ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Վկայ (Բ)

Հայը ազ­­գը, կը յի­­շէ՞ք նա­­խորդ յօ­­դուածս, վկայ էր աշ­­խարհի արար­­ման, երկնի եւ երկնքի եր­­կունքին, մեծ ջրհե­­ղեղին, մար­­դու երկրորդ բնա­­կու­­թեան աշ­­խարհի վրայ, ապա, որ­­պէս բա­­րեպաշտ ազգ՝ խա­­չելու­­թեան մը, յա­­րու­­թեան մը, եւ իր զա­­ւակ­­նե­­­րու նա­­հատա­­կու­­թեան՝ այդ վկա­­յու­­թեան անու­­րաց մնա­­լու հա­­մար։ «Վկայ» բա­­ռը, հա­­մեստ բառ մը լոկ, մեծ ու ճշմա­­րիտ ակա­­նատեսն էր հա­­յոց պատ­­մութեան յի­­շեալ դրո­­ւագ­­նե­­­րուն։ Վկա­­նե՞րն անոր… Մեր մա­­տեան­­նե­­­րու մէջ, շրթունքնե­­րու վրայ պա­­հած աղօթքներն ու տա­­ղերը, եր­­գերն ու պա­­րերը, ուր կը շա­­րու­­նա­­­կեն հնչել «վկա­­յու­­թիւն», «նա­­խավ­­կայ», «վկա­­յարան» բա­­ռերը, «ար­­դար վկայ», «ճշմա­­րիտ վկայ», «հա­­ւատա­­րիմ վկայ» ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րը։ Հե­­ռաւոր ան­­ցեալի պատ­­մութեան մէջ եղան նաեւ օրեր, երբ հայ կտրի­­ճը եւ իր եարը, գար­­նան զո­­ւար­­թուն օր մըն էր, Աս­­տո­­­ւած վկայ, հա­­ցը վկայ, կար­­միր խնձո­­րը վկայ, սի­­րոյ ջերմ խօս­­քեր փո­­խանա­­կեր էին «պաղ­­չա­­­յի» մէջ։ Այդ պաղ­­չան վկայ։ Իսկ այ­­սօր, ինչպէս խոս­­տա­­­ցեր էի, կը վկա­­յակո­­չեմ մօ­­տիկ ան­­ցեալի՝ նա­­խորդ հա­­րիւր տա­­րինե­­րու ըն­­տիր գրա­­կան վկա­­յու­­թիւննե­­րը, որ­­պէսզի դուք կաս­­կած չու­­նե­­­նաք, թէ հա­­յը կը շա­­րու­­նա­­­կէ վկայ ըլ­­լալ աշ­­խարհի սի­­րոյ եւ ող­­բերգու­­թեան մեծ պատ­­մութեան։

Եզան վկա­­յու­­թիւնը

Աշ­­խարհի վրայ կա՞յ ազգ մը, որ որ­­պէս վկայ դաշ­­տի վրայ վստա­­հած ըլ­­լայ իր եզան եւ զո­­մէշին։ Այդ խորհրդա­­ւոր արա­­րողու­­թիւնը 1894 թո­­ւակա­­նին «Պա­­պիկ եւ թոռ­­նիկ» աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան մէջ նկա­­րագ­­րեց Խրի­­մեան Հայ­­րի­­­կը։ Ան մե­­զի բա­­ցատ­­րեց, թէ Խա­­չը եւ Աւե­­տարա­­նը կա­­տարեալ պսա­­կի հա­­մար բա­­ւական չեն հայ փե­­սայի հա­­մար, պա­­պիկը զայն պէտք է որ տա­­նի դաշտ, գլխուն դնէ «ցո­­րենա­­բոյ­­սի ցո­­ղուններ» հիւ­­սո­­­ւած գե­­ղեցիկ պսա­­կէ ու կրկին պսա­­կէ գու­­թա­­­նի եւ հո­­ղագոր­­ծութեան հետ. «…Թող վկայ լի­­նին մեր մշակ­­ներ, հօ­­տաղ­­ներ եւ մեր լծա­­կան գօմ­­շուկներ եւ եզ­­ներ»։ Մշա­­կի աշ­­խա­­­տան­­քը, աւա՜ղ, արիւ­­նով պսա­­կուե­­ցաւ։ Նոյն տա­­րին, երբ ար­­տին մէջ եր­­գե­­­լով կ’աշ­­խա­­­տէր մշա­­կը, Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նի գրի­­չը վկայ, վրայ հա­­սաւ ող­­բերգու­­թիւնը. «Երբ ար­­տին մէջ եր­­գե­­­լով, / Խա­­ղա՚ղ հո­­գի, կ՚աշ­­խա­­­տէր, / Սպան­­նե­­­ցին։ Տա­­րին եզ­­նե­­­րը ջուխտակ։ / Վկայ չկար։ Պի­­տի վրէժն ո՞վ կշռէ. Դո՚ւ, / Ո՚վ շանթ»։ Այդ կսկի­­ծը, այդ ցա­­ւը տան­­ջեց նաեւ Սիաման­­թո­­­յին։ Ակնցին մրմնջեց. «Գի­­շերն ու­­նիմ մոր­­մո­­­քու­­միս միայն վկայ»։ Մոր­­մո­­­քի եր­­րորդ վկան էր Ռու­­բէն Զար­­դա­­­րեանը։ Հար­­ցաքննու­­թիւննե­­րու ժա­­մանակ ոս­­տի­­­կանա­­տան մէջ յայտնո­­ւած սուտ վկա­­ները երբ Զար­­դա­­­րեանին «լքում, յու­­սա­­­հատու­­թիւն եւ ան­­կա­­­րողու­­թիւն» կրնա­­յին պատ­­ճա­­­ռել, հե­­ղինա­­կը որո­­շեց վկա­­ներու մա­­սին եր­­կա­­­սիրու­­թիւն մը գրի առ­­նել, ու զայն կո­­չել «Վկա­­յին դէմ», որ­­պէսզի ար­­դար մար­­դը «վրի­­ժառու­­թեան, ոխա­­կալու­­թեան դրդումնե­­րով եկած» վկա­­ներու դէմ ինքզինք կա­­րենայ պաշտպա­­նել։ Այս յօ­­դուա­­ծը լի է օգ­­տա­­­շատ միտ­­քե­­­րով։ Ահա քա­­նի մը խրատ-տո­­ղիկ. «Վկան կրնայ շփո­­թեց­­նել քեզ», «Վկան՝ կար­­ծա­­­ծիդ չափ ար­­ժէք չու­­նի», «Վկան չի կրնար քե­­զի վնա­­սել», «Վկա­­յու­­թիւն մը կա­­րելի է հեր­­քել՝ հա­­կասու­­թիւններ գտնե­­լով անոր մէջ», «Վկա­­յին ան­­ձը կաս­­կա­­­ծի տակ ձգես, այ­­սինքն ցոյց տաս թէ անի­­կա դի­­տումնա­­ւոր նպա­­տակով, թշնա­­մական տրա­­մադ­­րութեամբ եկած է քե­­զի դէմ վկա­­յելու», ու վեր­­ջա­­­պէս՝ «Վկան թշնա­­մի ցոյց տալ քե­­զի... Կա­­րեւո­­րը ա՚ն է որ յայ­­տա­­­րարես թէ անի­­կա թշնա­­մի մըն է քե­­զի»։

Քնա­­րական վկա­­յու­­թիւններ

Վե­­րոյի­­շեալ եռեակի վկա­­յած ող­­բերգու­­թեան նա­­խօրեակին, սա­­կայն, երազ էր, ու հայ բա­­նաս­­տեղծը կ’եր­­գէր սի­­րոյ եր­­գը։ Անոր քնարն է վկայ։ Ռու­­բէն Սե­­ւակը, ան­­տե­­­ղեակ, թէ տա­­րի մը յե­­տոյ վե­­րոյի­­շեալ իր գրչըն­­կերնե­­րու ճա­­կատագ­­րին բաժ­­նե­­­կիցը պի­­տի դառ­­նար, 1914 թո­­ւակա­­նին գրեց սի­­րալիր տո­­ղիկ­­ներ. «Կ՚անէանայ նաւն հե­­ռակայ, / Լիճն երազ մ’է, կայ ու չկայ. / Ջու­­րի շշունջն է լոկ վկայ»։ Օր մը Սե­­ւակը խօ­­սեցաւ իր մտե­­րիմ սրին­­գի հետ. ան էր քեր­­թո­­­ղի հա­­ւատա­­րիմ սրտա­­կիցը, իր ցա­­ւերուն ան­­խօս վկան. «Եկուր պատ­­մեմ քեզ մէ­­կու­­սի, / Գաղտնի, ահեղ սէր մը սրինգ, / Որ տա­­կաւին մէ­­կուն չը­­սի… / Եր­­թանք կա­­պոյտ սարն հե­­ռակայ, / Մար­­դե­­­րէն վեր, աստղե­­րուն տակ, / Մեր լա­­ցին լոկ սէ­­րը վկայ»։ 1907-ին բա­­նաս­­տեղծը մե­­զի բա­­ցատ­­րեց, թէ կա­­րապ­­ներն են սի­­րոյ պատ­­կե­­­րը երկրի վրայ, իսկ եր­­կի՜նքը… «Աւե­­լի՚ վեր, / Եր­­կինք կանգներ է վկայ»։ Սի­­րով այ­­րած մէկ այլ սիրտ էր Մատ­­թէոս Զա­­րիֆեան, գե­­ղապաշտ շրջա­­նի վեր­­ջին քեր­­թո­­­ղը. «Ահ, սէ՜ր էր - լոյ­­սը վկայ -, / Զի երբ կուրծքին վրայ ին­­կայ, / Տե­­սայ թէ հոն հրդեհ կայ»։

Վեր­­նա­­­գիր վկա­­յու­­թիւններ

Հայ­­կա­­­կան գրատ­­պութիւ­­նը 1749 թո­ւակա­­նէն սկսեալ վկայ եղաւ «վկայ» բա­­ռի յայտնու­­թեան որ­­պէս գիր­­քի անուն։ Այդ գիր­­քե­­­րու նա­­խավ­­կան Գե­­ւորգ Մխլա­­յիմի հե­­ղինա­­կած «Վկա­­յու­­թիւնք հայ­­րա­­­պետաց յա­­ղագս միոյ բնու­­թեանն Քրիս­­տո­­­սի» երկն է։

Գի­­տենք թէ գիր­­քը լոյս տե­­սած է 1749 կամ 1750 թո­­ւակա­­նին, սա­­կայն ո՛չ մէկ վկա­­յու­­թիւն անոր տպագ­­րա­­­տան կամ տպագ­­րութեան վայ­­րի մա­­սին։ Այս գիր­­քի հրա­­տարա­­կու­­թե­­­նէն քա­­ջալե­­րուած՝ այլ հրա­­տարա­­կու­­թիւններ եկան իրենց վկա­­յու­­թիւնը բե­­րելու. «Վկա­­յաբա­­նու­­թիւն սբյ. կու­­սին Մա­­րիանեայ», Կ.Պո­­լիս, 1803, «Վկա­­յաբա­­նու­­թիւն Սրբոյն Սանդխտոյ ՚ի պէտս աշա­­կեր­­տաց Սուրբ Սան­­դուխտ դպրո­­ցի», Կալ­­կա­­­թա, 1847, «Վկա­­յաբա­­նու­­թիւն Սրբոյն Շու­­շանկան դստեր Մե­­ծին Վար­­դա­­­նայ», Վե­­նետիկ, 1853, «Հա­­յոց նոր վկա­­ները», Վա­­ղար­­շա­­­պատ, 1902։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, եթէ դուք կը փա­­փաքէիք, որ գիր­­քի հե­­ղինակ մը կո­­չուէր «վկայ», ձեռք պէտք է որ բե­­րէք 1751 թո­­ւակա­­նին Վե­­նետի­­կի մէջ լոյս տե­­սած «Պատ­­մութիւն վա­­րուց Յոհան­­նու Ոս­­կե­­­բերա­­նի» աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւնը, որուն հե­­ղինակն է Գրի­­գոր Վկա­­յասէր (♰1102)։ Իսկ եթէ վստա­­հելի վկայ կը փնտռէք հայ­­կա­­­կան առած­­նե­­­րու մէջ՝ ձե­­զի կը յանձնա­­րարեմ ըն­­թերցել Երե­­ւանի մէջ 2013 թո­­ւակա­­նին լոյս տե­­սած «Առած­­նե­­­րի ժո­­ղոուա­­ծու- Հայ­­կա­­­կան առած­­ներ եւ ասա­­ցուածքներ» գիր­­քը։ Այդ թան­­կա­­­գին ու­­սումնա­­սիրու­­թեան մէջ դուք կը գտնէք հե­­տեւեալ իմաս­­տուն խրա­­տը. «Աղո­­ւէսի վկան իր պոչն է»։

Է վկայ

Հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան արե­­ւելեան ճիւ­­ղը 1922 թո­­ւակա­­նին վկայ կ՚ըլ­­լայ անննա­­խըն­­թաց երե­­ւոյ­­թի մը։ ՀՍՍՀ Լուսժող­­կո­­­մը (լու­­սա­­­ւորու­­թեան ժո­­ղովրդա­­կան կո­­միսա­­րիատ) 4 Մար­­տին կը հա­­ւատայ, թէ հա­­յերէ­­նի ուղղագ­­րութեան մէջ չոր­­րո­­­դի վկա­­յու­­թեան պէտք չկայ, ու բաւ է երե­­քը։ Դա­­տաւո­­րի գո՞րծը դիւ­­րա­­­նայ։ Ժո­­ղովուրդը կը զար­­մա­­­նայ։ Մտա­­ւորա­­կանու­­թիւնը կ՚ող­­բայ։ Բայց աւաղ, մեր հա­­ւատա­­րիմ ու ճշմա­­րիտ բա­­ռը՝ «վկայ», հրա­­ժեշտ կու տայ իր 1500 տա­­րուայ «յ» տա­­ռին, կ՚օտա­­րանայ, ու կը մնայ՝ «վկա»։ Այ­­նուհե­­տեւ, հայ­­րե­­­նի գրի­­չը, - խորհրդա­­հայ հսկայ գրա­­կանու­­թիւնը վկայ, - կը դառ­­նայ հայ­­կա­­­կան կեան­­քի լոկ 3/4ի վկայ։

Խորհրդա­­յին վկա­­յու­­թիւններ

Խորհրդա­­յին շրջա­­նի գրա­­կանու­­թեան մէջ «վկայ» բա­­ռը յար­­մար եկաւ իմաս­­տա­­­սիրե­­լու եւ հա­­յաշունչ վկա­­յու­­թիւններ գրի առ­­նե­­­լու հա­­մար։ Լուսժող­­կո­­­մի որո­­շու­­մի ստեղ­­ծած կսկի­­ծով Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանը նա­­մակ մը ու­­ղարկեց։ Աւա՜ղ, Թու­­մա­­­նեանը տա­­րի մը յե­­տոյ մա­­հացաւ առանց գիտ­­նա­­­լու, թէ ի՚նչ ար­­դիւնք պի­­տի տար իր նա­­մակը։ Աւե­­լի կա­­րեւոր է սա­­կայն ամե­­նայն հա­­յոց բա­­նաս­­տեղծի հե­­տեւեալ խօս­­քը, քան այդ նա­­մակը. «Հայ­­կա­­­կան էպո­­սը հայ ցե­­ղի ապ­­րած կեան­­քի ու հո­­գեկան կա­­րողու­­թիւննե­­րի հո­­յակապ գան­­ձա­­­րանն է ու իր մե­­ծու­­թեան ան­­հերքե­­լի վկա­­յու­­թիւնը աշ­­խարհի առ­­ջեւ»։ Սուտ վկա­­յու­­թիւննե­­րու մե­­քենա­­յու­­թեամբ եր­­կու ան­­գամ ձեր­­բա­­­կալո­­ւած, բան­­տարկո­­ւած, աք­­սո­­­րուած, մա­­հէն մա­­զապուրծ փրկո­­ւած Գուրգէն Աճէ­­մեանը, որ որ­­դեգրած էր Մա­­հարի մա­­կանու­­նը, գրեց. «Մա­­հից ես չեմ վա­­խենում, / Իմ անու­­նը՝ վկայ»։ Պա­­րոյր Սե­­ւակը ձեռ­­նարկեց հա­­յոց հա­­մառօտ պատ­­մութիւ­­նը գրի առ­­նել. «Երկնքից առ­­կախ մի լեռ­­նակղզի՝ Հա­­յաս­­տան Աշ­­խարհ։ / Դո՚ւք վկայ չե­­ղաք, ե՜ս եղայ վկայ [...] / Եւ ես, որ եղայ տա­­րաբախտ վկան լա­­ցիդ ու կո­­ծիդ / որ վկան եղայ սոս­­կումիդ ահեղ / որ վկան եղայ ցա­­սու­­միդ նաեւ, / բայց նաեւ վկան, բախ­­տա­­­ւո՜ր վկան / նա­­հատակ­­նե­­­րիդ վե­­րածննդի»։ Գե­­ւորգ Էմին զար­­մանքով նկա­­տեց, թէ հա­­յը կէս ազգ է՝ «երկճեղ­­քո­­­ւած, կի­­սուած, եր­­կու գա­­գաթ» ու շա­­րու­­նա­­­կեց. «Վկայ ճեղ­­քուած Մա­­սիս լե­­ռը մեր»։

Ալե­­հեր վկա­­յու­­թիւններ

Պոլ­­սոյ մէջ բա­­նաս­­տեղծ Զահ­­րա­­­տը, որ իր ըն­­կե­­­րային շրջա­­նակի մէջ յայտնի էր «աղո­­ւէս» մա­­կդի­­րով (հե­­տեւա­­բար, ըստ հայ­­կա­­­կան առա­­ծի՝ իր վկա­­յու­­թիւննե­­րը վստա­­հելի չե՞ն), «Խմբան­­կար» բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մէջ հաս­­տա­­­տեց, թէ ի՛նչ է մար­­դու ան­­ցած տա­­րինե­­րու, հին փառ­­քե­­­րու վկան. «Ճերմկած մա­­զեր / Ճեր­­մակ գլուխներ… / Դուք ակա­­նատես վկա­­ներ մեր հին / Հին­­ցած փառ­­քե­­­րուն»։

Եղա­­նակա­­ւոր վկա­­ներ

Հայ­­կա­­­կան եր­­գա­­­րուես­­տի մէջ հա­­զուա­­գիւտ է լսել «վկայ» մը սի­­րոյ, կա­­րօտի, «հայ կտրի­­ճի», կամ «Աշ­­խէ­­­նի եւ Ան­­տօ­նի»։ Այ­­սօր, երբ մենք, կի­­տուած եւ երկճեղ­­քո­­­ւած ազգս հա­­յոց եւ անոր «Երկնքից առ­­կախ լեռ­­նակղզի» բնաշ­­խարհը վկայ կ՚ըլ­­լանք մեծ դէպ­­քե­­­րու, Եռաբ­­լուրը ան­­մարմնա­­կան­­նե­­­րու մէջ դա­­սաւո­­րուած քա­­ջոր­­դի­­­ներու նոր վկա­­յարան մըն է, կը փա­­փաքիմ նախ վկա­­յակո­­չել «Ար­­դեօք, որ­վքե՞ր են» եր­­գը, ուր լեռն է վկայ կտրիճ­­նե­­­րու խի­­զախու­­թեան. «Ար­­դեօք ով­­քե՞ր են հե՛յ, ինչ կտրիճ­­ներ են, / Մա­­սիսը վկայ, հա­­յոց քա­­ջերն են»։ Իսկ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, այ­­սօր ձե­­զի հրա­­ժեշտ կու տամ Պոլ­­սոյ Սա­­յաթ-Նո­­վա երգչա­­խումբի կող­­մէ կա­­տարո­­ւած ու ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւած մէկ այլ հա­­զուա­­գիւտ եր­­գով՝ «Թա­­լիշու ճամ­­փէն դուզ ա»։ Սա Կո­­միտաս վար­­դա­­­պետի կող­­մէ գրի առ­­նուած ու­­րախ պա­­րերգ է եր­­կու սի­­րահար­­նե­­­րու՝ Աշ­­խէ­­­նի ու Ան­­տօ­­­նի մա­­սին.

«Ինձ պէս աղ­­ջիկ քե­­զի հետ,

Եար աման, աման, աման, աման, էյ,

Ույ աման, աման էյ, ոյ աման.

Հո­­գիս վկայ, լաւ կը սա­­զայ»։

Մին­­չեւ յա­­ջորդ յօ­­դուա­­ծի հրա­­տարա­­կու­­թիւնը, հե­­ռու մնա­­ցէք սուտ վկա­­ներէ, իսկ կաս­­կա­­­ծի ժա­­մանակ, թէ ի՚նչ է ճշմար­­տութիւ­­նը, ապա­­ւէն գտէք հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան ար­­դար վկա­­յու­­թիւննե­­րու մէջ։