Եսայեան Միութիւնը կը բանայ դռները

12 Մար­տին Իս­թիքլալ փո­ղոցի «Հը­տիվեալ Փա­լաս» շէն­քի մէջ պաշ­տօ­նապէս բա­ցու­մը կա­տարո­ւեցաւ նո­րակազմ Եսա­յեան Մշա­կոյ­թի եւ Գրա­կանու­թեան Միու­թիւնի։

Այս մա­սին մա­մու­լին յղո­ւած էր յա­տուկ լու­սա­բանու­թիւն, որու կրճա­տու­մը կը ներ­կա­յաց­նենք թեր­թիս ըն­թերցող­նե­րուն։

«1993 թո­ւակա­նէն մին­չեւ այ­սօր Իս­թանպու­լի մէջ հայ մշա­կոյ­թի եւ գրա­կանու­թեան օր­րան՝ Արաս Հրա­տարակ­չութեան նե­ցու­կով եւ 2019-էն ի վեր հրա­տարակ­չա­տան կեդ­րո­նատե­ղիին մէջ գոր­ծունէու­թիւն ծա­ւալող Եսա­յեան Սրա­հի փոր­ձա­ռու­թեան վրայ հիմ­նուելով, 2022-ի Դեկ­տեմբեր ամ­սուն հիմ­նո­ւեցաւ Եսա­յեան Մշա­կոյ­թի եւ Գրա­կանու­թեան Միու­թիւնը։

Արաս Հրա­տարակ­չա­տան եր­դի­քին տակ մին­չեւ օրս հա­ւաքո­ւած հա­տոր­նե­րէն

գրա­դարան մը կազ­մե­լով, կ՚ու­զենք Թուրքիոյ մէջ խո­րունկ ար­մատ ու­նե­ցող հա­յերէն հրա­տարա­կու­թեան ժա­ռան­գութեան շա­րու­նա­կու­թեան սա­տար կանգնիլ եւ ու­սումնա­սիրա­կան աշ­խա­տանքնե­րու հա­մար պա­րարտ հող պատ­րաստել։

Եր­կար տա­րինե­րու ջան­քի ար­դիւնք եղող գրա­դարա­նը այժմ կը պա­րու­նա­կէ 8000-էն աւե­լի հա­տոր, 200-էն աւե­լի պար­բե­րական­նե­րու հա­զարա­ւոր թի­ւեր, ձե­ռագիր­ներ, թեր­թե­րէ առ­նո­ւած էջեր, լու­սանկար­ներ, քար­տէզներ, նա­մակ­ներ, որ­մազդեր, գրքոյկներ, ձայ­նա­յին եւ տե­սերի­զային ար­ձա­նագ­րութիւններ։

Նո­ւիրա­տուու­թիւննե­րով, նո­ւէր­նե­րով եւ Արա­սի հրա­տարակ­չա­կան աշ­խա­տանքնե­րու ար­դիւնքով հա­ւաքո­ւած գրա­դարա­նի դա­սաւո­րու­մը եւ ցու­ցա­կագ­րումը 2021 թո­ւակա­նէն ի վեր կը կա­տարուին աշ­խա­տակից­նե­րու եւ կա­մաւոր­նե­րու ջան­քե­րով։ Ցու­ցակնե­րը հա­սանե­լի են yesayan.org կայ­քէ­ջին վրայ։

Նո­րոգու­թեան ըն­թացքը հսկեց ճար­տա­րապետ Զա­քարիա Միլ­տա­նօղ­լուն եւ

ձե­ւաւո­րու­մը ըրաւ արո­ւես­տա­գէտ Սէր­տար Աքա։ Միու­թիւնը նաեւ բախ­տը ու­նե­ցաւ վա­յելե­լու Քալ­չըր Սի­վիք նա­խաձեռ­նութեան օժան­դա­կու­թիւնը, ապա­հովե­լու հա­մար գիր­քե­րուն եւ ար­խիւնե­րուն պա­հոց­նե­րը։

Միու­թեան զա­նազան մշա­կու­թա­յին եւ ակա­դեմա­կան առիթ­նե­րուն եւ աշ­խա­տանոց­նե­րուն հա­մար ապա­հովո­ւած է տա­րածք մը եւ բո­լոր ու­սումնա­սիրող­նե­րուն եւ այ­ցե­լու­նե­րուն գրա­դարա­նէն օգ­տո­ւելու հա­մար ըն­թերցաս­րահ մը։

Բա­նաւոր պատ­մութեան եւ յի­շողու­թեան աշ­խա­տանքնե­րու հա­մար լսո­ղական եւ տե­սերի­զային ար­ձա­նագ­րութիւններ կա­տարե­լու հա­մար ան­կիւն մը։ Նաեւ պատ­րաստո­ւած է միու­թեան աշ­խա­տակից­նե­րուն եւ կա­մաւոր­նե­րուն հա­մար գրա­սենեակա­յին ան­կիւն մը, ուր կ՚իրա­կանա­ցուին դա­սաւո­րու­մի եւ ցու­ցա­կագ­րութեան աշ­խա­տանքները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ