Սրտաբան, բանաստեղծ, հրապարակախօս, բարերար եւ բազում գիրքերու մեկենաս Յակոբ Այնթապլեան 17 Հոգտեմբեր ուրբաթ օր խմբագրատունս այցելեց, ան իր հետ ունենալով լրագրող Վահագն Զաքարեան եւ երգիչ Արսէն Զաքարեանը։ Անոնք նախքան մեզ այցելած էին Օրթագիւղի եւ Եշիւլգիւղի հայկական վարժարանները։
Մեր հիւրերը իրենց տպաւորութիւնները կիսեցին խմբագրակազմին հետ, ուրկէ մեկնեցան դէպի Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն Վարժարանը։
Այս այցելութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւնները կը փոխանցենք թերթիս յաջորդ համարով։

