Փեթակ շաբաթօրեայ վարժարանը տօնեց Յարութեան տօնը

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱ­ՏՈՒ­ՐԵԱՆ

norayrdaduryan@gmail.com

23 Մարտ 2024, Շա­բաթ օր Փա­սատե­նա քա­ղաքի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեց­ւոյ Փե­թակ շա­բաթօ­րեայ վար­ժա­րանը մեծ ցնծու­թեամբ տօ­նեց Յա­րու­թեան տօ­նը։ Այդ օր դպրո­ցի սա­ներու, ծնող­նե­րու, եւ հիւ­րե­րու մեծ բազ­մութիւ­նը աղօթ­քով, եր­գով, խա­ղով ու պա­րով դի­մաւո­րեցին Ս. Զա­տիկը։

Փե­թակ դպրո­ցի մէջ Ս. Յա­րու­թեան տօ­նը նշե­լու պատ­րաստու­թիւննե­րը սկսան 40 օր առաջ՝ Բա­րեկեն­դա­նի շա­բաթը։ Դպրո­ցի սա­նիկ­նե­րը նախ սոր­վե­ցան, թէ ի՛նչ պի­տի տօ­նեն, եւ ստա­ցան իրենց տա­րիքի հա­մապա­տաս­խան, պար­զունակ հո­գեւոր դաս­տիարա­կու­թիւն։ Այդ ժա­մանա­կաշրջա­նին աշա­կերտնե­րը սեր­տե­ցին նաեւ Ս. Յա­րու­թեան պատ­շաճ հո­գեւոր եր­գեր, ինչպէս՝ «Սուրբ Աս­տո­ւած»ի Յա­րու­թեան տար­բե­րակը։ Աշա­կերտնե­րը նաեւ սոր­վե­ցան գար­նան եւ Զատ­կո­ւան նո­ւիրո­ւած ման­կա­կան, աշ­խարհիկ եր­գեր։ Իսկ դպրո­ցի եր­կու օգ­նա­կան պա­տանու­հի­ները սեր­տե­ցին Զղջու­մի (խոս­տո­վանանք) աշ­խարհա­բար հա­յերէն լիակա­տար ըն­թերցա­նու­թիւնը։

Տօ­նակա­տարու­թեան հո­գեւոր բա­ժինը տե­ղի ու­նե­ցաւ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ։ Աշա­կերտնե­րը վա­ռեցին մո­մեր, բե­մի վրայ ոգե­ւորու­թեամբ եր­գե­ցին իրենց պատ­րաստած հո­գեւոր եր­գե­րը, ապա ամ­բողջ սրա­հը միաբե­րան եր­գեց Տէ­րու­նա­կան աղօթ­քը։ Եկե­ղեց­ւոյ հո­գեւոր հո­վիւ Սար­գիս աւագ քա­հանայ Փե­թոյեանը տո­ւաւ իր աւան­դա­կան պատ­կե­րաւոր, դիւ­րըմբռնե­լի պատ­գա­մը։ Ան աշա­կերտնե­րուն բա­ցատ­րեց, թէ եթէ մէ­կը ստա­ցեր է ապ­րանք կամ ծա­ռայու­թիւն, պէտք է որ փոխ­հա­տու­ցէ զայն։ Հե­տեւա­բար, պէտք չէ ու­րի­շին պար­տա­կան մնալ։ Նոյնպէս, ըսաւ տէր Փե­թոյեանը, մենք կեանք ստա­ցեր ենք հայր Աս­տուծմէ, ապա հար­ցուց. ինչպէ՞ս փոխ­հա­տու­ցել այս պար­գե­ւը։ Աշա­կերտնե­րը պա­տաս­խա­նեցին, որ պէտք է ապ­րիլ Քրիս­տո­սի հետ եւ հա­ւատա­րիմ մնալ անոր պա­տուի­րան­նե­րուն։ Ապա, դպրո­ցի կա­մաւոր օժան­դա­կու­հի­ներ Էլէն Վար­դա­նեանը եւ Տե­րեւ Տա­տու­րեանը ըն­թերցե­ցին Զղջու­մի աշ­խարհա­բար լիակա­տար գրո­ւած­քը, որ­մէ յե­տոյ բո­լոր աշա­կերտնե­րը եւ ներ­կա­ները ստա­ցան սուրբ Հա­ղոր­դութիւ­նը։ Այդ մի­ջոցին, դպրո­ցի ու­սուցչու­հի՝ հո­գեւոր եր­գե­րու կա­տարող Ազ­նիւ Սէ­րայ­տա­րեանը մե­ներ­գեց Գո­վեա՛ Երու­սա­ղէմը եւ այլ շա­րական­ներ։

Օրո­ւան աշ­խարհիկ բա­ժինը տե­ղի ու­նե­ցաւ եկե­ղեցա­պատ­կան հա­մալի­րի Տու­նա­յեանց սրա­հի մէջ։ Ման­կա­պար­տէ­զի սա­նիկ­նե­րը իրենց ու­սուցչու­հի Անի Մար­սէ­լեանի առաջ­նորդու­թեամբ եր­գե­ցին գար­նան եւ Զատ­կո­ւան նո­ւիրո­ւած ման­կա­կան զո­ւարթ եր­գեր եւ ար­տա­սանե­ցին ոտա­նաւոր­ներ։ Ապա, ոս­տոստե­լով եւ պա­րելով սրահ մտաւ գար­նան ջերմ օրե­րը աւե­տող «նա­պաս­տակ քոյ­րի­կը»՝ բո­լորին ծի­ծաղեց­նե­լով եւ զար­մանք պատ­ճա­ռելով։ Այս հա­մակ­րե­լի հիւ­րը աշա­կերտնե­րուն բաժ­նեց գոյնզգոյն հաւ­կիթներ, պա­րեց անոնց հետ եւ հրա­ւիրեց որ անոնք իր գիր­կը նստած լու­սանկա­րուին։

Յայ­տա­գիրը աւար­տե­ցաւ ըն­տա­նեկան սի­րալիր զրոյցնե­րով, որ տե­ղի կ’ու­նե­նար ծնող­նե­րու կող­մէ նո­ւիրա­բերո­ւած ախոր­ժա­բեր սե­ղանի շուրջ։

Փե­թակ դպրո­ցի աշա­կերտնե­րը այժմ կը պատ­րաստո­ւին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ոգե­կոչ­ման, Համ­բարձման տօ­նին եւ տա­րեվեր­ջի հան­դէ­սին։

Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեց­ւոյ Փե­թակ շա­բաթօ­րեայ դպրո­ցը 4-14 տա­րեկան հա­յոր­դի­ներուն կու տայ հա­յեցի դաս­տիարա­կու­թիւն, թէ՚ կը սո­րուեց­նէ հա­յոց լե­զուն եւ թէ՝ ազ­գա­յին եւ հո­գեւոր ձեռ­նարկնե­րու մի­ջոցով կը կեր­տէ հայ­կա­կան ինքնու­թիւն։ Դպրո­ցի ար­ձա­նագ­րութիւ­նը միշտ բաց է։ Պատ­գամ ձգել՝ 1626 660 9443, գրել՝ stgregorysaturdayschool@gmail.com։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ