Մարքօ Փոլոյի աշխարհները

ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ

Ապրիլ ամ­­սո­­­ւանէ սկսեալ, Մար­­քօ Փո­­լոյի մա­­հուան 700-ամեակի առի­­թով, Վե­­նետի­­կի կա­­րեւո­­րագոյն մշա­­կու­­թա­­­յին կեդ­­րոննե­­րէն եւ թան­­գա­­­րան­­նե­­­րէն մին՝ Դո­­ժերու պա­­լատը, ցու­­ցա­­­հան­­դէս մը կը կազ­­մա­­­կեր­­պէ «Մար­­քօ Փո­­լոյի աշ­­խարհնե­­րը. ԺԳ դա­­րու վե­­նետիկ­­ցի վա­­ճառա­­կանի մը ճա­­նապար­­հորդու­­թիւնը» խո­­րագի­­րով։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին հա­­մադ­­րողներն են արո­­ւես­­տա­­­բան­­ներ՝ Ճիովան­­նի Գիւ­­րա­­­թոլան եւ Քիարա Սքո­­ւար­­չի­­­նան։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին նպա­­տակն է հան­­րութեան ներ­­կա­­­յաց­­նել Մար­­քօ Փո­­լոյի ճամ­­բորդու­­թիւննե­­րը, որոնք սկսած են իր 16-17 տա­­րեկան հա­­սակին եւ տե­­ւած 24 տա­­րի՝ հաս­­նե­­­լով մին­­չեւ Չի­­նաս­­տան, բաժ­­նե­­­լով ճա­­նապար­­հորդու­­թիւնը շրջան­­նե­­­րու հի­­ման վրայ եւ, ի հար­­կէ, վե­­րակա­­ռու­­ցե­­­լու հա­­մար այդ ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծին Փո­­լոյի այ­­ցե­­­լած վայ­­րե­­­րուն մշա­­կու­­թա­­­յին աշ­­խարհնե­­րը։

Մար­­քօ Փո­­լօ ծնած է 1254 թո­ւակա­­նին, վա­­ճառա­­կանու­­թեամբ զբա­­ղող ըն­­տա­­­նիքէ մը։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին առա­­ջին բա­­ժինին մէջ կը տես­­նենք Փո­­լոյի ծնած տան որոն­­ման գոր­­ծընթաց­­քին հնա­­գիտա­­կան պե­­ղումնե­­րու շնոր­­հիւ յայտնա­­բերո­­ւած իրե­­րը եւ եռա­­յարկ իր տան վե­­րակա­­ռու­­ցո­­­ւած տի­­պը, թո­­ւայ­­նա­­­ցած պատ­­կե­­­րու­­մով։

Յատ­­կանշա­­կան է, որ Մար­­քօ Փո­­լոյի գոր­­ծե­­­րու թրքե­­րէն թարգմա­­նու­­թիւննե­­րը յատ­­կա­­­պէս կ՚ընդգծեն ճա­­նապար­­հորդին Մե­­տաք­­սեայ ճամ­­բուն հե­­տեւի­­լը եւ Մոն­­կո­­­լական խա­­նու­­թեան՝ այ­­սինքն Չի­­նաս­­տա­­­նի մէջ ան­­ցուցած ժա­­մանա­­կը։ Ան­­շուշտ, որ Փո­­լոյի Չի­­նաս­­տան ան­­ցուցած ժա­­մանա­­կաշրջա­­նը կա­­րեւոր է։ Այ­­նո­­­ւամե­­նայ­­նիւ, այլ հա­­ւասա­­րապէս յատ­­կանշա­­կան վայր մը կա­­րելի է հա­­մարել Կի­­լիկիան, որ Վե­­նետի­­կին յա­­ջոր­­դող իր առա­­ջին կան­­գա­­­ռը եղած է։ Փո­­լոյի տո­ւած տե­­ղանուննե­­րուն հի­­ման վրայ, կը նա­­խատե­­սուի, որ ան Կի­­լիկիոյ Այա­­սէն մեկ­­նարկած է իր ճա­­նապար­­հորդու­­թիւնը անցնե­­լով Երզնկա­­յէն, հա­­ւանա­­բար Սե­­բաս­­տիոյ ճամ­­բով, հոն­­կէ՝ Էրզրում եւ Ականց՝ հաս­­նե­­­լով մին­­չեւ Արա­­րատ լե­­րան ստո­­րոտ։

Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին «Պատ­­մա­­­կան Հա­­յաս­­տան» բա­­ժինը պատ­­րաստած է Իտա­­լիոյ Ֆլո­­րեն­­ցիա հա­­մալ­­սա­­­րանի միջ­­նա­­­դարա­­գէտ Զա­­րու­­հի Պօ­­ղոսեանը՝ վերստեղ­­ծե­­­լու հա­­մար Մար­­քօ Փո­­լոյի այդտե­­ղի ճա­­նապար­­հորդու­­թիւննե­­րը։ Պօ­­ղոսեան հե­­ղինա­­կած է նաեւ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին երկլե­­զու (իտա­­լերէն եւ անգլե­­րէն) գրքոյ­­կին Փո­­լոյի ճա­­նապար­­հորդու­­թիւնը Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ բա­­ժինը։ Ան յատ­­կա­­­պէս ի մի բե­­րած է Հա­­յաս­­տա­­­նի Մաշ­­տո­­­ցեան մա­­տենա­­դարա­­նի ձե­­ռագ­­րե­­­րու հա­­ւաքա­­ծոյէն եւ Վե­­նետի­­կի Մխի­­թարեան միաբա­­նու­­թեան վան­­քէն հին մշա­­կոյ­­թի գտա­­ծոներ, ինչպէս նաեւ Երե­­ւանի Պատ­­մութեան թան­­գա­­­րանէն իրեր։ Այսպի­­սով մաս­­նա­­­գիտու­­հին կա­­րողա­­ցած է Փո­­լոյի ան­­ցած վայ­­րե­­­րէն եւ շրջան­­նե­­­րէն խաչ­­քա­­­րերու, ձե­­ռագ­­րե­­­րու եւ խե­­ցեգոր­­ծա­­­կան կտոր­­ներ կեան­­քի բե­­րել։ Սի­­սի մէջ 1338 թո­­ւակա­­նին ձե­­ռագ­­րո­­­ւած Աս­­տուածա­­շունչ մը, Լե­­ւոն Դ. Թա­­գաւո­­րի դի­­ման­­կարն ու Անի քա­­ղաքէն մե­­զի հա­­սած խե­­ցեղէն անօթ մը օրի­­նակ­­ներ են ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին մէջ միջ­­նա­­­դարեան հա­­յոց ներ­­կա­­­յացու­­մին։ Պօ­­ղոսեան կա­­րեւո­­րած է Անի քա­­ղաքէն գտա­­ծոնե­­րու ցու­­ցադրու­­թիւնը, նե­­րառեալ թան­­կարժէք կեր­­պա­­­սի կտո­­րէ մը, եւ կ՚ընդգծէ մեր մեծ բա­­րեբախ­­տութիւ­­նը այս իրե­­րուն մե­­զի հա­­սած ըլ­­լա­­­լուն։

Պօ­­ղոսեան մեր ու­­շադրու­­թեան կը հրա­­ւիրէ նաեւ Կի­­լիկիոյ մէջ գտնուած ժա­­մանակ Մար­­քօ Փո­­լոյի իր հայ­­րե­­­նիքէն մշա­­կու­­թա­­­պէս հե­­ռու չըլ­­լա­­­լու իրո­­ղու­­թիւնը, բա­­ցատ­­րե­­­լով, որ հա­­յերուն ապ­­րած վայ­­րե­­­րը Մար­­քօ Փո­­լոն օգ­­տա­­­գոր­­ծած է որ­­պէս կեդ­­րո­­­նական հիմ­­նա­­­կէտ՝ նկա­­րագ­­րե­­­լու հա­­մար Փոքր Ասիան։ Այս պէտք է ուղղա­­կիօրէն առնչո­­ւած ըլ­­լայ Փո­­լոյի ճա­­նապար­­հորդու­­թեան ըն­­թացքին Կի­­լիկիոյ՝ ամ­­բողջ Մի­­ջերկրա­­կան տա­­րած­­քին միաձու­­լո­­­ւած ըլ­­լա­­­լու փաս­­տը, յատ­­կա­­­պէս Վե­­նետի­­կի հետ սերտ կա­­պերով։ Հե­­տեւա­­բար, թէեւ Փո­­լոն Վե­­նետի­­կէն աշ­­խարհագ­­րա­­­կան առու­­մով հե­­ռու էր, սա­­կայն մշա­­կու­­թա­­­յին գետ­­նի վրայ լա­­ւատե­­ղեակ էր։

Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի գրքոյ­­կին մէջ, Պօ­­ղոսեան 12-րդ, 13-րդ եւ 14-րդ դա­­րաշրջան­­նե­­­րուն Հա­­յոց եկե­­ղեցի-Հռոմ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը կը նկա­­րագ­­րէ որ­­պէս բուռն։ Նոյ­­նիսկ կը կար­­դանք Լե­­ւոն Ա. Թա­­գաւո­­րին, 1198 թո­­ւակա­­նին թա­­գադ­­րութեան պա­­հուն, Հռո­­մի եկե­­ղեց­­ւոյ հա­­ւատար­­մութիւն ցու­­ցա­­­բերե­­լու առած որո­­շու­­մը, որ բա­­ւական խռո­­վու­­թիւն յա­­ռաջա­­ցուց հայ­­կա­­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու մի­­ջեւ։ Այ­­նո­­­ւամե­­նայ­­նիւ, Պօ­­ղոսեան մե­­զի կը յի­­շեց­­նէ, որ այս որո­­շու­­մը հա­­մահունչ էր Կի­­լիկիոյ Թա­­գաւո­­րու­­թեան այդ ժա­­մանա­­կուան քա­­ղաքա­­կան եւ տնտե­­սական շա­­հերուն հետ։

Իր յօ­­դուա­­ծին մէջ, Պօ­­ղոսեան կը նշէ, որ Կի­­լիկիոյ հա­­յերը, 1260-ական­­նե­­­րէն սկսեալ, ին­­կած էին Թավ­­րիզ հաս­­տա­­­տուած էլ­­խաննե­­րու եւ Գա­­հիրէ հաս­­տա­­­տուած մեմ­­լուքնե­­րու մի­­ջեւ. այս իրո­­ղու­­թեան քա­­ջածա­­նօթ էր Մար­­քօ Փո­­լոն, ինչ որ հե­­տեւեց­­նել կու տայ Կի­­լիկիոյ դիր­­քին կա­­րեւո­­րու­­թիւնը Պարսկաս­­տա­­­նէն մին­­չեւ Մի­­ջագետք եւ Գա­­հիրէ։

Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին այլ բա­­ժին­­նե­­­րուն մէջ կը տես­­նենք Մար­­քօ Փո­­լոյի մե­­ծապէս տպա­­ւորիչ ճա­­նապար­­հորդու­­թիւննե­­րը, մինչ ան կ՚անցնէր Պարսկաս­­տա­­­նի, Հնդկաս­­տա­­­նի եւ Չի­­նաս­­տա­­­նի մի­­ջով, եւ ինչ տե­­սակ աշ­­խարհնե­­րու հան­­դի­­­պած ըլ­­լա­­­լը։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը կը շա­­րու­­նա­­­կուի Վե­­նետի­­կի մէջ մին­­չեւ Սեպ­­տեմբե­­րի վեր­­ջը։

Թարգմա­­նեց՝ Արազ Գո­ճայեան

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ