Օրհնութեամբ եղիցի թարգմանիչներու վաստակը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Պար­տինք երախ­տի­քով յի­շել սի­րելի Մես­րոպ Բ. Պատ­րիարք սրբա­զանը։ Ան էր որ յա­տուկ ու­շադրու­թեան ար­ժա­նացուց Թարգման­չաց Տօ­նը։ Ամէն տա­րի դպրո­ցական տա­րեշրջա­նի վե­րամու­տի հետ, վե­րամու­տի յա­ջոր­դող օրե­րուն իր մօտ կը կան­չէր սա­նուց միու­թիւննե­րու վա­րիչ­նե­րը եւ կը թե­լադ­րէր թէ յա­տուկ մի­ջոցա­ռումներ կազ­մա­կեր­պեն մշա­կու­թա­յին բո­վան­դա­կու­թիւնով։

Խոս­տո­վանիմ թէ նախ­քան իր զգու­շա­ցումնե­րը Հայ Առա­քելա­կան Եկե­ղեց­ւոյ ազ­գա­յին բնոյթ ու­նե­ցող այս թո­ւակա­նը ար­ժա­նի անդրա­դար­ձը չեն ու­նե­ցած մեր գրա­կան ու մշա­կու­թա­յին շրջա­նակ­նե­րու մէջ։ Այս պա­հուն ալ տա­կաւին հար­ցա­կան կը մնայ թէ Մես­րոպ Պատ­րիար­քի ջան­քե­րը ի՞նչ աս­տի­ճանի ար­ձա­գանգ գտած են մեր հա­սարա­կական իրո­ղու­թեան մէջ։ Բայց կայ անու­րա­նալի ճշմար­տութիւն մը, որ Հոկ­տեմբեր ամ­սո­ւայ երկրորդ կէ­սէն սկսեալ ակա­նատես կ՚ըլ­լանք զա­նազան մի­ջոցա­ռումնե­րու մեր վարժարաններու եր­դի­քին տակ։ Այս ծի­րէն ներս նա­խորդ շա­բաթա­վեր­ջին Օր­թա­գիւ­ղի Թարգման­չաց Վար­ժա­րանի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ խիստ շա­հեկան եր­կօ­րեայ մի­ջոցա­ռում մը։

Հայ գրա­կանու­թիւնը թրքե­րէն ըն­թերցո­ղի հա­սանե­լի դարձնե­լու տրա­մադ­րութեամբ գոր­ծի լծո­ւած «Արաս» հրա­տարակ­չա­տու­նը նման մեր­ձե­ցու­մը յու­նա­րէնով կա­տարե­լու ձգտող «Իս­տոս» հրա­տարակ­չա­տան հետ հա­մագոր­ծակցե­լով կեան­քի կո­չեց եր­կօ­րեայ տօ­նավա­ճառ մը։ Սոյն եր­կու օրե­րը օժ­տո­ւած էին շա­հեկան մի­ջոցա­ռումնե­րով։ 25 Հոկ­տեմբեր շա­բաթ ցե­րեկո­ւայ ժա­մերուն տե­ղի ու­նե­ցաւ Մհեր Պե­քարեանի ման­կա­կան պատ­մութեան,՝ «Կարմլիկ»ի ըն­թերցու­մը։

Ըն­թերցման հա­մար նպա­տակա­յար­մար գտնո­ւած էր ման­կա­պար­տէ­զի դա­սարա­նը։ Այնտեղ ման­կա­պար­տէ­զի նստա­րան­նե­րուն վրայ Նա­րօտ Ավ­ճը իր հետ ու­նե­նալով նախակրթարանի տա­րիքով մա­նուկներ, ըն­թերցեց գիր­քի բո­վան­դա­կու­թիւնը։ Հա­ճելի էր լսել «Կարմլիկ» անուն փոք­րիկ ձու­կին յա­տուկ աշ­խարհագ­րա­կան մի­ջավայ­րի մը մէջ, որն է հե­ղինա­կի ծննդա­վայր Խաչ­քար լեռ­նե­րը, Կարմլի­կը կը փոր­ձէր հաս­նիլ Ճո­րոխ գե­տի ակունքը։

Այս ըն­թերցման ներ­կայ գտնո­ւեցաւ նաեւ պատ­մութեան հե­ղինա­կը Մհեր Պե­քարեան։

Օրո­ւայ երկրորդ մի­ջոցա­ռու­մը նիւթ կ՚ու­նե­նար բա­նաւոր պատ­մութիւն կո­չուած պատ­մա­գիտա­կան մար­զի ծա­նօթա­ցու­մը։ Այդ ծա­նօթա­ցու­մը շատ տե­ղին որո­շու­մով կա­տարո­ւեցաւ Սեր­տար Քո­րու­ճուի ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րուն արանցքով։

Ար­դա­րեւ Քոր­ճու պատ­մա­կան նոր ան­ցեալին տե­ղի ու­նե­ցած զա­նազան զար­գա­ցումնե­րը կը փոր­ձէ նկա­րագ­րել ակա­նատես­նե­րու եւ նոյ­նիսկ են­թա­կանե­րու վկա­յու­թեամբ։

Այս հան­դիպման ըն­թացքին ալ Նա­րօտ Ավ­ճը ստանձնած էր Սեր­տար Քո­րու­ճո­ւի հետ զրու­ցա­վարի պաշ­տօ­նը։

Առա­ջին օրը աւար­տին հա­սաւ «Գա­րուն Փրո­ժէքտ» երաժշտա­կան խումբի ունկնդրու­թիւնով։

Երկրորդ օրո­ւայ մի­ջոցա­ռումներ

Կաս­կած չկայ որ ան­վա­նի գրա­գէտ Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեան որ­քան ալ ֆի­զիքա­պէս հե­ռացած ըլլլայ մեզ­մէ կը շա­րու­նա­կէ կեն­դա­նի մնալ շնոր­հիւ իր գրա­կան վաս­տա­կին։

«Արաս»ի եւ «Իս­թոս»ի աշ­նա­նային տօ­նավա­ճառի օրա­կար­գը կը կեդ­րո­նանար Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեանի գրա­կան վաս­տա­կին։

Այդ օր «Ակօս»ի նախ­քին խմբա­գիր­նե­րէն Ռո­պէր Քոփ­թաշ նկա­րագ­րեց Հատ­տէ­ճեանի «Առաս­տա­ղը» եւ «Առաս­տա­ղի միւս կող­մը» երկհա­տորա­նի վէ­պը։ Հատ­տէ­ճեան այս գոր­ծին մէջ մեծ յա­ջողու­թեամբ կը նկա­րագ­րէր իրեն ժա­մանա­կակից պոլ­սա­հայ հա­սարա­կու­թեան կա­րեւո­րագոյն մղձա­ւանջնե­րէն մէ­կը՝ որ կը ներ­կա­յանայ «Ար­տա­գաղթ» կո­չու­մով։

Այս պա­տու­մի ըն­թացքին Պե­թիւլ Պա­քըր­ճը հար­ցումնե­րով ուղղու­թիւն տո­ւաւ Քոփ­թա­շի ելոյ­թին։

Իսկ Անի Հատ­տե­լէր հա­տուած մը ըն­թերցեց սոյն հա­տորէն։

«Արաս» հրա­տարակ­չա­տան մա­տենա­շարի մէջ յա­տուկ ու­շադրու­թեան կ՚ար­ժա­նանայ կնոջ վաս­տա­կը։ Այդ վաս­տա­կը իրա­կանու­թեան մէջ ինքնու­թեան պայ­քա­րի մը դրսե­ւորումն է, որ ԺԹ. դա­րու ըն­թացքին օրա­կար­գի եկած է գրա­կանու­թեան մի­ջոցաւ։

Նիւ­թը այս ան­գամ դի­տուե­ցաւ Մա­րալ Աք­թոքմա­քեանի եւ Նո­րա Թա­թարեանի կող­մէ՝ «Օս­մա­նեան կայսրու­թեան շրջա­նին կի­ներու շար­ժումը եւ մե­տիան» խո­րագի­րով։

Պե­թիւլ Պա­քըր­ճը այս նիս­տին ալ ստանձնեց ժո­ղովա­վարի պաշ­տօ­նը։

Նշենք որ մշա­կոյ­թի շա­բաթի ծի­րէն ներս զա­նազան մի­ջոցա­ռումներ տա­կաւին կը շա­րու­նա­կուին մեր վար­ժա­րան­նե­րէ ներս։

Նա­խորդ շա­բաթո­ւայ ան­ցուդարձներն էին դպրո­ցական­նե­րու հայ մա­մու­լը այ­ցե­լելու օրի­նակ­նե­րը կամ դպրո­ցի եր­թի­քին տակ կազ­մա­կեր­պո­ւած թա­տերա­կան ներ­կա­յացումնե­րը։

Ար­դա­րեւ «Յան­կարծ» թա­տերա­խումբն ալ ճիշդ այս օրե­րուն է որ ներ­կա­յացումներ իրա­կանա­ցուց Տա­տեան Վար­ժա­րանի բե­մին վրայ։

Դպե­վան­քի օրի­նակով եթէ յի­շենք, պատ­մո­ւածք գրե­լու աշ­խա­տանո­ցը, որ ձօ­նուած էր Սրբու­հի Տիւ­սա­բի՝ յատ­կա­պէս շեշ­տե­լով անոր վեր­ջերս հրա­տարա­կուած «Մայ­տա» վէ­պը։ Այդ մի­ջոցառ­ման ատե­նախօս­ներն էին Վա­հագն Քէ­շիշեան եւ Մա­րալ Աք­թոքմա­նեա, որոնք մի­ջոցառ­ման աւար­տին պա­տաս­խա­նեցին նաեւ աշա­կերտնե­րու ու­շիմ ու սրա­միտ հար­ցումնե­րուն։

Շա­բաթը կը շա­րու­նա­կուի նաեւ հայ գրի­չի մարդկանց հետ հան­դի­պումնե­րով զա­նազան դպրոց­նե­րու մէջ։

Բեղմնա­ւոր շա­բաթա­վերջ

Թէեւ ուղղա­կիօրէն կապ չու­նի սա­կայն կ՚ար­ժէ անդրա­դառ­նալ մի այլ բնոյ­թի նա­խաձեռ­նութեան, որ կա­տարո­ւեցաւ նոյն շա­բաթա­վեր­ջին՝ այս ան­գամ արա­բախօս ուղղա­փառ­նե­րու «Նեհ­նա» հար­թա­կի նա­խաձեռ­նութեամբ։ Իրա­կանու­թեան մէջ այս նա­խագի­ծի մը հրա­պարա­կային ծա­նօթա­ցումն էր։ Ար­դա­րեւ «Նեհ­նա» հար­թա­կը ձեռ­նարկած է կա­րեւոր աշ­խա­տան­քի մը՝ որն է «Իս­քենտե­րուն» թեր­թի ար­խի­ւի թո­ւայ­նա­ցու­մը։

Նշեալ թեր­թը իր կար­գին իբ­րեւ շրջա­նային մա­մուլ վա­ւերագ­րութեան հսկայ ար­խիւ մըն է՝ որ ըն­թերցո­ղին կը ծա­նօթաց­նէ Իս­քենտե­րուն քա­ղաքի եւ առ­հա­սարակ Ան­տիոքի եւ Կի­լիկեան շրջա­նի պատ­մա­կան ան­ցեալը։

Այդ բո­լորը այս աշ­խա­տու­թեան աւար­տին հա­սանե­լի պի­տի դառ­նան բո­լոր ու­սումնա­սիրող­նե­րու հա­մար։

Թեր­թը լոյս տե­սած էր 1947-ին, եւ այդ թո­ւակա­նէ ետք տե­ղի ու­նե­ցած բո­լոր զար­գա­ցումնե­րը թէ՛ իբ­րեւ լուր եւ թէ իբ­րեւ մեկ­նա­բանու­թիւն տեղ գտած էին այս թեր­թի էջե­րուն վրայ։

Այս մա­սին բո­վան­դա­կալից ծա­նօթագ­րութիւն մըն էր որ փո­խան­ցո­ւեցաւ ներ­կա­ներուն 25 Հոկ­տեմբեր շա­բաթ երե­կոյեան Կա­լաթա­յի «Փոս­թա­նէ» սրա­հին մէջ։

Ան­դին կը մնայ հարցնել թէ ո՞ւր են եւ ի՞նչ կ՚ընեն տաս­նեակէ աւե­լի մեր սա­նուց միու­թիւննե­րը մշա­կոյ­թի շա­բաթի այս օրերուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ