Աշխարհագրական ու պատմական պայմաններու բերումով հայերէնը ունեցաւ մէկէ աւելի տարբերակներ։ Հիմնականին այդ տարբերակները կը բնութագրենք արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն ձեւերով։ Այս ընդհանրացումը կը վերաբերի խօսակցական լեզուին։ Ներկայ իրողութեան մէջ անցեալի Օսմանեան Կայսրութեան տարածքի հայութեան համար, որ կը կազմէ սփիւռքի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, արեւմտահայերէնը ի զօրու է։ Իսկ պարսկահայեր եւ ռուսահայեր, ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը որդեգրած են արեւելահայերէն ոճը։ Այս հաստատումը գրաբառէն դէպի ռամկօրէն եւ ապա աշխարհաբառ իր բնական հոլովոյթը ապրած լեզուի արտացոլումն է։ Այստեղ զանձ առինք քանի մը տասնեակ բարբառներու իրողութիւնը։
Լեզուներու զարգացումը ինքնաբերաբար կայացող գործընթաց մըն է։ Անկարելի է այդ գործընթացին արհեստական միջամտութիւն բերել։
Բայց երբ կը խօսինք գրական լեզուի մասին, ան բաց է արհեստական միջամտութիւններու։ Այդ միջամտութիւնները եթէ ունին լոկ լեզուագիտական դրդապատճառներ, հիմք կը գտնեն գրականութեան մէջ։
ԺԹ. դարը հայերէնի համար եղաւ անկիւնադարձային։ Գրական լեզուն պատշաճեցաւ արդի աշխարհաբարին եւ առաջին անգամ ունեցանք ժողովուրդի խօսած բարբառով գրական գործեր։ Այս բոլորը կատարուեցաւ նոյն ժամանակահատուածին մէջ թէ արեւմտահայերէնի եւ թէ արեւելահայերէնի պարաքային։
Յետոյ եկանք քաղաքական նկրտումներով լեզու փոխելու սխալ ընթացքին։ Խորհրդային կարգերու հաստատուած առաջին տարիներուն, հայ ժողովուրդին առաջարկուեցաւ նոյնիսկ Մեսրոպեան տառերէն հրաժարիլ եւ որդեգրել Կիւրէղեան այբուբենը։
Նոյն շրջանին էր որ միտք յառաջացաւ հայերէնը հնչիւններու համապատասխան գրելու համար։ Այս տեսակի պարտադրանքներու մէջ է որ լեզուաբան Մանուկ Աբեղեան առաջարկեց ուղղագրութեան նոր կանոնները։ Այդ կանոններով քերականութիւնը կը համակերպէր հնչիւնաբանութեան։ Եթէ «Հ» ձայնով պիտի հնչէինք, Յիսուսը պէտք է գրուէր Հիսուս, Յովհաննէսը Հովհաննէս կամ Յակոբը Հակոբ։
Իր մէջ որոշ տրամաբանութիւն պահած այս տեսութիւնը իրականութեան մէջ ծնունդ տուաւ այլանդակութեան։
Այժմ այդ այլանդակութիւնը վերացնելու միտումով ուսումնասիրութիւն մը դրուած է մեր սեղանին վրայ։ «Միասնական Գրական Հայերէնի Քերականութիւն» անուն գիրքը գիտաշխատողներու խումբի մը արտադրութիւնն է, որ միասնաբար հրատարակուած է Երեւան, Վենետիկ, Պէյրութ, Փարիզ եւ Լոս Անճէլըսի մէջ, մեկենասութեամբ Յակոբ եւ Լուտովիկա Այնթապլեան ամոլին։
Իսկ գիտաշխատողներու խումբը կը բաղկանայ՝ Արմենակ Եղիայեան, Արմէն Միքայելեան, Մինաս Գոճայեան, Յակոբ Այնթապլեան, Սերժ Սրապիոնեան, Հայր Վահան Ծ. Վրդ. Օտանեանէ։

