«Շողակաթ» հոգեւոր կայանը փակելու որոշում

Հայաստա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղովը առա­ջին ըն­թերցու­մով եւ ամ­բողջու­թեամբ ըն­դունեց հո­գեւոր յայ­տա­գիր­ներ սփռող «Շո­ղակաթ» պատ­կե­րաս­փիւռի կա­յանը փա­կելու որո­շու­մը։ Որոշու­մի նա­խագի­ծին հե­ղինակ­նե­րը «Քա­ղաքա­ցիական Պայ­մա­նագիր» խմբակ­ցութեան պատ­գա­մաւոր­ներն են, որոնք առա­ջար­կե­ցին կրճա­տել հան­րա­յին կար­գա­վիճակ ու­նե­ցող պատ­կե­րաս­փիւռի կա­յան­նե­րուն թի­ւը` 3-էն նո­ւազեց­նե­լով 2-ի: Հան­րա­յին երեք ալիք­ներն են` «Առա­ջին Ալիք»-ը, իբ­րեւ հիմ­նա­կան հե­ռար­ձա­կող, հո­գեւոր-մշա­կու­թա­յին «Շո­ղակաթ»ը եւ «Լու­րեր» լրա­տուա­կան ալի­քը: Նա­խագի­ծով կը նա­խատե­սուի գոր­ծող օրէն­քով նա­խատե­սուած հան­րա­յին հե­ռար­ձա­կող­նե­րու թի­ւը նո­ւազեց­նել, ինչպէս նաեւ վերցնել կրթա­կան մշա­կու­թա­յին ուղղո­ւածու­թիւն ու­նե­ցող ծրա­գիր­նե­րը: Գոր­ծող օրէն­քով` պե­տական մի­ջոցնե­րու հաշ­ւոյն կը հե­ռար­ձա­կուին Հան­րա­յին հե­ռուստաըն­կե­րու­թիւնը, լրա­տուա­կան ալի­քը եւ «Շո­ղակաթ»ը: Իշ­խա­նական պատ­գա­մաւոր­նե­րը, որոնք այս նա­խագի­ծին հե­ղինակ­ներն են՝ կը հիմ­նա­ւորեն, թէ երե­քին պա­րագա­յին մի­ջոց­նե­րը ար­դիւնա­ւէտ կեր­պով չեն ծախսուիր, դի­տումնե­րը ցած են, որա­կը` նոյնպէս: Օրէն­քը փո­խելու եւ մի­ջոց­նե­րը ար­դիւնա­ւէտ ծախ­սե­լու պա­րագա­յին, անոնք դրա­կան ակնկա­լու­թիւններ ու­նին:

Ընդդի­մու­թիւնը կը յայ­տա­րարէ, որ իշ­խա­նու­թիւննե­րը այս քայ­լին կը դի­մեն բարձրաս­տիճան հո­գեւո­րական­նե­րուն եւ կա­թողի­կոսին դէմ վար­չա­պետին սկսած ար­շա­ւին պատ­ճառով:

Լրագ­րո­ղական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը նոյնպէս նա­խագի­ծը քա­ղաքա­կան կը նկա­տեն։ «Իրա­կանին նա­խաձեռ­նութեան հիմ­քին ոչ թէ վկա­յակո­չուած ֆի­նան­սա­կան, կա­ռավար­չական, որա­կական կամ գոր­ծառնա­կան խնդիր­ներն են, այլ ակնյայ­տօ­րէն քա­ղաքա­կան հա­մաբ­նա­գիրն է` հետզհե­տէ սրո­ւող առ­ճա­կատու­մը իշ­խա­նու­թիւննե­րու եւ Հայ Առա­քելա-կան Եկե­ղեց­ւոյ մի­ջեւ, իսկ վեր­ջի­նիս հետ ալ, ինչպէս յայտնի է, սեր­տօ­րէն փոխ­կա-պակ­ցո­ւած է «Շո­ղակաթ» հե­ռուստաըն­կե­րու­թիւնը», յայ­տա­րարե­ցին լրագ­րո­ղական կազմա­կերպութիւնները:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ