Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի կիսանդրին բացուեցաւ

Համաձայն աւան­դա­կան սո­վորու­թեան, Ս. Զատ­կի յա­ջոր­դող օրը հա­մայն հա­յու­թեան հա­մար ննջե­ցելոց յի­շատակ­ման յա­տուկ օր է։ Ար­դա­րեւ խուռնե­րամ բազ­մութիւն կը տի­րէր քա­ղաքիս հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նատու­նե­րէ ներս, յատ­կա­պէս ալ Պա­լըք­լըի եւ Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նատու­նե­րու մէջ։

Պա­լըք­լըի գե­րեզ­մա­նատան մէջ կար յա­ւելեալ ոգե­ւորու­թիւն, քա­նի որ Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը բա­ցու­մը կը կա­տարէր Ս. Սար­գիս մատ­րան հրա­պարա­կին վրայ տե­ղադ­րո­ւած Երա­նաշ­նորհ Մես­րոպ Բ. Պատ­րիարք Հօր կի­սանդրիին։

Բաց­ման հան­դի­սու­թեան մաս­նակցե­ցան Աթո­ռոյս եր­կու եպիս­կո­պոս­նե­րը՝ Գերշ. Տ. Եզ­նիկ Ար­քեպս. Պետ­րո­սեան ու Գերշ. Տ. Արամ Ար­քեպս. Աթէ­շեան, միաբան­ներ՝ Հոգշ. Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օհա­նեան, Հոգշ. Տ. Յա­րու­թիւն Վրդ. Տա­մատեան, Հոգշ. Տ. Յո­վակիմ Վրդ. Սե­րով­բեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօ­նիկեան, Հոգշ. Տ. Գաս­պար Աբղ. Կա­րապե­տեան, Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Արժ. Տ. Գրի­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­մատեան, Արժ. Տ. Զա­ւէն Աւ. Քհնյ. Պչաք­ճեան, Արժ. Տ. Նա­թան Քհնյ. Արա­պեան, Արժ. Տ. Մել­քոն Քհնյ. Փնար­ճեան, հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թեանց ներ­կա­յացու­ցիչներ եւ հա­ւատա­ցեալ­ներ։

Սա­մաթիոյ Թա­ղային Խոր­հուրդի ատե­նապետ Նուրհան Տա­վուլճեան հան­դէս եկաւ սրտի խօս­քով եւ ըսաւ թէ պարտք կը զգան մեր հա­մայնքի մե­ծու­թիւննե­րուն ար­ժա­նի յար­գանքը ցոյց տա­լու։ Ան նշեց թէ Գերշ. Տ. Արամ Ար­քեպս. Աթէ­շեանի առա­ջար­կով, Վազ­գէն Պա­րընի ճար­տա­րապե­տու­թեամբ եւ Եթ­քին Պէր­պէ­րօղ­լուի նո­ւիրա­տուու­թեամբ ու յար­գո­ւած արուես­տա­գէտ Էրոլ Սա­րաֆեանի ձե­ռամբ պատ­րաստո­ւած է Երա­նաշ­նորհ Մես­րոպ Բ. Պատ­րիար­քի կի­սանդրին։

Ապա խօ­սեցաւ մեր Հո­գեւոր Պե­տը եւ ըսաւ, թէ այ­սօր մե­ռելոց յի­շատակ է։ Մենք գե­րեզ­ման կու գանք, ոչ թէ փո­շի դար­ձած աճիւննե­րուն կամ մար­մա­րեայ շի­րիմ­նե­րուն այ­ցե­լելու, այլ յար­գանք ցու­ցա­բերե­լու անոնց յի­շատա­կին՝ յա­րու­թեան հա­ւատ­քով։

Պատ­րիարք Հայ­րը հրա­ւիրեց Գերշ. Տ. Արամ Ար­քե­պիս­կո­պոսը, Երա­նաշ­նորհ Պատ­րիարք Հօր տի­րամայ­րը՝ Մա­րի Մու­թա­ֆեանը եւ միաս­նա­բար բա­ցին կի­սանդրիի սպի­տակ ծած­կո­ցը։

Ապա Սա­մաթիոյ Թա­ղային Խոր­հուրդը Պատ­րիարք Հօր եւ Տի­րամօր ձե­ռամբ ար­ծա­թեայ յու­շապնակ­ներ նո­ւիրեց ճար­տա­րապետ Վազ­գէն Պա­րընին եւ բա­րերար Եթ­քին Պէր­պէ­րօղ­լո­ւին, զանց առ­նե­լով կի­սանդրիի հե­ղինակ Էրոլ Սա­րաֆեանը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ