Հայ աշուղական արուեստը երաժշտական հետզհետէ դասականացած ոճն է, որ միշտ ատակ է նոր մեկնաբանութիւններու, վերամշակումներու եւ գործիքաւորումներու։
Բացի երաժշտական արտակարգօրէն հմայիչ ելեւէջներէն, աշուղական երգերու բառերն ալ միշտ ունեցան բարոյախօսական, հայրենասիրական, բնութենապաշտ ջիղ մը, որ հարազատ կը թուէր լսողին։ Կիւմրի-Լենինականի արուեստով ու մշակոյթով յագեցած միջավայրին մէջ կեանքի կոչուած այս երգերը տակաւին երկար տարիներ կը մնան իրենց պատնէշին վրայ։
Այս հաստատումի վառ օրինակը եղաւ Գուսան Շահենի հանրածանօթ երգ «Խռոված էր»ի տեսահոլովակը։ Պոլսահայ սիրուած երգչուհի Մարալ Այվազ քանոնահար Սեւան Ինեափանի ընկերակցութեամբ շատ հաճելի կերպով կատարած է մեծ աշուղի այս գործը։
Նկարահանումները կատարուած են Գնալը Կղզիի յունաց վանքի շրջափակը։
Տեսահոլովակը հասանելի է՝ https://youtu.be/azMdr93mjHw?si=WyDPWWAf-vc57C-3 յղումով։

