ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Ամառուայ ամիսները համեմատաբար թոյլ եղանակ կը համարուին գեղարուեստական նախաձեռնութիւններու համար։ Անշուշտ այս ընդհանուր երեւոյթը չի բացառուիր նաեւ պոլսահայ գեղարուեստական կեանքի առումով։ Մեր մօտ եւս ամառուայ ամիսները շատ աւելի ծանրաբեռնուած են զբօսնելու կամ հանգիստի տրամադրութիւնով։ Վերջապէս արուեստի գործիչներն ալ այդ ժամանակահատուածը կը շահագործեն արձակուրդով։ Բայց այս բոլորով հանդերձ մերթ ընդ մերթ կը բախտաւորուինք անակնկալներով, որոնք միայնքամ ընդմիշտ ոգեւորութիւն կը բերեն այդ ամայացած ամիսներու անիմաստ արուեստազրկութեան։ Այդ էր, որ կը պատահէր նախորդ հինգշաբթի օր, երբ Հայաստանի Նարեկացի երիտասարդական երաժշտական խումբը արտակարգ յաջող համերգով մը բեմ կը բարձրանար Շիշլի «Քենթ» մշակոյթի դահլիճին մէջ։ 28 երիտասարդ երաժիշտներ հայ երգի ամենախօսուն օրինակներէ բաղկացող յայտագիր մը ներկայացուցին պոլսեցի հանդիսատեսին, որ բառին բուն իմաստով վայելք մըն էր։
Նշենք որ, Նարեկացի ժողովրդական նուագարաններու նուագախումբը հիմնուած է 2008 թուականին, «Նարեկացի» արուեստի միութեան յարկի տակ։ 2015 թուականէն ի վեր նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավարն է երգահան, թառահար Արտեմ Խաչատուրը։ Արտեմ Խաչատուր Հայաստանի հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտն է։
Խումբը հայ երգն ու երաժշտութիւնը համաշխարհային գետնի վրայ ներկայացնելու առաքելութեամբ մեկնած է հայրենիքէն եւ այս մէկն ալ այդ հիւրահամերգներու շարքի հանգրուաններէն մէկը կը կազմէ։ Արդարեւ խումբը Պոլսոյ համերգէն անմիջապէս ետք մեկնեցաւ նախ Իտալիա, ապա Ֆրանսա եւ Զուիցերիա։
«Նարեկացի» նուագախումբը պահելով հանդերձ հայ աւանդական երաժշտութեան ոգին, բաց է նաեւ այլընտրանքային մեկնաբանութիւններու։ Ուրեմն հայոց աւանդական գործիքներով շատ իւրայատուկ հնչիւններ ունեցան Արամ Խաչատուրեանի դասական երաժշտութեան նուագարաններու հիման վրայ կատարած յօրինումները կամ ֆրանսական շանսոններուն մանաւանդ ալ քաղաքական երաժշտութեան ծանօթ դէմքերէն Իվ Մոնթանի «Փարիզի երկնիքի տակ» անուն հանրածանօթ երգը։ Նոյնպէս Մակար Եկմալեանի մշակումով հայ հոգեւոր երաժշտութեան քաղցրահնչիւն նմոյշներէն մին Սուրբ Պատարագի ծանօթ «Սուրբ, սուրբ»ը շատ նոր երանգով մը կը ներկայանար հանդիսատեսին։ Ինչպէս, որ ըսած էինք գրութեան մուտքին երաժշտական վայելք մըն էր կատարուածը, բառին բուն իմաստով եւ անշուշտ այդ վայելքին հաղորդակից դարձան բոլոր անոնք, որոնք գիտեն գնահատել արուեստի բարձրորակ նմոյշները։ Եւ եթէ խօսքը կը վերաբերի երաժշտութեան, պարտինք նշել, որ երաժշտական ամենաբարձր կատարումները գործիքային են, նուագարանային ու մանաւանդ նուագախմբային։ Արտեմ Խաչատուր իր մշակումներով յաջողած էր ժողովրդական նուագարաններով ստեղծել արդիաշունչ բազմաձայնութիւն մը։ Այդ հոյակապ նուագակցութեան վրայ նաեւ երեք անգամներ վայելեցինք պոլսահայ ծանօթ եւ շնորհալի մենակատարի մը՝ Թաթեանա Պոսթանի գեղեցիկ ու տպաւորիչ ձայնը։ Ան կատարեց Խաչատուր Աւետիսեանի հանրածանօթ ու շատ սիրուած «Ծաղկած Բալենի», Սայաթ Նովայի՝ «Յիս քու ղիմետըն չիմ գիտի» եւ Աշուղ Հայրիկ Ղազարեանի դարձեալ Խաչատուր Աւետիսեանի կողմէ վերամշակուած «Մշոյ Աղջիկ» երգերը։
Այս հրաշալի համերգի ընթացքին իրենց մենանուագներով ուշադրութեան արժանացան տուտուկահար՝ Դաւիթ Սահակեան, քամանչահար՝ Էրիկ Յովհաննիսեան, քանոնահար՝ Աստղիկ Սնեցունց, սրնգահար Կարէն Յարութիւնեան, սանթուրահար՝ Աննա Համբարձումեան եւ թմբկահարներ՝ Ստիոպա Սարգսեան եւ Արման Ղազարեան։
Համերգի աւարտին մեզի մնաց հարցում մը՝ ի՞նչ էր սա, որ կատարուեց, միթէ համե՞րգ մը միայն, թէ ո՛չ մեր յիշողութեան մէջ յարատեւ հետք թողելու կարողութիւն ունեցող արտակարգ վայելք մը։ Անշուշտ մենք համոզուած ենք երկրորդին եւ պիտի ցանկանք, որ այդ յիշողութիւնը միշտ մնայ իր դրոշմուած տեղը եւ մենք ամէն անգամուն յիշելով վերապրինք այդ բացառիկ երեկոն։ Բացթողում պիտի ըլլայ, եթէ զանց առնենք յիշելու, թէ համերգը կազմակերպուած էր Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի սանուց միութեան անունով եւ Սեզար Աւետիքեանի ջանքերով։ Արդարեւ Աւետիքեան համերգի աւարտին բեմ հրաւիրեց այս կարեւոր նախաձեռնութեան հեղինակը՝ Նարեկ Յարութիւնեանը՝ որու ջանքերով ծնած էր «Նարեկացի» նուագախումբը։ Նարեկ Յարութիւնեան արտայայտուեցաւ իր համակրանքը յայտնելով պոլսահայ հասարակութեան եւ մանաւանդ հանդիսատեսի նկատմամբ, քանի որ իր իսկ ընկալումով այս հասարակութիւնը յաջողած է մինչեւ օրս վառ պահել ազգային մշակոյթի հանդէպ իր հաւատարմութիւնը եւ դիմագրաւելով բազմաթիւ դժուարութիւններ, մինչեւ օրս չէ զլացած ազգապահպանման իր մեծ առաքելութեան մէջ։