Հայ թատրոնի, մայր թատրոնի դերի, առաքելութեան եւ այս առումով կատարուածի, կատարուողի եւ կատարուելիքի աշխատանքներու մասին Մարի Յովհաննիսեանը զրուցած է Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ակադէմիական թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտիչեանի հետ։
ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Մայր թատրոն եկած էք Համազգային թատրոնէն, ուր բաւականին ժամանակ առնչուած էք մեր ժամանակներու թատերական արուեստի հանճարներէն մէկու՝ Սոս Սարգսեանի հետ։ Վարպետի ո՞ր գաղափարը կամ մօտեցումը առ թատրոն բերիք ձեզ հետ։
Ես կը համարեմ որ մի քանի ուսուցիչներ, որ ունեցած եմ, ոմանց հետ ուղիղ շփման մէջ եղած եմ եւ ոմանց հետ ոչ, սակայն կը համարեմ ուսուցիչ, այս թատրոնի նուիրեալները եղած են։ Այս դպրոցը, այս ինստիտուտը անցած մարդիկ են։ Եւ տեսէք անոնցմէ է Սոս Սարգսեանը, որ առաջին իսկ օրէն եղած է իմ մասնագիտական զարգացման ուսուցիչը։ Ես իր դասընթացքն եմ աւարտած։ Եւ տարիներ յետոյ ան իր թատրոնի ղեկավարումը ինծի վստահեցաւ։ Ես իմ թեզը պաշտպանած եմ Վաղարշ Վաղարշեանով, ով 20-րդ դարու մինչեւ 50-ական թթ այս թատրոնի արտիստ եղած է, մեծ դերասան, մեծ մտաւորական, նաեւ այս թատրոնի տնօրէնը եղած է որոշ ժամանակ։ Ասպիրանտուրութեան ընթացքին իմ գիտական ղեկավարը եղած է Հենրիկ Յովհաննիսեանը, ով նոյնպէս այս թատրոնի հետ մեծ կապեր ունեցած է։ Գուլակեան, Աճեմեան եւ այլն։ Եւ իհարկէ սա կառոյց մըն է, սա երեւոյթ մըն է, որ մեր թատրոնի հիմքն է, որ իր շուրջ հաւաքած է ժամանակի բոլոր լաւագոյն թատերական ուժերը եւ այս հարիւրէն աւելի տարիներու ընթացքին, որ բազմաթիւ հետաքրքիր էջեր ապրած է, իր մէջ կուտակելով թատերարուեստի ստեղծագործող լաւագոյն ուժերը։ Հայաստանի մեր իրականութեան մէջ որպէս ինստիտուտ սա առաջինն է եւ ինչ բերի այստեղ՝ այդ երեւի թէ աշխատանքը ցոյց կու տայ, այդ երեւի պէտք է հասարակութիւնը, հանդիսատեսը որոշէ, բայց կարող եմ ըսել՝ ես այստեղ եկած եմ մեծ պատասխանատւութեան զգացումով, որովհետեւ ես կը հասկնամ շատ լաւ, որ այստեղ ըլլալով՝ ես պատասխանած եմ ոչ միայն Սոս Սարգսեանի առաջ, այլ բոլոր մեծերու առաջ, որոնք արարած, ստեղծած են այս թատրոնը, իրենց կեանքն դրած են այս թատրոնի կայացման, զարգացման գործընթացին։ Առհասարակ, ես կը կրեմ պատասխանատւութիւն բոլոր այդ մարդկանց, այդ հսկայածաւալ աստղաբոյլի առաջ եւ նաեւ կը կրեմ պատասխանատւութիւն այսօրուայ եւ վաղուայ սերունդի համար։ Մենք շատ յստակ ձեւակերպած ենք մեր գլխաւոր նպատակը՝ դառնալ տարածաշրջանի լաւագոյն թատրոն։ Սա մեծ երազանք է, բայց ես կը հաւատամ անոր, կը հաւատամ եւ կ՚աշխատիմ յանուն այդ գաղափարի։ Ոչ միայն ես, այլ հսկայական անձնակազմ մը կ՚աշխատի։
Շատ կարճ ժամանակին հիմնեցինք Երեւանեան միջազգային թատերական փառատօնը, որմէ անմիջապէս ետք՝ անհաւանական կարճ ժամանակահատուածին, մենք դարձանք Եւրոպական փառատօներու միութեան լիիրաւ անդամ։ Այսօր մենք ուղիղ տեղեկութիւն ունինք մեր դաշտին տեղի ունեցող միջազգային իրադարձութիւններէն։ Այս առումով անսահման մեծ դաշտ կայ աշխատելու, Հայաստան բերելու շատ ու շատ կարեւոր մշակութային ծրագրեր, Հայաստանէն արտահանելու եւ աշխարհին ցոյց տալու բազմաթիւ հնարաւորութիւններ։
Ձեր տնօրինութեան ընթացքին ի՞նչ կատարուած է, որ գրանցած է նկատելի, սպասելի, անգամ անսպասելի արդիւնք։ Եւ ի՞նչ կը նախատեսէք 2024-ին թատերական արուեստի զարգացման առումով։
Առաջին նախաձեռնութիւններէն մէկը փոքր բեմի կառուցումն էր։ Այն լքուած, քարուքանդ եղած տարածք էր, որ ժամանակին եղած է բեմանկարիչի արուեստանոց։ Երկրի ամենադասական թատրոնի կողքին ստեղծեցինք ամենաժամանակակից անկիւնը, ուր ըրինք եւ այսօր ալ կ՚ընենք փոքր ձեւաչափի բեմադրութիւններ։ Սա ոչ միայն հայ, այլեւ արտասահմանէն եկող արտիստներու համար ամենասիրելի վայր դարձաւ Երեւան քաղաքին։ Սա շատ մեծ ձեռքբերում կը համարեմ։ Յաջորդ կարեւոր ձեռքբերումը մեր կրթական ծրագիրն է, որ կը կոչուի «Դասարան + Դասական»։ Այն մեզ յստակ հնարաւորութիւն կու տայ կարեւոր խնդիր մը լուծելու, որ է հանդիսատեսի զարգացումը։ Վերջինս լուրջ գործընթաց է, որու արդիւնքը դեռ յետոյ կ՚երեւայ։ Մենք 2019 թուականէն սկսած յստակ կը ձեւաւորենք փրոֆէսիոնալ հանդիսատես։
Բոլորովին վերջերս փոխ տնօրէն Մանէ Մկրտիչեանի հետ յղացանք շատ հետաքրքիր գաղափար մը, որ կը կոչուի «Artbox»։ Այն կ՚իրականացուի ԵՄ եւ ՀԲԸՄ-ի համատեղ ծրագրի շրջանակներով։ Ո՞րն է ընդհանուր գաղափարը։ Մենք Սունդուկեան թատրոնի տարածքին կը ստեղծենք հրաշալի տանիք մը, որ հնարաւորութիւն կու տայ բոլոր ազատ արուեստագէտներուն (նկարիչներ, քանդակագործներ, երգիչներ, դերասաններ եւ այլն) իրենց ստեղծագործութիւնները ներկայացնելու։ Այսինքն՝ մենք կ՚օգնենք հասնիլ հասարակութեան։ Անոր զուգահեռ նաեւ կը ստեղծենք արուեստի սրճարան, որ կ՚ըլլայ պոհեմական տարածութիւն մը եւ մշտապէս լցուած կ՚ըլլայ ժամանակակից հայ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններով։ Այս հասարակութեան ստեղծարար ներուժը նոր հարթութեան մը բերելու եւ մէկտեղելու առողջ քայլ է, որ կարող է ունենայ յետագայ լաւ պտուղներ։ Նաեւ կան աշխատանքներ, որոնք գործնական փուլին են։ Խօսքը մեծ համբաւ ունեցող հայ եւ արտասահմանեան արուեստագէտներու ստեղծագործական հրաւէրներ ընելու մասին է։ Որպէսզի գան մեր բեմին բեմադրեն, խաղան եւ հետք թողեն։ Խօսքը աշխարհով յայտնի հեղինակաւոր արուեստագէտներու մասին է։ Վստահ եմ, որ անոնք կը բերեն նոր մտածողութիւն։ Եւ այստեղ մեր երիտասարդները կ՚ունենան գործնական շփման մէջ մտնելու լուրջ հնարաւորութիւն։
Հայ հասարակութիւնը այսօր կ՚երթա՞յ թատրոն։
Այո։ Գիտէ՞ք՝ արուեստի կառավարումը շատ աւելի լուրջ աշխատանք է, քան կը կարծուի։ 2023 թուականին Սունդուկեան թատրոնը խաղացած է 137 ներկայացում, հիւրընկալած է շուրջ 72 հազար հանդիսատես։ Չնայած մենք գերազանցած ենք մեր սպասելիքները, բայց մեր նպատակները շատ աւելին են։
Մայր թատրոնի հնարաւորութիւնները այսօր կը համապատասխանե՞ն ժամանակակից աշխարհի պայմաններուն։
Որպէս պատասխան կ՚ըսեմ հետեւեալը՝ մենք կարողացանք ամբողջութեամբ սպասարկել Փարիզի գլխաւոր թատրոններէն մէկուն՝ Օդեոնի հիւրախաղը։ Ալեքսանդրինեան թատրոնի երկու ծաւալային ներկայացումներ ինչպէս խաղացած են իրենց բեմէն, այնպէս ալ խաղացին մեր բեմը։ Սա պատասխան է ձեր հարցումին։ Իհարկէ մենք շատ ծանր օրեր անցուցած ենք այս արդիւնքին հասնելու համար, լրացուցիչ ուժեր ներգրաւած ենք, բայց փաստած ենք որ այդ հնարաւոր է։
Սունդուկեան թատրոնի խաղացանկը կտրուկ ձեւով հարստանալու է 2024 թուականին եւ շարունակելու է այդ գործընթացը 2025-ին եւս։
Կինոյի ու թատրոնի մեր երկնակամարին հանճարներ ունեցած ենք՝ Հրաչեայ Ներսիսեան, Աւետ Աւետիսեան, Մհեր Մկրտչեան, Սոս Սարգսեան, Վաղարշ Վաղարշեան… անվերջ կարելի է թուել։ Ի՞նչ կը կարծէք անոնց հետեւողներ կա՞ն այսօր։
Այո։ Ուղղակի մենք պէտք չէ համեմատութեան մէջ դնենք, որովհետեւ արուեստագէտը ինքնութիւն է։ Ան միակն է։ Իրեն պէտք է ինքնին դիտել, այլ ոչ թէ համեմատութեան մէջ։ Գուցէ պէտք է դիտարկել, թէ տուեալ արուեստագէտը իր ժամանակի հասարակութեան վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է։ Եթէ այսօրուայ արուեստագէտը ունի իրեն սիրող հանդիսատես, ուրեմն այդ ձեւաչափի մէջ պէտք է նային։ Նաեւ պէտք է հաշուի առնեն, որ ժամանակները էականօրէն փոխուած են։ Բայց կ՚ըսեմ կարեւոր բան մը, որ հայ մարդը, հայ մարդու շնորհը երբեք չի պակասիր։ Սա ինձ համար աստուածային բան է, որ դրուած է մեր մէջ։
Հասարակութեան դաստիարակման հարցով այսօրուայ հայ թատրոնը ի՞նչ խնդիրներ կը լուծէ։
Կը կարծեմ՝ դեռ շատ ընելիքներ կան, որովհետեւ թատրոնը քաղաքացի կը կրթէ, թատրոնը երեւակայութիւն կը ձեւաւորէ, թատրոնը հոգեւոր հարստութիւն կը փոխանցէ, եւ այս ամբողջ գործընթացի մէջ այն ինչ կ՚ընէ այսօրուայ հայ թատրոնը՝ գնահատելի է, բայց կայ անցնելու դեռ մեծ ճանապարհ։ Ես կը հաւատամ։
Աւանդական հարցում մը. ի՞նչ կը բարեմաղթէք «Ակօս»ի ընթերցողին։
«Ակօս»ը ինձ համար Հրանդ Տինքի կերպարն է։ Իսկ Հրանդ Տինքը ինձ համար հայ մարդու, հայ մտքի, հասարակական գործունէութեան ընտրանին է՝ հատընտիրը։ «Ակօս»ի հետ առնչուողը դէպի այդ ճանապարհ գացողն է։ Կ՚ուզեմ որ այդ ճանապարհը գացողներու թիւը միշտ շատնայ, եւ որ այդ ճանապարհէն սնուողներու կեանքին գերակշռի լաւն ու դրականը։
Շնորհակալութիւն
Հարցազրոյցէն ետք Մարի Յովհաննիսեանը Սունդուկեան թատրոն դիտած է Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ» երկմասանի երաժշտական կատակերգութիւնը։ Եւ ըստ մեր թղթակցի՝ լեփ-լեցուն դահլիճը մեծ ոգեւորութեամբ ու հիացմունքով դիտած է ներկայացումը։
«Ներկայացումը կը վարեն չորս հոգի, որմէ մէկը ես եմ։ Այս դերը ինձ համար հետաքրքիր, բնորոշիչ է։ Միշտ ուրախ կու գամ այս ներկայացման, որովհետեւ աւելի խաղարկային դեր է, բայց, իհարկէ, շատ պատասխանատու։ Այնպէս բեմադրած է տիար Էլբակեանը, որ ամէնուր ճիշդ խօսքի տեղ կայ, ինչը հանդիսատեսը կը զգայ» դերասանուհի Ծովինար Մարտիրոսեանը այսպէս ըսաւ անկեղծացել ներկայացումէն առաջ։ Իսկ ահա գլխաւոր դերակատարներէն մէկու՝ սիրուած դերասան Յարութիւն Մովսիսեանի խօսքով. «Մեր մեծագոյն կատակերգակը, դրամատուրգ Յակոբ Պարոնեանը շատ արտասահմանցի հեղինակներու հետ կրնայ մրցիլ իր տաղանդով։ 1879թ. գրած է այս գործը։ Դէպքերը տեղի կ՚ունենան Պոլսոյ մէջ։ Արմէնը եւ ամէնքս համարձակութիւն ունեցանք բեմադրելու։ Ես Մանուկի դերը կը խաղամ։ Եւ որոշում կայացուց Արմէնը, որ պէտք է ներկայացմանը ըլլան եւ այն ժամանակները, եւ՝ այս։ Կը խաղանք, ժողովուրդը կու գայ կը նայի ու լաւ կը հասկնայ, թէ ինչ կը կատարուի։ Սա մի կոմեդիա է՝ ողբերգութեան տեսակ, որ կը մատուցուի ծիծաղի միջոցով»։
Յիշեցնենք, որ ներկայացման առաջնախաղը եղած է անցեալ տարուայ աշնանը։ Վարկածի եւ բեմադրութեան հեղինակը Սունդուկեան թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Արմէն Էլբակեանն է, գլխաւոր դերակատարներն են Ալբերտ Սաֆարեանը, Յարութիւն Մովսիսեանը, Աննա Էլբակեանը։ Ներկայացման բեմանկարիչը Գարեգին Եւանգուլեանն է, զգեստներու նկարիչը՝ Կարինէ Աթանեանը։ Պարուսոյցն է Լիանայ Յակոբեանը։ Բեմադրութեան կը հնչէ Ստեփան Լուսիկեանի երաժշտութիւնը, գործիքաւորումը կատարած է Լեւոն Խաչատրեանը։