«Բանտարկութիւնս քաղաքական է, այլ ոչ իրաւական»

ԸԼԿԱԶ ԿԷՕՔԸՐՄԱՔԼԸ

«Յայտնի չէ թէ, երբ ազատ
կ՚ար­ձա­կուիմ։ Հե­տեւա­բար չեմ ու­զեր միտքս այս հար­ցումով տան­ջել»։

Այս նա­խադա­սու­թեան հե­ղինա­կը Օս­ման Քա­ւալան է, որ Սի­լիվ­րիի ար­գե­լանո­ցին մէջ լրա­ցու­ցած է բան­տարկու­թեան ու­թը տա­րինե­րը։ 2 Հոկ­տեմբե­րը անոր ծննդեան օրն էր եւ ես ալ ու­զե­ցի հար­ցազրոյց մը վա­րել իր հետ։

Առա­ջին հար­ցումս եղաւ բան­տի պայ­մաննե­րուն մէջ տա­րեդարձ նշե­լու հան­գա­ման­քը։

«Որոշ տա­րիքէ մը ետք տա­րեդարձնե­րը կը յու­շեն թէ կեան­քի մնա­ցեալ հա­տուա­ծը աւե­լի կար­ճ է՝ քան ան­ցեալը։ Երբ շրջա­պատո­ւած ես հա­րազատ­նե­րով, կրնաս մխի­թարո­ւիլ լաւ կեանք մը ապ­րած ըլ­լա­լուդ հա­մար։ Բան­տի պայ­մաննե­րուն մէջ այդ մխի­թարու­թե­նէն զուրկ ես»։

Բան­տարկու­թեան յա­րատե­ւու­թիւնը ի՞նչ կը նշա­նակէ Թուրքիոյ այժմու քա­ղաքա­կան եւ իրա­ւական են­թա­հողին վրայ։

Ան­շուշտ որ երկրի քա­ղաքա­կան եւ իրա­ւական հա­մակար­գի ցու­ցա­նիշը իմ մատ­նո­ւած պայ­մաննե­րով բա­ցատ­րել կա­րելի չէ։ Ամէն առա­ւօտ օրո­ւան կը սկսինք «Ա՞յս ալ եղաւ» հար­ցումով։ Բայց նո­րէն ալ իմ վի­ճակը յատ­կութիւններ ու­նի։ Նոյն մե­ղադ­րանքով նա­խապէս դա­տուած եւ ան­պարտ հռչա­կուած էի։ ԵՄԻԱ-ի վճի­ռի պատ­ճա­ռաբա­նու­թեան մէջ նշո­ւած էր թէ ամ­բաստա­նագի­րի շեշ­տադրումնե­րը ոչ մէկ առնչու­թիւն ու­նին զիս մե­ղադ­րող յան­ցանքնե­րուն հետ։ Այդ իրո­ղու­թիւնով հան­դերձ ցկեանս բան­տարկու­թիւնով պատ­ժո­ւեցայ։ Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեանն ալ ան­տե­սեց այս բա­ցայայտ անար­դա­րու­թիւնը։ Եղա­ծը մար­դու կեան­քի հան­դէպ ան­փութու­թեան ապա­ցոյց է։

Փե­լին Իւնքե­րի հետ զրոյ­ցի ժա­մանակ նշած էիք թէ երես­փո­խան­նե­րուն կ՚ար­գի­լուի ձե­զի եհտ տե­սակ­ցիլ։ Այդ ար­գելքը կը շա­րու­նա­կուի՞։

Որ­քան որ գի­տեմ կը շա­րու­նա­կուի։ Ես ինչպէս նշո­ւած է ԵՄԻԱ-ի վճռին մէջ քա­ղաքա­կան պատ­ճառնե­րով ձեր­բա­կալուեցայ, ան­պարտ հռչա­կուե­լու որո­շու­մը քա­ղաքա­կան պատ­ճառնե­րով չե­ղար­կո­ւեցաւ, հե­տեւա­բար իմ ազատ ար­ձա­կուիլս ալ քա­ղաքա­կան պայ­մաննե­րէն կա­խեալ է։

Ի դէմ այս իրո­ղու­թեան ար­դա­րու­թեան կա­յաց­ման մա­սին հա­ւատքս կը պա­հեմ։

Ձեր ալ բնա­կած Սի­լիվ­րիի բան­տը քա­ղաքա­պետ­նե­րով, լրագ­րողնե­րով, իրա­ւապաշտպան­նե­րով լե­ցուն է։ Ինչպէ՞ս կը բնու­թագրէք այս պատ­կե­րը։

Նրբանցքնե­րուն յա­ճախ կը հան­դի­պիմ այդ մարդկանց հետ։ Եր­կար խօ­սելու առիթ չու­նե­նանք իսկ յա­ճախ կը բա­րեւենք իրար։ Ժո­ղովրդա­վարա­կան սկզբունքնե­րը յար­գող մէ­կը ըլ­լա­լով մեծ ցաւ կը զգամ քա­ղաքա­պետ­նե­րու բան­տարկու­թե­նէն։

Հա­սարա­կու­թեան զօ­րակ­ցութիւ­նը բա­ւարար կը հա­մարէ՞ք։

Ես հա­սարա­կու­թեան հա­մար հան­րա­ծանօթ մէ­կը չեմ, բայց նա­խապէս ան­ծա­նօթ մարդկանց զօ­րակ­ցութեան պատ­գամնե­րը կ՚ու­րա­խացնեն զին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ