Մահուան տասնամեակին ոգեկոչում Պերքին Էլվանի

«Կէզի» զբօ­սայ­գիի դի­մադ­րութեան ըն­թացքին զո­հուած ու­թեակի խորհրդան­շան անու­նը եղաւ 14 ամեայ Պեր­քին Էլ­վան։

11 Մար­տին մա­հուան տաս­նա­մեակին Պեր­քին Էլ­վան յի­շատա­կուե­ցաւ նախ Ֆե­րիգիւ­ղի գե­րեզ­մա­նատու­նը իր հո­ղակոյ­տին վե­րեւ, ապա երե­կոյեան ժա­մերուն «Սես» թատ­րո­նին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած յա­տուկ մի­ջոցա­ռու­մով։ Գե­րեզ­մա­նատան մէջ Պեր­քի­նի հայ­րը Սա­մի Էլ­վան շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց բո­լոր ներ­կա­ներուն, որոնց զօ­րակ­ցութեան շնոր­հիւ գտան անար­դա­րու­թեան դէմ պայ­քա­րելու ուժն ու կո­րովը։

Պեր­քի­նի մօր Կիւլսիւմ Էլ­վա­նի կող­քին էին Հրանդ Տին­քի այ­րին Ռա­քէլ Տինք եւ Ալի Իս­մա­յիլ Քորքմա­զի մայ­րը՝ Էմել Քորքմազ։ Ներ­կայ էին նաեւ ՏԵՄ կու­սակցու­թեան Իս­թանպու­լի քա­ղաքա­պետի թեկ­նա­ծու­ներ, Մե­րալ Տա­նըշ Պեշ­թաշ եւ Մու­րատ Չեփ­նի։

Բան­տարկեալ իրա­ւապաշտպան Ճան Աթա­լայ ալ բան­տէն ղրկած պատ­գա­մով մը մաս­նակցե­ցաւ այս մի­ջոցառ­ման։ Աթա­լայի պատ­գա­մը ըն­թերցեց Էլ­վան ըն­տա­նիքի փաս­տա­բան­նե­րէն Տե­նիզ Էօզէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ