Մտորումներ՝ Հայաստանի եւ հայ ազգի փրկութեան համար…

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

Բազում ան­գամներ քա­ղաքս ժա­մանած էք։ Այս ան­գամ ի՞նչ առի­թով այցելե­ցիք Պո­լիս։

Ես ընդհան­րա­պէս գա­ղութնե­րը կ՚այ­ցե­լեմ, որ նոր սե­րունդին ոգե­ւորու­թիւն ստեղ­ծեմ՝ ազ­գա­յին պատ­կա­նելու­թեան, հայ­րե­նասի­րու­թեան եւ լե­զուի վե­րաբե­րեալ։

Իմ հիմ­նա­կան ու­շադրու­թիւնս լե­զուի մա­սին է։ Երբ որ հա­յու­թիւնը իր թա­գաւո­րու­թիւնը կորսնցուց, դժո­ւարու­թիւն ու­նե­ցաւ եր­կու հիմ­քե­րու։ Անոնցմէ մէ­կը եկե­ղեցին էր, իսկ միւ­սը լե­զուն։ Մա­նաւանդ որ լե­զուն սկսած է կորսնցնել, այն ատեն սկսած է այ­լա­սերիլ։

Այ­ցե­լած էք Օր­թա­գիւ­ղի եւ Եշիլ­գիւղի հա­յոց վար­ժա­րան­նե­րը եւ դեռ պի­տի այ­ցե­լէք Սա­մաթիոյ Անա­րատ Յղու­թիւն Վար­ժա­րանը։ Ըստ ձե­զի Պոլ­սոյ կրթա­կան մշակ­նե­րը ի՞նչ տպա­ւորու­թիւն թո­ղեցին ձեր վրայ։

Իմ կար­ծի­քով գո­վելի են։ Դպրոց­նե­րը որ կը տես­նեմ կո­կիկ են։ Կարգ ու կա­նոն կայ։ Հա­մազ­գեստ կը հա­գուին։ Աշա­կերտնե­րը ու­շիմ են։ Լաւ կը հե­տեւին դա­սերուն եւ մտիկ կ՚ընեն, ատի­կա մեծ առա­ւելու­թիւն է։ Բա­ցի ան­կէ իմ հա­մոզումս այն է, որ պոլ­սա­հայե­րը խե­լացի են։ Կրցած են իրենց մշա­կոյ­թը, ազ­գա­յինը իւ­րացնել եւ կրցած են տա­րածել։ Երբ մենք զար­թօնքի շրջա­նը նկա­տի ու­նե­նանք, գլխա­ւոր գոր­ծօննե­րը կա­տարող­նե­րը Պո­լիսէն էին։

Հի­մա նոյ­նիսկ վերցնենք մենք Մխի­թարեան­նե­րը՝ ըլ­լայ Վե­նետի­կի, ըլ­լայ Վիեն­նա­յի երե­ւելի համ­բաւ ու­նե­ցող վար­դա­պետ­նե­րը Պո­լիս ծնած են։ Ալի­շան, Չամ­չեան, Այ­տը­նեան եւ ու­րիշներ, որ բար­ձունքի հաս­ցուցած են հայ լե­զուն, գրա­կանու­թիւնը, բա­նասի­րու­թիւնը եւ պատ­մա­գիտու­թիւնը։ Ու­րեմն իրենք ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած են սփիւռքի միւս մա­սերուն։ Առաջ­նորդի պաշ­տօն կա­տարած են։ Այդ կեր­պով ես գնա­հատե­լով, ար­ժե­ւորե­լով ու­զե­ցի գալ այստեղ, որ­պէսզի նոյն դրու­թեան աս­տի­ճանա­բար հաս­նի այժմու Պո­լիսը։

Դուք Հա­լէպ ծնած էք եւ ձեր առա­ջին ու­սումը ստա­ցած էք այնտե­ղի Մխի­թարեան Վար­ժա­րանի մէջ։ Ապա Վե­նետի­կի Մու­րատ Ռա­ֆայէ­լեան Վար­ժա­րանը հա­սած էք։ Ձեզ պի­տի հարցնեմ, ձեր ման­կութեան շրջա­նի Հա­լէպը։ Այդ օրե­րը կը յի­շէ՞ք։

Ի հար­կէ կը յի­շեմ։ Հա­լէպ քա­ղաքը կար եւ շրջա­կայ արո­ւար­ձաննե­րը, որոնք բլուրնե­րու վրայ էին։ Այս արո­ւար­ձաննե­րը ամ­բողջո­վին Կի­լիկիայէն եւ Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նէն գաղ­թա­կան­ներ կը բնա­կէին։ Թէեւ իրենք թրքա­խօս էին, բայց իրենց ոգին, էու­թիւնը հայ էր։ Մե­ծերը թրքե­րէն կը խօ­սէին, բայց եթէ մենք կը խօ­սինք, կ՚առար­կէին «թրքե­րէն մի խօ­սիր» ըսե­լով։ Ակումբներ, երի­տասար­դա­կան միու­թիւններ կա­յին։ Ազ­գա­յին ոգին զօ­րաւոր էր։ Ու­րեմն առաջ Հա­լէպը գաղ­թա­կան­նե­րուն կեդ­րո­նը եղած է։ Հա­լէպէն ան­ցած են Պէյ­րութ։ Այս վեր­ջի­նը Ֆրան­սա­կան հո­վանա­ւորու­թեան ներ­գոյ էր, աւե­լի յա­ռաջա­ցած եր­կիր էր, ուր ծաղ­կե­ցաւ հա­յու­թիւնը։ Բայց Հա­լէպը մնաց աւան­դա­կան ձե­ւով։

Երբ որ սկսաւ Սու­րիոյ մէջ քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մը՝ գա­ղու­թը սկսաւ ցրո­ւիլ։ Մաս մը գնաց Գա­նատա, մաս մը գնաց Միացեալ Նա­հանգներ եւ այլ եր­կիրներ։ Նոյ­նիսկ անոնց կար­գին էր նաեւ Աւստրա­լեան։

Հի­մա Հա­լէպը կի­սաքանդ է։ Տնտե­սու­թիւնը, մի­ջավայ­րը, հո­գեբա­նու­թիւնը…կի­սաքանդ։ Բազ­մա­թիւ առաջ­նորդնե­րը հե­ռացած են երկրէն։ Որոշ հունտ կայ։ Ար­մատ կայ դեռ, բայց ցօ­ղու­նը զօ­րաւոր չէ դեռ եւ անոր հա­մար պտուղնե­րը չենք տես­ներ։

Տա­րինե­րով բժշկու­թիւն ըրած էք եւ ու­նիք դար­մա­նատու­ներ։

Այո։ Ես Ամե­րիկա­յէն նախ ան­ցած եմ Հիւ­սի­սային Ամե­րիկա՝ Նիւ Եոր­քի հրէական հի­ւան­դա­նոցի մէջ ներ­քին հի­ւան­դութեան եւ սրտա­բանու­թեան բժիշկ ըլ­լա­լով աշ­խա­տած եմ։ Այնտեղ սրտա­բանու­թեան փոխ տնօ­րէն էի։ Առա­ջար­կե­ցին Թե­նեցիա Հա­մալ­սա­րանի Բժշկա­գիտա­կան ամ­պիոնի տնօ­րէնու­թիւն եւ հոն ան­ցայ։

Ու­նիմ եր­կու դար­մա­նատու­ներ՝ Կլեն­տէյլ եւ Լոս Ան­ճէ­լըսի մէջ։ Թէ Հո­լիվու­տի շրջա­նին եւ թէ Կլեն­տէյլի մէջ հայ­կա­կան մի­ջավայր կար, ես ալ սրտա­բանա­կան դար­մա­նատու­ներս հոն բա­ցի։

Բժշկու­թիւնը եւ բա­նաս­տեղծու­թիւնը գիտ­նա­կան առու­մով շատ հա­կառակ ուղղու­թիւններ են։ Ե՞րբ բա­նաս­տեղծու­թիւն գրել սկսաք։

Հո­գեբա­նական դրու­թիւն ու­նին բժիշկնե­րը, որ մար­դուս ցա­ւը կը զգան։ Այդ ցա­ւը զգա­լով, որ եր­բեմն կ՚ու­զես ար­տա­յայ­տել։ Բա­ցէ ի բաց չես ու­զեր ար­տա­յայ­տել, ու­րեմն թուղթի վրայ կ՚ար­տա­յայ­տես։ Այս անձնա­կան խօ­սակ­ցութիւն մըն է ու թուղթի մի­ջոցով քու գաղտնի զգա­ցումներդ կ՚ար­տա­յայ­տես։

Հա­յաս­տան, սփիւռք եւ հայ­կա­կան եկե­ղեցիի մա­սին խօ­սինք։ Այս եռեակին մէջ Պո­լիսը ի՞նչ դեռ ու­նի ձեզ հա­մար։

Պո­լիսը քա­ղաքա­կան Թուրքիոյ մէջ է՝ որ չի կրնար ճչալ, գո­ռալ, բայց զուսպ կեր­պով իր գոր­ծունէու­թիւնը պէտք է տա­նի։ Այս առու­մով ակնկա­լուա­ծը չէ կա­տարած։ Այ­սինքն Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի եկե­ղեցի­ներուն տի­րու­թիւն պի­տի ընէին Պո­լիսը եւ Երու­սա­ղէմը։ Եր­կուքն ալ պե­տակա­նօրէն Օս­մա­նական շրջա­նին իրա­ւասու­թիւննե­րը ու­նին։

Օրի­նակի հա­մար հի­մա ես պի­տի սկսիմ ար­ծարծել Անիի մայր եկե­ղեցին, ին­չո՞ւ մզկի­թի կը վե­րածո­ւի։ Մենք ու­նինք Լո­զանի Դաշ­նա­գիրը։ Ուր գրո­ւած է՝ «Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թիւնը հո­վանա­ւորու­թիւն եւ հո­գածու­թիւն պի­տի ընէ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու մշա­կու­թա­յին եւ եկե­ղեցա­կան ու­նե­ցուածքնե­րուն»։ Ու­րեմն ին­չո՞ւ հա­մար կի­սափուլ եկե­ղեցի­ները՝ օրի­նակի հա­մար Վա­նի շրջա­նի եւ այլն…

Ու­նինք մօ­տաւո­րապէս Թուրքիոյ տա­րած­քին Կի­լիկիայի եւ արեւմտեան շրջա­նին հա­զարէ աւե­լի վանք, եկե­ղեցի եւ մա­տուրներ։ Ասոնց ըսենք 200 հա­տը խո­շոր են, որ կի­սափուլ են։ Թրքա­կան պե­տու­թիւնը պայ­մա­նագիր կնքած է, որ ինքն յանձն պի­տի առ­նէ։ Ոչ թրքա­հայու­թիւնը կա­րողու­թիւն ու­նի, ոչ ալ Պատ­րիար­քութիւ­նը, որ անոնք նո­րոգեն։ Կան եր­կու պատ­ճառներ։ Մէ­կը 1915-ին, լքեալ կա­լուած­նե­րու օրէն­քը հա­նեցին եւ այդ կա­լուած­նե­րը մին­չեւ 1923 վա­ճառե­ցին։ Եկե­ղեցի­ները որով­հե­տեւ Պատ­րիար­քա­րանը թա­փուր էր։ Ու­րեմն ինչ ըրաւ քա­ղաքա­պետը, կամ կու­սա­կալը, ձեռ­քի տա­կով թուրքի մը կամ քիւրտի մը ծա­խեց։ Բայց իրա­կանու­թեան մէջ պե­տու­թիւնն ալ, մենք ալ գի­տենք թէ այդ կա­լուա­ծը հայ եկե­ղեց­ւոյ կը պատ­կա­նի։ Ու­րեմն թրքա­կան կա­ռավա­րու­թեան ճնշում պի­տի բա­նեցուի, որ «քու պաշ­տօնդ որ խոս­տա­ցած ես թուղթի վրայ՝ կա­տարես»։ Ձգենք մէկ կող­մը որ գիւ­ղե­րուն մէջ եկե­ղեցի կայ, հայ ալ չկայ։ Բայց որ քա­ղաք­նե­րուն մէջ Այնթա­պի, Մա­րաշի, Խար­բերդի, Անիի մէջ։ Կրկին կ՚ըսեմ։ Անիի եկե­ղեցին ին­չո՞ւ մզկիթ պի­տի ըլ­լայ։ Ի՞նչ հի­ման վրայ։ Պար­տա­ւոր չեմ հա­մայնք ու­նե­նալու։ Հա­մայնքը տե­ղափո­խուած է, բայց անի­կա իրենց կը պատ­կա­նի։ Այդ կա­լուած­նե­րը շի­նուած են հայ­կա­կան գու­մարնե­րով, նո­ւիրա­տուու­թեամբ, բա­րերար­նե­րու մի­ջոցով։ Իրենց հետ պէտք է խօ­սուի, բայց պա­հան­ջող չկայ։ Ո՞վ պի­տի պա­հան­ջէ։

Թուրքիա-Հա­յաս­տան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը աւե­լի դրա­կան փու­լի մէջ են։ Այս մա­սին ի՞նչ կը մտա­ծէք։

Հա­յերէն բառ մը կայ որ կը կո­չուի կա­շառք։ Երբ որ ես քե­զի կը կա­շառեմ, դուն ին­ծի հետ լաւ կը վա­րուիս։ Ներ­կայ վար­չա­կար­գը կա­շառք կու տայ։ Ի՞նչ է այդ կա­շառ­քը։ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ հրա­ժարիլ։ Ներ­կայ սահ­մաննե­րը ըն­դունիլ, պայ­մա­նաւ որ սահ­մա­նը բա­նան։ Ար­դեօք սահ­մա­նի բա­ցու­մը լա՞ւ է Հա­յաս­տա­նի հա­մար։ Չէ։ Հե­ռան­կար պի­տի ու­նե­նաս։ Հա­յը հե­ռան­կար պի­տի ու­նե­նայ։ Հա­յը սփիւռքի մէջ պի­տի մտա­ծէ հայ­րե­նիքը ո՞ւր է։ Ֆրան­սա՞ է, Գեր­մա­նիա՞ է կամ Հա­յաս­տան։ Եթէ Հա­յաս­տան է պի­տի եր­թաս հոն կամ առանց եր­թա­լու պի­տի ջա­նաս օգ­տա­կար ըլ­լալ, որ քու գա­ղափար­ներդ իրա­կանա­նան։ Ես ին­չո՞ւ հա­մար բա­ւակա­նին եկա­մուտ ու­նէի բո­լորը ծա­խեցի եկայ Հա­յաս­տան։ Մեր ապա­գան ո՞ւր է։ Լոս Ան­ճէ­լը՞ս, Կլեն­տէ՞յլ եւ այլ եր­կիրներ։ Այս որ­չա՞փ պի­տի տե­ւէ։ Գա­ղու­թը իր ար­մատնե­րէն պի­տի ծլի Հա­յաս­տան։ Օրի­նակի հա­մար սու­րիահա­յերը ժա­մանա­կին մէկ ոտ­քը Հա­յաս­տան դրած ըլ­լա­յին՝ կա­լուած, գործ եւ այլն, կրնա­յին Հա­յաս­տան եր­թալ ու այնտեղ ապ­րիլ։ Հի­մա այս նեղ վի­ճակին մե­զի կը դի­մեն, կ՚ըսեն «մե­զի ճամ­բու դրամ տուր, որ եր­թանք Հա­յաս­տան»։

Երկրորդ բան մը եւս կայ։ Սփիւռքը կազ­մա­կեր­պութիւն պի­տի ըլ­լայ։ 7 մի­լիոն են։ 7 մի­լիոն եթէ դուն ուժ ու­նիս ասոր մէջ մէկ հա­զարե­րոր­դը որ ու­նե­ւոր է ատոնց հետ պի­տի նստիս, պի­տի խօ­սիս։ Հար­ցը մնա­ցած ժո­ղովուրդին դուն տէր պի­տի դառ­նա՞ս, թէ ո՛չ։ Եթէ հայ ես տի­րու­թիւն պի­տի ընե՞ս։ Ասոնք ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն առաջ ո՞ւր կ՚ապ­րէին։ Վան, Պիթ­լիս, Էրզրում, Տրա­պիզոն…Նոյ­նիսկ Պոլ­սոյ մէջ ժա­մանա­կին 250 հա­զար հայ կար։ Ի՞նչ եղաւ։ Քա­նի որ կազ­մա­կեր­պո­ւած չէր։ Պի­տի սկսինք միաձու­լո­ւիլ։ Սփիւռքի մէջ հա­յերը իրա­րու տի­րու­թիւն պի­տի ընեն։ Այդ հո­գեբա­նու­թիւնը պէտք է։

Կարգ մը հա­յաս­տանցի­ներ կը մտա­ծեն որ վեր­ջին Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մին սփիւռքը իրենց չէ օգ­նած։ Նոյ­նիսկ առա­ջին պա­տերազ­մին սփիւռքէն չորս հո­գի եկած է Հա­յաս­տան, իսկ 44 օրեայ պա­տերազ­մին ոչ մէ­կը։

Առա­ջինին չորս հատ չէին։ Սուտ է։ Ջո­կատ մը կայ «Եղ­նիկներ»ու, որ լի­բանա­նահայ, սու­րիահա­յեր էին։ Իսկ 44 օրեայ պա­տերազ­մին դաշ­նակցա­կան­ներ կա­յին, եկան։ Բայց իրենք գաղտնի եկած էին։

Հար­ցը այն էր, որ վեր­ջին պա­տերազ­մը ձե­ւակա­նօրէն եղած էր։ Հե­ռագ­րո­ւած էր Փա­շինեանի եւ Ալիեւի մի­ջեւ։ Ես չեմ հա­ւատար որ իս­կա­կան պա­տերազմ էր։ Որով­հե­տեւ Փա­շինեանը վե­րընտրո­ւելէն առաջ ըսաւ «Ար­ցա­խը Հա­յաս­տան է եւ վերջ»։ Ու­րեմն դուն Ար­ցա­խը պի­տի միաց­նէիր Հա­յաս­տան։ Ատի­կա չը­րաւ եւ Ալիեւն ալ յար­ձա­կեցաւ։

Իսկ ի՞նչ կը մտա­ծէք Փա­շինեանի եւ եկե­ղեցիի ու հո­գեւո­րական­նե­րու մի­ջեւ շա­րու­նա­կուող տա­րակար­ծութիւննե­րու մա­սին։

Ո՞վ է Փա­շինեան։ Փո­ղոցէն եկած, կի­սագ­րա­գէտ լրագ­րող մը, որ վկա­յական ալ չու­նի։ Չէ ամուսնա­ցած ոչ քա­ղաքա­կան կեր­պով եւ ոչ ալ եկե­ղեց­ւոյ պսա­կով։

Հա­յաս­տա­նի պարտքը իր­մէ առաջ 7 մի­լիառ տո­լար էր, իսկ հի­մա 14 մի­լիառ տո­լար։ Ո՞ւր գնաց այդ 7 մի­լիառը։ Անոնք որ ազ­գայնա­կան են կ՚առ­նէ բանտ կը դնէ։ Եկե­ղեցին որ իրեն դէմ է, կը պա­հան­ջէ որ այդ եկե­ղեց­ւոյ պե­տը հրա­ժարի։ Կը ձեր­բա­կալէ եպիս­կո­պոս­ներ, ար­քե­պիս­կո­պոս­ներ։

Հա­յերը կ՚ար­տա­գաղ­թեն։ Ար­ցա­խը յանձնեց։ Երբ որ շրջա­պատո­ւած էր Ար­ցա­խը, Լա­չինի անցքը կար։ Ինք ոչինչ ըրաւ։ Ըսաւ որ «Դուք գա­ցէք Ատրպէյ­ճա­նի հետ լե­զու գտէք, հա­մաձայ­նե­ցէք»։ Ու­րեմն ի՞նչ եղաւ որ վար­չա­կազմ մը կար Ղա­րաբա­ղի մէջ։ Երբ որ Ատրպէյ­ճա­նը յար­ձա­կեցաւ պար­տա­ւորո­ւեցաւ յանձնո­ւիլ։ Եթէ չյանձնո­ւէին կը կո­տորո­ւէին։ 120 հա­զար ար­ցախցի եկան Հա­յաս­տան։ Ոչ ան­կո­ղին ու­նէին, ոչ վեր­մակ՝ ոչ ու­տե­լիք, ոչ մնա­լու տեղ… Ժո­ղովուրդը տու­ներնին բա­ցին։ Մեր դպրո­ցի մէջ ու­սուցիչ­նե­րը կա­րի մե­քենա­ներ բե­րին սկսան վեր­մակներ, հա­գուստներ կա­րել։ Պե­տու­թիւնը վեց ամիս ետք սկսաւ 50 հա­զար դրամ տալ։ Անոնք որոնք եկած էին Հա­յաս­տան, անոնցմէ 30 հա­զարը գաղ­թած են Հունգա­րիա։

Ըստ ձե­զի Սարգսեանը, Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեանը, Քո­ջարեանը ո՞րն է լա­ւը։

Ես ի՞նչ կ՚ըսեմ, չորսն ալ կ՚առ­նեմ բանտ կը դնեմ։ Ապազ­գա­յին գործ կ՚ընեն։ Կա­մայ-ակա­մայ, գի­տակ­ցա­բար-ան­գի­տակ­ցա­բար։

Տէր Պետ­րո­սեանի ժա­մանակ կա­լուած­նե­րը բաշ­խե­ցին մե­նաշ­նորհեալ­նե­րուն։ Գո­ղու­թիւն էր։ Թա­լանե­ցին։

Դուք կար­ծեմ 1988-ին, Սպի­տակի երկրա­շար­ժին պաշ­տօն ստանձնած էք։

Երկրա­շար­ժին Հա­յաս­տան եկած առա­ջին եր­կու բժիշկնե­րէն մէ­կը եղած եմ։ Գա­լիֆոր­նիոյ Հայ բժշկա­կան միու­թեան Հա­յաս­տա­նի պա­տաս­խա­նատուն էի։ Սոս­կա­լի վի­ճակ էր։ Ման­կա­պար­տէզ գա­ցինք։ Մի­նակ չորս աշա­կերտ մնա­ցած էր։ Աշ­խարհի զա­նազան տե­ղերէն փրկա­րար­ներ եկան։ Բա­ւական կեան­քեր փրկե­ցին, մին­չեւ եօթե­րորդ օրը։

«Արեւմտա­հայե­րէնի, գրա­բարի եւ հա­յագի­տու­թեան Լու­տո­վիկա եւ Յա­կոբ Այնթապ­լեան գի­տահե­տազօ­տական կեդ­րոն» ու­նիք։ Կրնանք խօ­սիլ անոր մա­սին, կրթու­թեան մա­սին։

Հա­յաս­տան Աւա­նի դպրո­ցին մէջ կայ մեր բա­ժինը։ Բայց աւե­լի առաջ Ար­ցախ Ստե­փանա­կեր­տի «Գրի­գոր Նա­րեկա­ցի» Հա­մալ­սա­րանի մէջ հիմ­նած էի «Արեւմտա­հայե­րէնի, գրա­բարի եւ հա­յագի­տու­թեան Լու­տո­վիկա եւ Յա­կոբ Այնթապ­լեան գի­տահե­տազօ­տական կեդ­րոն» մը։ Հի­մա ատրպէյ­ճանցի­ները գրա­ւեցին։ Այնտեղ վեց տա­րի ու­նե­ցանք արեւմտա­հայե­րէն, արե­ւելա­հայե­րէն գրա­կանու­թիւն եւ դա­սական ուղղագ­րութիւն կ՚ու­սուցա­նէին հա­մալ­սա­րանի մէջ։

Էջ­միած­նի մէջ ալ շէնք մը ու­նինք, բայց այժմ չի գոր­ծեր։

Կլեն­տէյլի Իրա­նահայ միու­թեան շէն­քին մէջ «Լոս Ան­ճե­լըսի Արեւմտա­հայե­րէնի, գրա­բարի եւ հա­յագի­տու­թեան Լու­տո­վիկա եւ Յա­կոբ Այնթապ­լեան գի­տահե­տազօ­տական կեդ­րոն» մըն ալ ու­նինք։

Դուք բա­զում գիր­քե­րու մե­կենասն էք։

106 ու­սա­նող­նե­րու հո­վանա­ւոր եղած եմ։ Եւ բազ­մա­թիւ գիր­քե­րու մե­կենասն եմ։ Ես տա­րեկան եր­կու ան­գամ ազ­գա­յին հար­ցե­րով հա­մաժո­ղով կը կազ­մա­կեր­պեմ։ Այս տա­րի դա­սաւան­դե­ցի «Հա­մահայ­կա­կան պե­տակա­նու­թիւն ի՞նչ կը նշա­նակէ» նիւ­թով։

Ես կ՚ըսեմ որ պար­տա­կան է որ բո­լոր ծնունդով հա­յերը ըլ­լան Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցի։ Ուր ալ ապ­րին, Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցիու­թիւն պէտք է տրո­ւի։ Սփիւռք ապ­րողնե­րէն փոքր տա­րեվ­ճար ըն­դունո­ւի։ Բայց իրա­ւունք ու­նե­նան քո­ւէար­կե­լու եւ ընտրո­ւելու։

Նպա­տակը եր­կու է՝

Մէկ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցինե­րուն թի­ւը բարձրա­նայ։

Եր­կու սփիւռքի կա­րողու­թիւնը բե­րել Հա­յաս­տան։

Որով­հե­տեւ սփիւռքի հարստու­թիւնը ո՞ւր պի­տի եր­թայ։

Օրի­նակի հա­մար Կիւլպեն­կեանը ահա­գին հարստու­թիւն ու­նի, ո՞ւր կ՚եր­թայ՝ Փոր­թուկալ։ Եթէ անի­կա Հա­յաս­տան ըլ­լար եւ տա­սը հատ գոր­ծա­տեղի բա­նար։ Հա­մալ­սա­րան­նե­րու ճիւղն ալ իր անու­նով ապ­րէր։ Գիտ­նա­կան­ներ ու­նինք մենք, երի­տասարդ ան­ձինք, բայց հա­զիւ հա­մալ­սա­րան աւար­տած դուրս կը փախ­չին։ Որով­հե­տեւ տի­րու­թիւն ընող չկայ։

Նոր հա­մաժո­ղով մը պի­տի ընէք կար­ծեմ։ Ի՞նչ է նիւ­թը։

Այո, Հա­յաս­տա­նի հան­քա­յին հարստու­թիւննե­րը եւ ջրա­յին պա­շար­նե­րը։ Հա­յաս­տան ու­նի ոս­կի, բղինձ, ար­ծաթ, մո­լիպ­տեն եւ բազ­մա­թիւ մե­տաղ­ներ։ Կայ նաեւ հա­զուա­գիւտ մե­տաղ­ներ, որ մէկ Թրիլ­յոն տո­լար կ՚ար­ժէ։ Ասոնց մէկ մա­սը կ՚օգ­տա­գոր­ծո­ւին։ Այդ գու­մա­րը ո՞ւր կ՚եր­թայ։ Անօ­րինա­կան կեր­պով վար­ձու տրո­ւած են ան­ձե­րու, որոնք գրպան­նին կը լեց­նեն։ Բայց ըն­դերքի հարստու­թիւնը կը պատ­կա­նի ժո­ղովուրդին։ Եթէ ար­դա­րօրէն բա­ժանում ըլ­լար Հա­յաս­տան մէկ հատ աղ­քատ չէր մնար։

Հա­յաս­տա­նի մշա­կելի հո­ղին %45-էն 55 տո­կոսը չի մշա­կուիր։ Ին­չո՞ւ, որով­հե­տեւ ոռոգ­ման ջուր չկայ։ Իրա­կանու­թեան մէջ ջուր կայ, բայց լճէն, գէ­տէն, աղ­բիւրէն եւ այլն գիւ­ղա­ցիին չի հաս­նիր։

Հայ­րե­նատի­րու­թիւն ընող չկայ։

Ձեր հե­ռան­կա­րը ի՞նչ է։

Իմ հե­ռան­կա­րը Հա­յաս­տա­նի մա­սին ազ­գա­յին վար­չա­կարգ, որ ըլ­լայ եւ հա­մահայ­կա­կան պե­տակա­նու­թիւն, սփիւռքի մէկ մա­սը Հա­յաս­տան կը հաս­տա­տուի։ Եթէ մենք կա­րենանք հի­մա հան­քա­յին հարստու­թիւննե­րը պէտք եղա­ծին պէս օգ­տա­գոր­ծել եւ հում նիւ­թե­րը չար­տա­հանել՝ որ­պէսզի մշա­կուած կեր­պով ար­տա­հանո­ւի։ Եթէ մե­տաղ­նե­րը մենք մշա­կենք, եկա­մու­տը տա­սը ան­գամ կը շատ­նայ։

Երբ որ սփիւռքը տես­նէ որ Հա­յաս­տա­նը տնտե­սապէս շատ լաւ վի­ճակի մէջ է՝ մա­նաւանդ արա­բական եր­կիրնե­րը եղող հա­յեր կը ներ­գաղթեն Հա­յաս­տան։ Եթէ 3 Մի­լիոն հայ բե­րենք Հա­յաս­տան եւ 3 մի­լիոն ալ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովուրդը կ՚ըլ­լայ 6 մի­լիոն եւ ահա­գին զարկ կու տան երկրին։

Իս­րա­յէլի եւ Հա­յաս­տա­նի տար­բե­րու­թիւնը ի՞նչ է, որ Իս­րա­յէլը զար­գա­ցաւ եւ Հա­յաս­տա­նը աղ­քատ մնաց։

Նախ Իս­րա­յէլը միւս եր­կիրնե­րու մէջ տնտե­սական լծակնե­րը իր ձեռ­քը կը պա­հէ։ Երկրոր­դը իրենք կազ­մա­կեր­պութիւններ ու­նին, տար­բեր եր­կիրնե­րու մէջ, որոնց նպա­տակն է Իս­րա­յէլին օգ­նել։ Ան չկայ հա­յերուն մէջ։ Հա­յերուն մէջ կայ եթէ աղէտ կայ կ՚օգ­նենք, եթէ չկայ չենք օգ­ներ։ Հա­յաս­տանցիք սփիւռքա­հայու­թեան ար­դար կեր­պով չեն վա­րուիր, կը վա­րուին որ­պէս խորդ։ Որով­հե­տեւ վար­չա­կար­գը այդպէս է։ Անոր հա­մար հա­մահայ­կա­կան պե­տակա­նու­թիւն պէտք է ըլ­լան։ Այն ժա­մանակ հա­մաերկրա­ցի կ՚ըլ­լան։ Բա­ցի այդ Խորհրդա­րանի մէջ սփիւռքի մե­ծամաս­նութիւն կ՚ըլլայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ