ԱԶԿ չախչախիչ պարտութիւն կրեց

Կայացաւ 2024-ի 31 Մար­­տին թո­­ւար­­կուած Թուրքիոյ շրջա­­նային վար­­չութիւննե­­րու ընտրու­­թիւննե­­րը, ար­­թիւնքին տա­­լով բո­­լորին անսպա­­սելի աղիւ­­սակ։ Ար­­դա­­­րեւ նա­­խընտրա­­կան կան­­խա­­­տեսումնե­­րը գե­­րազան­­ցող հա­­մեմա­­տու­­թեամբ պար­­տութիւն կրեց Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի գլխա­­ւորած Ար­­դա­­­րու­­թիւն եւ Զար­­գա­­­ցում Կու­­սակցու­­թիւն, նա­­հան­­ջե­­­լով ընդդի­­մադիր Ժո­­ղովրդա­­հան­­րա­­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թեան դի­­մաց։

Ընտրու­­թեան եփիկեդ­­րո­­­նը հան­­դի­­­սացաւ երկրի մե­­ծագոյն քա­­ղաքը՝ Իս­­թանպուլ։ Այսպէս Իս­­թանպու­­լի քա­­ղաքա­­պետ Էք­­րեմ Իմա­­մօղ­­լու եր­­րորդ ան­­գամ յաղ­­թա­­­նակով դուրս եկաւ ընտրու­­թիւննե­­րէն, ձայ­­նե­­­րու աւե­­լի քան մէկ մի­­լիոն առա­­ւելու­­թեամբ չախ­­չա­­­խիչ պար­­տութեան մատ­­նե­­­լով իշ­­խա­­­նու­­թեան թեկ­­նա­­­ծու Մու­­րատ Քու­­րումը։

Նման պատ­­կեր մը գո­­յացաւ մայ­­րա­­­քաղաք Ան­­գա­­­րայի մէջ, ուր այս ան­­գամ քա­­ղաքա­­պետ Ման­­սուր Եաւաշ կրկնա­­պատիկ քո­­ւէներ ստա­­նալով պար­­տութեան մատ­­նեց իշ­­խա­­­նու­­թեան թեկ­­նա­­­ծու Թուրկուտ Ալ­­թը­­­նօքը։

Բա­­ցի մեծ քա­­ղաք­­նե­­­րու այս ցնցիչ պար­­տութե­­նէն, իշ­­խա­­­նու­­թեան շրջա­­նակ­­նե­­­րը կորսնցու­­ցին նաեւ քա­­ղաքա­­պետա­­կան խորհրդա­­րանի մէջ ցարդ պա­­հած մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը։ Նա­­խապէս Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան իր կող­­քին եղած այդ մե­­ծամաս­­նութեան ակ­­նարկե­­լով յայ­­տա­­­րարած էր թէ ընդդի­­մադիր քա­­ղաքա­­պետե­­րը կաղ բա­­թի պի­­տի նմա­­նին։ Այդպէս ալ այդ մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը յա­­ճախ կրցաւ խոչնդո­­տել Իս­­թանպու­­լի կամ Ան­­գա­­­րայի քա­­ղաքա­­պետե­­րուն բա­­զում ծրա­­գիր­­նե­­­րը։

Ընտրու­­թեան ար­­թիւնքնե­­րուն ար­­ձա­­­գան­­գե­­­ցին նաեւ հա­­մաշ­­խարհա­­յին լրա­­տուա­­միջոց­­նե­­­րը, ընդգծե­­լով 2028-ի նա­­խագա­­հական ընտրու­­թիւննե­­րուն Իս­­թանպու­­լի քա­­ղաքա­­պետ Էք­­րէմ Իմա­­մօղ­­լո­­­ւի հա­­ւանա­­կան մրցակ­­ցութիւ­­նը այժմու նա­­խագա­­հի կամ անոր նշա­­նակած թեկ­­նա­­­ծուի դի­­մաց։

Վեր­­լուծա­­բան­­ներ ընդդի­­մու­­թեան յա­­ջողու­­թիւնը կը վե­­րագ­­րեն թո­­շակա­­ռու­­նե­­­րու հա­­լածան­­քին։ Այդ խմբա­­կը, որ աւան­­դա­­­բար որ­­դեգրած է պահ­­պա­­­նողա­­կան կե­­ցուածք, ամէ­­նածանր կը տա­­նի տնտե­­սական ճգնա­­ժամի եւ սղա­­ճի հե­­տեւանքնե­­րը։

Շրջա­­նային վար­­չութիւննե­­րու ընտրու­­թիւննե­­րուն ընդդի­­մադիր­­նե­­­րու յաղ­­թա­­­նակով աւար­­տե­­­լէն ետք, զա­­նազան շրջա­­նակ­­նե­­­րէ կը լսո­­ւին խորհրդա­­րանա­­կան կան­­խա­­­հաս ընտրու­­թիւննե­­րու հա­­ւանա­­կանու­­թեան մա­­սին պնդումներ։ Այդ սպա­­սումնե­­րը յստա­­կօրէն հեր­­գո­­­ւեցան Ժո­­ղովրդա­­հան­­րա­­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թեան նա­­խագահ Էօզ­­կիւր Էօզէ­­լի կող­­մէ։

Ընտրու­­թի­­­նը ալե­­կոծեց նաեւ այլ ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թիւննե­­րը, որոնք նա­­խագա­­հական ընտրու­­թեան նա­­խօրէին դա­­շինք կազ­­մած էին, եւ այս ան­­գամ ան­­չա­­­տաբար մաս­­նակցե­­ցան 31 Մար­­տի ընտրու­­թիւննե­­րուն։ Անոնք եւս հիաս­­թա­­­փեցան իրենց ստա­­ցած խիստ ցած զօ­­րակ­­ցութեամբ։ Այսպէս ԻՅԻ կու­­սակցու­­թեան շար­­քե­­­րէն ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւեցան նոր հրա­­ժարումներ։ Այս կու­­սակցու­­թիւնը այժմ կը պատ­­րաստո­­ւի կան­­խա­­­հաս հա­­մագու­­մա­­­րի, ուր պի­­տի քո­­ւէար­­կո­­­ւի կո­­սակ­­ցա­­­պետու­­թեան հա­­մար ալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ