Տեղի ունեցաւ վարչապետ Փաշինեանի եւ Հռոմի Պապ Լեւոն XIV-ի հանդիպումը

Սուրբ Աթոռ կա­տարած այ­ցի շրջա­նակին ՀՀ վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան հան­դի­պած է Հռո­մի Պապ Նո­րին Սրբու­թիւն Լե­ւոն XIV-ի հետ։

Նո­րին Սրբու­թիւնը ող­ջունած է վար­չա­պետ Փա­շինեանի այ­ցը Վա­տիկան եւ մաս­նակցու­թիւնը Ար­քե­պիս­կո­պոս Իգ­նա­տիոս Մա­լոյեանի ու վեց այլ երա­նելի­ներու սրբա­դաս­ման արա­րողու­թեան։ Ան ընդգծած է Սուրբ Աթո­ռի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ հաս­տա­տուած սերտ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը՝ յատ­կա­պէս կա­րեւո­րելով Վե­նետի­կի Մխի­թարեան միաբա­նու­թեան դերն այդ կա­պերու խո­րաց­ման գոր­ծին։

Վար­չա­պետ Փա­շինեան եւս մէկ ան­գամ շնոր­հա­ւորած է Նո­րին Սրբու­թեան Հռո­մի քա­հանա­յապետ ընտրո­ւելու առ­թիւ՝ մաղ­թե­լով ուժ եւ յա­ջողու­թիւն սուրբ առա­քելու­թեան իրա­գործման դժո­ւարին ու պա­տաս­խա­նատու ճա­նապար­հին։ Ան վստա­հու­թիւն յայտնած է, որ Լե­ւոն XIV-րդ Պա­պի առաջ­նորդու­թեամբ կը շա­րու­նա­կուի Սուրբ Աթո­ռի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ սերտ երկխօ­սու­թեան աւան­դոյթը, ինչպէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի հա­մար կա­րեւոր հար­ցե­րու նկատ­մամբ ցու­ցա­բերո­ւող հե­տեւո­ղական ու­շադրու­թիւնը։

Հան­դիպման ըն­թացքին անդրա­դարձ կա­տարո­ւած է նաեւ տա­րածաշրջա­նային խնդիր­նե­րուն։ Զրու­ցա­կից­նե­րը քննար­կած են Հա­յաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի մի­ջեւ խա­ղաղու­թեան հաս­տա­տու­մը, ինչպէս նաեւ անդրա­դարձ կա­տարո­ւած է մար­դա­սիրա­կան հար­ցե­րուն։ Նո­րին Սրբու­թիւնը շնոր­հա­ւորած է այդ ուղղու­թի­ւով ար­ձա­նագ­րուած առա­ջըն­թա­ցը եւ յոյս յայտնած, որ տա­րածաշրջա­նին խա­ղաղու­թեան հաս­տա­տու­մը կը դառ­նայ հա­մագոր­ծակցու­թեան եւ կա­յու­նութեան նոր փու­լի սկիզբ։

Վար­չա­պետ Փա­շինեանը վե­րահաս­տա­տած է ՀՀ Կա­ռավա­րու­թեան յանձնա­ռու­թիւնը խա­ղաղու­թեան օրա­կար­գին՝ ի շահ Հա­յաս­տա­նի եւ տա­րածաշրջա­նի բար­գա­ւաճ­ման ու կա­յուն զար­գացման։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ