Զրոյց Կարպիս Պալըքչըի հետ

ՍԱՅԱԹ ԹԵՔԻՐ

Սե­ւակ Պա­­­լըք­­­չը հա­­­յոց ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան 96 ամեակին զու­­­գա­­­­­­­դիպող 24 Ապ­­­րիլ 2011 թո­­­ւակա­­­նին պար­­­տա­­­­­­­դիր զի­­­նուո­­­րու­­­թեան պաշ­­­տօ­­­­­­­նը կա­­­տարած պա­­­հուն սպան­­­նո­­­­­­­ւեցաւ մի այլ զին­­­ծա­­­­­­­ռայո­­­ղի ձե­­­ռամբ։ Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան 100 ամեայ յի­­­շողու­­­թիւնը կը թար­­­մա­­­­­­­նար Հրանդ Տին­­­քի սպա­­­նու­­­թե­­­­­­­նէն չորս տա­­­րի անց նոր ոճի­­­րով մը եւս։

Նոր Զար­­­թօնք շար­­­ժումի գոր­­­ծիչներ ըլ­­­լա­­­­­­­լով դա­­­տավա­­­րու­­­թեան շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուող տա­­­սը տա­­­րինե­­­րու ըն­­­թացքին զա­­­նազան կա­­­ռոյցնե­­­րու, միաւո­­­րումնե­­­­­­­րու եւ երես­­­փո­­­­­­­խան­­­նե­­­­­­­րու հետ թէ՛ Իս­­­թանպուլ եւ թէ դա­­­տավա­­­րու­­­թեան կա­­­յացած Տի­­­յար­­­պե­­­­­­­քիրի մէջ զա­­­նազան մամ­­­լոյ յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւններ, բո­­­ղոքի ցոյ­­­ցեր, եւ յի­­­շատակ­­­ման մի­­­ջոցա­­­ռումներ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պե­­­­­­­ցինք։

Սե­­­ւակի ըն­­­տա­­­­­­­նիքը մե­­­զի հա­­­րազատ դար­­­ձած էր։ Ներ­­­քեւ ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւող զրոյ­­­ցը այդ օրե­­­րուն ձայ­­­նագրո­­­ւած էր եւ ափ­­­սոս որ Սե­­­ւակի սի­­­րեցեալ հօր՝ Կար­­­պիս Պա­­­լըք­­­չըի մա­­­հէն ետք է, որ կը հրա­­­տարա­­­կենք «Ակօս»ի ըն­­­թերցող­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար։

Այդ օր, Կար­­­պիս Պա­­­լըք­­­չը մեզ հետ կի­­­սած էր սպա­­­նու­­­թեան լու­­­րը առած օրո­­­ւայ զգա­­­ցումնե­­­րը։

«Բա­­­րեկամ մը զան­­­գա­­­­­­­հարեց եւ առա­­­ջին ան­­­գամ իր­­­մէ լսե­­­ցի այս մա­­­սին։ 2013-ի 24 Ապ­­­րի­­­­­­­լը զու­­­գա­­­­­­­դիպած էր նաեւ Ս. Զատ­­­կի տօ­­­նին։ Այդ օր Ս. Պա­­­տարա­­­գէն ետք տուն վե­­­րադար­­­ձի պա­­­հուն հնչեց հե­­­ռախօ­­­սը։ Բա­­­րեկամս ան­­­գամ մը եւս ճշդել ու­­­զեց որ­­­դւոյս անու­­­նը։ Ապա խոր­­­հուրդ տո­­­ւաւ որ հա­­­մացան­­­ցի լու­­­րե­­­­­­­րուն հե­­­տեւիմ։ Իս­­­կոյն զան­­­գա­­­­­­­հարե­­­ցի զօ­­­րամաս։ Ըսի որ տղուս հետ խօ­­­սիլ կ՚ու­­­զեմ։ Հե­­­ռախօ­­­սին պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նող զի­­­նուո­­­րը յայտնեց թէ որ­­­դիս շէն­­­քէն դուրս է եւ զի­­­նախումբով փշա­­­թել կը լա­­­րեն։ Ապա տուն մտայ եւ կնոջս Անիին պար­­­զե­­­­­­­ցի այս բո­­­լորը։ Անին հա­­­մացան­­­ցի վրայ տե­­­ղեկու­­­թիւն որո­­­նել սկսած էր, երբ երկրորդ զանգ մը ստա­­­ցանք, որ կը հաս­­­տա­­­­­­­տէր եղե­­­լու­­­թիւնը։

Առա­­­ջին հեր­­­թին ան­­­հա­­­­­­­ւատա­­­լի թուաց։­­ Յե­­­տոյ զան­­­գա­­­­­­­հարե­­­ցի Պաթ­­­ման եւ փոր­­­ձե­­­­­­­ցի աւե­­­լին գիտ­­­նալ։ Ին­­­ծի հա­­­մոզե­­­ցին ըսե­­­լով թէ մտա­­­հոգո­­­ւելու պատ­­­ճառ չկայ, վի­­­րաւո­­­րուած է եւ հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցն է։ Ապա բա­­­նակա­­­յին­­­ներ եկան տուն։ Ցա­­­ւակ­­­ցութիւն յայտնե­­­ցին եւ կա­­­տարո­­­ւածը ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցին իբ­­­րեւ ըն­­­կերնե­­­րու մի­­­ջեւ կա­­­տակե­­­լու պա­­­հուն պա­­­տահած առ­­­կած։

Կը յի­­­շեմ չո­­­րեք­­­շաբթի օր էր, թա­­­ղու­­­մէն ետք գա­­­ցի Պաթ­­­ման քա­­­ղաքը։ Սե­­­ւակի սպան­­­նո­­­­­­­ւած եւ ոճ­­­րա­­­­­­­գոր­­­ծին կրա­­­կած կէ­­­տերը տես­­­նե­­­­­­­լով վստահ եղայ որ կա­­­տարո­­­ւածը ծրագ­­­րո­­­­­­­ւած ոճ­­­րա­­­­­­­գոր­­­ծութիւն մըն էր։ Ոճի­­­րի գոր­­­ծո­­­­­­­ւած թո­­­ւակա­­­նը, նոյն օրո­­­ւայ Ս. Զատ­­­կի տա­­­ղաւար ըլ­­­լա­­­­­­­լը պա­­­տահա­­­կանու­­­թե­­­­­­­նէ աւե­­­լի խորհրդան­­­շա­­­­­­­կան պատ­­­գա­­­­­­­մի մը բնոյ­­­թը կը պար­­­զէին։

Ապա սկսաւ դա­­­տական գոր­­­ծընթա­­­ցը։ Հոն եւս իրո­­­ղու­­­թիւնը քօ­­­ղար­­­կե­­­­­­­լու զա­­­նազան երե­­­ւոյթներ նկա­­­տեցինք։ Օրի­­­նակի հա­­­մար սպա­­­նու­­­թեան պա­­­հուն իր վրայ եղած տա­­­րազ­­­նե­­­­­­­րը ան­­­գամ պա­­­հեցին մեզ­­­մէ։

Շատ դժո­­­ւար շրջան մըն էր այդ, որ ըն­­­տա­­­­­­­նեօք առան­­­ձին դի­­­մակա­­­յեցինք։ Նոյ­­­նիսկ բա­­­րեկամ­­­ներ, ըն­­­կերներ հե­­­ռու կե­­­ցան մեզ­­­մէ։ Միայն Նոր Զար­­­թօնքի երի­­­տասարդներն էին որ շրջա­­­պատե­­­ցին մեզ։ Մնա­­­ցեալ­­­նե­­­­­­­րը կ՚երե­­­ւի վախ­­­ցան եւ այդ վա­­­խով ալ խու­­­սա­­­­­­­փեցան մե­­­զի հետ ըլ­­­լա­­­­­­­լէ։

Որ­­­դիս ատե­­­լու­­­թեան ոճի­­­րի մը զո­­­հը գնաց եւ գի­­­տեմ որ ան առ­­­յա­­­­­­­ւէտ հրա­­­ժեշտ առաւ մեզ­­­մէ։ Բայց կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուին շար­­­քա­­­­­­­յին զին­­­ծա­­­­­­­ռայող հա­­­յերու, քրիս­­­տո­­­­­­­նեանե­­­րու, ալե­­­ւինե­­­րու եւ քիւրտե­­­րու երա­­­խանե­­­րուն դէմ գոր­­­ծո­­­­­­­ւած ոճիր­­­նե­­­­­­­րը։ Ես ան­­­վա­­­­­­­րան եւ ամե­­­նու­­­րէք կը կրկնեմ թէ Սե­­­ւակը ցե­­­ղապաշտ ատե­­­լու­­­թեան մը զո­­­հը դար­­­ձած է։ Եթէ ան իյ­­­նար ռազ­­­մա­­­­­­­ճակա­­­տին, թշնա­­­մու դէմ մարտնչե­­­լու պա­­­հուն, այդ որ­­­դոյս կո­­­րուստը աւե­­­լի տա­­­նելի պի­­­տի դառ­­­նար։ Իմ միակ աղօթքն է ան­­­մեղ պա­­­տանի­­­ներու նման ոճիր­­­նե­­­­­­­րու զոհ չդառնալը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ