Թուրապտինի Միտեաթ շրջանին գտնուող ասորի անունով յայտնի միակ թաղամասի բնակիչ Յաքուբ Աքյիւզ «Թիւրք Հաւա Եոլլարը»-ի առաջին ասորի օդաչուի թեկնածու եղաւ։
24 տարեկան Աքիւզ, Կիպրոսի Կիրնէ Համալսարանի Օդանաւութեան եւ Տիեզերական Գիտութիւններու դասարանէն շրջանաւարտ, առաջիններէն մէկն է որ ԹՀՅ-ի բոլոր քննութիւնները յաջողութեամբ անցնելով իր նպատակին հասած է։
«Ակօս»ի հարցումներուն պատասխանող Աքյիւզ նշեց որ, թռիչքներու դէմ իր առաջին հետաքրքրութիւնը սկսած է օդակայանի մէջ անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնեայ հօրը պատճառաւ։ «Մասնաւորաբար երկրորդ դասարանի ուսանող եղած շրջանիս, երբ պիտի որոշէի իմ ապագայի մասին, սկսայ ուսումնասիրել օդաչուի պատրաստութեան եղանակները։

