Էսդուգեան եւ Արապեան պարգեւատրուած

«Ակօս»ի աշ­­խա­­­տակազ­­մէն հա­­յերէն էջե­­րու խմբագ­­րա­­­պետ Բագ­­րատ Էս­­դուգեան եւ յայտնի լու­­սանկա­­րիչ Պերճ Արա­­պեան ար­­ժա­­­նացած են Մե­­թին Կէօք­­թե­­­փէի անո­­ւան լրագ­­րութեան մրցա­­նակին։ Մեր աշ­­խա­­­տակից­­նե­­­րը այս պար­­գե­­­ւին ար­­ժա­­­նացած են Ար­­ցա­­­խէն բռնի տե­­ղահա­­նուած ժո­­ղովուրդի հետ կա­­տարած հար­­ցազրոյցնե­­րու յօ­­դուա­­ծաշար­­քին պատ­­ճա­­­ռաւ։

Մրցա­­նակա­­տու­­չութիւ­­նը կա­­յացաւ 15 Ապ­­րիլ եր­­կուշաբ­­թի յետ­­մի­­­ջօրէին Շիշ­­լի, Նա­­զըմ Հիք­­մե­­­թի անո­­ւան դահ­­լի­­­ճի մէջ։

Այս առ­­թիւ Էս­­դուգեան իր ար­­տա­­­սանած շնոր­­հա­­­կալու­­թեան խօս­­քի մէջ անդրա­­դար­­ձաւ թրքա­­կան մա­­մու­­լի տի­­րող ապա­­տաղա­­կատո­­ւու­­թեան, օրի­­նակ բե­­րելով ար­­ցա­­­խեան 44-օրեայ պա­­տերազ­­մի ըն­­թացքին երկրի բո­­վան­­դակ մա­­մու­­լի պնդու­­մը, իբ­­րեւ թէ պա­­տերազ­­մը սկսած էր հայ­­կա­­­կան կող­­մի յար­­ձա­­­կու­­մով։ «Հա­­զիւ պա­­տերազ­­մի աւար­­տին Իլ­­համ Ալիեւի յայ­­տա­­­րարու­­թե­­­նէ ետք է, որ դադ­­րե­­­ցաւ այդ ստա­­խօսու­­թիւնը» ըսաւ Էս­­դուգեան։

Ան նաեւ նշեց թէ այս մրցա­­նակը յա­­տուկ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի իրենց հա­­մար, քա­­նի որ ան կը կրէ ոս­­տի­­­կանա­­կան բռնու­­թիւնով աշ­­խա­­­տան­­քի պա­­հուն սպա­­նուած լրագ­­րո­­­ղի մը՝ Մե­­թին Կէօք­­թե­­­փէի անու­­նը։

Մի­­ջոցա­­ռու­­մը աւար­­տե­­­ցաւ Կէօք­­թե­­­փէի ծննդեան օրը խորհրդան­­շող կար­­կանդա­­կի բե­­կանու­­մով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ