Ֆրանսա տուն կանչեց Ատրպէյճանի մօտ իր դեսպանը

Փարիզ յայտարարեց, որ տուն կանչեց Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանը՝ խորհրդակցութիւններու նպատակով։ Ըստ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ այս որոշումին պատճառը «Ատրպէյճանի միակողմանի գործողութիւններն են, որոնք վնաս հասցուցած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն»։

Փարիզ այլ մանրամասնութիւններ չյայտնեց։

Նախարարութիւնը կը նշէ, որ 16 Ապրիլին Ֆրանսայի նախագահը ընդունեց դեսպան Անն Պուայոնը։ «Մաքրոն յայտնեց, թէ ինք կ՚ափսոսայ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն համար եւ ուզեց լսել ատրպէյճանական կողմին պարզաբանումը», կ՚ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։

Նախարարութիւնը կ՚աւելցնէ, որ Ֆրանսա կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ միաժամանակ յարգելով միջազգային իրաւունքը եւ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ