Մհերին տուփը

ՆԱՐՕՏ ԵԱՆԸՔՕՂԼՈՒ ՔԸՅՄԱԶ

Ըստ իս, միայն երե­­ւակա­­յու­­թիւնն է, որ աճե­­լով, յա­­ռաջա­­նալու տեղ ետըն­­թաց կ՚ար­­ձա­­­նագ­­րէ։ Եթէ խոր­­հիք մա­­նուկնե­­րը կամ մտա­­բերէք ձեր ման­­կութիւ­­նը, պի­­տի հասկնաք, թէ ինչ կ՚ու­­զեմ ըսել։ Մարդ կը ծնի, կը մեծ­­նայ, եւ քա­­նի մեծ­­նայ՝ այնքան լաւ կրնայ քա­­լել, խօ­­սիլ, կար­­դալ, գրել եւ այլն։ Բայց նիւ­­թը երբ երե­­ւակա­­յու­­թիւն է, ինչպէս նշած եմ վե­­րը, մարդ կը կորսնցնէ իր այս դրու­­թիւնը։ Եթէ մտա­­ծէք ձեր ման­­կութեան մա­­սին, ձեր առ­­ջեւ պի­­տի բա­­ցուի երե­­ւակա­­յու­­թեան աշ­­խարհի դու­­ռը։ Հոն պի­­տի գտնէք մտա­­ծումներ, հար­­ցումներ եւ հե­­տաքրքրու­­թիւն։ Բայց ման­­կութե­­նէն յե­­տոյ մա­­նաւանդ հե­­տաքրքրու­­թիւնը գտնել շատ դժո­­ւար է մեր մօտ։ Կար­­ծեմ բա­­ներ մը կը փո­­խուի, եւ մարդ կորսնցնել կը սկսի հե­­տաքրքրու­­թիւնը, կեան­­քի դժո­­ւար պայ­­մաննե­­րուն դէմ պայ­­քա­­­րած պա­­հերուն։

Մհեր հա­­մալ­­սա­­­րանի ու­­սա­­­նող էր։ Թէ ակա­­դէմա­­կան եւ թէ ըն­­կե­­­րային կեան­­քին մէջ կը սի­­րուէր իր շուրջին­­նե­­­րէն։ Ման­­կութե­­նէն ի վեր կ՚ապ­­րէր ըն­­տա­­­նիքին հետ։ Օր մը ըն­­տա­­­նեօք որո­­շում տո­­ւին փո­­խադ­­րո­­­ւելու։ Պատ­­րաստու­­թիւննե­­րուն ըն­­թացքին մէջ­­տեղ ելան չգոր­­ծա­­­ծուող առար­­կա­­­ներ, որոնք իրենց յի­­շեցու­­ցին ան­­ցեալ օրե­­րը, չէ որ ամէն մի առար­­կայ ու­­նի իր յի­­շատա­­կը։ Առար­­կա­­­յի մը նա­­յելով, երգ մը իմա­­նալով, հո­­տոտե­­լով կրնանք մեր ան­­ցեալին հաս­­նիլ եւ յի­­շել լաւ կամ գէշ ապ­­րումներ։ Ահա­­ւասիկ ճիշդ այսպէս բան մը պա­­տահե­­ցաւ փո­­խադ­­րութեան պատ­­րաստու­­թիւննե­­րուն պա­­հուն։ Այս առար­­կա­­­ներէն մէկն էր Մհե­­րին տու­­փը։ Մհեր պզտիկ տա­­րեկա­­նին երբ կը պտտէր իր մօր հետ, յան­­կարծ տե­­սած էր տուփ մը։ Մայ­­րի­­­կէն ու­­զած էր, մայ­­րիկն ալ զինք չէր մեր­­ժած եւ գնած էր այդ տու­­փը։ Օրուան աճա­­պարան­­քէն մայ­­րը չէր կրցած հարցնել թէ ինչ պի­­տի ընէր այդ տու­­փով։ Երբ տուն հա­­սան Մհեր սե­­նեակը գնաց եւ գզրո­­ցին մէջ տե­­ղաւո­­րեց տու­­փը։ Եւ տու­­փին պատ­­մութիւ­­նը ճիշդ այդ վայրկեանէն սկսաւ։ Խա­­նու­­թին մէջ սո­­վորա­­կան տուփ մըն էր, որ կը սպա­­սէր գնորդ մը, բայց հի­­մա մէ­­կու մը հա­­մար գոր­­ծի պի­­տի ծա­­ռայէր։ Մհեր տա­­րիներ շա­­րու­­նակ այդ տու­­փին մէջ պա­­հեց իրեն շատ ազ­­դող օրե­­րու մա­­սին պզտիկ նօ­­թեր եւ կամ նկար­­ներ, տոմ­­սակներ որոնք իրեն պի­­տի յի­­շեց­­նէին այդ օրո­­ւայ պատ­­մութիւննե­­րը։ Զար­­մա­­­նալի երե­­ւակա­­յու­­թիւն մըն էր այդ տա­­րիքի փոք­­րի­­­կի մը հա­­մար։

Բայց ժա­­մանակ մը եկաւ որ այս ըրած­­նե­­­րը սկսան անոր անի­­մաստ դառ­­նա­­­լու եւ ինչպէս վե­­րը նշած էինք, երե­­ւակա­­յու­­թիւնը յա­­ռաջա­­նալու տեղ ետըն­­թաց ար­­ձա­­­նագ­­րեց եւ ան կա­­մաց կա­­մաց լքեց այդ սո­­վորու­­թիւնը։ Տու­­փը կրկին սո­­վորա­­կան տու­­փի մը վե­­րածո­­ւեցաւ, ոչ մէ­­կուն հա­­մար իմաստ մը ու­­նէր, գոր­­ծի մը չէր ծա­­ռայեր։ Տա­­րիներ շա­­րու­­նակ կե­­ցաւ գզրո­­ցին մէջ մին­­չեւ որ Մհե­­րին մայ­­րը փո­­խադ­­րութեան պատ­­րաստու­­թիւննե­­րու ըն­­թացքին գտաւ եւ տո­­ւաւ Մհե­­րին։ Մհեր շատ շո­­ւարե­­ցաւ, որ տու­­փը եղա­­ծին պէս մնա­­ցած էր։ Ինք շա­­տոնց մոռ­­ցած էր։ Շու­­տով տու­­փը ձեռ­­քը առաւ, շուտ մը պի­­տի բա­­նայ կար­­ծե­­­ցին շուրջին­­նե­­­րը, բայց ան քիչ մը կե­­ցաւ, մտքէն ման­­կութիւ­­նը ան­­ցուց՝ այդ պզտիկ, կեան­­քի ապ­­րումնե­­րուն, յի­­շատակ­­նե­­­րուն կա­­րեւո­­րու­­թիւն տո­­ւող Մհե­­րը խոր­­հե­­­ցաւ, յե­­տոյ բա­­ցաւ եւ սկսաւ պզտիկ թուղթե­­րը, տոմ­­սակնե­­րը կար­­դալ։ Պատ­­րաստ էր թէ՛ ժպտե­­լու եւ թէ լա­­լու։ Եր­­ջանկու­­թիւնը եւ յու­­զումը քով քո­­վի կե­­ցած էին սրտին մէջ, քա­­նի կը նա­­յէր այդքան կը մօ­­տենար իր ման­­կութեան, ճիշդ փոք­­րիկ Մհե­­րին պէս կը զգար, կը խոր­­հէր, կը տխրէր։ Այդքան թան­­կա­­­գին էին որ այդ պա­­հերը, քա­­նի որ մայ­­րի­­­կը այդ տու­­փը վե­­րագտնե­­լով իրա­­կանու­­թեան մէջ Մհե­­րի ման­­կութիւ­­նը դրաւ անոր ձեռ­­քե­­­րուն մէջ։ Այդ եր­­ջա­­­նիկ, նուրբ եւ երե­­ւակա­­յու­­թեան սահ­­ման չու­­նե­­­ցող թան­­կա­­­գին ման­­կութիւ­նը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ