ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Քաղաքի համերաշխութիւն

Քաղաք բա­­­ռի ըն­­­կալման հա­­­մար հար­­­կա­­­­­­­ւոր է դի­­­տել այսպէս կո­­­չուած բնա­­­կավայ­­­րե­­­­­­­րու ընդհա­­­նուր պատ­­­կե­­­­­­­րը: Այս ալ մեզ կը տա­­­նի ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րու հո­­­լովոյ­­­թով քննար­­­կե­­­­­­­լու քա­­­ղաքի էու­­­թիւնը:

Տա­­­կաւին նա­­­խակրթա­­­րանի տա­­­րինե­­­րէն սեր­­­տած ենք թէ բնա­­­կավայ­­­րե­­­­­­­րը կը դա­­­սաւո­­­րուին բնակ­­­չութեան քա­­­նակով: Գիւ­­­ղը կամ աւա­­­նը փոք­­­րա­­­­­­­գոյնն է, որուն կը յա­­­ջոր­­­դեն գիւ­­­ղա­­­­­­­քաղաք­­­նե­­­­­­­րը, մեծ քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րը, մայ­­­րա­­­­­­­քաղաք­­­նե­­­­­­­րը: Այսպէս դի­­­տուած օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը քա­­­ղաքի տար­­­բեր դիմագիծներ կը պար­­­զեն արե­­­ւել­­­քի եւ արեւ­­­մուտքի մէջ:

Կոս­­­տանդնու­­­պո­­­­­­­լիսը, Աթ­­­հենքը կամ Պաղ­­­տա­­­­­­­տը, Աղեք­­­սանդրիան եւ Սե­­­մեր­­­քանտը, Պու­­­հա­­­­­­­րան աշ­­­խարհի հնա­­­գոյն քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու օրի­­­նակ­­­ներ են: Այս յի­­­շուած­­­նե­­­­­­­րու կա­­­րեւոր յատ­­­կա­­­­­­­նիշը բազ­­­մաբնոյթ մարդկանց հա­­­մակե­­­ցու­­­թիւնն է: Այդ միաս­­­նութեամբ է որ գո­­­յացաւ նաեւ քա­­­ղաքակրթու­­­թիւն կո­­­չուած հաս­­­կա­­­­­­­ցողու­­­թիւն մը:

Ար­­­դա­­­­­­­րեւ բա­­­զու­­­մի իմաստ ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նող բազ­­­մա­­­­­­­թիւ բա­­­ռերու ար­­­մա­­­­­­­տը կը յի­­­շեց­­­նէ նաեւ քա­­­ղաք բա­­­ռի բնոյ­­­թը հան­­­դի­­­­­­­սացող «պո­­­լիս» նա­­­խածան­­­ցի հետ: Անոր հետ կա­­­պուած է պո­­­լիտեխ­­­նիկ, պո­­­լիֆո­­­նիկ, պո­­­լիկ­­­լի­­­­­­­նիքա եւ նման բազ­­­մա­­­­­­­թիւ բա­­­ռերու պա­­­շար մը:

Իս­­­կա­­­­­­­պէս ալ թե­­­լադ­­­րած կեն­­­ցա­­­­­­­ղով քա­­­ղաքի բնա­­­կիչը խիստ կը տար­­­բե­­­­­­­րէր գիւ­­­ղա­­­­­­­ցիէն: Հետզհե­­­տէ գո­­­յացաւ նաեւ գիւ­­­ղի ու գիւ­­­ղա­­­­­­­ցիի հան­­­դէպ նո­ւաս­­­տա­­­­­­­ցու­­­ցիչ հա­­­մոզում մը: Կոշտ ու կո­­­պիտ էր գիւ­­­ղա­­­­­­­ցին, իսկ քա­­­ղաքա­­­ցին այդ նոյն գիւ­­­ղա­­­­­­­կան ար­­­մա­­­­­­­տէն սե­­­ռած, բայց պայ­­­մաննե­­­րու բե­­­րու­­­մով տա­­­շուած տե­­­սակն էր մարդ արա­­­րածին:

Արեւ­­­մուտքի մէջ շատ աւե­­­լի ուշ, հա­­­զիւ միջ­­­նա­­­­­­­դարի աւար­­­տին կազ­­­մո­­­­­­­ւեցան այ­­­սօ­­­­­­­րուայ կա­­­րեւոր քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րը: Իշ­­­խա­­­­­­­նական հա­­­մակար­­­գը երբ քայ­­­քա­­­­­­­յուե­­­լով ծնունդ կու տար թա­­­գաւո­­­րու­­­թիւննե­­­րու, եր­­­բեմնի ճոր­­­տերն ալ, իբ­­­րեւ ազատ ան­­­հատներ, առիթ գտան իրենց հմտու­­­թեան ու գի­­­տելիք­­­նե­­­­­­­րու կամ ձեռ­­­նե­­­­­­­րէցու­­­թեան շնորհքով նոր կեանք կեր­­­տել գե­­­տերու ափին ձե­­­ւաւո­­­րուած «պուրկ»երու մէջ: Իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւրը տար­­­բեր իշ­­­խա­­­­­­­նի մը ճոր­­­տե­­­­­­­րը, այդ պուրկե­­­րու մէջ դար­­­ձան ազատ քա­­­ղաքա­­­ցի եւ կեր­­­տե­­­­­­­ցին հա­­­մակե­­­ցու­­­թեան կա­­­նոն­­­նե­­­­­­­րը: Կեր­­­տե­­­­­­­ցին նաեւ քա­­­ղաքի մը սե­­­փակա­­­նատէ­­­րը ըլ­­­լա­­­­­­­լու գի­­­տակ­­­ցութիւ­­­նը: Այդ գի­­­տակ­­­ցութիւ­­­նը յա­­­ջորդ սե­­­րունդնե­­­րուն հա­­­մար եղաւ պատ­­­կա­­­­­­­նելիու­­­թիւն:

Նոր աշ­­­խարհը եւս ապ­­­րե­­­­­­­ցաւ քա­­­ղաքա­­­շինու­­­թեան ու­­­ռոյն փորձ մը: Հիւ­­­սի­­­­­­­սային Ամե­­­րիկա­­­յի ան­­­մարդաբ­­­նակ տա­­­րածքնե­­­րու վրայ տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րու տե­­­ւողու­­­թեամբ կազ­­­մո­­­­­­­ւեցան նոր քա­­­ղաք­­­ներ, որոնք եւս յա­­­ջորդ սե­­­րունդնե­­­րու հա­­­մար դար­­­ձան պատ­­­կա­­­­­­­նելու­­­թեան յատ­­­կա­­­­­­­նիշ:

Մեծ քա­­­ղաքի ձե­­­ւաւո­­­րած կրթու­­­թեան դէմ գլխա­­­ւոր սպառ­­­նա­­­­­­­լիքն է կեթ­­­թո­­­­­­­յացու­­­մը: Երբ մար­­­դիկ այդ մեծ խառ­­­նա­­­­­­­րանին ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցած վտանգնե­­­րուն դէմ կ'ապա­­­ւինին ազ­­­գա­­­­­­­կից­­­նե­­­­­­­րէ կամ հա­­­մաերկրա­­­ցինե­­­րէ բաղ­­­կա­­­­­­­ցող թա­­­ղերու ապա­­­հովու­­­թեան, արա­­­գօրէն կը մա­­­շի նաեւ հա­­­մակե­­­ցու­­­թե­­­­­­­նէ ծա­­­գող քա­­­ղաքակրթու­­­թիւնը:

Նման սպառ­­­նա­­­­­­­լիք կը ծա­­­գի նաեւ դա­­­սակար­­­գա­­­­­­­յին մտա­­­հոգու­­­թիւննրով։ Ար­­­դի քա­­­ղաքի կրթու­­­թեան դէմ լուրջ վտանգ մըն է հա­­­րուստնե­­­րու թա­­­ղամա­­­սերը։ Այդ թա­­­ղերու մէջ բնա­­­կարան­­­նե­­­­­­­րը շրջա­­­պատո­­­ւած են պա­­­րիսպնե­­­րով եւ իբ­­­րեւ թէ անվտան­­­գութեան կան­­­խա­­­­­­­միջոց­­­նե­­­­­­­րով։ Այդպի­­­սին է օրի­­­նակ՝ Երե­­­ւանի մէջ Վա­­­հագ­­­նի թա­­­ղամա­­­սը։

Ար­­­դի կեն­­­ցա­­­­­­­ղի պար­­­տադրած մշա­­­կոյթն է հա­­­մակե­­­ցու­­­թիւնը, որ­­­մէ խու­­­սա­­­­­­­փիլը ան­­­հա­­­­­­­տը կը տա­­­նի դէ­­­պի պահ­­­պա­­­­­­­նողա­­­կանու­­­թեան, նոյ­­­նիսկ յե­­­տադի­­­մու­­­թեան: