Փաթրիսիա Էնճըլի «Անսահման Երկիր»ը

ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ

Մեհմէտ Ու­­­զունի գիր­­­քե­­­­­­­րը կար­­­դա­­­­­­­լով կամ Ահ­­­մետ Քա­­­յայի եր­­­գե­­­­­­­րը լսե­­­լով իմ մէջ գո­­­յացաւ հա­­­մոզում մը՝ չա­­­փահաս մար­­­դը եր­­­կու ան­­­գամ կ՚ապ­­­րի ման­­­կութիւ­­­նը։ Նախ աք­­­սո­­­­­­­րուած եւ ապա այդ աք­­­սո­­­­­­­րէն վե­­­րադար­­­ձած շրջա­­­նին։ Այս հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­մը ան­­­գամ մը եւս եւ աւե­­­լի տիեզե­­­րական խնդիր մը ըլ­­­լա­­­­­­­լով պար­­­զո­­­­­­­ւած է իմ դի­­­մաց։ Ձեռ­­­քիս ու­­­նիմ Միացեալ Նա­­­հանգնե­­­րու բնա­­­կիչ Գո­­­լոմ­­­պիացի Փաթ­­­րի­­­­­­­սիա Էն­­­ճը­­­­­­­լի «Սահ­­­ման չու­­­նե­­­­­­­ցող եր­­­կիր» անուն վէ­­­պը։

Այս գիր­­­քը ինքնա­­­կեն­­­սագրա­­­կան բնոյթ մը ու­­­նի։ Այս ալ կ՚ապա­­­ցու­­­ցէ թէ ան իրա­­­ւացի է եւ ծանր կը կշռէ անոր հա­­­սարա­­­կական կող­­­մը։ Սա յոյ­­­սի պա­­­տում մըն է, աւե­­­լի մար­­­դա­­­­­­­վայել ապ­­­րե­­­­­­­լու եւ դոյզն իսկ աւե­­­լի հան­­­գիստ պայ­­­մաննե­­­րու տի­­­րանա­­­լու մա­­­սին երա­­­զան­­­քի մը պա­­­տումն է։ Բայց այդ երա­­­զան­­­քի ետին կայ կա­­­րեւոր հար­­­ցադրում մը։ Մարդ ին­­­չո՞ւ հա­­­մար կը հար­­­կադրո­­­ւի ամե­­­նաջերմ յի­­­շատակ­­­նե­­­­­­­րով զի­­­նուած եր­­­կի­­­­­­­րը լքե­­­լու։

Փաթ­­­րի­­­­­­­սիա Էն­­­ճըլ ճիշդ ալ այս հար­­­ցումը կը պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէ իր գրած­­­նե­­­­­­­րով։ Էջե­­­րու հո­­­լովոյ­­­թով կը զգանք հա­­­րազատ երկրի սահ­­­մաննե­­­րը լքե­­­լէ ետք տի­­­րող անո­­­րոշու­­­թիւնը, ար­­­մա­­­­­­­տախիլ ըլ­­­լա­­­­­­­լու տա­­­ռապան­­­քը։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս այդ երա­­­զային եր­­­ջանկու­­­թիւնը են­­­թա­­­­­­­կան դա­­­տապար­­­տած է փախստա­­­կան կեան­­­քի մը։ Փաս­­­տա­­­­­­­թուղթե­­­րէ զուրկ մնա­­­լը կը նշա­­­նակէ գո­­­յու­­­թիւն չու­­­նե­­­­­­­նալ։ Մին­­­չեւ որ ապաս­­­տա­­­­­­­նած եր­­­կիրդ քեզ չէ շնոր­­­հած իրա­­­ւացի ինքնու­­­թիւն մը, ոչինչ ես։ Չես կրնար աշ­­­խա­­­­­­­տիլ, չես կրնար բնա­­­կարան ճա­­­րել եւ հետզհե­­­տէ ան­­­դունդի կը վե­­­րածո­­­ւի եկած երկրիդ եւ տո­­­ւեալ պա­­­հուն գտնո­­­ւած վայ­­­րիդ մի­­­ջեւ առ­­­կայ հե­­­ռաւո­­­րու­­­թիւնը։

Ըն­­­տա­­­­­­­նիքի մը Գո­­­լոմ­­­պիայէն Միացեալ Նա­­­հանգներ եր­­­կա­­­­­­­րող գաղ­­­թի պատ­­­մութիւ­­­նը նաեւ կը նկա­­­րագ­­­րէ գաղ­­­թա­­­­­­­կանու­­­թեան եւ բե­­­կանո­­­ւած կեան­­­քե­­­­­­­րու հա­­­մայ­­­նա­­­­­­­պատ­­­կե­­­­­­­րը։

Գաղ­­­թը հա­­­մարեա բո­­­լոր պե­­­տու­­­թիւննե­­­րու հա­­­մար յաղ­­­թա­­­­­­­հարե­­­լի խնդիր­­­նե­­­­­­­րու ցան­­­կի առա­­­ջին նիւթն է։

Կա­­­րելի է խօ­­­սիլ վէ­­­պի կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւած­­­քին եւ լե­­­զուագ­­­րա­­­­­­­կան առանձնա­­­յատ­­­կութիւննե­­­րուն մա­­­սին ալ։ Բայց ին­­­ծի հա­­­մար աւե­­­լի կեն­­­սա­­­­­­­կան նշա­­­նակու­­­թիւն ու­­­նի Փաթ­­­րի­­­­­­­սիա Էն­­­ճը­­­­­­­լի այս վէ­­­պը գրե­­­լուն պատ­­­ճառ դար­­­ձած քա­­­ղաքա­­­կան իրո­­­ղու­­­թիւննե­­­րը։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս գրա­­­կանու­­­թիւնը ապստամ­­­բութիւն մըն է, որ կ՚աճի հունտե­­­րը դի­­­մադ­­­րութեան հո­­­ղերուն սեր­­­մա­­­­­­­նելով։

Փոք­­­րով ու քի­­­չով գո­­­հացող մարդկանց կեան­­­քը յան­­­կարծա­­­կիօրէն կրնայ փո­­­խուիլ։ Այդ փո­­­փոխու­­­թեան ետին ան­­­հա­­­­­­­տական նա­­­խասի­­­րու­­­թիւննե­­­րու կող­­­քին պէտք է տես­­­նել սե­­­փական երկրի քա­­­ղաքա­­­կան ալե­­­կոծումնե­­­րը։ Մար­­­դիկ իրենց երկրէն գաղ­­­թե­­­­­­­լու պար­­­տադրող կա­­­րեւոր գոր­­­ծօն մըն է հիւ­­­րընկալ պե­­­տու­­­թեան քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թիւնը։

Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս ստո­­­րերկրեայ հարստու­­­թիւննե­­­րը, քա­­­ղաքա­­­կան որո­­­շումնե­­­րը վտան­­­գա­­­­­­­ւոր դար­­­ձած կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւն մը եւ շատ ան­­­գամ ալ պե­­­տու­­­թիւննե­­­րուն գլխա­­­ւոր դիւ­­­րի­­­­­­­մացու­­­թիւնը դար­­­ձած հո­­­ղերը ընդլայ­­­նե­­­­­­­լու մար­­­մա­­­­­­­ջը։

Այո, հա­­­սարակ մար­­­դի­­­­­­­կը թա­­­փառա­­­կան դարձնողն ալ պե­­­տու­­­թիւննե­­­րու գա­­­զանու­­­թիւնն է։ Ան­­­սահման եր­­­կի­­­­­­­րը սե­­­փական ապա­­­հովու­­­թիւնը ամ­­­րա­­­­­­­ցու­­­ցած, եր­­­կի­­­­­­­րը խնա­­­մեալ պար­­­տէ­­­­­­­զի մը վե­­­րածած արեւմտեան պե­­­տակա­­­նու­­­թիւն մը կը նկա­­­րագ­­­րէ։ Ճիշդ է, խնա­­­մեալ պար­­­տէզ մը կայ, բայց այդ պար­­­տէզն ալ շրջա­­­պատուած է բա­­­զում վտանգներ պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կող ան­­­տա­­­­­­­ռով մը։

Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս օր պի­­­տի գայ եւ ան­­­տա­­­­­­­ռը կուլ պի­­­տի տայ այդ խնա­­­մեալ պար­­­տէ­­­­­­­զը։ Ահա հաս­­­նող այդ օրը ամե­­­նածանր տա­­­նող­­­նե­­­­­­­րը պի­­­տի ըլ­­­լան իր սե­­­փական ժո­­­ղովուրդը ժո­­­ղովրդա­­­վարա­­­կան ու ար­­­դա­­­­­­­րամիտ գուրգու­­­րանքով գրկե­­­լով հան­­­դերձ դուրսը մնա­­­ցող­­­նե­­­­­­­րու նկատ­­­մամբ ան­­­փոյթ վա­­­րուող­­­նե­­­­­­­րը։ Ան­­­սահման եր­­­կի­­­­­­­րը վայ­­­րի ան­­­տա­­­­­­­ռէն խոյս տա­­­լով ան խնա­­­մեալ պար­­­տէ­­­­­­­զը հաս­­­նիլ ցան­­­կա­­­­­­­ցող­­­նե­­­­­­­րու պատ­­­մութիւնն է։ Ամե­­­րիկեան գրա­­­կանու­­­թեան յա­­­տուկ պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կու­­­թիւնը կը տես­­­նենք նաեւ Փաթ­­­րի­­­­­­­սիա Էն­­­ճը­­­­­­­լի վէ­­­պին մէջ ալ։

Աւար­­­տեմ գիր­­­քէն մէջ­­­բե­­­­­­­րու­­­մով մը. «Թե­­­րեւս ալ ազգ կամ քա­­­ղաքա­­­ցի ըն­­­կա­­­­­­­լումնե­­­րը անի­­­մաստ են։ Թե­­­րեւս միայն ըն­­­տա­­­­­­­նիք եւ սէ­­­րէ մեկ­­­նե­­­­­­­լով քար­­­տէզնե­­­րու վրայ գծո­­­ւած տա­­­րածքներ, այ­­­սինքն ան­­­սահման եր­­­կիր գո­­­յու­­­թիւն ու­­­նի»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ