ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Դէպի ո՞ւր եւ ինչո՞ւ

Այս շա­բաթ կ՚ու­զեմ խորհրդակ­ցիլ հան­գոյցի մը շուրջ, որ ու­նի բա­զում թնճուկ­ներ։ Նիւ­թը եր­կու ազ­դակնե­րով կը զբա­ղեց­նէ միտքս։ Առա­ջինը տե­ղի ու­նե­ցաւ խմբագ­րա­տան այ­ցե­լու­նե­րէն մէ­կուն հետ զրոյ­ցի ըն­թացքին։ Հիւ­րը յայտնեց թէ ԱՄՆ-ի մէջ հետզհե­տէ տա­րածո­ւող հա­կում մըն է «տուն դպրոց»նե­րու գո­յու­թիւնը։ Ըն­տա­նիք­ներ կը խու­սա­փին հա­սարա­կական դպրոց­նե­րէ եւ իրենց զա­ւակ­նե­րու կրթու­թիւնը կ՚ապա­հովեն դա­սանիւ­թե­րը տան մէջ սեր­տե­լով։ Աշա­կեր­տը ապա կը մաս­նակցի քննու­թեան եւ յա­ջողե­լու պա­րագա­յին կը շա­րու­նա­կէ իր ու­սումը։ «Այս բա­նը ընե­լով պաշտպա­նած կ՚ըլ­լանք մեր երա­խանե­րը, քա­նի որ դպրո­ցի մէջ իրենց կ՚առա­ջար­կո­ւի ճշդել սե­ռային հա­կումնե­րը»։

Մեր օրե­րուն յա­ճախ յի­շուած նիւ­թե­րէն մէկն ալ տա­րեկից­նե­րու բռնու­թիւնն է։ Աղ­ջիկ թէ տղայ աշա­կերտներ յա­ճախ ալ խմբո­վին բռնու­թիւն կը կի­րար­կեն դա­սըն­կե­րոջ, որ եր­բեմն ալ կը հաս­նի վի­րաւո­րումնե­րու կամ նոյ­նիսկ սպա­նու­թեան։

Յա­ւելեալ վտանգ մըն են ուսման ծրագ­րին նե­րառո­ւած կրօ­նական դա­սապա­հերը։ Խնդի­րը կրօ­նական գի­տելիք­ներ փո­խան­ցե­լէ աւե­լի, խտրա­կանու­թեան սեր­մեր ցա­նելու մա­սին է։ Բան մը՝ որ ան­խուսա­փելիօրէն կը սրսկո­ւի մատ­ղաշ ու­ղեղնե­րուն։

Միւս կող­մէ դպրո­ցէ, այ­սինքն օտար­նե­րու հետ հա­մակե­ցու­թե­նէ խու­սա­փիլն ալ ու­նի իր բա­ցասա­կան ազ­դե­ցու­թիւննե­րը։ Երա­խայի ըն­կե­րային կեան­քի մաս­նակցու­թեան առա­ջին քայլն է դպրո­ցը։ Բա­ներ կան, որոնք ան­հա­սանե­լի են ըն­տա­նեկան յար­կի տակ։ Պայ­ման չէ որ տղան մեծ­նայ սթե­րիլ պայ­մաննե­րու մէջ։ Ընդ հա­կառա­կը շփո­ւիլ ու­րիշնե­րու հետ, ազ­դուիլ անոնցմէ, սոր­վիլ որոշ չար կամ սխալ արարքներ, միաս­նա­բառ պի­տի ձե­ւաւո­րեն մարդ արա­րածի էու­թիւնը։

Այս բո­լորի մա­սին կը մտա­ծէի երբ հա­մացան­ցի վրայ պա­տահա­կանօ­րէն հան­դի­պեցայ Մի­ջազ­գա­յին Ներ­ման Կազ­մա­կեր­պութեան հրա­պարա­կած տե­ղեկագ­րի։ Ան նիւթ կ՚առ­նէր «Թիք-Թոք»ի կարգ մը կի­րառումնե­րը, որոնք երա­խան կը մղեն անձնաս­պա­նու­թեան։ Նիւ­թը նա­խապէս ալ զբա­ղեցու­ցած էր որոշ ԶԼՄ-ներ, յատ­կա­պէս մատ­նանշե­լով որոշ խա­ղի ծրա­գիր­նե­րը։ Այդ ծրա­գիր­նե­րու մի­ջոցաւ հրա­հանգներ կը տրո­ւէր թե­րատի հե­տեւո­ղին, որ­պէսզի վնա­սէ իր շուրջին­նե­րուն, սկսե­լով ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րէն։ Վեր­ջա­պէս խնդի­րը կը հաս­նէր ինքզինք վնա­սելու, նոյ­նիսկ ինքնաս­պան ըլ­լա­լու հանգրո­ւանին։

Չեմ կրցած հասկնալ թէ ու­ղեղ լո­ւալու նման միտ­քե­րը ի՞նչ նպա­տակ կը հե­տապնդեն, քա­նի որ անո­րոշ է իրենց թի­րախ­նե­րը։

Չեմ ու­զեր հո­մոֆո­պիկ նկա­տուիլ։ Կը պաշտպա­նեմ ան­հա­տի ան­ձեռնմխե­լիու­թիւնը։ Սա­կայն նոյն ազա­տամ­տութիւ­նը չեմ կրնար ու­նե­նալ հա­մասե­ռակա­նու­թեան քա­րոզ­չութեան հան­դէպ։ Կը նկա­տեմ որ սխալ մը կայ հա­մաշ­խարհա­յին բնոյ­թով այս հո­սան­քին մէջ։ Թե­րեւս մարդկու­թեան հան­դէպ դա­ւադ­րութիւն մը, որուն դրդա­պատ­ճառնե­րը ցարդ կը մնան անստոյգ։

Յու­սանք խե­րով կ՚ըլ­լայ աւարտը։