Օրը սկսի հայերէն լսելով

ՅԱՍՄԻԿ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Ինչպէ՞ս կը պահ­պա­նես ազ­գութիւնդ, կը հարցնեմ պոլ­սա­հայ բա­րեկա­մու­հիիս, որուն հետ զրու­ցե­լը լոկ հա­ճոյք չէ։ Ինձ բա­ռացիօրէն կ՚ար­բեցնէ անոր հա­յերէն խօս­քը՝ որ զուրկ է աւե­լոր­դա­բանու­թե­նէ, միաժա­մանակ՝ զուսպ, ճշգրիտ, դի­պուկ։ Խօս­քը հան­գիստ է, առանց ձայ­նարկու­թիւննե­րու, ին­չով սո­վորա­բար հե­ղեղո­ւած է շա­տերուս խօս­քը։ Հե­տեւե­լով անոր մտքե­րու ըն­թացքին, կը հիանամ, կը զար­մա­նամ, ամ­փոփ, հա­մոզիչ ձե­ւակեր­պումնե­րէն։

Ազ­գութիւ­նը պա­հելը մար­դու ձեռ­քին է,-հան­գիստ կ՚ըսէ ան։ -Մարդկանց փոր­ձա­ռու­թիւննե­րէն շատ բան կը սոր­վիս։

Օս­մանցի­ները հա­յերուն միշտ կ՚ըսէին՝ «քա­ղաքա­կան կեան­քին մի խառ­նո­ւէք, դուք ձեր եկե­ղեցի­ները կա­ռու­ցէք»։ Մե­րոնք չկրցան հա­ւաքո­ւիլ, ազ­գա­յին ուժ դառ­նալ։ Հի­մա այդ եկե­ղեցին­ե­րու մեծ մա­սը եղած է մզկիթ։

Հայ ժո­ղովուրդը, դժբախ­տա­բար, տի­րանա­լու օլի­կար­խիկ է։ Ցա­ւալի է, որ այդ կը նկա­տուի նոյ­նիսկ ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ։ Մեր ըն­տա­նիքը, որ­պէս ազ­գա­յին կա­ռոյց, տե­մոկ­րա­տական չէ։ Երա­խանե­րը աւագ­նե­րու կող­մէ, դպրո­ցի մէջ նաեւ, այնքան ճնշո­ւած կ՚ըլ­լան, որ ստա­խօսու­թեան կը դի­մեն, սուտ ըսե­լու պար­տա­ւոր կ՚ըլ­լան։ Այսպէս՝ ըն­տա­նիքը կը փտի։ Այ­սօր ապա­հար­զաններն, ամուսնա­լու­ծութիւննե­րը շատ­ցած են։ Երբ ըն­տա­նիքը, որ ազ­գի բջիջն է՝ ամուր չէ, եր­կիրն ու ազգն ալ ամուր չեն։

Սու­տը կու գայ ճնշումնե­րէն։ Մար­դիկ իրենց իս­կա­կան միտ­քը չեն կրնար ար­տա­յայ­տել, ստով ազա­տու­թիւն ձեռք բե­րել կը ջա­նան։ Պա­հը կու գայ, երբ ճնշո­ւած ան­ձը ինքն ալ իրեն սու­տին կը հա­ւատայ։ Սու­տը մէջ­տեղ կը բե­րէ քե­նը, որու հե­տեւանքնե­րով ան­գամ սպա­նու­թիւններ կ՚ըլ­լան։ Այսպի­սով, ժո­ղովուրդը պայ­թունի մէջ կը յայտնո­ւի։ Գլխա­ւոր ան­ձե­րը անընդհատ կ՚ու­զեն լուռ պա­հել ժո­ղովուրդին։ Այս ժո­ղովուրդէն դե­մոկ­րա­տական ձե­ւեր չես կրնար սպա­սել։ Եւ այս դէպ­քին ար­տա­քին թշնա­միին դէմ պայ­քա­րը գրե­թէ անհնար է, քա­նի որ երկրի ներ­սը չկայ հա­մերաշ­խութիւն։

Հա­յերը Պոլ­սոյ մէջ ինքզինք պա­հելու խնդիր ու­նին, ան­շուշտ։ Ինքն իրեն հայ պա­հելու ցան­կութիւն ու­նե­ցող­ներ կան, կան նաեւ հա­կառակ տրա­մադ­րո­ւածու­թեամբ մար­դիկ։ Կան անոնք, որոնք կը տես­նեն, որ հա­յու­թիւնը ան­կա­րող է պայ­քա­րիլ, ինքզինք պաշտպա­նել, խառ­նա­մուսնու­թեամբ կը ձու­լո­ւին։ Ափ մը հայ կայ, որ կը գնա­հատէ իր հայ ըլ­լա­լը, բայց մե­ծամաս­նութիւ­նը այդպէս չէ։ Այս պատ­ճա­ռով, ժո­ղովուրդը տա­րին տա­րուայ վրայ կը նո­ւազո­ւի։ Ժո­ղովուրդը կը քչա­նայ, ուժն ալ հետ կը քչա­նայ։ Մեր օրե­րուն Պոլ­սոյ մէջ ֆի­նան­սա­կան մեծ դժո­ւարու­թիւն կայ հա­մայնքի հա­յապահ­պան կա­ռոյցնե­րը պա­հելու հար­ցով։ Ընդ որու, անոնցմէ՝ հի­ւան­դա­նոցը կը գոր­ծէ ոչ միայն հա­յերու հա­մար։ Ծե­րանոցն է, որ զուտ հայ­կա­կան է։ Պե­տու­թիւնը կ՚ու­զէ,որ մենք այստեղ չմնանք։ Ու­րիշ եր­կիր եր­թալ ու­զողներ կան։ Այդ ցան­կութիւ­նը կա­խեալ է մարդկանց կա­րողու­թիւննե­րէն։ Եթէ ժո­ղովուրդը բազ­մա­նալու ուժ ու­նե­նայ, աւե­լի ճիշդ է այստեղ՝ Պոլ­սոյ մէջ մնա­լը։ Այս քա­ղաքը հայ մշա­կոյ­թի օճախն էր, անոր խորհրդա­նիշը։ Հի­մա թող­նենք,որ ոչնչա­նա՞յ։ Այդ մեծ կո­րուստ կ՚ըլ­լայ։ Այն պա­հելու հա­մար ըն­տա­նիք­ներ պի­տի կազ­մո­ւին,մա­նուկներ պի­տի ծնին։ Բայց պատ­կերն այլ է՝ տխուր է։ Տա­րիներ առաջ ես ցան­կա­ցայ զբա­ղուիլ այդ գոր­ծով՝ խան­գա­րեցին, չկա­րողա­ցայ ընել։

26 տա­րի առաջ էր։ Գա­ղու­թի մէջ կ՚ու­զէի ապա­հովել երի­տասարդնե­րու շփումնե­րը, ստեղ­ծել մի­մեանց ճանչնա­լու առիթ­ներ։ Ամուսնա­նալու տա­րիքին մօ­տեցող երի­տասարդնե­րուն իրար ճանչնա­լու առի­թը ան­բա­ւարար է, որով­հե­տեւ երի­տասարդնե­րու ուղղու­թեամբ մշա­կու­թա­յին շար­ժումնե­րը քիչ են։

Մեր տկա­րու­թիւննե­րը մեր մէջ են. թուրքը չէր խան­գա­րեր իմ նա­խաձեռ­նութիւ­նը իրա­կանաց­նե­լը, այլ հա­մայնքի որոշ ներ­կա­յացու­ցիչներ՝ իրենց շա­հերու հա­մար։ Օրի­նակ, ես միշտ հա­մամիտ եմ, որ հայ կա­նայք ծննդա­բերեն մեր հի­ւան­դա­նոցը՝ ձրի։ Մեր հա­մայնքը, որ փող կը վճա­րէ, օգ­նութիւններ կու տայ այ­լազգի­ներուն, ու­րեմն՝ կարգ մը ծա­ռայու­թիւններ պէտք է իրա­կանաց­նեն ձրի, մա­նաւանդ հայ կա­նանց ծննդա­բերու­թիւնը ու նաեւ ապա­հովէ երա­խայի խնամ­քը մին­չեւ մէկ տա­րեկան ծախ­սը։ Բայց, ցա­ւօք, հա­ւաքուող փո­ղերը ժո­ղովրդի հա­մար միշտ չէ, որ կը ծախ­սո­ւին։ Պէտք է ժո­ղովրդին գո­նէ մի­ջին դա­սակար­գի մէջ պա­հել։ Անձնա­կան օգուտնե­րը, երբ առաջ կը դառ­նան, ազ­գա­յին օգուտնե­րը կ՚ան­տե­սուին։

Շատ դա­սեր քա­ղած եմ մեծ մօր­մէս,որ պուրսա­ցի էր։ Կը պատ­մէր, թէ ինչպէս հա­զար­նե­րով՝ կին ու երա­խային, քա­լեցու­ցած են ամա­յի ճա­նապարհնե­րով։ Տղա­մար­դիկ չեն եղած, քա­նի որ անոնք նա­խապէս սպա­նած են։ Ան կո­տորա­ծի շրջա­նին՝ Ուրֆա­յի եւ Սու­րուճի մէջտեղ ին­կած մի վայ­րին չորս տա­րի աք­սո­րին ապ­րած է։ Այդ փոր­ձա­ռու­թիւննե­րով մարդկանց ճանչցած է։ Արա­բական մթնո­լոր­տի մէջ եղած է, քա­նի որ ըն­տա­նիքը փնտռե­լու հա­մար սու­րիացի արա­բի չոր­րորդ կի­նը դար­ձած է։ Հա­յերը շատ քայ­լե­րու դի­մած են իրենց ըն­տա­նիքը փնտռել-գտնե­լու հա­մար... 12 տա­րեկան աղ­ջիկ... ցա­ւալի օրեր ու­նե­ցած է... Չոր­րորդ կի­նը ըլ­լա­լով, ինչքան կա­րողա­ցած է՝ հե­ռու մնա­ցած այդ արա­բէն։ Շատ աղ­ջիկներ, բռնա­բարու­մէն ետք անձնաս­պան եղած են։ Մեծ մայ­րիկս վի­ժած է, բայց շա­տերն ալ ծնած են ։ Իրեն ան­ցուցած­նե­րը պատ­մե­լով, օգ­նած է ինձ, որ ճիշդ ուղղու­թիւններ ընտրեմ կեան­քի եւ օտար մթնո­լոր­տի մէջ հայ մե­ծանամ։ Շատ եր­կար պատ­մութիւն է, թէ ինչպէս փա­խաւ արա­բէն։ Կը յի­շէր,որ ծե­ծելով իրեն նա­մազ ընել կու տա­յին։ Եր­բեմն օրե­րով կե­րակուր չեն տո­ւած, շատ անօ­թի ու ծա­րաւ օրեր ան­ցուցած է։ Մայ­րը աղախ­նութիւն ըրած է հա­րեւան գիւ­ղի արաբ­նե­րէն մէ­կուն տա­նը։ Պա­տահա­կան լսե­լով, որ մօր հետ գտնո­ւող փոք­րիկ քոյ­րի­կը ծանր հի­ւան­դա­ցած է, ան կը յա­ջողի փախ­չիլ՝ աւազ­նե­րու վրայ օձի նման սո­ղալով, գլու­խը չբարձրաց­նե­լով, կա­րիճի խայ­թոցնե­րուն դի­մանա­լով ան կը հաս­նի մօ­րը։ Քոյրն ար­դէն մա­հացած էր։ Մայր ու աղ­ջիկ փոք­րի­կին կը թա­ղեն Ուրֆա­յի մէջ, Սուրբ Աբ­րա­համ բեր­դի մօտ։ Մեծ մայ­րիկս ին­ծի կտակ ըրած է, որ եր­թամ այն տե­ղը ու ծա­ղիկ­ներ դնեմ իմ չտե­սած մօ­րաք­րոջս գե­րեզ­մա­նին...

Մայրս կ՚ըսէր՝ «Ես չկրցայ օգ­տո­ւիլ մեծ մօրդ իմաս­տութե­նէն, դուն սոր­վե­ցար. քե­զի մեծ­ցուց մեծ մա­ման»։ Ին­քը կ՚աշ­խա­տէր, որ ըն­տա­նիք պա­հէր եւ ժա­մանակ չու­նէր զրու­ցե­լու։ Այս տե­սակ ցա­ւալի բա­ներ ու­րիշնե­րու հետ ալ պա­տահած է։

Առա­ջին ան­գամ Անգլիա, անգլիացիի բե­րանէն լսե­ցի, որ 1 500 մի­լիոն հայ զո­հուած է։ Որ­պէսզի հա­յոց պատ­մութեան վե­րաբե­րեալ գի­տելիք­ներս լրաց­նեմ եւ միեւ­նոյն ժա­մանակ անգլե­րէնս յղկեմ, սկսե­ցայ անգլե­րէնով հա­յոց պատ­մութիւն կար­դալ։ Ծա­նօթա­ցայ պէյ­րութա­հայե­րուն հետ, որոնք ինձ հա­յերէ­նի դա­սեր կու տա­յին։ Մարդ, երբ գի­տէ իր ըն­տա­նիքի, ցե­ղի պատ­մութիւ­նը, կը ցան­կա­նայ մէկ բան ընել իր ազ­գի հա­մար։ Քիչ կ՚ընէ, շատ կ՚ընէ՝ կա­խուած են իր կա­րողու­թիւննե­րէն։ Կա­րեւո­րը՝ հա­յերէն խօ­սող ըլ­լայ, որով­հե­տեւ մենք մեզ պա­հելու հա­մար ամե­նէն առաջ հա­յերէն լե­զուով պի­տի խօ­սինք։ Ես կը նկա­տեմ՝ ան­ձեր, որոնք չու­նին սերտ կապ ըն­տա­նիքի, հա­մայնքի, ազ­գի հետ, կը շե­ղուին դէ­պի թրքու­թիւն կամ եւ­րո­պական մատ­չե­լի ժա­մանա­կակից մշա­կոյթ։ Ու­րիշ ժո­ղովուրդնե­րու հետ շփու­մը, ան­շուշտ, պէտք է ըլ­լայ, բայց իւ­րա­քանչիւրն իր մա­սին ամէն ինչ պէտք է իմա­նայ, որ­պէսզի իրեն պաշտպա­նէ օտա­րի խե­ղաթիւ­րումնե­րէն։ Պատ­մութեան վե­րաբե­րեալ գի­տելիք­նե­րը կ՚օգ­նեն հասկնալ, թէ ազ­գը ինչպէ՞ս պէտք է պայ­քա­րի, որ­պէսզի գո­յատե­ւէ։

Երկրորդ դա­սարան էի, երբ ու­սուցիչս քար­տե­զի վրայ ցոյց տա­լով, թէ ով­քեր են Թուրքիոյ թշնա­մինե­րը, Յու­նաստա­նէն, Պուլղա­րիա, Սի­րիայէն ետք մա­տը դրաւ Էր­մա­նիս­տան անո­ւանո­ւած տա­րածու­թեան վրայ։ Այդ պա­հուն զգա­ցի, որ ես, էր­մա­նի ըլ­լա­լով, հայ ըլ­լա­լով, հա­կառակ եմ իրենց։ Ես իմա­ցայ, որ Էր­մա­նիս­տան կայ, որու մա­սին չգի­տէի։ Ու այդ օրէն սերմ դրո­ւեցաւ մէջս, որ ես՝ իրենց մէջ, իրենցմէ չեմ՝ ու­րիշ եմ։ Այդ ու­րիշ ըլ­լա­լը եր­կար ժա­մանակ իմ մէջ բար­դոյթներ յա­ռաջա­ցուց։ Ես ինձ մի­նակ կը զգա­յի։

Երբ տե­սայ,որ ամե­րիկա­ցին հպարտ է, քա­նի որ ամե­րիկա­ցի է, գեր­մա­նացին՝ որ գեր­մա­նացի, իսկ թուրքը՝ թուրք ըլ­լա­լով հպարտ է, ես ալ հայ ըլ­լա­լովս հպար­տա­ցայ։ Փոք­րէն տե­սայ, որ հայ ըլ­լա­լը ճիշդ է ինձ հա­մար։ Եւ միշտ պայ­քարս անոր հա­մար եղած է։ Այն ու­սուցչու­հին ին­ծի արթնցուց. թշնա­մի ըլ­լալս ցոյց տա­լով, կ՚ու­զէր ճնշել ինձ, որ­պէսզի մե­կու­սացնէ դա­սարա­նին մէջ՝ բայց ին­ծի լա­ւու­թիւն ըրաւ։ Ես պայ­քա­րել սոր­վե­ցայ։ Այդ եղաւ ինձ ամ­րացնո­ղը, այ­դուհետ ես միշտ ամուր եղած եմ։

Հի­մա Պոլ­սոյ հա­յերու մէջ գի­տակից­ներ ալ կան, բայց ի՞նչ ու­ժով պէտք է մնան, ապ­րին այնտեղ՝ չեմ կրնար ըսել։ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովուրդը, ցա­ւօք, դեռ լիովին պատ­րաստ չէ սփիւռքի ժո­ղովուրդին ըն­դունիլ, մտեր­մա­նալ անոր հետ։ Առայժմ դե­ռեւս «աղբար» ըսե­լով կ՚ըն­դունին։ Այդ պէտք է վե­րացո­ւի։ Պէտք է բո­լորը գիտ­նան, որ մենք մէկ ժո­ղովուրդ ենք։ Մե­րին իս­կա­կան տու­նը հայ մշա­կոյ­թի կեդ­րոնն է, որ Հա­յաս­տանն է։ Հայն այնտեղ պէտք է ինքզին­քը գտնէ։ Հա­յերը, որ­տեղ ալ ըլ­լան, պէտք է ջերմ շփումներ ու­նե­նան մէկզմէ­կու հետ, մի­մեանց օգ­նեն։ Մենք այն դժբախ­տութիւ­նը ու­նինք, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ չենք կա­րողա­նար լաւ կազ­մա­կեր­պո­ւիլ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ