Մեծ Հայքի Փոքր Արմտանը

ՀՐԱԶԴԱՆ ՄԱԴՈՅԵԱՆ

«Տաճար է մեր երկիրը՝ սուրբ
է ամեն քար»

Վ. Տէրեան

Մեղքս մար­դոցմէն պա­հեմ, Աս­տուծմէն ինչպէ՞ս պա­հեմ։

Մին­չեւ մեր մայր ԲՈՒՀ-ի բա­նասի­րական ֆա­կուլտե­տը՝ թէ­կուզ եւ ռու­սաց լե­զուի եւ գրա­կանու­թեան բա­ժինը աւար­տելս ես Յա­կոբ Մնձու­րիի մա­սին չէի լսած։ Աւե­լի ստոյգ՝ անու­նը լսած էի. հօ­րեղ­բայրս՝ Գէորգ Մա­դոյեանը Ծա­տուր Աղա­յեանի հետ Թուրքիա 1968-ի աշ­նան ԽՍՀՄ կի­սապաշ­տօ­նական պա­տուի­րակութեան կազ­մին այ­ցե­լելէ ետք (Վրաս­տա­նէն այն ժա­մանա­կուայ ԿԿ առա­ջին քար­տուղար Մժա­վանա­ձէի ըն­տա­նիքի ան­դամներն էին)։ Պոլ­սոյ իր տպա­ւորու­թե­նէն կը պատ­մէր։ Ան­կէ ես՝ առա­ջին կուրսի ու­սա­նողս առա­ջին ան­գամ լսե­ցի Յա­կոբ Մար­տա­յեանի անու­նը, լսե­ցի կար­ծեմ «Ժա­մանա­կի» խմբագ­րութիւ­նը Պոլ­սոյ հայ գրող­նե­րու՝ նաեւ Յա­կոբ Մնձու­րիի հետ հան­դիպման մա­սին։ Կը յի­շեմ միայն, որ հօ­րեղ­բայրս՝ արեւմտա­հայ գրա­կանու­թեան լա­ւագոյն գի­տակ­նե­րէն մէ­կը, կ՚ըսէր, որ անոր պատ­մո­ւածքնե­րուն մեր՝ Կար­նոյ հայ­կա­կան գիւղն է՝ այնպի­սին, ինչպէս դեռ պահ­պա­նուած է Ջա­ւախ­քը, որ Յ. Մնձու­րիի հետ մեր բար­բա­ռով խօ­սած են, ին­չը եր­կուքին ալ մեծ բա­ւակա­նու­թիւն պար­գե­ւած է։

Յե­տոյ մի քա­նի տա­րի ան­ցաւ. ես աւար­տե­ցի հա­մալ­սա­րանն ու Լե­զուի ինստի­տու­տը կրտսեր գի­տաշ­խա­տող դար­ձայ՝ Հայ-ռու­սե­րէն բա­ռարա­նի խմբա­գիր եւ օրե­րէն մի օր՝ ամ­բողջ կամքս բուռս հա­ւաքե­լով եւ երեսս կա­շի դարձնե­լով յանդգնե­ցայ Հրանդ Մատ­թէոսեանի մօտ եր­թալ՝ անոր պատ­մո­ւածքնե­րը ռու­սե­րէն թարգմա­նելու առա­ջար­կով եւ թոյլտւու­թիւնը ստա­նալու յոյ­սով, չնա­յած Հրանդ Մատ­թէոսեանին կէս­բե­րան կը ճանչնա­յի. մի ան­գան հան­րա­կացա­րանը անոր հետ հան­դի­պում կազ­մա­կեր­պած էինք։

Չ՜եր­կա­րեմ՝ Հ. Մատ­թէոսեանի մի քա­նի պատ­մո­ւածք թարգմա­նեցի, բայց անոնք չտպագ­րո­ւեցան՝ Անա­հիտ Բա­յան­դուրի մե­նաշ­նորհը ան­յաղթա­հարե­լի էր, բայց Հ. Մատ­թէոսեանը առա­ջար­կեց Յա­կոբ Մնձու­րի թարգմա­նել, աւե­լաց­նե­լով, որ մի քա­նի անու­նով թարգմա­նիչ փոր­ձած են, բայց չեն կա­րողա­ցած. ա՜յ եթէ ես Մնձու­րի թարգմա­նեմ, յե­տոյ կա­րելի կ՚ըլ­լայ եւ իր գրած­նե­րու մա­սին խօ­սիլ։ Ճա­հել էի եւ ինքնավստահ՝ հա­մաձայ­նե­ցայ։ Թարգմա­նու­թիւննե­րը յա­ջող ստա­ցուե­ցան, բայց սո­վետին՝ Թուրքիա ապ­րող հայ գրող ռու­սե­րէն Մոս­կո­ւա տպագ­րե­լը անհնա­րին եղաւ. որ­քան ալ փոր­ձե­ցին գոր­ծը գլուխ բե­րել Հ. Մատ­թէոսեանը ու Ա. Բի­տովը՝ բան դուրս չե­կաւ։ Յա­կոբ Մնձու­րին ար­դէն չկար։ 1980-ին միայն 12 պատ­մո­ւածք վեր­ցուց “Иностранная литература”-ն, բայց Թուրքիա հեր­թա­կան ռազ­մա­կան յե­ղաշրջման պատ­ճա­ռով ար­դէն ստո­րագ­րո­ւած հա­մարէն հա­նեցին։ Պա­տաս­խա­նատու քար­տուղա­րը ըսաւ, որ ոչինչ կրնայ ընել, վե­րեւէն թոյլտւու­թիւն պէտք է, եւ մա­տը եր­կինք տնկեց. ըսաւ, հան­դէ­սի պատ­մութեան մէջ առա­ջին դէպքն էր, երբ 2 մա­մուլ յատ­կա­ցուած էր պատ­մո­ւածքնե­րու, այն ալ՝ ար­դէն մա­հացած հե­ղինա­կի։ Ին­չե­ւէ։ Ար­դէն ան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան «Ան­տա­րես» հրա­տարակ­չութիւ­նը լոյս ըն­ծա­յեց Յա­կոբ Մնձու­րիի ռու­սե­րէն գիր­քը՝ Հ. Մատ­թէոսեանի յա­ռաջա­բանով՝ “Наш храм” “Մեր ժա­մը” անո­ւան տակ։

Այդ ըն­թացքին ես ծա­նօթա­ցայ եւ մտեր­մա­ցայ «Հայ­ֆիլմի» նա­հապետ, անո­ւանի կի­նօ-օփե­րաթոր Լե­ւոն Աթո­յեան­ցի հետ։ Յ. Մնձու­րիի ռու­սե­րէն գիր­քը նո­ւիրե­ցի, ան կար­դաց եւ ոգե­ւորո­ւած կը կրկնէր, որ ամէն մի պատ­մո­ւածք կար­ճա­մետ­րաժ ֆիլ­մի պատ­րաստի սցե­նար է, կը մնայ նկա­րելը։ Նկա­րող չե­ղաւ, բայց գա­ղափա­րը մնաց եւ ես որո­շեցի ան­պայման Փոքր Արմտան ուխտի եր­թալ եւ իրա­կանաց­նել Վար­պե­տի երա­զան­քը։

Իմ եւ անոր, ինչպէս նաեւ Հ. Մատ­թէոսեանի երա­զան­քը իրա­կանաց­նել յա­ջողո­ւեցաւ 2020-ի աշ­նա­նը։ Պայ­մա­նաւո­րուե­ցայ համ­շէնցի մեր հայ­րե­նակից­նե­րէն մէ­կու՝ Ալիի հետ, որ ան իր մե­քենա­յով մեզ կը դի­մաւո­րէ Կար­ծախ եւ կը տա­նի՝ ուր որ կ՚ու­զենք։ Երե­ւանէն չորսս էինք. ես, քե­ռիիս որ­դի Գէորգ Թա­զայեանը, մեր ըն­կեր Համ­լետ Շահ­բե­կեանը ու օփե­րաթոր Կա­րէն Սա­չեանը։ Սեպ­տեմբե­րի 21-ին ան­ցանք սահ­մա­նը։

Ֆիլ­մի գա­ղափա­րի մա­սին Լ. Աթոեան­ցի հետ եր­կար խօ­սած էինք։ Որո­շուեց նկա­րել գիւ­ղը, որ­պէս հիմք վերցնե­լով Յ. Մնձու­րիի պատ­մո­ւածքնե­րը, հիմ­նա­կանին՝ «Մեր ժա­մը», աւե­րակ գիւ­ղի կադ­րե­րը հա­կադ­րե­լով Յ. Մնձու­րիի տեքստին, ուր ան կեն­դա­նի գիւ­ղի եռու­զեռ կեան­քի մա­սին կը պատ­մէ։

Ամ­բողջ ու­ղե­ւորու­թիւնը չպատ­մեմ։ Տէր­սի­մէն՝ որ թուրքե­րը 1936-37 թթ. ապստամ­բութե­նէն ետք Թունճէ­լի վե­րանո­ւանած են, բայց այդ անու­նով ո՜չ քա­ղաքը, ո՜չ գա­ւառը ոչ ոք չի կո­չեր՝ Տէր­սի­մը Տէր­սիմ է։ Վաղ առա­ւօտեան գա­ցինք Իլիճ, ճամ­բուն ըստ անհրա­ժեշ­տութեան հե­ռախօ­սով կա­պուե­լով Պոլ­սոյ «Ակօս»ի խմբագ­րութեան եւ յատ­կա­պէս Բագ­րատ Էս­դուգեանի հետ։ Իլի­ճի մէջ Արմտան բա­ռը մարդկանց ան­ծա­նօթ էր. մենք դի­տաւո­րեալ Ար­մուտլու՝ (այդպէս հի­մա կը կո­չուէր գիւ­ղը), անու­նը չէինք տար։ Ան­ցորդնե­րէն մի քա­նիին ապար­դիւն դի­մելէ ետք Ալին առա­ջար­կեց ժան­դարմե­րիայի բա­ժին մտնել։ Գա­ցինք։ Մեզ ու­ղեկցե­ցին մի 30-35 տա­րեկան թիկ­նեղ, ցո­րեն մաշ­կով ու կա­նաչ աչ­քե­րով սպա­յի մօտ։ Ըսինք թէ, ինչ կը փնտռենք։ Ան ալ ըսաւ, որ ժան­դարմե­րիայի են­թա­կայ տա­րած­քին նման գիւղ ին­քը չի գի­տեր. կան­չեց ոս­տի­կան­նե­րէն մի եր­կուքին, որոնք հաս­տա­տեցին պե­տի խօս­քը։ Բե­րել տո­ւին գիւ­ղե­րու ցան­կը՝ տպած. դար­ձեալ չկայ։ Առա­ջար­կեց տա­րեց մարդկանց հարց ու փորձ ընել՝ անոնցմէ մէկն ու մէ­կը կա­րող է իմա­նայ, յա­ջողու­թիւն մաղ­թեց ու հրա­ժեշտ տո­ւաւ։ Մենք ալ շնոր­հա­կալու­թիւնը յայտնե­ցինք։ Ամ­բողջ ըն­թացքին ոչ մի բառ չը­սուե­ցաւ, ոչ մի հարց չտրո­ւեցաւ, թէ որ­տե­ղացի՞ ենք, չնա­յած իրար հետ իր ներ­կա­յու­թեամբ հա­յերէն կը խօ­սէինք, ին­չո՞ւ կը փնտռենք յատ­կա­պէս այդ գիւ­ղը, կար­ծես ինքն ալ մեզ­մէ մէ­կը ըլ­լար։ Նո­րէն դուրս եկանք փո­ղոց. դար­ձեալ մի քա­նի հո­գու հար­ցուցինք՝ ոչ ոք չէր գի­տեր, վեր­ջա­պէս մէկն առա­ջար­կեց հարցնել ա՜յ այն մար­դուն՝ 70-ի մօտ է, ինքն ալ, պա­պերն ալ տե­ղացի են։ Մար­դը իս­կա­պէս գի­տէր. հա՜, ըսաւ, բայց հի­մա գիւ­ղը մարդ չ՚ապ­րիր, անունն ալ ու­րիշ է՝ Ար­մութլու, եր­կու գիւղ են, մէ­կը՝ Մեծ, միւ­սը՝ Փոքր, ժա­մանա­կին քե­ռիենքս այդ գիւ­ղը ապ­րած են, առաջ գիւղ տա­նող ճա­նապարհ ալ չկար, մի քա­նի տա­րի է ինչ կա­ռու­ցած են, ու ման­րա­մասն բա­ցատ­րեց, ինչպէս եր­թանք։ Դար­ձեալ ոչ մի հարց՝ ով­քե՞ր էք, ին­չո՞ւ կը փնտռէք։

Գա­ցինք։ Ճա­նապար­հը աս­ֆալտա­տապ էր, խաչ­մե­րու­կէն, որ­տեղ ծու­ռումուռ Քիւ­չիւք Ար­մութլու եւ Պիւ­յիւք Ար­մութլու դժո­ւար կար­դա­ցուող ցու­ցա­նակն էր, մօտ տա­սը քի­լոմեթր հե­ռու։ Առա­ջինը Փոքր Արմտանն է, ան­կէ մի 2-3 քմ վրայ՝ Մե­ծը։ Գիւ­ղե­րը արեւ­կող, թե­թեւ թե­քու­թեան լան­ջին են, դէ­մը հիաս­քանչ մի տե­սարան, հե­ռուն՝ Եփ­րա­տի կիրճն ու Արմտա­նի համ­բա­ւաւոր այ­գի­ները։ Այ­գի­ներն ու Մեծ Արմտան չգա­ցինք. ին­չո՞ւ՝ կը պատ­մեմ։ Գիւ­ղը մեր այ­սօ­րուայ պատ­կե­րացու­մով բա­ւակա­նին փոքր էր, հա­զիւ 30-40 տուն, բայց ըն­դարձակ մեծ բա­կերով ու մեծ ըն­դարձակ տնե­րով, եր­բեմն՝ երկյար­կա­նի։ Մշտա­կան բնակ­չութիւն իս­կա­պէս չու­նի. մի եր­կու տեղ պա­տերը պե­թոնով ամ­րա­ցուած էին, վրան թի­թեղէ ան­ճոռնի մի հա­ւաբ­նով, որ հա­ւանա­բար որ­պէս ժա­մանա­կաւոր կա­ցարան կ՚օգ­տա­գոր­ծուէր։ Որ­քան նկա­տեցինք, հայ­կա­կան գիւ­ղե­րը բնա­կեցո­ւած չեն։ Նոյ­նիսկ հի­մակո­ւայ Վա­նը հին՝ հա­յոց Վա­նի հա­րեւա­նու­թեամբ կա­ռու­ցո­ւած է. Արա­րատեան թա­գաւո­րու­թեան միջ­նա­բեր­դէն որ ներ­քեւ կը նա­յիս, Այ­գեստա­նի տնե­րու հիմ­քերն կը նշմա­րուին. հո­ղը պա­րապ է թէ ամուլ՝ նոյ­նիսկ մի ծառ չ՚ աճիր։

Արմտա­նի տնե­րու կտուրնե­րը փուլ եկած են, փայ­տե­ղէնը փտած է, կան­գուն են միայն պա­տերը, այն ալ կի­սաքանդ։ Կ՚երե­ւի, որ մար­դիկ յա­տուկ չեն աւե­րած. տէ­րերու հե­ռանա­լէն ետք բնու­թիւնը ըրած է իր անո­ղորմ գոր­ծը։ Զար­մա­ցուց, որ պա­տերը մոխ­րա­գոյն մար­մա­ռէ էին. Յ. Մնձու­րին ոչ մի տեղ անոր մա­սին չէ խօ­սած։ Ժա­մանա­կի հետ կրա­քարը անձրեւ­նե­րու եւ ձիւ­նի տակ ճաք­ճա­քած էր. պա­տերը կար­ծես ծե­րացած, սմքած էին, նստած գետ­նին։ Պա­տերէն մէ­կուն ար­ձա­նագ­րութիւն կար. «Շի­նուե­ցաւ այս տու­նը ձե­րամբ վար­պետ Կա­րապե­տի. 1909», մէկ այլ տեղ բա­կի փայ­տէ դրունքն էր պահ­պա­նուած էր՝ ճկի­կը վրան։ Յի­շեցինք Յ. Մնձու­րիի պատ­մա­ծը. «Ըսեր էր, թէ մեր տու­նե­րուն դռնե­րը ժա­մուն դռնե­րուն պէս պա­գեր էին ու զա­տուեր էին»։ Դրունքը այդպէս ալ փակ մնա­ցած էր՝ բա­ցող չէր եղած։

Մօտ կէս ժամ նկա­րելէ ետք որո­շեցինք գիւ­ղի ժա­մը գտնել։ Գիւ­ղա­մէջ մտանք եւ կա­նանց ձայ­ներ լսե­ցինք։ Մօ­տեցանք. մի 6-7 հո­գի, չար­շաֆնե­րը երես­նե­րուն, մի քա­նի երա­խայ։ Մեզ տե­սան, խառ­նո­ւեցան։ Բա­րեւե­ցինք, հար­ցուցինք մզկի­թի տե­ղը։ Մէ­կը, որ աւե­լի տա­րեց էր, ցոյց տո­ւաւ ուղղու­թիւնն ու ըսաւ, որ գիւ­ղի տղա­մար­դիկ այնտեղ են։ Գա­ցինք։ Մզկիթ, որ ակնյայտ գիւ­ղի եկե­ղեցին՝ ժամն է եղած, պա­տի տակ երե­ւի մի տա­սը հո­գի տղա­մարդ կար՝ որը կանգնած, որը նստած։ Մեզ տե­սան, եկան դէմ։ Բա­րեւե­ցինք։ Անոնք ալ բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­ցին եւ մէ­կը, որ գիւ­ղի տա­նու­տէր ներ­կա­յացաւ, գա­լերուս պատ­ճա­ռը հար­ցուց։ Մեր Ալին ալ դար­ձաւ, թէ՝ ինձ ցոյց տա­լով, այս մար­դու պա­պերը այս գիւ­ղէն եղած են, տե­միր­ճի՝ դար­բին եղած են։ Մինչ այդ մենք մի քա­նի բառ հաս­ցուցինք փո­խանա­կել հա­յերէն։ Թուրքե­րու «Հոշ կել­տի­նիզ»ը, «Բա­րով էք եկել»ը վայրկե­նապէս ան­հե­տացաւ՝ մեր դէմ կա­տաղած մի ոհ­մակ կանգնած էր։ «Սիք­տիր եղէք ձեր Էր­մա­նիս­տա­նը, այ­լեւս չե­րեւաք, սա ձեր եր­կի­րը չէ, դուք այստեղ տեղ չու­նիք» ար­տա­յայ­տութիւննե­րը, ինչպէս յե­տոյ բա­ցատ­րեց Ալին, ամե­նամեղմն էին։ Բնա­կանա­բար, նկա­րելու, առա­ւել եւս՝ եկե­ղեցի մտնե­լու մա­սին խօսք այ­լեւս չէր կրնար ըլ­լալ։ Ես միամի­տաբար յոյս ու­նէի փող առա­ջար­կել եւ եկե­ղեցին նկա­րել, դռնե­րը բա­նալ տալ ու նաեւ կ՚ու­զէի Երե­ւան՝ Գրա­կանու­թեան եւ Արո­ւես­տի Թան­գա­րան բե­րել դրունքի ճկի­կը. գու­ցէ դա հէնց Յա­կոբ Մնձու­րիի տան դրունքինն էր։

Մեծ Արմտան եւ, առա­ւել եւս՝ այ­գի­ները եր­թա­լու մա­սին ար­դէն խօսք չկար. մենք նոյն ճա­նապար­հով ետ դար­ձանք։

Եր­թա­լէ առաջ Երե­ւան ըն­կերնե­րուս հետ զրոյ­ցի ժա­մանակ մի առի­թով Արմտան գիւ­ղի անու­նը տո­ւի։ Ըն­կերս՝ նախ­կին օդա­չու Կա­րէնը, լսե­լով, ըսաւ, որ իրենք Մեծ Արմտա­նէն են։ Գիւ­ղը աճած ծա­ռէն յա­տուկ անոր հա­մար մի տաս­նեակի չափ ըն­կոյզ բե­րի. շնոր­հա­կալու­թեամբ վեր­ցուց, տնկած էր, առա­ջին տա­րին բո­լորն ալ ծլած էին, բա­ւակա­նին բարձր շիւ տո­ւած, բայց երկրորդ տա­րին չո­րացած էին։

Երբ ֆիլ­մի տեքստը կար­դա­ցող կը փնտռէի, միւս ըն­կերս՝ Դա­դասեան Ժի­րայ­րը ըսաւ, որ իր կի­նը ծա­գու­մով հէնց Փոքր Արմտան­ցի է, որու մա­սին միշտ հպար­տութեամբ յի­շատա­կած է անե­րը։

Դեր­ճա­նի Ս. Դաւ­թի հի­մա ար­դէն աւե­րակ վան­քի մօտ, մի քի­լոմեթր հե­ռու մէկ այլ նախ­կին հայ­կա­կան գիւղ մտանք։ Նոյն պատ­կե­րը։ Գա­ցինք եկե­ղեցի, որ մզկի­թի վե­րածո­ւած էր. պա­տերու խա­չերը քե­րած-տա­շած էին, բայց քա­րի վրայ խա­չերու հետ­քե­րը յստակ կ՚երե­ւէր։ Դրան դէ­մը եր­կա­թի հաստ թի­թեղէ ան­ճոռնի մի բան սար­քո­ւած էր, մեծ կող­պանքով կող­պած. սո­վետ­նե­րու ժա­մանակ մեր գիւ­ղե­րուն նման բա­ներ կը սար­քէին՝ մէ­ջը ձմե­ռուայ վա­ռելիք պա­հելու հա­մար։ Կից ցած­րիկ ցան­կա­պատով երի­զուած տա­րածք էր։ Կ՚երե­ւէր, որ ժա­մանա­կին գե­րեզ­մա­նոց եղած է, բայց ոչ մի տա­պանա­քար չկար։ Հե­ռուն մի տղա­մարդ խոտ կը դի­զէր. Ալիին առա­քեցինք իմա­նալու, ար­դեօք կա­րելի՞ է մոլ­լա­յին գտնել, որ փո­ղի դի­մաց մեզ եկե­ղեցի թող­նէ։ Գնաց ու մնաց. ու­շով վե­րադար­ձաւ։ Ալի, ի՞նչ եղար, գնա­ցիր մնա­ցի՞ր։ Ու ան պատ­մեց. Հար­ցուցի, որ­տե՞ղ է մզկի­թը։ Ըսաւ՝ կող­քը կանգնած էք։ Իսկ մոլ­լա՞ն։ Ես ի՞նչ իմա­նամ, ո՞ր գրո­ղի ծոցն է։ Առաջ եկե­ղեցի էր, սա հա­յու գիւղ է եղած, թուրքե­րը մարդկանց մոր­թած, գիւղն ալ աւե­րած են։ Իսկ գե­րեզ­մա­նո՞ցը։ Եկե­ղեցիին կպած է՝ այն ցան­կա­պատ տա­րածքն է։ Հա­պա տա­պանա­քարե՞րը։ Թուրքե­րը գե­րեզ­մա­նոցը քան­դե­ցին, մե­ռել­նե­րը պղծե­ցին, ոս­կորնե­րը թա­փեցին, տե­ղը պոս­տան ըրած են։ Իսկ դուն ո՞վ ես։ Ես թուրք չեմ, Աս­տուած մի արաս­ցէ, ես ալե­ւի եմ։

Այսպի­սի բա­ներ։

Յ.Գ. Ֆիլ­մը կա­րելի է տես­նել Հրազ­դան Մա­դոյեանի «Մեր ժա­մը» նոր ֆիլ­մը՝ Յա­կոբ Մնձու­րիի հա­մանուն պատ­մո­ւած­քի հի­ման վրայ յղու­մով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ