Մարկ Նշանեանին հետ հայկական գրականութիւն, աղէտ եւ աղէտի ներկայացում

ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ

Բար­ռե­սիա Գո­լէք­թի­վի մեր աշ­խա­տանքնե­րուն ծի­րին մէջ, Փետ­րո­ւար ամ­սո­ւան կէ­սէն սկսեալ Մարկ Նշա­նեանին հետ պատ­մա­կան, գրա­կան եւ փի­լիսո­փայա­կան սե­մինար մը կազ­մա­կեր­պե­ցինք։ Ան­ցած շա­բաթ­նե­րու հան­դի­պումնե­րուն ըն­թացքին, Նշա­նեան խօ­սեցաւ հայ գրա­կանու­թեան մէջ կայսրու­թեան՝ իրեն են­թարկո­ւող­նե­րուն դէմ գոր­ծադրած զո­հաբե­րու­թեան ար­տա­ցոլաց­ման մա­սին, եւ նշեց այս կի­րառումնե­րուն եր­կու կա­րեւո­րագոյ­նե­րը։ Ըստ Նշա­նեանին, եր­կու կա­րեւոր խնդիր­ներ կան տի­րապե­տողին եւ են­թարկո­ւողին մի­ջեւ, մէ­կը՝ սե­ռային, իսկ միւ­սը կեան­քի պարտքն է։ Խօ­սելով սե­ռային պարտքին մա­սին, Նշա­նեան վեր­լուծեց Յա­կոբ Օշա­կանի «Մնա­ցոր­դաց» վէ­պը։ Դէպ­քե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան Օշա­կանի ծննդա­վայր Սէօլէօզի մէջ։ Սե­րոբին կի­նը՝ Նալ­պանտենց Աղո­ւորը, որ կայսրու­թեան կեդ­րո­նին հետ կա­պեր ու­նե­ցող ակա­նաւոր ըն­տա­նիք­նե­րէն է Սէօլէօզի, իր ամու­սի­նին հետ զա­ւակ չէ ու­նե­ցած. այս հար­ցին լուծման հա­մար աղջկան մայրն ու կե­սու­րը կը փոր­ձեն Աղո­ւորը հա­մոզել գաղտնօ­րէն յա­րաբե­րելու ագա­րակա­պան Սո­ղոմին հետ։ Այս ար­տաամուսնա­կան յա­րաբե­րու­թիւնը աւե­լի ուշ, ինչպէս կայսրու­թեան այլ ան­կիւննե­րու մէջ, պի­տի ագու­ցո­ւի առ­կայ քա­ղաքա­կան հար­ցե­րու եւ շնու­թեան խնդի­րէ պի­տի վե­րածո­ւի յե­ղափո­խու­թեան խնդի­րի, որ պատ­ճառ պի­տի հան­դի­սանայ Սո­ղոմին ձեր­բա­կալ­ման։

Օշա­կանի «Մնա­ցոր­դաց»-ի թե­ման, ամ­լութիւ­նը, տոհ­մի շա­րու­նա­կանու­թեան պահ­պա­նու­մի ան­կա­րողու­թիւնը եւ այս խնդիր­նե­րուն գա­գաթ­նա­կէտը՝ աղէ­տի տա­նող իրա­դար­ձութիւննե­րով, ան­շուշտ 19-րդ դա­րու Օս­մա­նեան կայսրու­թեան հայ­կա­կան իրա­կանու­թեան տե­ւական խնդիր­նե­րու բա­ժին­ներ են։ Ըն­տա­նեկան հաս­տա­տու­թիւննե­րը քայ­քա­յելու մի­տու­մով գոր­ծադրո­ւած քա­ղաքա­կանու­թիւննե­րը ամէ­նէն կա­րեւոր եւ քիչ խօ­սուած, թե­րեւս նոյ­նիսկ չխօ­սուած, հար­ցերն են այս ժա­մանա­կահա­տուա­ծին։ Թէեւ Օշա­կանի ընտրած կեր­պարներն ու նիւ­թե­րը այն տպա­ւորու­թիւնը կու տան, որ զուտ հայ­կա­կան ըն­տա­նեկան հարց մըն է եղա­ծը, բայց խոր­քին մէջ այս ըն­տա­նիքը պարզ ըն­տա­նիք մը չէր, այլ՝ կայսրու­թեան կեդ­րո­նին հետ կա­պեր ու­նե­ցող երե­ւելի ըն­տա­նիք մըն էր, իսկ տոհ­մին շա­րու­նա­կակա­նու­թիւնը ապա­հովե­լու ջան­քե­րը ուղղա­կիօրէն կա­պուած են կեդ­րո­նին հետ կապ ու­նե­նալուն եւ Օշա­կանին ընտրու­թեան հետ։ Ասոր կող­քին, 19-րդ դա­րու հայ ըն­տա­նիք­նե­րուն ամէ­նէն կա­րեւոր զար­գա­ցու­մը այն էր, որ գա­ւառի կամ «երկրի» հայ ըն­տա­նիք­նե­րը, որոնց օրա­պահի­կը գիւ­ղա­տն­տե­սու­թե­նէն կա­խեալ էր, սկսան մաս­նա­տուիլ պանդխտու­թեան հե­տեւան­քով։

Սե­մինա­րի ըն­թացքին Նշա­նեանի ընդգծած հար­ցե­րէն մէ­կը, որ մենք եւս, որ­պէս Բար­ռե­սիա Գո­լէք­թիվ, կը խոր­հինք, «բնիկ» եւ «գա­ւառ/եր­կիր» եզ­րե­րու օգ­տա­գոր­ծումն էր։ «Բնիկ» հա­յերը գա­ւառի՞ մէջ կ՚ապ­րէին։ Ար­դեօք անո՞նք էին գա­ւառի գրա­կանու­թեան մէջ ներ­կա­յացո­ւած­նե­րը։ Այս կա­րեւոր հար­ցում էր, քա­նի որ, ինչպէս Նշա­նեան կ՚ընդգծէ, «բնիկ»-ը նաեւ բա­նասի­րու­թեան աւան­դութեան ստեղ­ծա­գոր­ծութիւնն է։ Վկա­յու­թիւնը ոչ միայն պա­րու­նա­կեց բնիկ ըլ­լա­լու գի­տու­թիւնը, այլ նաեւ նոյ­նա­ցաւ անոր ոչնչաց­ման հետ, այլ խօս­քով՝ կայսրու­թեան կող­մէն ստեղ­ծո­ւած երկրորդ պարտքին՝ կեան­քի պարտքին հետ։ Հոս, «բնիկ»-ը հասկնա­լու հա­մար հարկ է կար­դալ Գա­րեգին Սրո­ւանձտեանց եւ խօ­սիլ, թէ ինչպէ՛ս Մխի­թարեան­նե­րը նկա­րագ­րած են «բնիկ»-ը։ «Թո­րոս Աղ­բար» գոր­ծը, որ Սրո­ւանձտեանց գրած է գա­ւառ­նե­րը ճա­նապար­հորդած ժա­մանակ, շատ լաւ հիմք կը ստեղ­ծէ մե­զի ման­րա­մաս­նօ­րէն քննար­կե­լու վէ­պին յա­ջորդ թե­ման եւ աղէ­տին թե­ման։ Նշա­նեան ընդգծեց արեւմտա­հայ գրա­կանու­թեան մէջ վէ­պի ժան­րին կա­րեւո­րու­թիւնը՝ յատ­կա­պէս իբ­րեւ սու­գը փո­խան­ցող կամ սու­գը ներ­կա­յաց­նե­լու ան­կա­րելիու­թիւնը փո­խան­ցող ժանր։ Հոս ծա­գած հար­ցե­րէն մէ­կը կրնայ ըլ­լալ, թէ ին­չո՛ւ սու­գին հետ կա­պուած է միայն վէ­պը որ­պէս ժանր եւ ոչ՝ գրա­կանու­թեան այլ ժան­րեր կամ արո­ւես­տի այլ կեր­պեր։

Թէեւ Յա­կոբ Օշա­կան ծնած ու ապ­րած է Սէօլէօզ, Պուրսա­յի մօտ, հան­րա­ծանօթ գրող է սփիւռքին հա­մար, բայց Թուրքիոյ հա­յերուն կող­մէն քիչ ճանչցո­ւած ու կար­դա­ցուած է, ասոր կող­քին իր գոր­ծե­րուն թրքե­րէնի թարգմա­նուած չըլ­լա­լու իրո­ղու­թիւնը նկա­տելի թե­րու­թիւն է։ Իր գոր­ծե­րը շատ կա­րեւոր տե­ղեկու­թիւն կը փո­խան­ցեն Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան վեր­ջին ժա­մանա­կաշրջա­նին եւ գա­ւառ­նե­րու առօ­րեային մա­սին, ուստի յոյժ լու­սա­բանիչ պի­տի ըլ­լայ կար­դա­լը իր գոր­ծե­րը, որոնք գրա­կանու­թեան եւ պատ­մութեան խաչ­մե­րու­կին կը գտնո­ւին։ «Մնա­ցոր­դաց» պատ­մա­վէպին յա­րաբե­րաբար Թուրքիոյ ըն­թերցա­սէր հան­րութեան կող­մէն քիչ կար­դա­ցուած եւ սփիւռքի մէջ հան­րա­ծանօթ ըլ­լա­լը ան­շուշտ քա­ղաքա­կան հա­մածիր մը ցոյց կու տայ։

Այս շա­բաթ Մարկ Նշա­նեանի հետ մեր առ­ցանց սե­մինա­րին վեր­ջի­նը պի­տի կա­յաց­նենք կայսրու­թեան, են­թարկուածու­թեան եւ հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան մա­սին։ Յոյ­սով ենք, որ այս սե­մինա­րին ամ­փո­փու­մը կը ներ­կա­յաց­նենք «Ռա­տիօ Ակօս»-ի յայ­տա­գիրի մեր հա­տուա­ծէն, ապ­րի­լի առա­ջին շա­բաթո­ւան ըն­թացքին։

Թարգմա­նեց՝ Արազ Գո­ճայեան

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ