ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Գետին կոխելու բնազդային պահանջը

Երկրա­շար­ժը խու­ճա­պի պատ­ճառ տո­ւող կա­րեւոր գոր­ծօննե­րէն մէկն է։ Մարդկա­յին բնազ­դի հիմ­նա­կան ազ­դա­րար­նե­րէն մէ­կը կեան­քը շա­րու­նա­կելն է։ Սե­փական կեան­քի սպառ­նա­ցող իւ­րա­քան­չիւր վտան­գի դի­մաց բնազ­դա­բար կը դի­մենք ինքնա­պաշտպա­նու­թեան, ինքնախ­նա­յու­մի։

Այդ ինքնա­պաշտպան­ման մի­ջոց­նե­րը շատ ան­գամ մեզ կրնան ուղղել անտրա­մաբա­նական, նոյ­նիսկ անի­մաստ ու ան­միտ շար­ժումնե­րու։ Այդ օր որ պա­տահե­ցաւ այ­սօր եւս եւ երկրա­շար­ժի յա­ջոր­դող ժա­մերուն տե­ղեկա­ցանք թէ 151 քա­ղաքա­ցիներ խու­ճա­պի մատ­նո­ւելով զի­րենք վար գցած են բարձր տե­ղերէ։

Խու­ճա­պը ար­դէն ինք սխալ­նե­րու տե­ղի տո­ւող իրա­վիճակ է։

Որ­քան ալ բարձրա­յարկ շէն­քեր բնա­կին, մար­դիկ բնազ­դա­յին դրդու­մով մը զի­րենք աւե­լի ապա­հով կը զգան, երբ ոտ­քերնին գե­տին կը դպի։

Այս խոր­հուրդով յի­շեցի Զատ­կի մթնո­լոր­տին մէջ մեր Պո­յաճը­գիւ­ղի Սուրբ Երից Ման­կանց Եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակը եւ պար­տէ­զը։ Պար­տէ­զը իր մար­գա­գետ­նով ար­դէն հրա­պու­րիչ վայր է բո­լորին հա­մար։ Մա­նաւանդ մա­նուկնե­րը ալ աւե­լի ոգե­ւորո­ւած էին նկա­տելով այդ պար­տէ­զի բնա­կիչ զոյգ մը կրիանե­րը։ Տղա­քը նախ անոնց կա­նանչ թարմ խո­տեր մա­տու­ցե­ցին առանց յի­շելու թէ այդ անա­սուննե­րուն ամ­բողջ օրը կ՚անցնէր այդ խո­տերուն մէջ։

Յե­տոյ անոնցմէ չա­րաճ­ճի աղջնակ մը յան­կարծա­կի շար­ժո­ւելով ու եր­կու ձեռ­քե­րով բռնեց պա­տեանը ու վեր վեր­ցուց։ Այդ պա­հուն տես­նե­լիք բան էր կրիայի մատ­նո­ւած խու­ճա­պը։ Օդի պա­րապու­թեան մէջ իզուր ջան­քով մը կը շար­ժէր չորս ոտ­քե­րը գե­տին կա­րենալ դպչե­լու հա­մար։

Նոյն խու­ճա­պը կը նկա­տեմ, երբ մէ­կը սի­րելու մար­մա­ջով կը գրկէ կա­տու մը։ Ան այդ պա­հուն չանդրա­դառ­նար թէ ինչ մեծ սար­սափ կը պատ­ճա­ռէ այդ անա­սու­նին երբ զայն վեր կը բարձրաց­նէ իր ապա­հով զգա­ցած գետ­նէն։

24 Ապ­րի­լի նա­խօրեակին այս բո­լորը կը մտա­բերեմ յի­շելով ինքզինք ապա­հով զգա­ցած հո­ղէն, հա­րազատ երկրէն պո­կուած մարդկանց տա­ռապան­քը։

Այ­սօր Թրամբ ամե­նայն ամբութու­թեամբ կ՚ու­զէ տե­ղահան ընել Կազ­զա քա­ղաքի բնա­կիչ պա­ղես­տինցի­ները։ Բա­ռին բուն իմաս­տով ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրա­գիր մըն է այս։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եզ­դի հե­ղինակ Ռա­փայէլ Լեմ­քի­նի բնու­թագրու­թեամբ, ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը բնո­րոշող յատ­կութիւննե­րէն մէկն ալ տե­ղացի ժո­ղովուրդը իր բնօր­րա­նէն տե­ղահան ընե­լով կը գո­յանայ։ Մենք այս փաս­տը կը տես­նենք 110 տա­րուայ փոր­ձա­ռու­թեամբ, քա­նի որ յա­րատե­ւօրէն կը շա­րու­նա­կուի սփիւռքա­հայու­թեան ու­ժասպա­ռու­թիւնը։ Սոյն ու­ժասպա­ռու­թեան բնա­կան հե­տեւանքն է ու­ծա­ցու­մը նաեւ։

Այսպէս է մարդկա­յին միտ­քը, ան­գամ մը ներշնչո­ւելով պատ­կե­րէ մը, թռիչք կ՚առ­նէ ու կը ոս­տոստէ ճիւ­ղէ ճիւղ։ Վերջ ի վեր­ջոյ կը տես­նենք թէ խու­ճա­պով ինքզինք վար գցող մար­դը, օդին մէջ անա­պահո­վու­թեան ճի­րան­նե­րուն մէջ տա­ռապող կրիան կամ կա­տուն եւ վեր­ջա­պէս տե­ղահա­նուած եւ ու­ծացման դա­տապար­տո­ւած մար­դը այդքան ալ ան­կա­պակից երե­ւոյթներ չեն։ Բո­լորին ետին կայ կար­ծե­ցեալ բա­րիքի մը հե­տեւան­քով գո­յացած չա­րիք, չար կամք, չար միտք…։