Իսրայէլի բանակը զինադադարը խախտելով՝ 28 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամերուն Կազզա եւ Տէյր էլ-Պալահ շրջաններուն վրայ յարձակումներ կատարեց։ Կազզայի կեդրոնին հիւսիսային կողմը, Շիֆա Հիւանդանոցի եւ շրջակայ բնակելի շէնքերուն եւ կացարաններուն վրայ կատարուած յարձակումներուն մէջ կեանքը կորսնցուցած պաղեստինացիներու թիւը 91-ի բարձրացաւ։
Պաղեստինի պաշտօնական գործակալութիւն ՎԱՖԱ-ի տուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Իսրայէլի բռնութեամբ կատարուած յարձակումներուն մէջ Կազզայի շրջանին հիւսիսային, միջին եւ արեւելեան կողմերուն բացի նշուած 91 զոհերէ, կան բազմաթիւ վիրաւորեալներ, որոնց մէկ մասը ծանրօրէն վնասուած են։ Յիշուած է նաեւ թէ փլատակներու տակ ալ մնացողներ կան։
Իսրայէլի բանակի յայտարարութիւնով, Համասի յարձակումին զոհ գացած է Յոնահ Էֆրայիմ Փելդբաում անունով զինուոր մը։ Համաս մերժած է այս պնդումը։
Զինադադարը վերսկսաւ
Իսրայէլի բանակէն կատարուած 29 Հոկտեմբերի յայտարարութեան մէջ կը նշուի թէ, «Համասի խախտումներուն պատճառով զինադադարը ընդհատուելէն ետք փոխադարձ պատասխան տրուած է»։ Յարձակումներու ընթացքին Համասի անդամները եւ ենթակառուցուածքները թիրախաւորուած են։
Իսրայէլի փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ զինադադարը գործադրուիլ սկսաւ ժամը 10:00-էն ետք։

