կե­­­րով (ընդհա­­նու­­րը 718 էջ)։ Որով մենք մե­­զի ար­­տօ­­­նու­­թիւն կու տանք սոյն հրա­­տարա­­կու­­թիւնը յանձնել ՀՀ Կա­­ճառի Գրա­­կանու­­թեան հիմ­­նարկի ու­­շադրու­­թեան, որ­­պէսզի հե­­ղինա­­կը ար­­ժա­­­նանայ յա­­տուկ գնա­­հատան­­քի։

(*) Սի­­րան Սե­­զա, «ՆԱ­­ՄԱԿԱ­­ՆԻ» Ա. հա­­տոր, կազ­­մեց եւ ծա­­նօթագ­­րեց Գէորգ Եազը­­ճեան, «Հա­­յաս­­տան» հրա­­տարակ­­չութիւն, Երե­­ւան, 2023, 718 էջ, հաստ կազմ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ