Գաւաթ մը պատմութիւն՝
շաքարը շատ
Աւարտեցան «Երեւանի Քաղաքապետի Գաւաթ 2025» խաղերը, «Վարչապետի գաւաթ» մրցումը արդէն կը տօնէ իր հինգերորդ տարին, ու երկար ժամանակ չմնաց Աշխարհի գաւաթին… Յարգելի ընթերցող, ինչ որ լսեցիք՝ մարզական լուրերն էին կէս-գիշերային։ Իսկ գովազդներէն ամնիջապէս ետք կը սկսի «Մի գաւաթ սուրճ» յայտագիրը, որուն նիւթն է՝ «Յայտնի հայ տղամարդիկ՝ կանանց մասին»։ Այս խաղաղ ժամուն, երբ դուք հաւանաբար բռնած էք թէյի կամ սուրճի գաւաթ մը, գաւաթ մըն ալ ե՚ս առի՝ հայկական «գաւաթ» բառը, շողշողուն էր ան, ընտիր բիւրեղապակի՝ ու տեսայ, թէ զարմանահրաշ պատմութիւններով լեցուած է։ Ապա, որոշեցի անոր ոգելից պատմութեան վրայ կաթիլ մը աւելցնել, որպէսզի այս գիշեր մենք ըմպենք զայն ու վերապրինք անցեալը, որ երբեմն շաքարով էր քաղցրացած, երբեմն ալ արցունքով էր դառնացած։

Բարով տեսայ գաւաթս
Ախորժաբեր բառ է գաւաթը։ Ի՞նչ կը յիշեցնէ ան. կարմիր գինի՞, ճոխս եղա՞ն, թէ քրքջալիր զրո՞յց ընկերներու հետ… Դուք, յարգելի ընթերցող, կը յիշէ՞ք տաղասաց Մարտիրոս Խարասարցիին, որ 1500-ներուն կը գրէր գինիի եւ խնճոյքի կենսուրախ երգեր, օր մը, ոսկեփայլ աշուն էր անկասկած, դիտելով Չմշկածաքի իր հասունացած այգիները՝ գրի առաւ «Տաղ գինոյ եւ ուրախութեան» յայտնի գործը ու երգեց կեանքը լիովին ապրելու ցանկութիւնը. «Աստուած օրհնէ՝ զքեզ զամէն ժամ, / Գաւաթ տուր յիս, որ ծարուել եմ։ / Գաւաթ տուր ինձ եւ ողորմեա»։ Անպարտ չի մնար Խարասարցին, եթէ դուք անոր բերէք գաւաթ մը գինի. «Ով ինձ գաւաթ բերէ խմեմ, / Ձեռացն առնում, զինքն համբուրեմ»։ Խարասարցին եթէ ձեզի հիւր եկաւ, ո՜վ, տանտէր, կամ տանտիրուհի, եղէք բարեխիղճ, քանզի ծարաւ է խարասարցին. «Խմեմ զգինիս, որ ծարուել եմ։ / Արի գաւաթ տուր, տանուտէր, / Քո ծառային, որ ծարուել եմ»։ Մեր տաղասացը «Տաղ վասն ուրախութեան մարդկանէ երգի մէջ բարձրացուց իր գաւաթը եւ աւետիս տուաւ հայոց ազգին։ Բարեկենդան էր։ Ան կոչ ըրաւ բոլորիս որ ցնծութեամբ տօնենք այդ օրը. «Այսօր տօնեմք, ձեզ աւետիս, / Ահա ցնծամք յայսմ տօնիս, / Բարով տեսայ գաւաթ ն ափիս. / Աւետիս տամ Հայոց ազգիս»։
Փայլի կարմիր գաւաթը
1864-65 թուականն էր, Պոլսոյ ծովահայեաց, գեղատեսիլ Օրթագիւղ թաղամասի մէջ գարնան պայծառ օր մը։ Սօսիներով շքացած դաշտի մէջ հայեր սեղան բացին Համբարձումը տօնելու համար։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը մօտեցաւ սեղան։ Բոլորը նստած էին զուարթ։ Ջերմ մայրամուտ էր։ Արեւը յուշիկ հրաժեշտ կու տար։ Ամպերը դարձեր էին ոսկի։ Հոգեպարար այդ ժամուն, Պէշիկթաշլեանը յօրինեց «Երգ բարեկենդանի» քերթուածը. «Քան արեւուն ճառագայթք / Փայլի կարմիր այս գաւաթ ։ / Գինի՚, գինի՚, / Կու տաս ոգի»։ Նոյն օրերուն Պոլսոյ այլ հայաբնակ թաղերուն մէջ պտոյտ մը կը կատարէր Յակոբ Պարոնեանը։ Մենք տեսանք, թէ գործէն նոր ելած ամէն հայ վարպետ ունէր իւրայատուկ ծիսակատարութիւն. «Գուզկունճուք. Քանի մը գաւաթ խմելով՝ իրենց տուները կ՚երթան։ Էյուպ. Թաղեցին երեկոները ընդհանրապէս Իլիմօն Իսկէլէսի կը հանդիպի եւ հոն քանի մը գաւաթ օղի խմելէն ետքը կ՚երթայ իւր թաղը։ Եէնի-Գաբու. Արբեցութեան կողմէն նշանաւոր չեն — կէս օխա օղի խմելէն ետքը կը զգան, թէ գաւաթ մը օղի խմած են»։
Գաւաթ մը մեղք, կամ՝
մսեղէն գաւաթներ
Գաւաթը միշտ չէ որ բարի օրերու աւետիսը բերաւ։ Պոլսոյ որովայնին մէջ, գաւաթը մեղքի ընդունարան դարձած էր։ Կը զարմանա՞ք… Ռուբէն Սեւակը եղաւ ականատես, երբ օր մը քայլերը իրեն ակամայ տարին մայրաքաղաքի գռիհները, ուր Բիւզանդիոնի աւերակներուն մէջ, աղջիկներ հեշտանքի բաժակ կը դառնային. «Աւերակներուն վրայ բիւզանդական… / Ինկած քոյրեր / Կեանքին զրկուած ծաղիկներ / Ո՜վ խաւարակուռ մսեղէն գաւաթ / Ուրկէ մարդկութի՚ւնը թերահաւատ / Կը ստիպուի ըմպել գինիդ յուսահա՜տ»։ Իսկ Րաֆֆին տեսաւ մեղքի եւ դաւաճանութեան մէկ այլ տեսակը։ «Ջալալեդդին» վէպի մէջ ան նախ դժգոհութիւն յայտնեց, «…Եթէ դուք այս վանքերի տեղը, որոնցմով լիքն է մեր երկիրը, բերդեր շինէիք. — եթէ դուք սուրբ խաչերի եւ անօթների փոխարէն, որ սպառեցրին ձեր հարստութիւնը, զէնքեր գնէիք, — եթէ դուք այն անուշահոտութեանց տեղ, որ խնկւում են մեր տաճարներում, վառօդ ծխէիք, — այժմ մեր երկիրը բախտաւոր կը լիներ», ապա վիպագիրը վերցուց գաւաթը, բայց չօրհնեց հայոց նախնիները. «Ո՚վ հայրեր, ո՚վ պապեր, այս գաւաթը խմում եմ, բայց առանց նուիրելու ձեր ոսկորներին»։
Իմաստուն գաւաթը
Պէտք չէ զարմանալ, թէ «գաւաթ» բառը խորհող նկարագիր մըն ալ ունի։ Սայաթ Նովաներ, Վարուժաններ, Համօ Սահեաններ այդ ըմպանակէն ցմրուր քամեցին կեանքի դառնութիւնը։ Սայաթ Նովան խրատ տուաւ մեզի. «Էնենց արա, չթոռոմէ քու վարդն. / Մահը չգայ, մինչ չլցուէ գաւաթն»։ Համօ Սհաեան, իր կեանքի վերջին տարիներն էին, իմաստասիրեց վերջին գաւաթի մասին. «Դատարկելու եմ / Վերջին գաւաթս / Իմ կարմիր, կարմիր / Հաւատի կենաց»։
Օծեցէք գաւաթը
Մարդու առաջին գաւաթը իր ափն է ջուրի վազքին առջեւ երկարած։ Իսկ մենք այսօր փառք տանք այն առաջին կաւագործին կամ փայտափորին որ շինեց առաջին գաւաթը։ Չենք գիտեր, թէ ո՚վ էր այդ մարդը, բայց գիտենք հայկական «գաւաթ» բառի հաւանական ծագումը։ Յունարէն γαβάθα բառն է ան։ Ունի զաւակներ. օսմաներէն kavata, ռումիներէն covat, ուդի լեզուով gamat։ Բառս հազար տարի թաւալեր է լեզուէ լեզու, բայց իմաստը մնացեր է անփոփոխ. բիւզանդական իմաստը՝ թաս։ Այն հազարամեակներուն, երբ բիւզանդիոնը կը վայելէր յաղթանակներու գաւաթը, բառս սկսաւ հայոց գրականութեան ընտիր տողիկները ընդունիլ, ինչպէս այս օրինակը. «Բազում անգամ զգաւաթն օծանեն»։
Գաւաթս գինով ուրախանար
Միջնադարուն հայը կը գովէր կենսասիրութիւնը։ Հեղինակները կը խրախուսէին չափաւոր խմելը ու կը մերժէին հարբեցողութիւնը։ 1600-ներուն գրի առնուած յիշատակարաններու մէջ, յարգելի ընթերցող, դուք կը գտնէք «գաւաթ» բառի քանի մը պուտ արտայայտութիւն՝ ո՚չ աւելի, հազիւ չափաւոր։ Իսկ ես, գինետունէ գինետուն մոլորող սիրահարի նման որոնեցի այդ տողիկները ու կազմեցի գինեւէտ փունջ մը. «Գաւաթս անապակ գինով ի լի (լեցուն), / Անուշ լինի զսա խմողի», 1611, «Այս անուն մարդս Թոխաթցի, / Զսա գաւաթս կազմել տուի, / Դուստր եւ որդոցս ամենայնի», 1651։ Դուք նկատեցի՞ք, թէ այս բոլորը հանգուցեալներու համար յիշատակարաններ են, անոնց ձօնուած քառեակներ, որոնք մնացեր են շիրմաքարերու վրայ, կամ մատեաններու մէջ։ Ահա օրինակ մը եւս. «Այս գաւաթս է գեղեցիկ, / Մէջն է լցած անոյշ գինիկ»։
Կ՛ուզեմ պարպել գաւաթդ
Օրեր եղան, «գաւաթ» բառը կրքոտ սիրոյ բաժակ դարձաւ։ Ան յորդեցաւ սիրով եւ տարփանքով։ Հին հայրեններու մէջ կայ այդպիսի պատկեր. գիշեր էր։ Տղան քիչ մը խմած էր։ Յանկարծ եարը յայտնուեցաւ։ Գեղուհին գաւաթ մը լեցուց եւ իր մոմէ մատներով հրամցուց կտրիճին. «Իմ եարս ալ կանգնած տեսայ իր ճուհար անձկանց ի վերայ. / Իլից ինձ գաւաթ ու երետ իր մոմէ մատկանցն ի վերայ»։ Վերջը ի՞նչ եղաւ, չենք գիտեր։ Բայց գիտենք, թէ Դանիէլ Վարուժանի հարճը ի՚նչ փորձանքի մատնուեցաւ գաւաթ մը գինիի պատճառով։ Երբ Սիւնեաց նահապետ բակուրը իր պալատի մէջ շքեղ հանդէս մը կու տար, Բագրատունի Տրդատը, հզօր իշխան, բազմութեան մէջ նկատեց զոյգ մը աչքեր, «Եւ հազիւ հազ շրթներուն դրաւ գաւաթն հրահոսան՝ / Վերնատան մէջ աչքերն իր զոյգ մ՛աչքերու դիպեցան»։ Ապա, անզուգական գեղեցկուհի հարճը սրահ իջաւ պարելու եւ բոլորին աչքերը օծելու։ Դուք գիտէք այդ պատմութեան աւարտը։ Դանիէլ Վարուժան «Տալիթա» քերթուածի մէջ հեթանոսականօրէն հրաւէր կարդաց աղջկան. «Թող մազերուդ ոսկի հիւսկերը քակես / Գաւաթին մէջ բիւրեղեայ… / Այսօր կ՛ուզեմ կուրծքիդ վրայ գինովնալ / Ինչպէս զինուոր մը արբուն. / Կ՛ուզեմ պարպել գաւաթդ, եւ դուն ալ պարպէս / Սիրտս՝ նուռի պէս հասուն»։
Կարօտով ծծեցինք գաւաթը
Թլկատինցին 1907 թուականին գրի առաւ «Գաւաթ մը միայն» պատմուածքը։ Իր նպատակն էր ազգային, ընկերային զգայուն նիւթ մը շօշափել։ Սակայն, «գաւաթ» բառը ցցուած մնաց իմաստասիրական զանազան դրուագներով։ Ես զարմանաւով տեսայ, թէ գաւաթի մը շուրջ որքան շատ կարելի էր խորհրդածել։ Ահա մանկավարժ, գաւառական գրականութեան ցայտուն ներկայացուցիչ Թլկատինցիի ընտիր միտքերը. «Գաւաթը պարպողը գինիին ու տիրոջը պատիւ՝ անպատճառ կ՚ունենայ ըսելիք մը», «Գինին աղուոր, տուողն աղուոր, երգն աղուոր, ձեռքը գաւաթին կը տանի վերջապէս…, անուշնե՜ր, պարոն, անուշ ըլլի», «Պարոնը գաւաթը բերնին՝ անոր մէջինը ծծելու ատեն տարիներու կարօտով երազուած սիրականի մը երեսը կը ծծէ»։ Ապա, մտածեցի. կա՞յ գաւաթ մը, որ գինովութիւն չի պատճառեր։ Պատասխանը գտայ Ամիրտովլաթ Ամասիացիի «Անգիտաց Անպէտ» աշխատասիրութեան մէջ։ Հայ բժշկապետը այդ գիրքի մէջ նկարագրեր է մեղեսիկ պատուական քարը։ Այդ քարի յունարէն անունն է «ամէթիստ», որ բառացիօրէն կը նշանակէ «գինովութիւն չպատճառող»։ Ամասիացիէն սորուեցանք հետեւեալ պիտանի գիտելիքը. «Այն քարն որ գունն պանաֆշէի (մանիշակագոյն) եւ ի կարմրութիւն ի քշտէ. եւ թէ յիրմէն գաւաթ շինեն եւ ի մջէն գինի խմեն՝ զմարդն չի հարբեցնէ»։ Ուստի, յարգելի ընթերցող, ջանք թափեցէք, որ ձեր յաջորդ գաւաթը մեղեսիկէ շինուած ըլլայ։
Բարձրացնենք գաւաթները
Ահա, յարգելի ընթերցող, իր աւարտին հասաւ մեր գաւաթ մը գրոյցը։ Այսօր ալ, երգով մը կը փափաքիմ ձեզի հրաժեշտ տալ։ Բայց, նախ կը մաղթեմ, որ հայոց գաւաթները միշտ լի ըլլան գինիով եւ անոնք յաւերժ բարձրանան ի պատիւ սիրոյ եւ բարեկամութեան.
Բարձրացնենք սիրով մեր սուրբ գաւաթը,
յանուն հայութեան.
Թող անմար պահի նա իր հաւատը
հուր եւ յաւիտեան։
Ուր լինենք յաւէտ քո հուր կարօտը
տունն է հայրենի.
Մաշտոցի հզօր լեզուն վառ յոյսն է ամէն մի հայի։
Փառքդ թռչում է, երգդ կանչում է,
հողդ դարձրել ես ծով գանձ.
Սիրտդ կայտառ է, միտքդ պայծառ է,
ազգ իմ փառապանծ։

